Կիրակոս (Կարօ) Ներսէս Գույումճյան, ծնած է Հալէպ – Սուրիա — Տաուտիյէ թաղամասը՝ 1946-ին:

Ընտանեկան բոյն կազմած է Սիլվա Յակոբ Բանիկեանի հետ: Ամոլը ունի երկու դուստր եւ երկու մանչ:

1972-ին փոխադրուած է Քուէյթ: Ասպարէզով՝ տարբեր տեսակի արհեստական մետաղներու մասնագէտ եւ վաճառական:

1982-ին, Քուէյթի մէջ հիմնած է Metal Center Co. հաստատութիւնը, որ կը գործէ մինչեւ օրս:Հաստատութիւնը ունի 210 պաշտօնեայ:

2003-ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով, առ ի գնահատանք՝ Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն:

Հեղինակ է երկու արաբերէն գիրքերու՝ «Կայաններ Եւ Դիրքորոշումներ» (2012 ) եւ « 100 Տարի Ցեղասպանութենէն Վերականգնում» (2015), որոնք թարգմանուած են հայերէնի: Վերջինս լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ:

Հայկական, մարդասիրական հարցերու շուրջ հրապարակագրական, վերլուծական յօդուածներով գործօն մասնակցութիւն կը բերէ արաբական աշխարհի մամուլի ծանօթ օրաթերթերուն: Սոյն յօդուածներուն մեծամասնութիւնը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս կը տեսնէ Սփիւռքի հայկական մամուլի եւ Հայաստանի գլխաւոր օրաթերթերուն մէջ:

Եօթ տարբեր առիթներով եւ նիւթերով մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Հ1 հեռատեսիլի կայանէն սփռուող «Հայից Հայ» վաւերագրական հաղորդաշարի յայտագիրին, իբրեւ գլխաւոր խօսնակ- մեկնաբան:Հաղորդաշարը պատրաստողն է հայրենի հանրածանօթ մտաւորականուհի, մշակ՝ Արփէն Մովսէսեանը:

Հոգեւոր, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ազգային բարերար: Մեկենաս զանազան հայերէն հրատարակուած գիրքերու:

2008-էն մինչեւ օրս բարերար Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Ուրեկան համայնքի մէջ գործող երկրորդական վարժարանին: Բացի վերաշինութիւնը նախաձեռնելէ, մինչեւ օրս կը հովանաւորէ եւ կը հետեւի այս կրթական օճախին բարեզարդման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն:

Մեկենաս՝ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մարմարէ եւ պրոնզիա դասի ճաղերուն:

«Ներսէս Շնորհալի» մրցանքի հեղինակ եւ հովանաւոր: 2013-էն սկսեալ Քուէյթի մէջ, 2018-էն սկսեալ՝ Հալէպի, ուր նիւթական պարգեւ կը յատկացուի պետական Պաքալորիայի քննութեանց բարձրագոյն նիշ հաւաքող հայ ուսանողին:

Նախաձեռնողն է Հայրենիքի տնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով «Գնեցէք Հայաստանէն» Համա-հայկական մարդասիրական նախաձեռնութեան ( Shop in Armenia): Նախաձեռնութեան նպատակն է խթանել Սփիւռքահայ եւ օտար զբօսաշրջիկները, իրենց կարիքները հետերնին բերելու փոխարէն, Հայաստանէն կատարելու իրենց գնումները:

Ազգային, հասարակական երկարամեայ գործունէութիւն Քուէյթի մէջ: 1984-էն ի վեր մաս կազմած է զանազան մարմիններու: Քուէյթի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր վարչութեան անդամ: Անխոնջ աշխատանք կատարած է իր ընկերներուն հետ Քուէյթի մէջ հիմնելու եւ տարածելու ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը:

1998-ին ընտրուած է Քուէյթի Թեմական Մարմինի անդամ: Ժամանակ մը վարած է Ազգային Իշխանութեան անդամի եւ ատենապետի պարտականութիւնները:

Նախքան իրաքեան բանակին Քուէյթ ներխուժումը, Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէն տիար Տիգրան Ճինպաշեանի հետ ծրագրած է համակարգիչի գործածութիւնը ներմուծել վարժարանի աշակերտութեան,ժամանակակից արհեստագիտւթեան հետ քայլ պահելու եւ մրցակցելու անգիական, ամերիկեան թեքումով վարժարաններուն հետ: 1990-ի պատերազմը խանգարած է ծրագիրին գործադրութիւնը:

2013-էն իվեր անդամ՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան: