Տարիներ առաջ էր այն ուրախալի օրը, երբ որպէս զբօսաշրջիկ առիթը ունեցայ կանգնելու մայրաքաղաք Հռոմի լաւապէս պաշտպանուած փլատակներէն մէկուն առջեւ, ուր հսկայ չափերով՝ 3×3 մեթր տարածութեամբ պատի մը վրայ գծուած էին չորս նոյնաչափ քարտէսներ, որոնք իրարմէ կը զանազանուէին իրենց քաղաքական սահմաններով միայն:

Առաջին քարտէսը ցոյց կու տար հին Հռոմը, ուր Ռումոս եւ Ռումոլոս եղբայրները հիմը դրած էին հետագայ կայսրութեան մայրաքաղաքին: Այն քարտէսի ընդհանուր սեւ շրջագիծէն կը զանազանուէր իր կարմիր գոյնի սահմանագիծով, եւ զետեղուած էր ձախ բաժնի կեդրոնական մասին մէջ, հազիւ ափի մը չափ, մինչ քարտէսին աջ կողմը կերեւէին անծանօթ երկիրներու անուններ եւ Պարսկաստանի անունը: Միջերկրականի վրայ կերեւէին Կիպրոսն ու դէպի վար՝ փիւնիկեցիներու եւ փարաւոններու երկիրները:

Ինծի համար ամէնէն ուշագրաւն ու ուրախութիւն ներշնչողը՝ Միջերկրականի վերի եւ աջ կողմի վրայ գտնուող մեծատառ արձանագրութիւնն էր՝ ՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱն (ARMENIA MAJOR): 

Նկատելի էր, որ քարտէսին վրայ չկային յստակ քաղաքական սահմանային բաժանումներ, այլ միայն տարածաշրջաններ եւ ժամանակի պետութիւններու անուններ, ինչպէս՝ Յունաստան,

Փալմիրա եւ այլն: Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 5-րդ դար (Ք.Ա.):

Երկրորդ քատէսը ցոյց կու տար կարմիր սահմանագիծերուն ընդարձակումը դէպի հարաւ: Կայսրութեան հարաւային սահմանները ընդարձակուած էին ու տարածուած էին դէպի հիւսիս եւ արեւելք, մինչ քարտէսին վրայ կերեւէին նոր պետութիւններու անուններ եւ դարձեալ մեծ տառերով արձանագրուած ՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱ անուանումը: Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 4-րդ դար (Ք.Ա.):

Երրորդ քարտէսը կը նշէր հռոմէացիներու տարածումը դէպի արեւմուտք, հիւսիս եւ արեւելք ինչպէս նաեւ դէպի Եգիպտոս: Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 3-րդ դար (Ք.Ա.): Դարձեալ յստակօրէն կերեւէր ՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱ անուանումը: 

Կը հասնիմ չորրորդ քարտէսին, որ ի տարբերութիւն միւսներուն, խճողուած էր նոր երկրանուններով եւ քաղաքական յըստակ սահմանային բաժանումներով: Կարմիր գոյնը ողողած էր բոլոր գոյներով ընդարձակ տարածութիւններ եւ ծածկած էր Արմենիան: Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 2-րդ դար (Ք.Ա.): Վերոնշեալ չորս քարտէսներուն ալ վրայ չկար Թուրքիոյ յիշատակութիւնը այլՓոքր Ասիոյ: 

Շատ ժամանակ անցած է այդ օրէն, սակայն մտքիս մէջ տակաւին թարմ են անկէ ստացած տպաւորութիւններս, հրճուանքս եւ հպարտութիւնս ի տես՝ այդ քարտէսներուն վրայ գտնուող ԱՐՄԵՆԻԱ անունին, բացի անշուշտ այն բաժինէն, ուր կարմիր գոյնը ողողած էր ՀայաստանըԱյն ատեն մտաբերեցի հայոց թագաւորի, հռոմէացի զօրավար Անթոնիոսի եւ Եգիպտոսի թագուհի Կլէոպաթրայի անուններուն հետ կապուած դժբախտ դէպքեր:

Հռոմ այցելութենէս թերեւս անցած է աւելի քան երեսուն տարի, որմէ ետք հպարտութեամբ վայելեցի հայրենիքիս պանծալի անկախացումն ու Արցախի ազատագրումը, ու սրտանց ցանկալի էր, որ մեր պատմական ձեռքբերումները այլեւս ժամանակաւոր չըլլան եւ երբեք չնահանջենք մեր դիրքերէն: 

Վերջերս կը գտնուէի Միացեալ Նահանգներու Նիու Ճըրսի քաղաքը, ուր յատուկ կարգադրութեամբ հանդիպեցայ հայ հանրածանօթ մտաւորական եւ լրատուական գործակալութեան մէջ ղեկավար պաշտօն ունեցող ազնուափայլ տիկնոջ մը: Զրուցեցինք մեր ազգն ու հայրենիքը յուզող զանազան հիմնահարցերու մասին, խօսեցանք այլ ազգերու քաղաքակրթութեան, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային ասպարէզներուն մէջ կատարած իրագործումներուն եւ արձանագրած բազմաբնոյթ նուաճումներուն մասին եւ որպէս հետեւանք՝ այդ ժողովուրդներու վայելած ազգային հպարտութեան՝ ըլլան անոնք ֆիզիքական թէ բարոյական: Ֆիզիքական ըսելով պիտի հասկնանք անշուշտ անոնց ռազմական ոյժն ու ճարտարապետաշինարարական, գիտական ու մարզական ասպարէզներու մէջ արձանագրած նուաճումները, իսկ բարոյական ըսելով պիտի ըմբռնենք անշուշտ անոնց մտաւորական, մշակութային թէ գեղարուեստական յառաջընթացը:

Եթէ նկատի ունենանք ազգերու դարաւոր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ իւրաքանչիւր ազգի մօտ կը գերազանցէ յիշեալ ազդակներէն մէկը, երկուքը կամ աւելին: Խօսակիցս բարձր կը գնահատէր մեր ազգին արժանիքները, օրինակ բերելով հայոց լեզուի հարստութիւնը, սքանչելի այբուբենը եւ անոր ընծայած բազմահազար օգուտները մեր ազգին եւ մշակոյթին: Կը խօսէր մեր անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան մասին, մեզի հպարտութիւն առթող պատմական ու ներկայ բազմազան իրողութիւններու մասին:

Մեր զրոյցը հոգեկան թռիչքներով շարունակուեցաւ մինչեւ որ հասանք մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ, ընդհանուր քաղաքակրթութեան ու պատմութեան մէջ արձանագրած նուաճումներուն: Ան կը հերքէր անոնց իրաւացիութիւնը ու թուրքերը կորակէր Ասիոյ խորերէն ներխուժած բարբարոս ցեղեր, որոնք իրենց կայսրութիւնը հիմնեցին այլ ազգերու հողերն ու ինչքերը ասպատակելով եւ անոնց հարստութիւնները սեփականացնելով, որոնք այնքան արժէքաւոր ու կարեւոր հարստութիւններ կը նկատուէին, իսկ իրենց փառքը հիմնեցին այդ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեանց վրայ, ինչպիսիք են՝ յունական եկեղեցիները կամ հայ ճարտարապետներու ճաշակով ու հմտութեամբ կառուցուած մզկիթներն ու այլ ճարտարապետական կառոյցներ, եւ այլն:

Ես այսպէս չէի բացատրեր ու արժեւորեր ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմական զարգացումները: Ըստ ինծի, այն ինչ որ նպաստաւոր նկատուած է մեր ազգային շահերուն ու յառաջընթացին, նոյնը չէ եղած ուրիշներու պարագային: Մեծ ազգերու իմաստուն ղեկավարներ միշտ կատարած են իրենց ազգային շահերուն համընկնող ընտրութիւններ: Պարզ օրինակ մը՝ եթէ Անի քաղաքին մէջ հազար ու մէկ եկեղեցիներ կառուցելու փոխարէն բաւարարուէինք հարիւր մէկով միայն, ապա տրամադրուած աշխատակազմով, ծախսով ու ժամանակով, վստահաբար, այդ օրերու թագաւորը կրնար հզօր բանակ մը պատրաստել ու սպառազինել զայն եւ նորանոր հողատարածքներ նուաճել: 

Հազարաւոր եկեղեցականներ պատրաստելու եւ ժողովուրդին կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու փոխարէն, արդեօք աւելի նպաստաւոր պիտի չըլլա՞ր ունենալ զինուորական վարժարաններ, որոնք զբաղէին զօրավարներ, սպարապետներ ու մարտիկներ պատրաստելով եւ զանոնք սիրաշահելու ու խանդավառելու պայմաններ ստեղծելով: Մեր հոգեւորականները, նոյնպէս ազգային այլ գործիչներ, փոխանակ դարերէ ի վեր միայն Աստուածաշունչէն ու Յիսուսի կեանքէն կրկնուած մէջբերումներու օրինակներ կատարելու, լաւ կըլլար որ քարոզէին քաջութեան, խիզախութեան, միասնականութեան, զոհաբերութեան, եղբայրասիրութեան, ազգասիրութեան ու մանաւանդ հողին կապուածութեան մասին, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն պիտի նպաստէին մեր ազգի ու պետութեան վերին շահերու պահպանման, զարգացման ու գոյատեւման: 

Խորաթափանց ու իրապաշտ մօտեցումով հարցին, պիտի տեսնենք, որ մեր ազգային ու բարոյական արժէքներու խթանումն ու պահպանումը միշտ չէ, որ նպաստած են մեր ազգային ու պետական շահերու ամրապնդման, օրինակ՝ բարոյական արժէքներու նախապատուութիւն տալը, մշակութային ու գեղարուեստական գրականութեան զարկ տալը, ճարտարապետութիւնն ու շինարարութիւնը զարգացնելը կարեւոր հանգամանքներ ըլլալով հանդերձ, այնքան ալ ազդու միջոցառումներ չեն եղած մեր ազգը հզօրացնելու տեսակէտէ. մեր թագաւորները, իշխաններն ու կրօնաւորները, իրենց պատգամներուն ու ճառերուն մէջ չեն կրցած իրենց զաւակներուն հոգիներուն ու միտքերուն մէջ սերմանել ու ամրապնդել ազգովին հզօրանալու գաղափարականն ու տեսլականը: Մեր ի խորոց սրտի հաւատքը ընդհանրապէս եղած է հոգեբարոյական եւ նկարագրային պարկեշտ հասկացողութիւններու ամրապնդումը եւ անոնց որպէս հետեւանք՝ բարի, հնազանդ, խղճամիտ ու յաճախ երկչոտ սակայն լաւ առաքինութիւններով օժտուած մարդու կերտումը:

«Մահ իմացեալ անմահութիւն է»… այս խորհուրդը հազիւ թէ քանի մը անգամ իրագործուած է մեր պատմութեան մէջ: Մեր պատմական յիշողութիւնը այնքան ալ նմանատիպ օրինակներ չունի խրախուսանքի, բացի մեր նախանցեալ դարու արձանագրած յաղթանակներէն, որոնք պսակուեցան 1918 թուականի Մայիսեան յաղթանակով, Հայաստանի անկախացումով եւ Արցախի ազատագրմամբ, սակայն պէտք է խոստովանիլ նաեւ որ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի պայքարը իսկական նուաճումի եւ նոր հողատարածքներ ազատագրելու հպարտութիւնը չպարգեւեց մեզի, այլ պարզապէս բռնագրաւուած հայրենական սահմանափակ տարածքներու ազատագրումն է որ կատարուեցաւ, ի գին աւելի մեծ ու սիրելի հողատարածքներու: 

Հարց կու տամ, թէ մեր ազգային նկարագրային գիծերը չե՞ն կրցած իրենց մէջ լայն տեղ տալ մեծ ազգերու կարգին դասուիլ ձգտող ժողովուրդներու անհրաժեշտ հրամայականին ու պայմաններուն, որոնց մէջ կարեւորագոյնը եղած է մարդուժի պատրաստութիւնն ու լաւագոյնս օգտագործումը, վեհ գաղափարի մը շուրջ համախմբուած:

Արդեօք ինչո՞ւ պատմութեան ընթացքին չենք եղած մեծաթիւ ժողովուրդ ու չենք կրցած մեր հոծ թիւով կամ հզօր ուժով երկիւղ, հեղինակութիւն եւ նոյնիսկ յարգանք պարտադրել մեզ շրջապատող երկիրներուն: Մեր կիները յաճախ պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերած բազմազաւակ ընտանիքներ կազմելու եւ պատրաստ չեն եղած իրենց զաւակներուն յառաջացուցած հոգերն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու: Թերեւս մեր մէջ քիչ եղած են այն մայրերը, որոնք «Բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի, դուն ալ քու ազգիդ մեռիր» երգած են:

Մեր ազգային նախասիրութիւններուն մէջ ընդանրապէս չէ եղած զինուորական ըլլալու կամ զաւակը զինուորագրութեան մղելու ընտանեկան հասարակաց ըմբռնում եւ համոզում: Ընտանիքներու մէջ գոնէ մէկ զինուոր ունենալը կը փոխէ ընտանիքներուն մարդկութեան եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած դիրքորոշումը, որ ինքնին կը փոխէ նաեւ կեցուածքը պատերազմի եւ նահատակութեան պատրաստակամութեան շուրջ:

Երբեմն կը թուի, թէ մեր ազգային նկարագրային յատկութիւններուն մէջ հազիւ թէ նշմարելի եղած են դիւանագիտական խորամանկութիւնն ու սրամտութիւնը: Մեր հին թէ նոր պատմութեան էջերուն մէջ հազիւ թէ նկատուին հայ ղեկավարներու դիւանագիտական ցայտուն յաջողութիւններ: Ընդհակառակը, համեստաբար պէտք է ընդունիլ, որ մեր պատմութեան էջերը կը վկայեն ձախող բանակցութիւններու այնպիսի դրուագներ, զորս յիշելու կարիքը չենք տեսներ այստեղ (Չըսելու համար թէ օտար պետութիւններու արխիւներուն մէջ ինչե՜ր կան արձանագրուած նման անյաջողութիւններու մասին):

Քաղաքական միտքը իր ծրագրելու եւ գործադրելու երկու կարեւորագոյն գործօններով կամբողջացնէ ազգի մը նկարագրական պատկերը: Այդ կարողութիւնները վերոյիշեալ զինուորական, դիւանագիտական ինչպէս նաեւ տնտեսական ու աշխարհագրական հնարաւորութիւններով է որ միայն կրնան Խրիմեան Հայրիկի թուղթէ շերեփը դարձնել երկաթէ շերեփ եւ միամիտ կարծեցեալ յաղթանակները զետեղել իրենց իսկական արժանի ու ռիալիսթիք անկիւնը:

Վերեւ յիշուած Հռոմի քարտէսին վրայ երեւցող հսկայ տարածութիւնը, որ ասկէ մօտ 2500 տարի առաջ կը պատկանէր հայոց եւ կանուանուէր Արմենիա, այսօրուայ նոյն անուանումը հազիւ թէ կը կազմէ անոր 10 առ հարիւր տարածութիւնը միայն: Մեր պատմութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն ընթացքին մերթ ընդարձակուող, մեթ կծկուող աշխարհագրական, քաղաքական թէ քաղաքակրթական իրադարձութիւնները, ներկայիս ամփոփուած են երկրագունդի վրայ հազիւ նշմարելի նորօրեայ Հայաստանով, առանց բնական հարստութիւններու, ծովային տարածքի, սակաւաթիւ բնակչութեամբ ու սահմանափակ տնտեսական հնարաւորութիւններով:

Չենք փափաքիր անձնատուր ըլլալ տիրող կացութեան, բայց վերյիշելով յօդուածի ընթացքին բացուած զանազան չակերտներու ընդմէջէն փորձենք հարց տալ ու ապա անկեղծօրէն պատասխանել Նիու Ճըրսի բնակող մեր զրուցակից տիկնոջ, թէ՝ ո՞րն է այն ազգը, որ պէտք է պարծենայ, կամ ո՞րն է այն ազգը որ վերատեսութեան պէտք է ենթարկէ իր արմատացած շատ մը հասկացողութիւններն ու ընկալումները. ա՞յն ազգը որ չկրցաւ իրեն համար ապահովել թիզ մը հող ծովափին եւ պաշտպանել իր պապենական իրաւունքները, թէ այն՝ որ թէեւ բարբարոսաբար ներխուժեց ու իր տիրապետութեան տակ առաւ աշխարհի ամենաբարեբեր հողատարածքը, իր աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն դիրքով: Ա՞յն, որ այսօր կը հաշուէ 73 միլիոն մարդ եւ ունի 783 հազար քառ. Քմ տարածութիւն եւ կաճի անընդհատ, թէ այն՝ որ հազիւ կը հաշուէ 10 միլիոն անձ եւ ունի միայն 30 հազար քառ. քմ տարածութիւն եւ որուն բնակչութիւնը կը նօսրանայ տարուէ տարի: Ա՞յն, որ իր ռազմական եւ տնտեսական հնարաւորութիւններով ինքնաբաւ է եւ կը մրցի միջազգային մեծ պետութիւններու հետ, հոգ չէ թէ չունի սեփական այբուբեն, թէ՞ այն, որ պէտք ունի իրեն թեւ թիկունք կանգնող ու զինք պահող ու պահպանող երէց եղբօր 

Հարկ չկայ երկարելու բաղդատութիւններու շարքը, որ կը հանգի սուր, սթափեցուցիչ եւ ուժեղ պորթկումի մղող խռովիչ եզրակացութեան. 

Թէ մենք, հայերս մեր բոլոր արժանիքներով հանդերձ գիտցած չե՛նք,

Իսկ մեր դրացիները իրենց բոլոր բարբարոսութիւններով հանդերձ գիտցած են`

ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 23 Ապրիլ 2013

«ԱԶԴԱԿ», 2013

«ՄԱՐՄԱՐԱ», 2013

«ԶԱՐԹՕՆՔ», 2013