Ինչպէս բոլոր քրիստոնեաները, այնպէս հայ ժողովուրդը եւս մեծ ուրախութեամբ եւ անհուն երանութեամբ կը տօնէ Յիսուսի Ս. Ծննդեան օրը, քանզի այս ծնունդը ինքնին ուրախութեան աղբիւր է, որովհետեւ ծնունդն է ժողովուրդներու Փրկիչին տիրող գերութենէն, թշնամութիւններէն, բարբարոսութիւններէն, սկիզբն է Աստուածային վեհագոյն հասկացողութիւններու տարածման, եւ Ադամի ու Եւայի զաւակներուն՝ մարդկութեան միջեւ սիրոյ եւ խաղաղութեան տիրելուն:

Հայերը Ս. Ծնունդը կը տօնեն Յունուար 6-ին, ըստ Արեւելեան եկեղեցիներու տոմարին, եւ ոչ թէ Դեկտեմբեր 25-ին, ինչպէս Արեւմտեան եկեղեցիներն ու կաթողիկէները: 

Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները բոլոր եկեղեցիներուն մօտ ունին միեւնոյն ընդհանուր խորքը, եւ որոնք կը նպակադրեն մէկ երդիքի տակ ժողվել ընտանիքին անդամները, քով-քովի բերել ընտանիքէն հեռու գտնուող զաւակներն ու եղբայրները: 

Ընտանիքին միացած անդամները կը բոլորուին Ծննդեան (կաղանդի) ծառին շուրջ շուրջ եւ որպէս սիրոյ ու հոգատարութեան նշան՝ նուէրներ կը փոխանակեն իրար հետ. նուէրներ կը տրուին մանաւանդ ընտանիքին նոր միացած անդամներուն, օրինակ հարսերուն, փեսաներուն: Ասոր կը նախորդէ Ծննդեան գիշերուայ պատարագին ներկայ գտնուիլը: 

Այս տօնակատարութեան ամենասիրելի եւ ցանկալի արարքներէն մէկը Ս. Ծննդեան առաւօտուն եկեղեցի երթալն ու պատարագին ներկայ գտնուիլն է. այդ օր եկեղեցի կ’երթայ Քուէյթի գաղութի զաւակներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, պատճառ դառնալով սրտամօտ, հաճելի խճողումի: Պատարագէն ետք, ընտանիքին անդամները, հարազատները եւ բարեկամներ, որոնք իրարու կը հանդիպին զատիկէ զատիկ, կը հաւաքուին եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ կը խօսակցին իրար հետ, զրոյցը կ’աւարտի փոխադարձ համակարծութեամբ, թէ միայն զատիկէ զատիկ հանդիպիլը ճիշդ չէ, թէ պէտք է զիրար տեսնել այլ առիթներով եւս, սակայն բաժանումէն ետք ամէն ինչ կ’ընթանայ նախկին հունով: 

Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ այս առիթը ուրախութիւն է նաեւ իգական սեռին, մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար, որոնք կը հագնին իրենց ամենագեղեցիկ զգեստները, կը կրեն իրենց լաւագոյն զարդերը, կը սանտրեն ու կը ձեւաւորեն մազերը, Ծննդեան օրը հանրութեան յատուկ փայլքով ներկայանալու համար:

Չենք կրնար նաեւ խոյս տալ Ծնունդի գիշերուան սքանչելի ընթրիքէն: Այդ գիշերը հայերէնով կը կոչենք «Խթման գիշեր»: Ասիկա ընտանիքի անդամներուն համար ամենայ երջանիկ առիթն է, որովհետեւ դարձեալ սովորութիւն դարձած է այդ գիշեր հաւաքուիլ ընտանիքի մեծին մօտ, եթէ կենդանի է, կամ կարգով ամէն անգամ եղբայրներէն մէկուն տունը, ուր հարազատները կը բոլորուին ընթրիքի լիառատ սեղանին շուրջ, որուն վրայ տեղադրուած են տանտիկնոջ յատկապէս այսօրուայ համար պատրաստած ամենահամեղ ճաշատեսակները՝ որոնց մէջ կը գտնուին հնդկահաւը, մածունով «քէօֆթէ»ն, ձկնեղէն եւ անշուշտ տունը պատրաստուած խմորեղէններ ու քաղցրաւենիք, զորս ընդհանրապէս հիւրերը իրենց հետ կը բերեն հիւրընկալի տուն:

Սովորութիւն է նաեւ ընթրիքէն առաջ յոտնկայս աղօթել, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ իր պարգեւած բարիքներուն համար:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-12-2005, Քուէյթ