Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ետք, արդէն իսկ սկիզբ առած ինքնութեան փնտռտուքը աւելի լայն տարածում գտաւ եւ, բնականաբար, վերջին տարիներուն թրքական մամուլին մէջ աւելի յաճախ կը հանդիպինք «գաղտնի հայերու վերաբերեալ նիւթերու:

Այս պարագան կը շօշափուի նաեւ գրականութեան մէջ: Յայտնի են`

— Քեմալ Եալչընի «Հոգիս քեզմով կը խայտայ», «Անատոլուի Զաւակները», «Սարը Կեալին» գործերը:

— Ֆեթհիէ Չէթինի «Մեծ Մայրիկս» յուշագրութիւնը:

— Ֆեթհիէ Չէթինի եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայի համահեղինակութեամբ` «Թոռներս»:

— Մարաշ նահանգի Կապան գիւղի կրօնափոխ հայերու ոդիսականին անդրադարձող վաւերագրական ժապաւէն մըն է Մեհմէտ Պինայի «Փսփսացող յիշատակներ»ը:

Ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանի են այն բոլոր ուսումնասիրութիւնները, յօդուածները, վաւերագրական ժապաւէնները կամ որեւէ դասախօսութիւն կամ հաւաք, որոնք հրատարակուած, պատրաստուած կամ կազմակերպուած են ի սպաս այն իրականութեան կամ երեւոյթին, որ կը կոչուի «գաղտնի հայեր», ընդգրկելով նաեւ համշէնահայերը` թրքերէն լեզուով «տէօնմէ» կամ «տէօնիքին»:

Համշէնահայերը, որոնք կ՛ապրին Պոնտոսեան լեռներուն եւ Սեւ ծովու միջեւ, այսօրուան Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգին մօտ, ընդհանրապէս ճանչցուած են որպէս տէօնմէ թուրքեր: Բացի

անոնցմէ հայերու կրօնափոխութիւնը սկիզբ առած է համիտեան ջարդերէն առաջ, սակայն անոնց մեծ մասը Մեծ Եղեռնի օրերուն բռնի իսլամացած է: Աւելի քան 200,000 էր անոնց թիւը այդ օրերուն, որուն մէջ կը մտնեն իրենց բնակավայրերուն մէջ մնացողները, գաղթի կարաւաններէն առեւանգուածները, որբերը եւայլն:

«Տէօնմէ» հայերուն թիւը, ըստ վախճանեալ Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի, աւելի քան մէկ միլիոն է: Անոնց մեծամասնութեան գլխաւոր յատկութիւնը այն է, որ անոնք կը պահպանեն իրենց նախահայրերուն աւանդութիւնները եւ չեն խառնուիր Թուրքիան կազմող միւս հաւաքականութիւններուն, օրինակ, համշէնահայերը հակառակ իրենց իսլամ ըլլալուն, մեծ մասամբ մզկիթ չեն երթար, հայերէն կը խօսին եւ ունին իրենց յատուկ բարբառը:

Անոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` Սփիւռքի արեւմտեան գաղութներու մէջ: Առ ի գիտութիւն, այս վերջինները եւս կը պահեն հայկականութեան յատուկ սովորութիւններ, մշակութային պատկանելիութիւն: Օրինակի համար, անոնք կը տօնեն Վարդավառը եւԿաղանդը, որոնք քրիստոնէութեան ազդեցութեամբ մտած են մեր եկեղեցական տոմարին մէջ, սակայն իրականութեան մէջ բուն հայկական տօներ են:

Անոնք զիրար «մերինները» կը կոչեն: 

Եթէ համշէնահայերը յատկապէս եւ բոլոր միւս «տէօնմէ»ները ընդհանրապէս, զարգացուցած են իրենց իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ կարողութիւն ցուցաբերած են զայն պահպանելու մինչեւ այսօր, ուրեմն, չնայած անոնց բնակած վայրին, չնայած անոնց կրօնքին, անոնց դաւանանքին, քաղաքական հակումներուն, անոնց կենցաղին կամ սովորութիւններուն, չնայած այն բոլոր տարբերութիւններուն եւ խորթութիւններուն, որոնք կրնան գտնուիլ իմ եւ իրենց միջեւ, անոնք իմ եղբայրներս եւ քոյրերս են, այո՛, եղբայրներս եւ քոյրերս, քեռիս եւ հօրաքոյրս` ըլլան անոնք տաճկական շալվարով մարդիկ կամ վերէն վար գոցուած կանայք:

Փոյթ չէ թէ աղքատ են անոնք կամ մարմնով տկար, փոյթ չէ որ անոնք նոյնիսկ չեն գիտեր մէկ բառ իրենց Մեսրոպեան մայրենի լեզուէն, այո՛, անոնք իմ հօրեղբօրորդիներս են, իմ ցեղիս արմատներէն են, Հայկ նահապետի թոռներն են անոնք եւ կը կրեն նոյն արիւնը, որ կը հոսի իմ երակներուս մէջ, անոնք ինծի հետ կը բաժնեն տոհմական եւ ընտանեկան նոյն ժառանգութիւնը եւ ցաւերը, վստահաբար ունին ապագայի ազգային ձգտումները եւ հոգերը, ինչպէս նաեւ` լուսաւոր ակնկալութիւնները: 

Անոնցմէ շատ շատեր դաժան պայմաններու բերումով, կամ նոյնիսկ իրենց ազատ կամքով, տասնամեակներ առաջ հեռացւած կամ հեռացած են իրենց ազգային հարազատ միջավայրէն եւ մթնոլորտէն ու զանազան պատճառներով, յաճախ հասկնալի, չեն կրցած վերադառնալ իրենց ազգին գիրկը, սակայն մնացած են հաստատ (կարելի եղած չափով) իրենց ազգային, հայրական ցեղի պատկանելիութեան, յաճախ գաղտնի, երբեմն կիսայայտ եւ քիչ պարագաներու բացայայտ, սակայն միշտ եւ միշտ իրենց սրտին խորքը պահպանած են իրենց ազգային էութիւնը եւ հպարտութիւնը: Անոնց ճիւղերուն աւիշը չէ ցամքած տակաւին եւ կը սնուցանէ անոնց հոգիները, երբեմն հիւանդ եւ երբեմն առողջ կացութեան մէջ, եւ ահա ճիշդ այս բնորոշումներուն համար, առողջ կամ հիւանդ, պէտք է մենք հայերս զօրաշարժի ենթարկենք մեր ազգի բոլոր զաւակները մեր հանրապետութեամբ, կառավարութեամբ, կազմակերպութիւններով, կրօնական կամ քաղաքական հաստատութիւններով` իրենց ամենալայն կարողութեամբ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, տէր եւ տիրական ըլլալու համշէնահայերուն, կրօնափոխ, քրտացած, թրքացած կամ ալեւիացած հայերուն` Թուրքիոյ տարածքին եւ ամէնուրեք, չմոռնալով արաբացած կամ քրտացած հայերը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, մինչեւ Մուսուլ (Իրաք), հասնելով նոյնիսկ Լեհաստանի 17-րդ դարէն իսկ լեհացած եւ դաւանափոխ եղած հայերուն, որոնք կարիքը ունին մեր օժանդակութեան` բոլոր մակարդակներով եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ -նիւթական, խնամատարական, եւ մանաւա՛նդ քարոզչական եւ բարոյականոր կը մարմնաւորուի անոնց տոհմիկ եւ հարազատ մթնոլորտ ստեղծելով, սփիւռքեան մեր կարելիութիւններուն եւ հայրենիքի հնարաւորութիւններուն շնորհիւ ստեղծելով դիւրութիւններ, որպէսզի «մերինները» իրենց արմատները վերադառնալու հրճըւանքի կողքին վայելեն նաեւ բարեկեցիկ կեանք եւ ապրուստ, ու ժամանակի ընթացքին դառնան ի բանիւ եւ ի գործով արժանավայել լիիրաւ հայեր: 

Երբեք դիւրին չենք տեսներ վերոյիշեալ զգացական պահանջներուն կամ փափաքներուն իրականացումը եւ ոչ ալ անտեղեակ ենք մեր հայրենիքին եւ պետութեան, նոյնպէս` սփիւռքահայութեան առջեւ բացուելիք տեղական կամ միջազգային դժուարութիւններէն կամ խոչընդոտներէն, ընդհակառակը: Սակայն, մեր կարծիքով հարցը լուրջ է եւ ծանրակշիռ, եւ արդէն իսկ ուշացած ենք ու կը գտնուինք «փրկել որքան որ կարելի է» հանգրուանին մէջ: 2-3 միլիոն հաշուող կրօնափոխ կամ դաւանափոխ հայերու օրըստօրէ հալելու եւ վերջնականապէս ձուլուելու իրավիճակին հանդէպ ձեռնածալ մնալը եւ սառնարիւն կերպով դիտելը, իր կարգին, ազգային մեծ գայթակղութիւն է, ճակատագրական սխալ, որ երբեք չի սրբագրուիր եւ կորուստը երբեք չի վերադարձըւիր: Պէտք է ամէն գնով եւ զոհողութիւններով գործի լծուինք եւ որոշուած ուղեգիծով սկսինք իրագործել «բացայայտ»ներն ու «գաղտնի»ները վերաշահելու ծրագիրը, օգտուելով այժմու միջազգային եւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական պայմաններէն եւ այս առնչութեամբ լոյս տեսած գիրքերէն, ու անոնց ետեւ կանգնող մտաւորականներուն եւ խումբերուն հետ գործակցելով ի հարկին:

Այժմու համաշխարհայնացումի գաղափարներուն եւ անոր առաջնորդած զանազան` մարդու իրաւունքի, ազատ դաւանապաշտութեան, խառն ամուսնութեան եւ միտքերու տարածումի լոյսին տակ, մենք չենք տեսներ որեւէ դժուարութիւն մեր կորսըւած եղբայրներու եւ քոյրերու վերադարձին մէջ: Ցեղին ձայնը մեներգողն է, միւսները երգչախումբին զանազան կարեւոր, կէս կարեւոր կամ միայն լրացուցիչ անդամներն են: Ազգին եւ հայրենիքին հզօրացման, պահպանման եւ զարգացման սիրոյն չկայ որեւէ առաջնահերթութիւն կամ արժէք, որ արգելք հանդիսանայ եւ կասեցնէ ազգին յառաջդիմութիւնը եւ ընթացքը:

Մենք սրտբաց ընդունելով եւ սիրաշահելով մեր եղբայրները, առանց խտրութիւն դնելու անոնց կրօնքին, դաւանանքին, մակարդակին կամ գոյնին, որպէս երկաթ եւ յարակից խառնուրդ մետաղներ (alloy) նոյն հալոցին մէջ միասին հալելով պիտի միաձուլուինք եւ վերածուինք պինդ պողպատի` «alloy steel», պիտի զարգացնենք աշխատելաձեւը զանազան ասպարէզներու մէջ, ներառնելով տարբեր մշակոյթի, տարբեր մտածելակերպի տէր անձեր (իմա` ՀԱՅԵՐ), տարբեր աշխատելաձեւով գործող անհատներու հաւաքականութիւններ (իմա` ՀԱՅԵՐ), որոնք կրնան պատուաստել մեր քաղաքական, դիւանագիտական, արհեստներու, արուեստներու եւ յարաբերութիւններու երանգը: Պիտի հզօրացնենք մեր մարդուժը, աւելի լայն հնարաւորութիւններով թափանցելու միջազգային ասպարէզներ, առաւել ծանրակշի դարձնելով համրանքն ու ձայն ունենալու մեր իրաւունքը, ուստի եւ լսելի դարձնելով զայն: 

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», իրաւացիօրէն ըսած է մեծն Եղիշէ Չարենց եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ այդ նշանախօսքը, որ երկար ծամեցինք, իրագործենք, իրագործենք անկեղծ հաւատքով, ժրաջան եռանդով, անբասիր նուիրումով, ծրագրուած եւ բծախնդիր աշխատանքով:

Մենք հաստատապէս կը հաւատանք, կ՛ուզենք նաեւ որ բոլորը հաւատան հայկական պինդ պողպատի ապագայի իրականութեան:

«ԱԶԴԱԿ», ՊէՅՐՈՒԹ