Արաբական թէ իսլամական երկիրներու կեցուածքները Ղարաբաղեան հարցի միջազգային քննարկումներուն եւ բանաձեւերու քուէարկութեան մէջ, ունին կարեւոր նշանակութիւն: 

Իսլամական կրօնքին եւ Գուրանին մէջ կան համարներ, որոնք իւրաքանչիւր իսլամի կը ստիպեն նեցուկ կանգնիլ այլ իսլամի մը՝ վնասող ըլլայ ան թէ վնասուող: Կան նաեւ զանազան «հատիս»ներ եւ համարներ, որոնք կարգիլեն այլոց իրաւունքներուն տիրանալը եւ անմեղնել սպաննելը, ստիպելով միշտ իրաւունքի կողքին ըլլալ: 

Արաբական եւ իսլամական կարգ մը երկիրներ կը հետեւին իրենց կրօնքի առաջին բացատրութեան եւ կը կողմնակցին իրենց կրօնակից պետութիւններուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, իսկ այլ երկիրներ կը զօրակցին իրաւազրկուած երկիրներու եւ ժողովուրդներու, ամբողջական նեցուկ չըլլալու պարագային, գէթ չէզոք դիրք որդեգրելով:

Այս բոլորը նշելով, կարելի չէ չնշել, որ քաղաքական շահերը կը հանդիսանան պետութիւններու, իրարու հանդէպ ունեցած բարեկամական, չէզոք կամ թշնամական կեցուածքներուն գլխաւոր պատճառը: Իսկ քաղաքական շահ ըսելով պէտք է հասկնալ տնտեսական, հողային, սահմանային, գաղափարական թէ այլ տեսակի շահերու ընդհանուր հասկացողութիւնը: Իսլամական աշխարհի մէջ, դժբախտաբար, այս բոլորը յաճախ կու գան երկրորդ կարգի եւ զոհ կերթան իսլամական եղբայրութեան հրամայականին: Ճիշդ հո՛ս է որ հայութիւնը իմաստուն եւ գործնական քայլերով պէտք է ձգտի որոշ ճեղքեր բանալ հակահայ արաբ թէ իսլամ կեցուածքներու մէջ, փորձելով մեղմացնել անոնց ազդեցութիւնը: Քարոզչութիւնը հիմնական դեր կը խաղայ այս իմաստով: Քարոզչական տարբեր միջոցներով մենք պարտաւորութիւնը ունինք սիրաշահելու արաբ ու իսլամ զանգուածը, հանդէս գալով զանազան գիրքերով, թարգմանութիւններով, վաւերագրական տեսանիւթերով, օրաթերթերով թէ շաբաթաթերթերով: Հարկ է օրը օրին հակազդել հակահայ լուրերուն, բացայայտել մամուլի մէջ նկատուած խեղաթիւրումները, հերքել անճիշդ տեղեկութիւնները եւ պարզել իրականութիւնները՝ թիւերով, տուեալներով եւ նկարներով: 

Քարոզչական մարզը այսօր հսկայ կարելիութիւններ կընձեռէ, եթէ կարենանք ճիշդ ձեւով օգտագործել զայն: Յատկապէս ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները՝ համացանցը, «ֆէյսպուք»ը եւ մնացեալ միջոցները կրնան ազդու դեր ունենալ, պայմանաւ որ անշուշտ արաբ զանգուածին ներկայանանարաբերէնով: 

Սփիւռքի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, արաբ ու իսլամ հանրային կարծիք ձեւաւորելու խնդիր ունինք: Այս մէկը կարելի է կատարել զանգուածային (թերթ, ռատիոկայան, արբանեակային կայան թէ համացանց) թէ անձնական միջոցներով (անձնական կապեր, տեղական թերթերու մէջ յօդուածներ, համացանցային էջեր եւայլն): Մեզի համար շատ կարեւոր է արաբական թէ իսլամական պետութիւններուն կեցուածքը այսօրուայ միջազգային ատեաններուն մէջ, իսկ եթէ նախապէս համապատասխան հանրային կարծիք չ ձեւաւորուած այդ երկիրներուն մէջ, դժուար թէ անոնք դրական կամ չէզոք կեցուածք ունենան հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, մենք անձամբ փորձած ենք մեր համեստ մասնակցութիւնը բերել այս աշխատանքին, անցնող տարիներուն, հայութեան մասին, երեսունէ աւելի յօդուածներ տպելով քուէյթեան «Ալ Քապաս», լիբանանեան «ԱՆ Նահար» օրաթերթերուն, եւ լոնտոնեան շարք մը արաբական հրատարակութիւններու մէջ: Այս իմաստով, զանազան ճակատումներ ունեցած ենք Քուէյթի թուրք դեսպանին հետ եւ երբեք չենք տատամսած հակահայ որեւէ լուրի պատասխանել յարմար ձեւով: Հայաստանը, անոր մշակոյթը եւ բարքերը եղած են մեր մնայուն ուշադրութեան առարկան, իսկ հայկական պահանջատիրութիւնը հանդիսացած է մեր գլխաւոր նիւթը՝ օտարներուն հայն ու հայութիւնը ծանօթացընելու համար:

Եւ կարեւորը, մեր կարծիքով, ա՛յս է եւ ոչ թէ ամէն տարի, նոյն առիթներուն, նոյն ոճով, մենք մեզի հետ խօսելու մօտեցումը…:

Երրորդ հազարամեակին, քարոզչութիւնը եւ զանգուածային լրատուական միջոցները յեղաշրջիչ դեր կը կատարեն այլեւս: Սովորական զէնքերէն շատ աւելին են անոնք: Ինչո՞ւ չօգտագործել այդ զէնքերը եւ արաբ ու իսլամ հանրային կարծիքին զօրակցութիւնը չապահովել հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող հարցերու շուրջ:

«Ազդակ» բացառիկ, 2012, Պէյրութ