Մեծարգոյ Դեսպան Զուիցերիոյ Դաշնակցային Պետութեան,
Բարի Ողջոյն Ձեզ
Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն Ձեզի, Ձեր պետութեան Բարձրագոյն Դատարանի որոշման համար, ըստ որուն պատիժի ենթակայ է ան, որ կը հերքէ իրողութիւնը քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան Օսմանեան պետութեան կողմէ իրագործուած Հայկական ջարդերուն, որոնց զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր՝ մեծամասնութեամբ անզէն երեխաներ եւ կանայք: Այսպիսով դուք Ֆրանսայէն ետք կը հանդիսանաք երկրորդ երկիրը այս արդար, վճռական եւ խիստ որոշումը որդեգրող: Այս քայլով դուք ուզեցիք առաջքը առնել նմանատիպ դէպքերու կրկնըւելուն, ինչպէս նաեւ այս քայլով դուք, որպէս պետութիւն եւ ժողովուրդ, յարգանք մատուցել ուզեցիք զոհուածներու յիշատակին եւ մխիթարել անոնց ողջ հարազատները:
Դուք, Ձեր որոշումը կատարեցիք գործնականապէս՝ դատի ենթարկելով Զուիցերական հողերուն վրայ Հայկական ջարդերը հերքել համարձակած թուրք պատասխանատու պարոն Փէրէնչիկը եւ զայն պատժեցիք ըստ ընդունուած օրէնքի դրոյթներուն: Սակայն, ինչպէս որ գիտէք, Ձերդ վսեմութիւն Պարոն դեսպան, Փէրէնչիկը, իր թիկունքին ունենալով թրքական կառավարութեան զօրակցութիւնը, դիմեց Եւրոպական Միութեան դատարան, ի Պրիւքսէլ. եւ մարդկային իրաւանց պատրուակին տակ յաջողեցաւ բեկման ենթարկել տալ Ձեր երկրի դատարանին ընդունած դատավճիռը:
Դուք լաւ գիտէք, պարոն դեսպան, ինչպէս եւ երկրագունդի երեք քառորդը, որ Եւրոպական Միութեան դատարանը այսպիսի որոշում պիտի չընդունէր եթէ ահռելի ճնշումներ չգործադրուէին իր վրայ թրքական կառավարութեան կողմէ եւ ի գործ չդրուէին քաղաքական, տնտեսական, աշխարհագրական եւ դիւանագիտական լծակներ, որոնց հետ նաեւ միլիոնաւոր տօլարներ ու ճնշման օրինաւոր եւ անօրէն այլազան միջոցներ, ընդունիլ տալու անարդար վճիռ.. արդարացնելու պարոն Փէրէնչիկը՝ բեկանելով Զուիցերիոյ արդար վճիռը որ լաւագոյն քայլն էր Զուիցերիոյ արդարամտութիւնն ու չէզոքութիւնը հստատող, նաեւ արտայայտելով Ձեր երկրին մարդկային արժէքները գնահատող վեհ դիրքորոշումը, միեւնոյն ատեն սատարելով համաշխարհային խաղաղութեան:
«Յուսահատութիւնը մահ է» կ’ըսէ ասացուածքը: Մենք չենք յուսահատիր, դուք եւս վստահ եմ յուսահատութեան չէք մատնըւիր. դուք յայտնի էք ձեր անբեկանելի ուժով, հաստատակամութեամբ, անկոտրում կամքով եւ մարտահրաւէրներ ընդունելու ձեր խիզախութեամբ: Մենք պիտի փորձենք լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալ Ձեզի եթէ մեր կարիքը զգաք, դիմելու Եւրոպական դատարան, գորրծադրելով ամէն ճիգ եւ գործելով մասնագիտական բծախնդրութեամբ, վերատեսութեան ենթարկելու եւ բեկանելու անարդար վճիռը:
Ազատ աշխարհի ժողովուրդները այսօր Ձեզ կը դիտեն որպէս խաչմերուկի վրայ կանգնած երկրի մը, որ կրնայ անտեսել եւ մէկդի նետել Զուիցերիոյ ժողովուրդին համոզմունքներուն հիման վրայ կերտուած մարդկային իրաւունքները, կամ յառաջ ընթանալ անոնցմով ամենայն հաստատակամութեամբ եւ անշեղ կերպով, մինչեւ որ արդարութիւնը վերականգնուի եւ անիրաււածը վերատիրանայ իր իրաւունքներուն, որ մեզի եւ յաջորդ մեր սերունդներուն համար եւս յաղթանակ պիտի դառնայ ամրացընելու մեր արդար դատը Ձեր նման ազնիւ ժողովուրդներու երկիրներուն մէջ:
Տեսէք պարոն դեսպան թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ հայերուն հետ, որպէս անհատ եւ որպէս դատի տէր հաւաքականութիւն, եթէ դուք չդիմէք դատի վերանայման, կամ, Աստուած մի արասցէ, եթէ դիմէք եւ վերահաստատուի դատավճիռը (ասիկա կը վերաբերի նաեւ Պրիւքսէլի մէջ կեդրոնացած Մարդկային Իրաւանց Դատարանին):
Հայերը որոնք միւս քրիստոնեաներուն հետ միասին կը կազմէին Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան 20%, այժմ չեն ներկայացներ մէկ հազարերորդը այդ երկրին մէջ ապրողներուն: Այդպիսի դատավճիռ արձակուելէն ետք, Թուրքիոյ հա— յերը պիտի ենթարկուին շատ աւելի հալածանքի քան որ կ’ենթարկըւին այսօր, աւելի եւս պիտի զրկուին իրենց ազգային, ընկերային եւ մարդ անհատի իրաւունքներէն, այս ամէնէն առաջ նաեւ այն իրաւունքէն, զոր դուք կը պաշտպանէք, այսինքն ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքէն: Ասով հանդերձ Հայոց Դատը պիտի ոտնակոխուի, պիտի ոտնակոխուին նաեւ նման այլ դատեր, եւ յենուելով անարդար այսպիսի դատավճիռի վրայ ամէն գող ու աւազակ պիտի վարուի այնպէս ինչպէս ինք կ’ուզէ, առանց կաշկանդումներու: Ամբողջ իննսուն եւ ինը տարի ծնունդ առնող, անով հասակ առնող եւ ծերացող իւրաքանչիւր հայու համար սրբութիւն դարձած այս դատը, եւ որ ուխտած էր իր ամբողջ էութեամբ տէր կանգնիլ անոր մինչեւ իր իրաւունքներուն տիրանալը, թերեւս այս դատավճիռով յօդս կը ցնդէր, ապարդիւն կը դառնար ամէն ճիգ, կորուստի կը մատնուէին ամէն յոյս եւ նիւթական ու բարոյական իրաւունքներ: Ուղղակի կերպով կամ անուղակիօրէն, ուշ կամ կանուխ այս դատավճիռը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր դատին ընթացքին վրայ եւ խանգարէ զայն թրքական պետութեան յառուցած արգելքներուն պատճառաւ, զորս այս զօրաւոր պետութիւնը մշտապէս պիտի ստեղծէ համաշխարհային ամպիոններէն, արգելքներ որոնցմէ վերջինը այս դատավճիռն էր:
Իսկ թէ ինչ վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ անիրաւութեան յաղթանակը արդարութեան հանդէպ համաշխարհային ընկերութեան վրայ եւ թէ ինչ փոփոխութիւն պիտի կրէ այս վերջինը, ըսենք որ այս դատավճիռը ապագային պիտի քաջալերէ հզօր պետութիւնները կրկնելու նման ոճիրներ, որովհետեւ անոնք հետեւանքներէն զգուշանալու պատճառ պիտի չունենան. Կը վկայակոչենք թրքական Մարդկային Իրաւանց Հաստատութեան վերջերս Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութեան յղած նամակը, որմէ ամփոփ հատուածներ կը ներկայացնենք.
«Մենք, որպէս Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Հաստատութիւն, մեր յուսախաբութիւնը կը յայտնենք ի տես Եւրոպական Մարդկային Իրաւունքներու դատարանին 17 Դեկտեմբեր 2013 թուականին ընդունած որոշման, որմով կը բեկանէր Թուղու փէրէնչիքի անձին հանդէպ արձակուած դատավճիռը, դատավճիռ որ արձակուած էր որովհետեւ դատապարտեալը մերժած էր ընդունիլ Հայկական ջարդերը հերքողը պատիժի ենթարկելու որոշումը: Մենք կու գանք մեր անվերապահ եւ հաստատակամ զօրակցութիւնը յայտնելու զուիցերական դատարանի իրաւունքին՝ Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց դատարանին որոշման դէմ բողոքարկելու եւ վերոյիշեալ որոշումը վերանայելու պահանջին»:
«Մենք որպէս թրքական իրաւունքի պաշտպաններ եւ ականատեսներ այն իրականութեան, որ ոչ տէմոքրաթական ոճի կիրառումը քաջալեր հանդիսացաւ հայերուն եւ Փոքր Ասիոյ այլ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ ցեղային խտրականութիւն կիրարկող իրաւակարգին եւ անոր կողմէ այդ փոքրամասնութիւնները ջարդի ենթարկուելուն, եւ այդ ջարդերու հերքումը տատանեց ազատ արտայայտուելու իրաւունքը եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքները խախտելու եւ ոտնակոխելու բերրի հող ստեղծեց»
«Այլ խօսքով, հերքումը կարծէք թէ Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, զայն կրկնելու միտումով»: Վսեմաշուք պարոն դեսպան, Աւարտին կը խնդրենք Ձեզմէ նկատի ունենալ ճակատագիրը ժողովուրդի մը, որուն կէսը վտարանդի կ’ապրի սփռուած աշխարհով մէկ, յուսալով վերատիրանալ իր յարգ ու պատուին, զորս կորսնցուցած էր Ցեղասպանութեան զոհ դարձած իր ազգի զաւակներուն, նիւթական հարստութեան եւ փայլուն քաղաքակըրթութեան կորստեան հետ:
Նորին վսեմութիւն,
Մենք կը վախնանք նաեւ, որ Պրիւքսէլի Դատարանի ընդունելիք դատավճիռը համընկնի իր ընդունած առաջին դատավըճիռին, ապա այդ մասին տեղեկացողներուն մեծամասնութիւնը զայն պիտի ընկալէ իբրեւ Հայկական Հարցի եւ արդարութեան պարտութիւն, ինչպէս որ կը ձգտին ներկայացնել հակադիր ամպիոնները, եւ ոչ թէ պարզապէս ոեւէ մէկուն շնորհուած ազատ արտայայտուելու իրաւունք. արդարացի կամ անիրաւ: Ահա թէ ինչէն կը զգուշանանք, վսեմաշուք դեսպան:
Բարեհաճեցէք ընդունիլ խորին յարգանքներուս հաւաստիքը:
Կարօ Գույումճեան
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 10-03-2014, Պէյրութ
«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 15-03-2014, Լոնտոն