Լաւ կ’ըլլայ որ մարդուն անձնական զբաղմունքներն ու մտահոգութիւնները չարգելակեն զինք տեսնելու եւ յիշելու այն ճառագայթը որ միշտ կը ծագի ազգերու կեանքին մէջ, նոյնիսկ տըխրութեան եւ փորձութիւններու ամենայ դժնդակ պահին:
Ինչպէ՞ս կրնանք մենք հայերս չյիշել արաբներուն կատարած բարիքը մեզի, բռնագաղթի՝ «Սէֆէրպիրլիք»ի եւ օսմանցի թուրքերուն կողմէ մեր ենթարկուած ջարդերուն ատեն, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, աւելի ճշգրիտ 24 Ապրիլ 1915 թուականին, որուն 90 ամեակի սեմին կը գտնուինք այսօր եւ որուն յիշատակը քանի մը օր ետք ոգեկոչելու կը պատրաստուին հայերը, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ:
Մեծ է թիւը արաբներուն որոնք ականատես եղան մեր տառապանքի ցաւալի դէպքերուն, որոնք քսաներորդ դարասկիզբին տեւեցին քանի մը տարի, մեծ է թիւը նաեւ անոնց, որոնք ականջալուր եղան եւ ցաւ զգացին, ինչպէս ցաւ զգաց համայն աշխարհի խիղճը:
Ա՛յն ինչ ըսել կ’ուզեմ այս յօդուածով խաղաղասէր քաղաքակիրթ հայ ժողովուրդին բաժին ինկած ողբերգութեան մանրամասները պատմել չէ, ոչ ալ խօսիլ այն մէկ ու կէս միլիոն հայ ծերունիներուն, կանանց եւ երեխաներուն մասին, որոնք Արեւելեան Անատոլուի մէջ գտնուող, այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գրաւուած իրենց հայրենիք Հայաստանէն տեղահանւեցան եւ քշուեցան դէպի հարաւ, դէպի արաբական երկիրներ, ինչպէս Իրաք եւ Սուրիա, եւ որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչնչացուեցաւ անմարդաբնակ ճամբաներու վրայ: Այստեղ ես կ’ուզեմ շեշտել այն վերաբերմունքը, որուն արժանացան անոնց մնացորդաց գաղթականները՝ «մուհաճիրները» արաբ ժողովուրդին կողմէ, որ հիւրընկալեց զիրենք, եւ ցաւօք, կը զգամ, աւելի ճիշդ կը հաստատեմ թէ որքան ալ փորձեմ, թերացած պիտի մնամ ինչ որ մէկուն հանդէպ, կը վախնամ նաեւ որ արաբ ընթերցողին պիտի չկարենամ բաւականաչափ հասցնել այն, որ մենք որքան գիտենք եւ կ’ըմբոշխնենք իմաստը Մեծ բանաստեղծ Մութենէպպիի հետեւեալ պատգամին.
«Եթէ վեհանձն մարդը յարգես,անոր կը տիրես, Եթէ վատ մարդը յարգես, քեզ դիմադարձող կը գտնես»
(Աստուած հեռու պահէ վատերէն)
Եթէ ազնիւ մարդու յատկութիւնը բարի արարքին աւելի լաւով պատասխանելն է, մեզի հայերուս կը մնայ միմիայն խոնարհիլ արաբական առաքինի վարմունքին համար, որմով դիմաւորեցին մեզ անոնք մեր այդ տանջալի օրերուն: Անոնք մեզ օգնեցին մեր փորձութեան պահին, կերակրեցին եւ հագցուցին մեր զաւակները, պաշտպանեցին մեր կիները, առատաձեռն գտնուեցան եւ բան չխնայեցին մեզմէ, հակառակ անոր որ այդ ժամանակներուն երբ Սուրիա ալ կը գտնուէր Օսմանեան լուծին տակ եւ իր քաղաքներուն՝ Տէր Զօրի, Մէսքէնէի, Ռաքքայի մէջ հասոյթները շատ սակաւ էին. արաբ վեհանձն պետեւին չթերացաւ եւ որեւէ օգնութիւն չխնայեց հալածեալ հայերէն, աւելին, ինքզինք վտանգի ենթարկելով, կրցածին չափ փորձեց փրկել հայերը զինեալ թուրք ոստիկաններուն ձեռքէն, որոնք տարագրեալ հայերու կարաւանները կը քշէին: Գիւղացի եւ քաղաքացի արաբները մէկը միւսէն նուազ ազնիւ մարդիկ չէին. հայ գաղթականներու մնացորդացը հասնելով այս կամ այնտեղ, ապրեցան որբանոցներու, ծերանոցներու եւ թիթեղեայ բնակարաններու մէջ: Հայերը շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան եւ կորովին ու օգնութեամբը իրենց արաբ եղբայրներուն, որոնք ապրելու եւ տեղաշարժի դիւրութիւնններ շնորհեցին, հասան կայուն վիճակի, ով որ ուզեց հաստատուեցաւ Իրաքի, Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ, ոմանք ալ Եգիպտոսի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի ճամբան բռնեցին, ոմանք գացին Եւրոպա, յատկապէս Ֆրանսա, ոմանք հասան մինչեւ Ամերիկա, հեռաւոր վայրեր՝ այսպէս եւս տարտղնելու հայ ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ:
Յիշատակելի է եւ գնահատելի այն, որ այն բոլոր հայերը որոնքնշեալ երկիրներու մէջ հաստատուեցան տիրացան քաղաքացիութեան եւ վայելեցին քաղաքացիութեան բոլոր իրաւունքները, կատարելով նաեւ իրենց բոլոր պարտականութիւնները, ներառեալ զինուորական ծառայութիւնը: Արաբական դպրոցներէ եւ համալսարաններէ հայ ուսեալ սերունդներ շրջանաւարտ եղան: Արաբ հասարակութիւնները իրենց մէջ ներառին հայերը առանց կրօնական կամ ցեղային խտրականութեան եւ հակառակ բոլոր հայերուն քրիստոնեայ ըլլալուն, անոնցմէ ոեւէ մէկը խտրականութիւն չդիմագրաւեց արաբ իսլամ հանրութեան մէջ, ընդհակառակը արաբն ու հայը իրար հետ ապրեցան ամբողջական ներդաշնակու թեամբ եւ համերաշխութեամբ: Եթէ առածը կ’ըսէ. «Ով որ հաւաքականութեան մը հետ քառասուն օր ապրի, անկէ մէկը կը դառնայ», հապա ի՞նչ ըսել անոր մասին որ քառասուն տարի ապրած է նեղ եւ լաւ օրերուն: Վստահօրէն կարելի է ըսել որ անոնցմէ մէկը դարձած է՝ արտաքուստ եւ ներքուստ:
Հայերուն հաւատարմութիւնը իրենց ներկայ հայրենիքներուն հանդէպ չի խախտիր, որքան ալ ամբողջական ըլլայ իրենց պատկանելիութիւնը իրենց ազգային արմատին. հայը չի տատամսիր զոհելու ո՛չ իր ունեցուածքը՝ արժէքաւորն ու թանկագինը, ո՛չ ալ իր արիւնն ու հոգին, արաբներուն թշնամին հայերուն ալ թշնամին է, արաբներուն բարեկամը՝ հայերուն բարեկամը: Արաբներն ու հայերը կ’ապրին միեւնոյն կեանքը, երկուքը կը բաժնեկցին միեւնոյն ճակատագիրը, բաժնեկից են նաեւ ծաղկունքին ու բարգաւաճութեան:
Ամենայն շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն արաբներուն, որոնց մէկ մասը դարձանք:
Ամենայն շնորհակալութիւն արաբներուն, իրենց ամենայն պատկանելիութեամբ, բոլոր համայնքներով, դաւանանքներով, աշիրէթներով, ցեղախումբերով եւ փոքրամասնութիւններով:
Յատուկ շնորհակալութիւն իւրաքանչիւր թոռնիկի, որուն մեծ հայրը ուղղակիօրէն օգնութեան ձեռք երկարեց օգնելու հայ գաղթականի մը, անոր փորձութեան ընթացքին:
Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ, որ հայերը առաջին գրկաբաց ընդունողն ու զանոնք պատսպարողը եղաւ, նաեւ Հալէպին՝ եզակի ասպետ Ապու Ֆիրաս Ալ Համատանիի քաղաքին, որ մեզի տեղ յատկացուց շինելու մեր առաջին բոյները իր պտղատու ճիւղերուն վրայ:
Շնորհակալութիւն Այնճարին եւ Պէյրութին, իրենց բոլոր համայնքներով եւ դաւանանքներով հանդերձ, որոնք դարձան լուսատու փարոսներ աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն համար, եւ անոր համար, որ որքան դրական պայմաններ ստեղծեցինի նպաստ հայերուն եւ անոնց դատին:
Շնորհակալութիւն ապահով նաւահանգիստ Ալեքսանդրիային, որ մեծաթիւ հայկական գաղութ մը ընդունեց, յարգելով ու պատւելով անոր զաւակները լաւագոյն կերպով:
Շնորհակալութիւն արաբական բոլոր այն քաղաքներուն, որոնք պատսպարեցին հայ գաղթականները, մասնաւորաբար Տէր Զօրին, Պաղտատին, Գահիրէին, Ամմանին եւ քաղաքներու ծաղիկ Երուսաղէմին:
Մեծ շնորհակալութիւն պահպանեալ հարազատ Քուէյթին, անոր Էմիրին, կառավարութեան, ժողովուրդին, որոնք առատաձեռն գտնուեցան հայերուն հանդէպ, անկախ թէ որ երկրի քաղաքացիներ են անոնք, ընձեռելով անոնց բարեկեցիկ կեանք եւ արժանացնելով զանոնք լաւ վերաբերմունքի:
Երանի կարենայի մասամբ երախտապարտ ըլլալ ամբողջ երկրագունդի բոլոր արաբներուն, առանց բացառելու ոեւէ արաբ, եւ թող ներէ ինծի ան, որուն չհասաւ շնորհակալութեանս արտայայտութիւնը թերթի այս նեղ սահմաններուն մէջէն, սակայն անոր հանդէպ սրտիս մէջ ամենայն յարգանքի եւ մեծարանքի տեղ յատկացուցած եմ:
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 14-4-2005, Քուէյթ
«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 24-4-2005, Լոնտոն, «Միախառնեցիք մեզ հայերս…»
վերնագրով:
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 1-8-2005, Պէյրութ, «Շնորհակալութիւն արաբներուն» վերնագրով
Այս յօդուածը ամենահպարտալի գրութիւններէս մին է. ես ոչ միայն արժանիք ու պատիւ կը զգամ, այլեւ տեսակ մը հոգեկան հանգստութիւն, զոր կրնայ ամէն մարդ զգալ երբ ուշացած պարտականութիւն մը կը կատարէ, կամ գոհունակութեան զգացում կ’ունենայ երբ ի կատար կ’ածէ գործ մը որմէ խուսափած էր երկար ատեն կամ ծուլացած էր կատարելու զայն, եւ խղճի խայթ ու թերացած ըլլալու զգացումը կ’ունենար. եւ ահա ամբողջ կորովն ու միտքերը հաւաքելով թուղթին կը յանձնէ զանոնք ու կը հրատարակէ երեք թերթի մէջ միաժամանակ. այդ թերթերն են. «ԱԼ ՔԱՊԱՍ», «ԱՆ ՆԱՀԱՐ», «ԱԼ ՀԱՅԱԹ», վերջինը վերնագիրը փոխելով յօդուածը անուանած էր «Միախառնեցիք մեզ հայերս…» այսպիսով պարուրուեցայ այն յուզումնալի, ազնիւ զգացումներով, զորս կը տածեմ հանդէպ «Տատ»ի լեզւով խօսող եղբայրներս, հանգստացնելով նաեւ խիղճս:
Ասիկա 2005 թուականին էր:
Այո՛, ես կը հպարտանամ այս յօդուածովս, որովհետե անոր մէջ կրցայ տողագրել շնորհակալական արտայայտութիւններ մեր արաբ եղբայրներուն, բոլոր երկիրներու, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ գտնուող արաբներուն: Հոս՝ այս մեկնաբանութիւնը գրելուս առիթէն օգտուելով կ’ուզեմ քանի մը բառ եւս աւելցնել, որոնք կ’արտայայտեն հայերուն ունեցած երախտագիտութեան չափն ու գնահատանքը արաբներուն՝ անոնց հայրերուն ու մեծ հայրերուն հանդէպ, որոնք պաշտպանեցին մեզ թուրքերու բարբարոսութիւններէն, երբ անոնք Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին հայերը բռնագաղթի ենթարկեցին իրենց հայրենի երկիր Հայաստանէն, ամէնէն անմարդկային եւ ամէնէն ողբերգական պայմաններու մէջ. Ոստիկաններու ուղեկցութեամբ մեզ քշեցին տանելով Հայաստանի, Անատոլուի տափաստաններէն եւ հիւսիսային Սուրիոյ անապատներէն, անցնելով Տէր Զօրէն, Մարկատէէն, Ռաքքայէն, մինչեւ որ հասանք Հալէպ, ուր մեծ մասամբ հաւաքուեցան գաղթականները, հոն գտնելով մարդկային ազնիւ հոգատարութիւն, եւ ուր սկսան ժողվել իրենց ցրուած զաւակները դպրոցներու, որբանոցներու մէջ, եւ իրենց կեանքի ապահովութիւնը գտնելով սկսան տարածուիլ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի զանազան քաղաքներ, ոմանք տեղափոխուեցան այլ երկիրներ, ինչպէս Եգիպտոս, Ֆրանսա, Ամերիկա… եւ այսպիսով սփռուեցանք աշխարհով մէկ:
Ահաւասիկ այս է ամփոփումը այդ ատենուայ եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին:
Հայերը արաբական երկիրներու մէջ հաստատուելէ ետք, սկսան իրենց կարիքները հոգալ. իրենք զիրենք կազմաւորելով ընկերային, կրօնական, տնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ. օրինակ ընկերային մարզի մէջ սկսան ընտանիքներու հոս—հոն ցրուած անդամները ի մի բերել եւ զանոնք տեղաւորել ապահով երդիքի տակ, ծնողազուրկ մանուկները մէկտեղեցին որբանոցներու մէջ, անոնց համար ստեղծելով ապահովութեան եւ կայունութեան մթնոլորտ, սարսափը անոնց սրտերէն հեռացնելով, եւ զանոնք դարձնելով բնական մարդիկ, որոնք կը ծառայեն իրենք իրենց եւ իրենց պատկանած հասարակութեան: Ընկերային առողջ կեանքը կը պահանջէ հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ ուղղութիւն, նաեւ կրօնական քարոզչութիւն. ահա թէ ինչու հայերը կառուցեցին եկեղեցի, կատարելու իրենց ծէսերն ու կիրառելու իրենց սովորութիւնները, անոնք կեդրոնացած ձեւով ձեռնարկեցին դպրոցաշինութիւն իր բոլոր մակարդակներով: Այժմ հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունին արաբական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ, որոնց մէջ աշակերտը մինչեւ երկրորդական բաժին կը սորվի լեզու, մշակոյթ, գիտութիւն եւ Հայոց պատմութիւն:
Արաբական երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի նաեւ հայկական համալսարան մը, Հայկազեան Համալսարանը, որ կառուցուած է 1956 թուականին, Պէյրութի Քանթարի թաղամասին մէջ, որ նախանձելի համալսարան մըն է, եւ լաւագոյնս կը կատարէ իր ընկերային եւ ակադեմական պարտականութիւնը հայրենիքին եւ բազմազգի իր ուսանողներուն:
Հայ գաղթականը իր ապրուստը սկսաւ ապահովել եւ իր տնտեսութիւնը հաստատել Մայր հայրենիքէն իր հետ բերած արհեստներու միջոցով, ինչպէս երկաթագործութիւնը, ատաղձագործութիւնը, կօշկակարութիւնը եւ այլ թեթեւ արհեստներ, որոնք փրկեցին զինք կեանքի զրկանքներէն եւ ապահովեցին տանելի կեանք, ապա շուտով զարգացընելով իր գործը դարձաւ խոշոր արհեստանոցներու, գործարաններու տէր, արտադրելով լաւագոյն ապրանքներ զորսարտածեց այլեւայլ քաղաքներ եւ երկիրներ: Հայը յայտնի դարձաւ իր շրջապատի արհեստակիցներուն մէջ, արդարացիօրէն զինք կը մատնանշէին որպէս արհեստաւորի, արդիւնաբերողի, մեքենագէտի, որ կը տիրապետէ իր գործին եւ վարպետ ստեղծագործող է, հաւատարիմ է ու վստահելի, անխարդախ: Հայուն վաստակած այս լաւ անունը իրեն ապահովեց յարգանք եւ յաւելեալ վստահութիւն, որուն շնորհիւ ան շահեցաւ իր արաբ եղբայրներուն համակրանքը, ճամբայ բանալով դէպի միախառնում իր շրջապատի ընկերութեան հետ, հաստատելու բարեկամութիւններ, ընկերութիւններ եւ համատեղ կեանք, որմէ աւելի վեհն ու բարձրը չկայ:
Հայերու նիւթական վիճակի բարելաւումէն ետք, անոնց մեծամասնութիւնը ունեցաւ տնտեսական միջին, միջինէն վեր եւ բարեկեցիկ վիճակ, որմէ ետք հայերը ուղղուեցան դէպի ընկերութեան այլ հիմնական խնդիրներ, ինչպիսին են երիտասարդական եւ մարզական հարցերը, անոնք հիմնեցին ակումբներ, կազմեցին մարզական խումբեր՝ ինչպիսին են ֆութպոլն ու պասքէթպոլը, եւ յառաջդիմելով գերազանցօրէն հանդես եկան այս մարզաձեւերուն մէջ: Հայերը ստեղծագործեցին նաեւ գրականութեան, արուեստի եւ մշակութային մարզերու մէջ, եւ ունեցան տասնեակ սեփական թատերական եւ դպրոցական սրահներ, որոնց մէջ հանդէս եկան երգի եւ երաժշտական բարձրարուեստ համերգներով, ազգագրական եւ ժողովրդային պարերով, թատերական ներկայացումներով եւայլն: Հայերը կազմակերպեցին նաեւ բազմաթիւ հաւաքոյթներ, որոնց ընթացքին կը տրուէին դասախօսութիւններ, երգչախմբային կամ նուագախմբային համերգներ, զորս կը ղեկավարէին Սուրիոյ, Լիբանանի կամ այլ երկիրներու լաւագոյն ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններէ վկայեալ մասնագէտներ: Այս ամէնով հայերը հարստացուցին իրենց ապրած երկիրներուն մշակութային կեանքը:
Երջանկութիւնը պատեց զիս երբ տեղեկացայ որ դամասկոսահայ անձնաւորութիւններ կը ծրագրեն «Արաբ երախտիքի» յուշարձան կանգնեցնել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի օդակայանին ճամբուն վրայ: Երեւան վերջին այցելութեանս ընթացքին ես տեսայ յուշարձանը որ կը կառուցուէր: Այո՛, շատ ուրախացայ, որովհետեւ այս յուշարձանը գործնականապէս պիտի մարմնաւորէ այն ինչ կը զգան հայերը արաբներուն հանդէպ: Ես կ’ողջունեմ այն հասարակական գործիչներն ու կրօնական անձնաւորութիւնները, որոնք յղացան այս միտքը եւ հետապնդեցին անոր իրագործումը, իրենց անձնական գրպանէն դրամ յատկացնելով եւ անհրաժեշտ գումարը հանգանակելով այս միտքով ոգեւորուած հայ անհատներէ, որոնցմէ մէկն ալ ես համեստս եմ:
Մենք կը փափաքինք ամենամեծ շինութիւնը կամ յուշակոթողը կառուցել հերթով ամէն մէկ արաբական երկրի եւ քաղաքի մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու այն վեհանձն անձերը, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին անկար, անօգնական գաղթական հայուն, ապահովելով յարմար շրջապատ, բուժելու իր վերքերը, սկսելու նոր կեանք, գործնականապէս, անկեղծօրէն մասնակցելու իր ապրած շրջապատի ընկերութեան եւ մարդկային ընկերութիւններու կեանքի ընթացքին համայն աշխարհի մէջ:
Հայուն սէրը իր արաբ եղբօր հանդէպ երբեք չի մարիր, որովհետեւ այն կը բխի մեծ երախտիքի ակունքէն, ամէն օր, եւ կը սնանի բարիքը փոխադարձելու առռւակներէն: