Վստահ եմ որ «Ազդակ»ի ընթերցողները քաջածանօթ են այս վերնագիրին եւ տիպարին: Հաստատապէս գիտեմ նաեւ, որ բոլոր հայորդիները, որոնք կարդացած են «Խայը» պատմուածքը, խորապէս ազդուած են անկէ: 

Չեմ վարանիր «վստահ», «հաստատ», «խորապես» եւ այլ հաստատականներ գործածել՝ բնորոշելու այն պատմուածքին ձգած ազդեցութիւնը այն հոգիներուն վրայ, որոնք իրենց մէջ ունին վրէժխնդրութիւն: Առաւել եւս կուզեմ շեշտել, որ այս պատմուածքը կարդացող հայը չի նմանիր չկարդացողին: 

Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» պատմուածքներու հատորին մէջ «Խայը» կը ներկայացնէ յեղափոխական ինքնուրոյն միտք եւ փիլիսոփայութիւն: Առաջին իսկ տողերէն Ահարոնեան մեծ հետաքրքրութիւն եւ գրաւչութիւն կը բերէ պատմութեան, երբ կը սկսի գեղեցիկ ու տպաւորիչ նկարագրութիւններով պատմել Ռէս Գեւոյի բնակարանին մէջ հաւաքուած մարդոց մասին, որոնք կը քննարկէին մարդու վիճակն ու ճակատագիրը եւ կը խօսէին դուրսը տիրող սարսափելի բուքբորանի աւերներուն մասին:

Հեղինակը կը ներկայացնէ «Խայը»՝  նշելով անոր անցեալն ու ներկայիս կատարած դերը: Անոր ըմբոստ եւ օրինակելի նկարագիրը ներկայացնելու համար անոր բերնով կը պատմէ նաեւ անցեալէն անկիւնադարձային դրուագ մը, որուն մէջ կը յիշէ «օձի եւ արագիլի» կռիւը (որուն պատահաբար ականատես կը դառնայ): Այդ մահու կենաց կռիւի աւարտին ամէն բան հակառակ ընթացք կունենայ. օձը որուն ամբողջ կեանքին ընթացքին արագիլը եղած էր իր պատուհասը, այս անգամ կորոշէ մինչեւ վերջ պայքարիլ եւ դէմ կենալ իր «ճակատագրին»: Այս իրադարձութեան ճակատագրական վայրկեանին ներկայ կըլլան Խայն ու մինչեւ ատամները զինուած, զինք ձերբակալած քիւրտը: «Ֆլան որ կայ օձն է այն», կը կրկնէր քիւրտը, համոզուած ըլլալով, որ միշտ այնպէս եղած է, որ վերէն սուրացող ու յարձակող կենդանին, ըլլալով աւելի ուժեղ եւ ունենալով բնական կարողութիւններ, պիտի յաղթէ գետինը սողացողին, երեւոյթ մը որուն կը հաւատար նաեւ Խայը: …Սակայն այս անգամ եւս դիրքերն ու դերերը կը փոխուին, կը փոխուի եւ Խայը: Ոգեւորուած կենդանիներու միջեւ եղած ճակատամարտով եւ այդ ճակատամարտի աւարտով, ակնթարթի մը մէջ ան կորոշէ ու կը զգետնէ քիւրտը: Այսպէս, ան կը փոխէ ճակատագրի մասին իր ունեցած հասկացողութիւնը:
<<Ես յանկարծ գլուխս բարձրացրի, քրդի գօտկից վայրկենապես դուրս քաշեցի դաշոյնը, եւ մինչեւ որ նա ապշած ու սարսափած պաշտպանվուելու որեւէ փորձ կանէ՛ր, փայլուն դաշոյնը մինչեւ կոթը ահագին թափով նրա կուրծքը մխեցի։ Վայրենին ոռնաց եւ գետին գլորուեց․․․Ես փրկուած էի >>

Ահա, այս պահէն կը սկսի պատմուածքի մեծ խորհուրդն ու ինքնուրոյն գաղափարախօսութիւնը, զոր նշեցի քիչ առաջ: Եթէ Խայի միտքերն ու համապատասխան համոզումները քանի մը դար առաջ տարածուած ըլլային մեր ազգի զաւակներուն մէջ, մեր վիճակը տարբեր պիտի ըլլար այսօր: 

Ըլլալով ընթերցասէր անձ՝ մեծ գրողներու բազմաթիւ գործեր ու ստեղծագործութիւններ կարդացած եմ, ինչպէս Մալխասի «Զարթոնք»ը, Ռաֆֆիի «Խենթը», ինչպէս նաեւ հայ ազատագրական պայքարը բնութագրող բազմաթիւ գեղարուեստական ու վաւերագրական գիրքեր, որոնք մտքիս ու խղճիս մէջ ձգած են մնայուն հետքեր եւ ձեւաւորած են ազգային նկարագիրս: Փոքր տարիքէս, 12-19 տարեկան հասակիս Հալէպի Էշրէֆիէ (Տաւուտիէ) հեռաւոր թաղամասէն իջնելով Թիլէլ պողոտայի Հոգետան «Տիգրիս» գրադարանէն վարձած գիրքերս եղած են հոգիս եւ ազգային ոգիս կերտող հնոցը, որոնք ուսումնական դաստիարակութեանս եւ ընտանեկան մթնոլորտին կողքին թրծած են հայրենասիրական միտքս ու տրամաբանութիւնս

Այսօր այս գիրքերէն շատ բան մոռցած եմ, սակայն շատ լաւ մտապահած եմ Մեծն Ահարոնեանի գրած «Խայը» պատմուածքն ու անոր հերոսը, որ զիս շատ տպաւորած է, մանաւանդ ճակատագրի նկատմամբ տարածուած հետեւեալ ստրկամիտ բնորոշումը՝  << է՜ ինչ ես անգէտ անգէտ խօսում, մարդի ճակատին էր էր գրուած, ասած Մելիքը, նա պիտի գնար, նա պիտի խողդուէր, ճակատագրից ով՞ կարող է փախչել։ Իրաւ է, իրաւ, Մելիք, ասաին մի քանի հոգի, ճակատի գրուծը չի ջնջուի»: Ահարոնեան իր ստեղծած կերպարով կրցած է հասնիլ այն եզրակացութեան, որ չկայ ի սկզբանէ գրուած ճակատագիր, իւրաքանչիւրը ինքն է իր ճակատագիրը կերտողը. ան դէմ երթալով «Ճայատագրի» խաղին կը փոխէ անոր սահմանումը եւ մահազդու դաշոյնը ինք կը խրէ թշնամիին կուրծքը՝ «Ահա այն փրկարար դաշոյնը»: Ան ոչ միայն կը փոխէ ճակատագրի նկատմամբ իր վերաբերումն ու իր սահմանումը, այլ՝ իր այս քայլով իր պատմութիւնը մատուցած մարդոց եւս կը ներշնչէ յուսադրութեան, վճռականութեան ոգիով. (<<Ես ճակատագրին չեմ հաւավոտւմ, կրկնեց վերստին Խայը վեհ յամառութեամբ, բայց այս բառերն այս անգամ ծիծաղ ու զայրոյթ չյառաջացրին, այլ պատկառանք ու մտքե՜ր, մտքե՜ր, փրկարար մտքե՜ր, ազատիչ մտքեր, սրբազան խորհուրդներ>>): 

Այո՛, «Խայը» էն առած դասերս դեռ չեմ մոռցած, պատմութեան մանրամասնութիւնները տակաւին թարմ են յիշողութեանս մէջ: Կէս դար անցած է զայն կարդալէս, իսկ հիմա կը վերընթերցեմ զայն՝ պարզապէս վերապրելու ու կրկին զգալու այն ջերմ ապրումները, զորս ապրած եմ վաղ պատանեկութեան տարիներուս: 

Յատուկ սէր եւ համակրանք ունիմ Ահարոնեանի հանդէպ՝ կարդացած եմ անոր գրեթէ բոլոր երկերը՝ իմ մէջս սակայն մեծ տպաւորութիւն ձգած է յատկապէս «Ազատութեան ճանապարհին» գիրքը: Ահարոնեանին յատուկ է դէպքերու եւ դէմքերու գեղեցիկ նկարագրութիւնը, կերպարները իրական ու ճշմարիտ են, անոնք զիս՝ ընթերցողս կը դնեն հարազատ ապրումներու եւ հետաքրքրական լարուածութեան մէջ, անկախ այն բանէն, որ որոշ մանրամասնութիւններ (փոքր տարիքիս) ամբողջութեամբ չէի ընկալեր: Ահարոնեան մեր ազգային վեհ ինքնագիտակցութեան, ազատատենչ ոգիի կերտման՝ ստրկութիւնն ու բռնութիւնը հալածող այն ռահվիրաներէն է, որոնք մարդու մէջ կը սերմանեն ազատ եւ անկախ ապրելու վճռակամութիւնը

Ահարոնեան կողմ է հայ ազատագրութեան այն շարժումին, որ ծնունդ առաւ 19-րդ դարուն: Ան կը հաւատար որ մեր ժողովուրդի փրկութեան կարեւորագոյն ճանապարհն է այդ: Նոյն գաղափարն է, որ կարծարծուի ապագային Կիկոներու մօր սաղմոսին մէջ. «Զիմ Կիրոյին ի՞նչն էր պակաս,զոր չեն գրեր ֆիտայի»: Այս տարի Ահարոնեանի ծննդեան 145 ամեակն է, զոր չեմ գիտեր թէ մեր ազգային եւ մտաւորական խաւը ինչպէս պիտի նշէ: 2011 թուականը ունի յիշատակման արժանի աւելի քան 30 իրադարձութիւն: Մեծ ցանկութիւն ունիմ, որ այդ առիթներուն կողքին լուսարձակի տակ պահենք 

Ահարոնեանի նման մեծութիւն մը, որուն գործերը հայ ժողովուրդի վիշտի ձայներն են: Վաղուց կը փափաքիմ որ վերընթերցուին գեղեցիկ եւ խորհրդալից պատմութիւնները, ինչպէս «Խայը», եւ ներկայացուին այդ պատմութիւններուն մէջ տեղ գտած գաղափարներն ու ազգային քարոզչութիւնները, որոնք կրնան էապէս փոխել կեանքը, խթանել երիտասարդութիւնը եւ չարամիտ ու դաժան թշնամիէն պաշտպանել մեզ երէկ եւ այսօր:

<<Խայը վերցրեց իր դաշոյնը, գոտիկը խրեց, դուրս գնաց գոմի դռնից , բազմականները մնացին լուռ․․․  

Դրսում քամին շարունակում էր ոռնալ , բայց նա այլեւս չէր խօսում  ճակատագրի հզօր ուժից։ Քամու բազմազան աղաղակների մեջ մարդիկ այժմ կարդում էին պայքարի ու ազատութեան գոռ շեշտերը>>: 

«ԱԶԴԱԿ», Բացառիկ 2011

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 2011