ԿԱՅԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Քաղաքական եւ Պատմական Յօդուածներ
Կիրակոս (Կարօ) Գույումճյան
Ձոն
Անոր որ մէջս կ’ապրի
Եւ ես` ոչ իր մէջ
Ոսկէ հասկին եւ խաղողի այգիներուն
Նահատակներու արեան եւ Բռնագըրաւեալ Արարատ Լերան
Քեզի` մեծ հայրերուս հայրենիքին եւ ներշնչումիս աղբիւրին
Կը նուիրեմ այս գիրքս:
Յառաջաբան
Գրելու ամբողջ ճանապարհիս ընթացքին մտորումներս ցոլացուցի այլազան յօդուածներու շարքով մը: Գրելու ճանապարհը ընտրեցի ժողովուրդիս խնդիրները հասցնելու ճշմարտութեան անտեղեակներուն, քանզի մարդկութիւնը իրաւունք ունի իր զգացումներուն թարգման գրիչ ունենալու, ճնշուածները իրաւունք ունին գտնելու մէկը, որ իրենց ձայնը հասցնէ ուրիշին, որ կրնայ ծարաւի ըլլալ իմանալու անոնց տառապանքներուն մասին, սակայն չէ գտած մէկը որ զինք առաջնորդէր դէպի լուսարձակէ հեռու ծուարածները: Ահա թէ ինչու գրիչս, միտքերս եւ կարողութիւններս գործի դրի գրելու ժողովուրդիս տառապանքներուն եւ ցաւերուն մասին, իրենց բոլոր ծալքերով, եւ զարմանալի չէ որ իմ յօդուածներուս եւ մտաւոր հետաքրքրութիւններուս մեծ մասին վրայ կ’իշխեն մտահոգութիւնները հայ ժողովուրդին զաւակներուն, որոնցմէ մէկն եմ ես եւ որոնց մէջ հասակ առած եմ, կիսած անոնց տառապանքները, հաղորդակից դարձած անոնց ցաւերուն որպէս հետեւանք հալածանքի, ցեղասպանութեան, տարտղնման, մերժելիութեան եւ արմատախլման: Այս ամէնը փռուած են իմ առջեւս եւ ես ինքզինքիս խոստացած եմ ըլլալ արտայայտիչը իմ ժողովուրդիս զաւակներուն, բոլոր գրութիւններուս եւ յօդուածներուս, մտաւոր եւ գրական տեսլականիս ընդմէջէն:
Ընթերցողը կը նկատէ որ իր սեղանին դրած գիրքս բանաստեղծութիւն չէ, պատմուածք չէ, ոչ ալ վէպ, հակառակ այդ բոլոր սեռերուն հանդէպ հրապուրանքիս - երբ միշտ փափաքած եմ եւ տակաւին կը փափաքիմ ըլլալ այն վիթխարի հանճարներէն մին, ինչպիսին է «Թշուառներ»ու հեղինակ Վիքթոր Հիւկոն, կամ «Ոճիր եւ Պատիժ»ի հեղինակ Տոստոեւսքին, կամ «Քլիօփաթրա»ի ստեղծագործ Շէյքսփիրը, կամ «Ալքիմիա» դիւցազնավէպի հրաշալի հեղինակ Փաուլօ Քուէլլօն, կամ «Հարաֆիշ»ի Նաճիպ Մահֆուզը, «Պատական»ի ու հրաշալի «Նուշի ծաղիկը եւ աւելի հեռու»ի Մահմուտ Տարուիշը, եւ կամ սքանչագործ հայ գրողներէն մին՝ ինչպէս օրինակ հրաշալի .«Կայծեր»ու հեղինակ Ռաֆֆին կամ գլուխ գործոց «Նաւը Լերան Վրայ» վէպի հեղինակ Կոստան Զարեանը: Ծանօթացայ մեծ հանճարներու բանաստեղծութիւններուն եւ այլ ստեղծագործութիւններուն, սակայն նախընտրեցի գրել յօդւածներ, գտնելով որ իմ գրիչս աւելի շատ այս բնագաւառին եւ կառոյցին կը պատշաճի, եւ կարողութեանս չափ ջանացի, այլազանութեան կողքին, յօդուածներուս պարունակը դարձնել արտայայտիչը իրականութիւնը փնտռող մարդկային հոգուն, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ամէն մէկ լուրջ խնդիրի վերաբերեալ գրութիւն մը կը պատկանի համայն մարդկութեան, աշխարհի որեւէ մէկ տեղ գրուած բան մը միայն այդ վայրի հարցերը չ’արծարծեր. մարդկային մտահոգութիւնները իրար նման են, մարդիկ կը բաժնեկցին զարթօնքն ու զարգացումը, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ կը բաժնեկցին մտահոգութիւները, ցաւերն ու տառապանքները:
Այս գիրքը մեծ թիւով յօդուածներ կ’ընդգրկէ Հայկական Հարցին, ինչպէս նաեւ մարդկային, ընկերային եւ արաբական հարցերու կողքին կանգնող քաղաքական նիւթերու մասին: Այս յօդւածներուն մեծամասնութիւնը նախապէս լոյս տեսած է զանազան թերթերու մէջ, թէեւ գիրքին մէջ կան նաեւ անտիպ յօդուածներ: Հայկական Հարցին շուրջ գրուած յօդուածները կարծես մեր վէրքերուն սպեղանի ըլլան, չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ անոնք զովացուցին բոլոր հայերու սիրտերը, միեւնոյն ատեն նեղ դրութեան մատնելով հակառակորդը, իրենց պարփակած հերքող տեղեկութիւններուն եւ պատմական փաստերուն շնորհիւ, եւ որոնք արաբ ընթերցողին առջեւ կը պարզեն յաւակնութեան ու ճշմարտութեան տարբերութիւնը, կը պարզեն թէ ո՞վ է անարդարը եւ ո՞վ արդարն ու անմեղը: Ամէն մէկ յօդուածի հրատարակութենէն ետք ինծի հետ կը կապուէին շատեր պարզաբանելու, վստահ ըլլալու դէպքերու եւ պատահարներու իրողութենէն, հետս կապ կը պահէին լիբանանցի, սուրիացի, եգիպտացի, քուէյթցի եւ այլ ծանօթներ ու ընկերներ. բոլորը զարմանք կը յայտնէին պատահած իրականութիւններուն հանդէպ, զորս առաջին անգամ կը լսէին.տարակուսանքով հարցուցած են ինծի.- Ճի՞շդ են ըսածներդ, ճի՞շդ է որ դուք ձեր ամբողջ ունեցուածքն ու հողերը կորսնցուցած էք Թուրքիոյ մէջ. գիտէինք թէ ցաւոտ հարցեր ունիք Թուրքիոյ հետ, կը կարծէինք թէ անոնք ժողովուրդներու մէջ եղող սովորական անհամաձայնութիւններ են, չէինք գիտեր թէ այս աստիճան ողբերգական են անոնք:
Վերի բոլոր օրինակները, մեկնութիւններն ու զարմանքի արտայայտութիւնները, եւ զգացուած նեղութիւնները յօդուածներուս ընթերցողներուն կողմէ, ինծի բաւականութիւն կը պատճառէին որովետեւ յաջողած էի մեր ազգին դատը ուրիշներուն ներկայացնել:
Կար ժամանակ երբ կը կարծէի թէ այլ ժողովուրդներ շատ բան գիտեն մեր դատին մասին, սակայն ափսո՜ս, այդպէս չէր:
Յայտնաբերեցի նաեւ, որ Մեծ Եղեռնի դպրոցներու եւ եկեղեցիներու մէջ կատարած ամենամեայ մեր յուշահանդէսներն ու սգատօները, ճառերն ու այլ ձեռնարկները կը մնան սահմանափակ եւ կը շրջին միայն մեր ուղեծիրին մէջ. ճչացողները մենք հայերս կ’ըլլանք եւ կարծէք միայն մենք կը լսենք մեր ճիչն ու հառաչանքը... ասիկա պարզապէս կը նշանակէ թէ այս անցած ամբողջ ժամանակի ընթացքին մեր դատը իր խորութեամբ ուրիշներուն չէ հասած:
Պահանջուած բացատրութիւններուն եւ զարմացական անդրադարձներուն առընթեր, իւրաքանչիւր յօդուածիս ընթերցումէն ետք, արաբ բարեկամներ կը կապուէին հետս շնորհաւորելու զիս,որ թերթին մէջ ալ տպուած ըլլար յօուածներէս մէկն ու մէկը. Կը գովէին գրելաոճս եւ կը գնահատէին տուածս տեղեկութիւններուն համար. մինչ ոմանք ալ կը կատակէին հետս ըսելով. «Վարպետ Կարօ, աւելի լաւ է մէկ կողմ ձգես երկաթն ու սթէյնլէս սթիլը եւ ամբողջովին նուիրուիս գրելուն, վստահաբար մեծ յաջողութիւն պիտի գտնես այդ բնագաւառին մէջ...»:
Ամէն պարագայի գրական, պատմական եւ բարոյական գետնի վրայ այսքանը կրցայ հրամցնել հայրենիքիս, ազգիս, դատիս, հայ եւ արաբ ընկերութիւներուն, եւ կը յուսամ՝ յաջողեցայ առաքելութեանս մէջ:
Կարգ մը յօդուածներու վերջաւորութեան աւելցուցած եմ մեկնաբանութիւններ, նկատի տալով յաւելեալ մանրամասնութիւններ, որոնք յօդուածի մը սահմաններուն մէջ չէին տեղադրուած թերթին սահմանափակութեան պատճառաւ, նշելով նաեւ առիթներր, դրդապատճառներն ու պարագաները տուեալ յօդուածներու գրի առնուելուն, աշխատելով ամփոփ գրել, որպէս ամբողջացում առնչուած նիւթերուն:
Ընթերցողը կրնայ նկատել, որ Ղարաբաղի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ գրուած յօդուածներուն մէջ նմանութիւններ կան, ուստի պէտք է ի մտի ունենալ որ այս յօդուածները գրուած են տասներկու տարիներու ընթացքին պահի անհրաժեշտութենէն բխելով, կամ որպէս արժանի պատասխան պարագայի մը, կամ վերակենդանացնելու յիշողութիւնները, թէկուզ տարին մէկ անգամ:
Պատիւ ունեցայ նաեւ թարգմանելու յօդուած մը, որոնք մտորումներէն են Իսթանպուլի հռչակաւոր «Մարմարա» թերթի տէր եւ գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանին: Բան մը, որ յաւելեալ իւրայատուկ համ ու հոտ հաղորդեց գիրքիս:
Աւարտին շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեծարգոյ տիար վսեմաշուք նախարար Վարդան Օսկանեանին, գրող մտաւորականներ Իպրահիմ Խալիլին եւ Թորոս Թորանեանին, որոնք իրենց խօսքերով հարստացուցին գիրքս եւ պատուեցին զիս իրենց գրութիւններով: