Ցեղասպանութեան 92 ամեակին, ինչպէս ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, որպէսզի այսպիսի առիթներ չանցնին առանց համաշխարհային խիղճին յիշեցնելու նորագոյն պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան մասին, եւ որպէսզի այդ դէպքը ցայտուն մնայ եւ որպէս ահազանգ հնչէ, յիշեցնելով մարդկութեան թէ ի՛նչ պատահած է մարդկային պատմութեան այդ մութ ու սեւ շրջանին, եւ որ աւելի կարեւոր է, որպէսզի չկրկնուին նման դէպքեր` այս բոլոր պատճառներուն համար, միջազգային հանրութիւնն ու մեծ պետութիւնները պէտք է մղեն թրքական վարչաձեւը ընդառաջելու համաշխարհային արդարութեան եւ խաղաղութեան պահանջքներուն, պոկելու հաւանական բախումներու պատրոյգը, ինչ ձեւի կամ տարողութեան ալ ըլլան այդ բախումները: 

Photo credit The New York Times

Թուրքերը հերքելով Հայկական հարցը կ’աւելցնեն լարուածութեան բոյն մը, արդէն իսկ լարուած եւ տագնապալից շրջանի մը մէջ, որ կարօտ չէ մթնոլորտը շիկացնող նոր խնդիրներու: 

Հայերը երբեք պիտի չհրաժարին թուրքերէն պահանջող իրենց պատմական իրաւունքներէն, որքան ժամանակ ալ անցնի, որ քան ալ աւելնան տագնապները, աշխարհի չորս կողմ սփռուած ութ միլիոն հայեր, ամէն մէկը իր գտնուած վայրին մէջ, առանց յոգնութեան կ’աշխատի վերադարձնելու թուրքերուն կողմէ հայերուն կողոպտուած արդար իրաւունքն ու վերականգնելու իրենց ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը: Այս հայերուն մէկ մասը կը գործէ որպէս իր դատին հաւատարիմ պատասխանատու փաստաբան, միւս մասը որպէս զինուոր կամ բանուոր իր դատին, հպարտօրէն, հաւատալով որ դատ մը չի մեռնիր եթէ ունի պահանջատէր: 

Հայերը ընկալած են իրենց մօտ կամ իրենցմէ հեռու քաղաքական եւ ազգային հարցերու հետ վերաբերելու ներկայ դարու դասերը, անոնք օգտուած են իւրաքանչիւր յեղափոխութենէ կամ ցնցումէ ու լարուածութենէ, խրատներ քաղելով անոնցմէ դուրս գալու միջոցներէն եւ կերպերէն. գիտենք նաեւ, թէ շրջանի քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակէն մեկնելով, ինչ կերպ պիտի վարուի միջազգային քաղաքակիրթ հանրութիւնը: Ըստ այնմ կը վարուինք մենք հայերս: Բայց ի՛նչ օգուտ այս բոլորէն, երբ միւս կողմը կը դրսեւորէ քարացած դիրքորոշումներ, ուր կը բացակայի դիմացի կողմի կարծիքը լսելու ցանկութիւնը, հոս նկատի ունիմ բազմաթիւ երկիրներու եւ անոնց խորհրդարաններուն կարծիքը, որոնցմէ վերջինը Միացեալ Նահանգներու Օհայիօ նահանգն է, որ Միացեալ Նահանգներու 51 նահանգներէն իրականութիւնը ընդունող 40-րդն էր, թրքական պետութիւնը կը մերժէ նաեւ բազմաթիւ մեծ եւ փոքր երկիրներու նախագահներուն կոչերը` ընդունելու 20-րդ դարասկիզբին իրենց օսմանցի նախնիրուն կատարած ջարդերը :

Անոնք կը հերքեն մեր ողբերգութիւնը: 

Վերջերս Գերմանիոյ Հանովըր քաղաքին մէջ ներկայ էի ճարտարարուեստի ցուցահանդէսի մը. հոն նկատեցի թրքական ուշագրաւ ներկայութիւն, անկասկած որ ասիկա գեղեցիկ բան մըն է, բայց միեւնոյն ժամանակ հեռատեսիլի պաստառները կը սփռէին Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած հրդեհ մը, որուն զոհ գացած էին փոքրամասնութեան մը պատկանող երեք անձեր:

Անոնք կ’աշխատէին տպարանի մը մէջ, հրդեհէն առաջ, իւրաքանչիւրին գլխուն արձակուած էր երկու փամփուշտ… պատճառը միեւնոյնն է` այլամերժութիւնը, այլ կարծիք չընդունիլը: Շուարումի մատնող վիճակ մըն է թուրքերունը, մէկ կողմէ անոնք կը յաւակնին եւրոպական քաղաքակրթութեան մօտիկ կանգնած ըլլալ, միւս կողմէ անոնց վրայ կ’իշխեն մոլեռանդութիւնն ու այլամերժութիւնը, իրենց աչքերուն առջեւ, եւ բոլորին գիտութեամբ, երկրին տարածքին կ’իշխեն բռնութիւնն ու անիրաւութիւնը, իրենց վրայ կը տիրէ Թուրանական գերակայութեան պատրանքն ու ազգայնամոլութիւնը, որոնք աւելի ու աւելի հուժկու կը դառնան Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն հաւանական ընդունման ժամադրութեան մօտեցմամբ:

Պոլսոյ մէջ, Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակից մեծ խումբով մտաւորականներ, որոնց շարքին Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ ազատ քաղաքացիներ, բարձրացուցին «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պաստառներ, անոնք նաեւ կը բարձրագոչէին նոյն լոզունգը, այսպիսով յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը գաղափարներուն եւ քայլերուն Տինքին, որ կոչ կ’ուղղէր Հայկական Դատը իր բոլոր ծալքերովը բանալ թրքական պաշտօնական շրջանակներուն մէջ.. 

Իրապէս իրենց արձակած կոչերուն հակասող դէպքեր: 

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-4-2007, Քուէյթ

Այս յօդուածը գրուած է Հայոց ՑԵղասպանութեան 92-րդ տարելիցին առթիւ: Կեդրոնացած եմ այն հաստատումին վրայ որ հայերը երբեք չեն հրաժարիր իրենց պատմական իրաւունքներէն, ինչպիսի փորձութիւններ եւ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւելու ըլլան: 

Հաստատեցի նաեւ այն, որ պահանջք մը չի կորսուիր,եթէ զայն պահանջող կայ: Անդրադարձայ նաեւ գրող Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ թուրք հասարակութեան արձագանգին: