Քուէյթի հայ գաղութը պատիւը պիտի ունենայ բարեպատեհ այցելութիւնը ընդունելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինի, որ հիւրը պիտի դառնայ իր քուէթահայ զաւակներուն, որոնք այնքան սպասած էին իր ժամանումը՝ արժանանալու անոր օրհնութեան: 

Ի՝նչ երանելի առիթ մըն է Վեհափառին այցելութիւնը մեզի, անոր շուրջ պիտի բոլորուին քուէթահայ գաղութի բոլոր զաւակները, ոչ միայն որպէս զաւակներ եւ թոռներ, որոնք կը դիմաւորեն իրենց հայրը, այլ նաեւ անոր համար որ ծարաւի են իմաստուն այրի հոգեւոր վեհ տալիքներուն, որոնք լուսատու ջահ են եւ կ’առաջնորդեն զիրենք ժամանակակից պատմութեան ընթացքին, քանզի Կիլիկիոյ Աթոռին Գահակալը կը վայելէ բարենորոգչական լուսաւոր վիթխարի միտք: Վեհափառը ըլլալով տեսլական ունեցող անձնաւորութիւն եւ յատկանշուելով իր զարգացմամբ, ունեցած է բացառիկ դիրքորոշում եւ վերաբերմունք ի սպաս իր ազգին եւ անոր պատմական եւ ներկայի խնդիրներուն, միշտ գտնուելով առաջի գիծի վրայ՝ ամէն անգամ որ ազգը ենթարկուէր փորձութիւններու կամ գտնուէր ճգնաժամային վիճակի մէջ, կամ կրօնական եւ աշխարհիկ խնդիրներու բարդացման եւ խճճման պարագային, նոյնպէս ամէն անգամ մեր նաւը հասցնելով ապահով ափ շնորհիւ գալիք դէպքերը նախատեսելու իր վիթխարի կարողութեան եւ իմաստուն խորհուրդներուն, մեր յաւիտենական տագնապներով լի այս աշխարհին մէջ: 

Արամ Առաջինը որ Լիբանանի հայոց Առաջնորդն էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, մնաց սպիտակ, անբիծ ձեռքերով, ան գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ մեղմացնելու համայնքային կռիւները եւ տարածելու ներողամտութեան եւ խաղաղութեան ոգի կռուող բոլոր կողմերուն միջեւ, Վեհափառը պահեց հայութեան յամառ ձգտումը չէզոքութիւն 176 պահպանելու եւ որեւէ խմբաւորումի կամ համայնքի կողմ չբռնելու եւ չմասնակցելու եղբայրասպան կռիւներուն: Երբեք: 

Վեհափառը էր եւ տակաւին կը մնայ կրօններու եւ հաւատալիքներու միջեւ երկխօսութեան յառաջխաղացման եւ ընդհանուր արժէքներու շրջանակի լայնացման համար բոլոր բնագաւառներու մէջ գործող ամենակարեւոր անձնաւորութիւններէն մին: Վեհափառը ըլլալով 370 եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական համայնքները միաւորող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար (ամենաբարձր պաշտօնը Խորհուրդին) միջազգային ատեաններու մէջ խաղցած է գործօն, օգտակար եւ կառուցողական դեր՝ հաստատելու հիմքերը քրիստոնեայ-իսլամ մերձեցման եւ ընդհանուր հասկացողութեան, որ աւելի ուշ կոչուեցաւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն: Վեհափառը ըլլալով այս տարածաշրջանի՝ Անթիլիաս (Լիբանան), զաւակ, սնուելով եւ ապրելով արաբական մշակոյթով, դարձաւ հաւատարիմ առաքեալ, կարծիքներ փոխանցող միջազգային համագումարներու եւ հանդիպումներու ընթացքին, որոնց կը նախագահէր, կատարելով շնորհակալ գործ առնուած որոշումներուն ընդմէջէն, ի նպաստ արաբներուն եւ իսլամներուն: 

Երբ դոկտոր Կաթողիկոս Արամ Առաջինի գահակալութեան տասնամեակը կը նշենք, դարձեալ այս տարի կը տօնենք որպէս տասնամեակ հայկական գաղութներու զարգացման եւ ծաղկման, զի իր կենսագրութիւնը լի է իւրայատուկ նուաճումներով: Ի միջի այլոց Վեհափառը հեղինակ է զանազան նիւթերով շուրջ 20է աւելի գիրքերու, գրուած հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որոնցմէ մաս մը թարգմանուած է արաբերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ շուէտերէն լեզուներու: 

Վեհափառը նաեւ շինարար մարդ է. ան իր գահակալութեան կարճ ժամանակաշրջանին կառուցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանը, մատենադարանը, տեղեկատուական կեդրոնը եւ համալսարանական երիտասարդ ուսանողներու կեդրոնը, կրօնականներու կացարանը եւ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներու համար բնակարաններ եւ այլ կարեւոր շինութիւններ: 177 Վեհափառը նաեւ որդեգիրն ու անխոնջ ջատագովն է նոր սերունդն ու երիտասարդները դէպի եկեղեցական հոգեւոր կեանք ներքաշելուն, հետեւելով անոնց ճշմարիտ եւ ուղիղ ապրելակերպին: Վեհափառը իր այս առաքելութեամբ հանդէս կու գայ իր հրատարակութիւններով եւ համայն աշխարհի իր գտնուած բոլոր վայրերուն մէջ, մղելով երիտասարդութիւնը դէպի բարոյական արժէքներու պահպանում եւ հեռացում մեր ժամանակներու փտութիւններէն, անմեղ հոգիները զերծ պահելով շեղումէ եւ բարոյական անկումէ: 

Այս արժանիքները փոքր մասն են մեր Վեհափառ տիրոջ ունեցած բարեմասնութիւններուն, Տէրը պահէ, պահպանէ զինք եւ երկար կեանք պարգեւէ անոր: Բարի գալուստ Վեհափառին իր տան, իր զաւակներուն եւ զինք սիրողներուն մէջ: Բարի գալուստ, ի հարազատ, պահպանեալ Քուէյթ: Աստուած թող յաջողութեամբ պսակէ իր այցելութիւնն ու առաքելութիւնը: Աստուած թող Վեհափառին հետ ըլլայ իր կեցութեան եւ իր ճամբորդութեան ընթացքին:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-11-2005, Քուէյթ
«Ալ ՐԱ՛ԱՅ ԱԼ Ա՛ԱՄ», 24-11-2005, Քուէյթ
«ԱԼ ԱՆՊԱԱ», 25-11-2005, Պէյրութ

Արամ Առաջին Կաթողիկոսի այցելութիւնը Քուէյթ 2005 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, բարեպատեհ առիթ մըն էր. ամբողջ Քուէթահայութիւնը ցնծութեան մէջ էր Վեհափառին բարեբեր գալուստին համար եւ բոլորը նորին սրբութիւնը դիմաւորեցին բաց սիրտերով: 

Այս առթիւ պատեհութիւնը ունեցայ հրատարակելու յօդուած մը, որուն մէջ ցոլացին Վեհափառին կատարած բազմաթիւ պրպտումներն ու անոր արձանագրած նուաճումները Սփիւռքի հայկական գաղութներու կեանքէն ներս: 

Ցանկութիւնս էր շատ բան գրել իր կատարած գործերուն եւ բարոյագիտական գրականութեան մէջ բարենորոգութիւններուն եւ լուսաւորող ուսումնասիրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ իր խաղցած դերին մասին՝ կրօններու իրար մօտեցման եւ իրար հանդէպ հանդուրժողութեամբ վերաբերելուն: Ուզեցի գրել նաեւ Վեհափառին բերած նպաստին հաւատացեալներու, ի մասնաւորի երիտասարդներու կեանքին եւ անոնց համոզմունքներուն ամրացման մէջ, սակայն ստիպուեցայ բաւարարուիլ մէկ էջի սահմաններով, համակերպելով թերթի խմբագիրի ցուցմունքներուն: