«Գնեցէք Հայաստանէն» նախաձեռնութիւնը, որը  տարածում եւ ընդյառաջում գտաւ, նպատակային կը համարուի եւ օգտաւէտ է տեւաբար յիշեցնել անոր մասին, եւ տարածել զանազան շրջանակներու կողմէ: Քուէթահայ գործարար-գրող Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Հ.Հ Սփիիւռքի նախարարին, հայրենի տարբեր պատասխանատուներու, կարգ մը գործարարներու եւ հայկական մամուլէն ներկայացուցիչներու հետ: Քննարկուներուն ընթացքին ան ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը, որով զբօսաշրջիկներուն, այցելուներուն եւ ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ գտնուողներուն կը թելադրուի ու կը քաջլերուի նախքան Հայաստան ժամանելը գնում չկատարել ուրիշ երկիրներէ եւ Հայաստան հասնելով հայկական- տեղական շուկայէն կատարել իրենց մեծ ու փոքր գնումները, որոնց համար նպաստաւոր կը համարուի նաեւ  Հայաստանի շուկային մրցունակ գիներն եւ ապրանքներուն բարձր որակը: Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ առեւտուրի զարգացման ճամբով պիտի խթանուին մասամբ. փոքր տնտեսութիւնները եւ զարկ պիտի տրուի հայրենի արտադրութեան: Կիրակոս Գույումճեանի «Գնեցէք Հայաստանէն»(«Shop in Armenia») նախաձեռնութեան միանալով կարելի կը դառնայ աւելիով սատարել Հայաստանի տնտեսան վերելքին եւ հայրենաշինութեան: Յիշեցումի կարգով կը տեղադրենք լուրն ու նախաձեռնութեան հակիրճ պարունակութիւնը