Տք. Ժապէր Էլ Ասֆուր

Թրգմ. Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան

Վերջերս կարդացի Ժապէր Էլ Ասֆուրի այս շահեկան յօդուածը: Այնտեղ արտայայտած իր մտահոգութիւնները շատ նման են մեր մտահոգութիւններուն:

Որոշեցի զայն թարգմանել եւ ներկայացնել հայոց լեզուի նախանձախնդիր հայ ընթերցողին: Կենթադրեմ, որ անոնք համաձայն պիտի ըլլան այս յօդուածին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւններուն: 

Թերեւս աւելի ճիշդ էր այս պարագային անուանել արաբերէն լեզուի տագնապները, որոնք շատցած են այս ժամանակներուն, ընդարձակուած բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Շատ են երեւոյթները, որոնք կը սպառնան արաբերէն լեզուին եւ կաւելնան գանգատները այդ լեզուով խօսողներուն, թէ՛ հանրային մակարդակի եւ թէ՛ մասնագիտական հաւաքոյթներու ընթացքին: Կարծէք այլեւս պաշտօնական ճառախօսութիւնները տիպար չեն գեղեցիկ արտասանութեան, ոչ ալ փարթամ հռետորութեան, ինչպէս անցեալին՝ այդ լիպերալ սերունդին ժամանակ, ինչպէս պարոնայք Նահհաս, Ագգատ, Սաատ Զաղլուլ, Թահա Հուսէյն եւայլն: Մանաւանդ երբ ճառախօսը կը դադրի գրուածը կարդալէ, երբ արդէն իսկ չի կրնար կարդալ սահուն ձեւով եւ կը վերադառնայ աշխարհաբարին իր բոլոր խառնիճաղանճ լեզուական հոլովումներով, որ կապ չունի մաքուր եւ ջինջ արաբերէնին հետ: 

Բնական է որ այս երեւոյթը մերժուի բոլոր անոնց կողմէ, որ գիշեր ցերեկ կը խօսին մշակոյթը յարգելու մասին եւ կը շեշտեն դէպի ակունքներ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը: Անոնցմէ չեն տարբերիր մնացեալ հակապատկերները, որոնք կը ներկայացնեն դրամին միւս երեսը, ասոնք անոնք են, որ տակաւին կը մնան զիրենք նախկին տիրապետողներու մշակութային ազդեցութեան տակ, թեպետեւ ազատուած են անոնց զինուորական եւ քաղաքական ազդեցութենէն, բայց տակաւին կը հաւատան անոնց բարձր քաղաքակրթութեան: Վերոյիշեալ մտահոգութիւնները պէտք է գրաւեն մեր ծայրագոյն ուշադրութիւնը՝ փնտռելու հիմնական լուծումները, եթէ նախանձախնդիր ենք մեր լեզուի առողջ պահպանման: 

Առաջին. Կասկածէ վեր է որ մեր խօսելու եւ լեզու ուսուցանելու ձեւը երբեք չի համապատասխաներ արդի աշխարհական մարտահրաւէրներուն եւ անոնց պարտադիր պահանջներուն: Կըրնանք աւելցնել մեր լեզուական ձախորդութիւնը ընդհանրապէս, որ ժամանակի ընթացքին արաբերէն լեզուն տեղի տուաւ ի հեճուկս անգլերէնին, մանաւանդ Ծոցի երկիրներուն մէջ, հոս նկատելի է նախասիրութիւն չդնելը մայրենի լեզու սորվեցնելու եւ օտար լեզու սորվեցնելու անհրաժեշտութեան միջեւ: Մայրենի լեզու սորվեցնելու կարեւորութիւնը կու գայ անհրաժեշտութիւններու վերջին կարգին, մանաւանդ ուսումնարանի առաջին տարիներուն, ուր երեխան պէտք է պատրաստուի կրթական եւ բարձր դաստիարակութեան եւ հետեւի իր կարողութիւններըզարգացնող դասընթացքներու: 

Աւելցնենք անհրաժեշտութիւնը աշակերտութիւնը քաջալերելուն՝ լեզուական լուրջ մրցումներով. ինչպէս օրինակ կըլլան ԱՄՆի մէջ, ուր կարդալու եւ հեգելու հետաքրքրական մրցոյթներ կը կազմակերպուին:

Երկրորդ. Հաղորդակցական միջոցները՝ պատկերասփիւռը, երկար ժապաւէնները, երգեր, յայտագիրներ եւայլն, կը մնան մեր լեզուի մեծագոյն սպառնալիքները: Լեզուն կը վերածուի քանդիչ ոյժի եւ կը քայքայէ անուղղակիօրէն զինք մտիկ ընող, ունկնդրող անձերը, բոլոր տարիքի, որոնք կընդօրինակեն իրենց հերոսներուն ոճը եւ առոգանութիւնը, որոնք յաճախ կը խօսին կտրտուած եւ խառնիճաղանճ լեզուով:

Երրորդ. Այս կապակցութիւն ունի միջազգայնացման հետ, արաբերէն լեզուին եւ բերելիք վտանգին, եւ կապուած է արդի հաղորդակցական միջոցներուն եւ համացանցին, որ բոլոր լեզուներուն վրայ ստիպեց անգլերէն լեզուի տարածումն ու տիրապետումը: Այն նաեւ պատճառ դարձաւ մեր լեզուի աղաւաղման եւ ճղճիղացման: 

Եգիպտոսի արաբ թերթերուն մէջ յաճախ կը տեսնենք ամբողջովին անգլերէն յայտարարութիւններ: Նոյնիսկ պետական մակարդակի իշխ:անութիւնները սկսան օտար անուններով նոր ընկերութիւններ հիմնել: Աւելցնելու չմոռնանք օտարամոլութիւնն ալ, որ կը մղէ շատ մը անհատներ, որ գործածեն օտար բառեր եւ նախադասութիւններ, հակառակ այդ լեզուներուն տիրապետելու իրենց կատարեալ անկարողութեան: 

Կուզեմ գնահատել այդ անձնաւորութիւնները, որոնք այս մտահոգութիւնները հասկցան, եւ փորձեցինք քայլերու դիմել: Կարժէ յիշել, դարձեալ հեռատեսիլներու միջոցաւ, օտար ֆիլմերու եւ երկար ժապաւէններու թարգմանութեան (տուպլաճ) երեւոյթը, որոնք յաճախ իրենց հերոսներուն բերնով կաղաւաղեն լեզուն:

Կենթադրեմ, որ հաղորդակցական միջոցներու պատճառած ընկրկումը հետեւանք է ընկերային տհաճ երեւոյթներու: Ընկերային բաժինը կը սկսի օտար բառեր գործածելով, իբր թէ ընկերութեան մէջ աւելի բարձր մակարդակի անձնաւորութեան տպաւորութիւն ստեղծելու մտադրութեամբ, մինչեւ իսկ հեգնանքով նայելով զուտ արաբերէն խօսիլ ուզողներուն 

Ուրիշներ ալ կընեն այս, մասնաւորաբար կարծես զարդարելու համար իրենց արտայայտութիւնները՝ այլ մշակոյթի մէջ փնտռելով յաւելեալ վարկ եւ ազդեցութիւն: Ասոր հետ կապակցութիւն ունի աղքատ լեզուաբանութեան իրականութիւնը, որ երեւան կու գայ նոյնիսկ յաջողակ երիտասարդներուն մօտ, որոնք փոխանակ զարգացնելու իրենց լեզուական կարողութիւնները կը դիմեն ըմբոստութեան ընկերային տիրապետող կարգերուն դէմ եւ այդ ձեւով կարդարացնեն իրենց կեցուածքը տիրող լեզուական կարգերուն դէմ, նոյնիսկ ծիծաղելով, բոլոր անոնց վրայ, որոնք բծախնդիր են իրենց լեզուին հանդէպ: 

Կենթադրեմ, որ այս մտահոգութեան պատճառները երիտասարդութեան եւ երբեմն նոյնիսկ չափահասներու մօտ, հետեւանք է լեզուին տիրապետելու անտարբերութեան:

Երկրորդ քայլը՝ ստեղծել ճկունութիւն ընդունելու նորաստեղծ բառեր եւ ածականներ, որոնք իրենք զիրենք պարտադրեն բոլորին վրայ, երեւոյթ մը, որ շատ բնական է, օրինակ եթէ հետեւիք հռչակաւոր բառարաններուն:

Երրորդ երեւոյթ մը. մեր արաբ լեզւագէտներն ալ պէտք է որդեգրեն եւ նախանձախնդիր ըլլան լեզուն բարելաւելու, անոր մէջ աւելցնելով նոր դիւրին բառեր:

Չորրորդ. շատ կարեւոր կէտ մըն է այս, որն է ընդարձակել թարգմանութիւններու հորիզոնը, իր զանազան ասպարէզներով եւ որակաւորել մասնաւորաբար գիտական արդի եւ ժամանակակից մակարդակով: 

Կը կարծեմ, որ եթէ լրջօրէն հետեւինք նշուած քայլերուն, որոնք վստահօրէն իրար կապուած եւ իրար ամբողջացնող քայլեր են, կրնանք հաստատ համոզուիլ, որ մտած ենք սրբագրութեան առողջ ճամբան, սակայն պէտք է հասկնալի ըլլայ, որ արաբերէն լեզուի զարթօնքը միայն մէկ հաստատութեան կամ նախարարութեան գործ չէ, հակառակ անոր որ կրթական նախարարութեան դերը շատ մեծ է այս գործին մէջ, սակայն առանձին չի կրնար ըլլալ, այլ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութիւնը, կրօնական հաստատութիւնները, հաղորդակցութեան նախարարութիւնը եւայլն, պէտք է բոլոր միւսները համագործակցին այս գործի յաջողութեան համար: Անօգուտ է որեւէ աշխատանք եթէ մշակոյթի հետ կապ ունեցող բոլոր կողմերը միասնաբար չմասնակցին կրթութեան եւ լեզուի զարգացման ու արդիականացման: 

Դարձեալ կարեւոր է հեռաւորութիւնը խօսուած եւ գրուած լեզուներուն, այսինքն աշխարհաբարին ու գրաբարին, եւ ասիկա ընդունուած երեւոյթ է բոլոր ազգերու լեզուներուն մէջ, ինչպէս անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ իտալերէնի պարագային, սակայն մեր պարագային տարբերութիւնը աւելի մեծ է ու կը մեծնայ օրէ օր, եւ կը կարօտի համարձակ որոշումներու: Արաբերէնը տկար լեզու չէ, տկարը զայն գործածողներն են:

«ԱԶԴԱԿ», Բացառիկ 2012, Պէյրութ

«ԱՐԱՐԱՏ», Բացառիկ 2012, Պէյրութ