Կասկած չկայ որ այսօրուան պայմաններով մեր սիրելի հայրենակիցները Հայաստանի մէջ այնքան ալ հետաքրքրուած չըլլան հայաստանեան ներքին քաղաքական հարցերով ընդհանրապէս եւ Հայաստանի միջազգային հարցերով մասնաւորապէս, որովհետեւ Հայաստան կայք հաստատած սուրիահայերը շատ աւելի կարեւոր հարցեր ունին՝ առնչուած իրենց առօրեայ ապրուստին, կենցաղին, բնակարանին, զաւակներու ուսուցման եւ յատկապէս՝ բոլորին ուսերուն գերակշռած տնտեսական մտահոգութիւններուն:

Հակառակ անոր որ Հայաստանի համապատասխան իշխանութիւններ, ըլլան անոնք կրթական թէ մշակութային մարմիններ եւ մանաւանդ Սփիւռքի նախարարութիւն, կրցան ու դեռ կը փորձեն կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնել սուրիահայերուն, բան մը, որ յոյժ գնահատելի է, բայց եւ այնպէս այս բոլորը կը մնան անբաւարար՝ ծննդավայրին նկատմամբ, որուն կարօտախտը կայ բնականաբար: 

Հալէպին համը տարբե՛ր է, Հասիճէին բոյրը ուրիշ տեղ չկա՛յ, ոչ ալ Հոմսի առօրեայ կեանքին հետ համեմատելու կարելիութիւն կայ: Այո՛, այս բոլորը կը փնտռուի սուրիահայուն համար եւ ան անոնց կարօտօվ է, որ կը շնչէ ամէն վայրկեան, պարզապէս անոր համար, որ կամքէ անկախ պատճառներով կը գտնուի անկէ հեռու, եւ պարտադրաբար հեռացած է իր սիրելի ծննդավայրէն, լքելով իր տունը, տեղը, պաշտօնը, գործը, հարազատներն ու ընկերները: Ան թողած է իր ետին իր սիրելի կենցաղային սովորութիւններն ու ապրելակերպը, եւ հիմա, շաբաթ առ շաբաթ, օր առ օր, ժամ առ ժամ կարօտով կը բաղդատէ իր ներկան, անցնող տարիներուն հետ, երանի՜ կու տայ այն օրերուն՝ հաւատալով, որ անոնք պիտի վերադառնան ուշ կամ կանուխ: Սուրիահայերէ շատեր հաւանաբար շնչահեղձ ըլլային եթէ չգտնուէին իրենց հայրենի հողին վրայ ու շրջապատուած չըլլային հարազատներով: 

Ես ներքնապէս կապրիմ նախկին համաքաղաքացիներուս դժուար վիճակը Հայաստանի մէջ, նոյնպէս կը գնահատեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն տրամադրած օժանդակութիւնները զանազան բնագաւառներու մէջ եւ կը հաւատամ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին այսքան մեծ թիւով գաղթողներ ընդունիլն ու պատսպարելը հեշտ աշխատանք չէ, եւ թէ Հայաստանը իր ներկայ տնտեսական ոչ բարենպաստ պայմաններով գուցէ այնքան ալ հնարաւորութիւն չունէր աւելին տրամադրել անոնց:

Այսքանը թող ծառայէ ներկայացնելու սուրիահայերուն ընդհանուր իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Այսօր, սակայն, ինչ որ չեմ նկատեր իմ ստացած յաճախակի լուրերուս եւ համացանցի միջոցով ստացած տեղեկութիւններուս ընդմէջէն, այն է, որ որեւէ ակնարկի կամ անդրադարձի չեմ հանդիպիր անոնց՝ Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայ ազգայիններու ընտրական իրաւունքներու հետ առնչուող հարցերու մասին. կենթադրեմ, որ սուրիահայը, որ այժմ եղած է նոյնպէս «հայահայ»՝ հայաստանցի հայ, պէտք է եւ անհրաժեշտ է, որ հետաքրքրուի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նախագահական ընտրապայքարով: Անոնք որպէս քաղաքացիներ, պէտք է որ հետաքրքրուին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարելու առումով, եւ որ գերագոյնն է: Պէտք է հետաքրքրուին, փնտռեն, համոզուին, եւ իրենց ձայնը տան նախագահական ա՛յն թեկնածուին, որ Հայաստանի գերագոյն շահերուն կողքին, պիտի պաշտպանէ նաեւ զիրենք եւ օգտակար ըլլայ՝ խոստանալով աւելի մօտէն հետաքրքրութիւն եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ: Սուրիահայը այժմ իր ձեռքին մէջ ունի խաղաքարտը, որ պէտք է գործածէ իմաստուն կերպով եւ յարմար տեղին, նկատի ունենալով, որ չգիտեր, թէ ապագան ի՞նչ կը վերապահէ իրեն, արդեօք մէ՞կ ամիսէն, մէ՞կ տարիէն, թէ՞ տասը տարիէն պիտի վերադառնայ Սուրիա, եւ կամ երբե՛ք պիտի չվերադառնայ ու հաստատուի Հայաստան, սակայն իր կարգավիճակը պիտի մնայ նոյնը, իւ ինք միշտ պիտի ունենայ իր առանձնայատուկ պահանջները, պետութեան ներկայացնելու պահանջներ, որոնք կը տարբերին տեղացիներու պահանջներէն: Ինք պէտք է մնայ յատուկ ուշադրութեան քաղաքացի, որ առնչութիւն ունի իր հայրենիքի՝ Սուրիոյ հետ. ան ունի, կեցութեան, ապահովական եւ տնտեսական հարցեր մասնագիտական պահանջներով, որոնք իրեն համար գուցէ մահու կենաց համարժէք հարցեր են, եւ Հայաստանի յաջորդ կառավարութիւնները նկատի պէտք է առնեն զանոնք՝ որպէս առաջնահերթութիւններ: 

Սուրիահայը ընդհանրապէս, հալէպահայը մասնաւորապէս, գիտակից է իր ազգային պարտականութիւններուն, որ ի ծնէ անբաժանելիօրէն շաղախուած է անոր հոգիին եւ գիտակցութեան հետ: Այժմ ժամանակն է, որ ան գէթ ժամանակաւորապէս յետաձըգէ իր առօրեայ մտահոգութիւններն ու պրպտումները եւ սկսի հետաքրքրուիլ Հայաստանի նախագահական ընտրապայքարով, հետաքրքրուի իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ թեկնածուի նախընտրական մանիֆէսթով ու ծրագիրներով, անոր տուած ապագայի խոստումներով, ու անցեալին իրագործած կամ չիրագործած ծրագիրներով, անոր ընդհանուր վարք ու բարքով ու վերաբերմունքով, մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու զարգացման անոր բերած նպաստով, անոր՝ մեր հայրենիքին բերելիք քաղաքական յաջողութիւններու հաւանականութեամբ, միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրելիք նուաճումներով, ինչպէս նաեւ արցախեան հիմնահարցին հանդէպ անոր դիրքորոշումով: Այս բոլորին կողքին, թեկնածուն պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ սուրիահայերու կենսապայմաններուն, խոստանայ բարելաւել զանոնք եւ զարգացնել անոնց վիճակը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: 

Ես տակաւին պիտի յանձնարարէի իմ սուրիացի քոյրերուս եւ եղբայրներուս, որ եթէ հնարաւոր է, աւելի կազմակերպուած եւ միատեսակ դիրքորոշումով մօտենան այս հիմնահարցին՝ համադրելով իրենց պահանջները, յստակացնելով իրենց դիրքորոշումը եւ հաստատ կեցուածքով բանակցելով թեկնածուներուն հետ իրենց ձայնը տալէն առաջ եւ յետագային նոյնպէս հաշուետըւութեան նստելով անոնց հետ: Չէի փափաքեր, օրինակ, ընտրութիւններէն տարի մը կամ երկու տարի վերջ Հայաստան մնացած սուրիահայը զղջար, որ ինք սխալեր է՝ իր ձայնը տուած չըլլալով լաւագոյն թեկնածուին:

Ես կուզէի դեռ աւելին, կուզէի, որ արտասահմանի մէջ ապրող հայերը, մանաւանդ՝ սուրիահայերը, որոնք ստացած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն, քանի մը օրօվ երթան Հայաստան եւ կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը, ազատօրէն ընտրեն իրենց նախագահը եւ ապրին հայու սրտին եւ հոգիին մէջ յառաջանալիք մեծ ցնծութիւնը, բերկրանք մը, որ չի կրնար զգալ բացի անկէ որ կապրի զայն: Անշուշտ անտեղի կը տեսնեմ առաջարկել ներկայ իշխանութիւններուն, որ հնարաւորութիւն ստեղծեն արտասահմանի հայկական հիւպատոսարաններուն մէջ քուէարկութեան դրութիւնը, գիտնալով անոր բազմազան դժուարութիւնները: 

Կրկնելով սուրիացի եղբայրներուս եւ քոյրերուս ներկայացուցած պահանջս՝ անպայման մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն եւ իրենց ազատ կամքով ընտրել արժանի թեկնածուն, ի խորոց սրտէ կը ցանկամ, որ մեր սիրելի հայրենիքի նախագահական ընտրութիւնները աւարտին խաղաղ, անխարդախ, անկախ եւ ժողովրդավարական բարձրագոյն չափանիշերով, ընտրելով արժանաւորագոյն նախագահը, որ ըլլայ նախագահը ո՛ղջ հայութեան, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, ըլլայ հարազատ հայ, առաջնորդելու բոլորս իր քաջ ու խիզախ ղեկավարութեամբ, դէպի զարգացում ու յաղթական բարձունքներ, տիրանալու մեր բոլոր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն:

«ԱԶԴԱԿ», 6-2-2013, Պէյրութ