«Նպատակը կարդարացնէ միջոցը»` քաղաքական եւ ընկերային տեսութիւն, զոր հրապարակ իջեցուց «Իշխանը» գիրքի իտալացի հեղինակ Նիքոլա Մաքքիավելլին զայն նուիրելով Ֆլորէնսայի Մետիչի ընտանիքէն իշխանի մը, անոր մօտենալու եւ համակրանքը շահելու, անձնական շահեր հետապնդելու նպատակով: 

«Նպատակը կարդարացնէ միջոցը» Մաքիավելլական այս տեսութիւնը, վիճաբանութեան առարկայ է հինգ դարերէ ի վեր, տեսութիւն որ իր հրապարակ իջած օրէն այնպէս տարածուեցաւինչպէս որ կրակը կը տարածուի չոր խոտի մէջ, քանզի զայն որդեգրեցին մեծաթիւ քաղաքական այրեր, որպէս իրենց իշխանութեան կարգերը վարելու կերպ եւ ոճ: Այս լոզունգը վերածուեցաւ քաղաքական դպրոցի, որ ունեցաւ աւելի շատ իրեն հակադըրուողներ քան՝ կողմնակիցներ: 

Տեսութեան խորքը կարօտ չէ բացատրութեան եւ պարզաբանման, այն յստակ է, ամբողջական եւ կը բացայայտէ իր նպատակադրումը, այն կարդարացնէ իշխանաւորներու եւ ղեկավարներու արարքները, անոնց համար կը հեշտացնէ որդեգրել որեւէ միջոց, զոր յարմար կը տեսնեն եւ կ՛ընթանան այդ ուղիով, ըլլայ այն բարոյական կամ ոչ, հասնելու այն նպատակին որուն կը ձգտին: Այս տեսութեան հետեւորդները եթէ կարիքը զգան ոչ մէկ արգելք կը տեսնեն դիմելու խաբէութիւններու, խարդաւանքներու եւ ոճիրներու եւայլն. այս տեսութեան կարգ մը հետեւորդները ոչ մէկ արգելք նկատի կառնեն մղելու պատերազմներ, եթէ աւարտին անոնք զիրենք պիտի հասցնեն ցանկալի արդիւնքի:

Մաքիավելլի, իր տեսութեան տրամաբանութիւնը կը բացատրէ անով, որ կարելի չէ մարդիկ ու ժողովուրդներ համաձայնեցնել ընդհանուր շահերու շուրջ, կամ համապատասխանեցնել անոնց ընդհանուր շահերը, զի անկարելի է սիրալիր համաձայնութիւն մը գոյացնել անոնց միջեւ եւ յարատեւ պահպանել զայն: Միշտ գոյատեւելու համար մրցակցող եւ պայքարող կողմերու շահերն ու վնասները կը հակադրեն զիրար, ըստ զօրաւորին՝ ինք, իր ուժին շնորհիւ աւելի արժանի է իշխելու տկարին վրայ, հարուստն ալ իր հարստութեան շնորհիւ ինքզինք արժանի կը գտնէ վայելելու կեանքի զուարճութիւնները եւ տիրելու ձեռքը հասած ինչքերուն, նոյնիսկ եթէ որպէս հետեւանք պիտի տուժէ ուրիշը, այդպէս ալ ամէն գաղափարի տէր կուզէ տարածել իր գաղափարները: 

Այսօր տակաւին բազմաթիւ մարդիկ կան որոնք բացայայտօրէն կամ ծածուկ կերպով կը կրեն Մաքիավելլիի գաղափարները եւ կը գործեն անոնց համաձայն, հակառակ անոր որ քսաներորդ դարէն սկսեալ քաղաքակիրթ աշխարհի չափանիշերը ընդհանուր առմամբ մերժելի կը գտնեն այս տեսութիւնը, որովհետեւ բարոյական չէ այն:

Այսքանը նախաբանն է յօդուածիս անոնց համար, որոնք չեն կարդացած «Իշխանը» գիրքը, իսկ այլ տեսանկիւնէ դիտած, եւ պարզեցուած ձեւով գրելուս պատճառը այն է, որ իմ ալ համոզմունքս է, որ «Նպատակը կարդարացնէ միջոցը» սկզբունքը ոչ միայն տիրած է անցեալին, այլեւ կը գործադրուի այսօր, վաղն ալ պիտի չդադրի գործադրուելէ, այս տեսութիւնը ժամանակի միջոցին ոչ միայն մարդուն սկզբունքը եղած է, այլ խիստ կամ մեղմ իշխող տրամաբանութիւն եղած է բոլոր արարածներուն վրայ, անոնց գոյութենէն ի վեր. կենդանիներու աշխարհին մէջ զօրաւորը կորսայ տկարը ապրելու համար, ծովուն մէջ մեծ ձուկը կը բզկտէ փոքրը կամ կուլ կու տայ զայն, ապրելու համար:

Այս ամէնը կը պատահին համաձայն «Նպատակը կարդարացնէ միջոցը» տեսութեան նմանող սկզբունքի մը, որ սակայն քաղաքակիրթ չէ` բնազդային վարմունք է:

Մարդուն պատմութիւնը իր նպատակին հասնելու համար գործադրած միջոցներու արդարացումին հետ, կը սկսի դրախտէն` մեր նախահայր Ադամի եւ նախամայր Եւայի հանրայայտ պատմութենէն, հակառակ բոլոր նախազգուշացումներուն:

Մարդուն մշտական ձգտումը եղած է հոգիի յաւերժութիւնը, այդ պատճառաւ ան կառուցած է բուրգերը, արքայական վիթխարի պալատները, որպէս յաւերժութեան միջոց պահպանած է մեռելներուն դիակները: Իշխողներէ անկախանալու համար քարտէսներու վրայ ի յայտ եկան նոր երկիրներ, կազմուեցան նոր ժողովուրդներ՝ իրագործելու նոր ղեկավարի մը ցանկութիւնը նոր հողամասի մը վրայ, պատերազմներ ծագեցան, զաւթուեցան երկիրներ, գործուեցան դաւեր, հնարուեցան վառօդն ու նման այլ բաներ, այդ ամէնը որոշ շահերու եւ նպատակներու համար: Հարցում մը սակայն. ինչպէ՞ս կիրագործուին նպատակները (ենթադրելի է որ ազնիւ ըլլան): Ի՞նչ միջոցաւ (փափուկ թէ կոշտ) եւ ո՞վ կրնայ չափել նպատակին ազնուութիւնը միջոցներու արդիւնքին գումարոմով, այսինքն հաշուելով համեմատութիւնն ու տոկոսը. ամենապարզ օրինակը ասոր` մայրն է. եթէ ան ապտակէ զաւակը գործած սխալի մը համար, նպատակը սխալին կրկնուիլը թոյլ չտա՞լն է (ասիկա անկասկած ազնիւ արարք մըն է), արդեօք այս արարքը կը հաւասարի պատճառած մարմնական եւ հոգեկան ցաւին հետ, որոնք բաժին պիտի իյնան զաւակին: Ըստ մօր, զաւակին դաստիարակութիւնը նպատակ է, իսկ ապտակը՝ արդարացուած միջոց:

Ես կը պաշտպանեմ Մաքիավելլիի տեսութիւնը, թէ նպատակը կարդարացնէ միջոցը, սակայն ես ունիմ խստագոյն չափանիշեր բնութագրելու նոյնինքն նպատակին էութիւնն ու իրաւացիութիւնը եւ թէ այդ պայմաններուն մէջ ի սկզբանէ արդարացուա՞ծ է. նոյնպէս եւ միջոցի ընտրութիւնը.-իր չափին եւ ոճին կամ խստութեան ի՞նչ համեմատութիւն ունի ցանկալի նպատակին հետ, թէ միջոցը չափը անցած է եւ միայն ու միայն արդարացուած է զայն գործադրողին կողմէ: 

Կան բազմաթիւ սովորական օրինակներ, որոնք կը հաստատեն որ մենք ամէն օր գործի կը դնենք «Նպատակը կարդարացնէ միջոցը» ոճը, դուն որքան ալ անկեղծ մարդ եղած ըլլաս քու առօրեայ յարաբերութիւններուդ մէջ, կը ջանաս բառերդ եւ վարուելակերպդ տաշել ու կոկել համապատասխանաբար այնպէս, որ դիմացինդ դիւրաւ ընդունի քեզ, ասիկա կը համարուի նպատակին հասնելու միջոց. օրինակ շքեղ ինքնաշարժ մը գնելու համար մեծ գումար մը վճարելդ միջոց կը համարուի շրջապատիդ մէջ դիրք եւ հանգամանք շահելու: Ես վստահ եմ որ ամենակարեւոր միջոցը եւ ամենավեհն ու սրբագոյնը զոր մարդիկ կը գործածեն իրենց առօրեային մէջ դրական կերպով, ոչ այլ ինչ է քան բարեգործութիւնը, ասիկա միջոց մըն է հասնելու ազնիւ քաղաքացիութեան եւ Աստուծոյ հաճութեան, ուրեմն այն նպատակ է եւ ձգտում: 

Ուզեցի ընթերցողին յիշեցնել, թէ մենք ամէն առիթով կը գործադրենք «Նպատակը կարդարացնէ միջոցը» տեսութիւնը, մեզի կը մնայ ճշգրիտ եւ արդարացի ըլլալ հետեւելու ընդունելի միջոցի մը գործադրութեան, որ պիտի արդարացնէ մեր նպատակին հասնելու ձգտումը. Ճիշդ այս կէտին մէջն է խորհուրդը` փնտըռւած խորհուրդը:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 22-12-2010, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-12-2010, Քուէյթ