Զիս այս աղօթքը ներկայացնելու մղողը ոչ միայն անոր պարփակած կրօնական եւ հոգեւոր խորհուրդն է եւ ոչ ալ անոր պարունակած զուտ մեղանչումի եւ մեղքերուն թողութիւն խընդրելու զգացումները. ցանկութիւնս է նաեւ ներկայացնել մասնիկ մը հայ մշակոյթէն ու հայերէն լեզուի եւ գրականութեան պերճախօսութենէն, որուն հռչակը վայելած են շատ մը մտաւորականներ, ստեղծագործ փիլիսոփաներ, կրօնականներ, որոնցմէ է այս աղօթքին հեղինակը: 

Այս հատուածը կիրակնօրեայ աղօթքէ բաժին մըն է, որ կը բաղկանայ ինը հատուածներէ. աղօթարարը կընթերցէ հատուած առ հատուած. իւրաքանչիւր հատուածի աւարտինՄեղա՛յ Աստուծոյ» արտայայտութենէն ետք, բոլոր աղօթողները բարձրաձայն եւ խոնարհութեամբ կը կրկնեն. «Մեղա՛յ Աստուծոյ», եւ ընթերցողին մօտ ու աղօթողներու դիմաց կանգնած եկեղեցականը, բարեխօս միջնորդի դեր ստանձնելով կըսէ. «Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ»:

Հեղինակը ներում չի խնդրեր այդ օր կամ մինչ այդ կատարած իր մեծագոյն մեղքին համար, այլ մանրամասնօրէն կը յիշատակէ հնարաւոր բոլոր յանցանքները եւ անոնց նմանները,սայթաքումները, սխալները, թերութիւնները, սահմանազանցումները, մոլութիւնները:

Ինծի կը թուի թէ բոլոր այն վատ արարքները, մեղքերը զորս կրնայ մարդ արարածը գործել իր կեանքին ընթացքին, զորս պէտք չէ գործէ, ըլլան անոնք ամօթալի ու պարսաւելի, վնասակար ու ցաւ պատճառող, յիշուած են այստեղ, Աստուծմէ թողութիւն խնդրելու համար: Այս աղօթքը խառնուրդ է մեղանչումի եւ թողութիւն խնդրելու, խոստովանանքի եւ եւ փրկութիւն հայցման:

Ահաւասիկ Ապաշխարանքի աղօթքին պարունակութիւնը.

       ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՄ

Սարկաւագ Մեղանչեցի Ամենասուրբ Երրորդութեան՝  Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Մեղանչած եմ Աստուծոյ:                                              Կը խոստովանիմ Աստուծոյ աօջեւ եւ Սրբուհի Աստուածածնին եւ քու առջեւդ, Հայր Սուրբ, այն բոլոր մեղքերը, զորս գործած եմ:
Վասն զի մեղանչեցի մտածումով, խօսքով եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեսմբ, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի հոգւոյս եւ անոր դրդումով, մտքովսեւ անոր շարժումով, մարմնովս եւ անոր զգայութեամբ:
Մեղանչեցի հոգւոյս զօրութեամբ, խորամանկութեամբ, անզգամութեամբ, յանդգնութեամբ եւ վախկոտութեամբ, շռայլութեամբ եւ ժլատութեամբ, զեղխութեամբ եւ անիրաւութեամբ, չարահաւանութեամբ, յուսահատութեամբ եւ թերամտութեամբ, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի մտքիս չար խորհուրդներով, նենգութեամբ, ատելութեամբ, ծուռ նայուածքով, չար աչք ուղղելով, չար նախանձով, թուլութեամբ, գիշեր եւ ցերեկ՝ պոռնկական, արուական, իգական, անանասնական, գրաստական եւ գազանական խորհուրդներով, երազական վաւաշոտութեամբ եւ երազափորձութեան գարշելի աղտեղութեամբ, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի մարմնոյս ցանկութեամբ, հեշտութեամբ, անհոգութեամբ, քունի մէջ յօրանջումով, պէս պէս մարմնական ախտերու պղծագործութեամբ, ականջներու գէշ խօսքեր լսելու յօժարութեամբ, աչքերուս անամօթ նայուածքներով, սրտիս ցանկութեամբ, ռունգերուս իգական թուլութեամբ, բերնիս անզըսպութեամբ, անժուժկալութեամբ եւ գինովութեամբ, մեղա՜յԱստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի լեզուիս չարութեամբ, վիճաբանութեամբ, բանսարկութեամբ, կեղծաւորութեամբ, քսու դատարկաբանութեամբ, եւ ծաղրելով պարապ խօսքերով, հերձուածողի (պարակտիչ) խօսքեր խօսելով, եւ անիծելով, տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով եւ հայհոյելով, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի ձեռքերուս զօրութեամբ, ագահութիւն ընելով, զրկելով, զարնելով, սպաննելով, եւ քաշքշելով, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՄեղանչեցի մարմնական շինածոյս բոլոր յօդւածներով եւ մարմնոյս բոլոր անդամներով, հինգ զգայարանքներովս, եւ վեց շարժումներովս, վերամբարձ ոտնահարութեամբ, եւ վայրաքարշ մեղկութեամբ, աջ եւ ձախ խոտորելով, առաջիններուն դէմ մեղանչելով, եւ վերջիններուն չար նշաւակ (օրինակ) ըլլալով, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագԱյլ եւ մեղանչեցի եօթը յանցանքներու՝ մահացու մեղքերով, հպարտութեամբ եւ անոր մասերով, նախանձութեամբ եւ անոր մասերով, բարկութեամբ եւ անոր մասերով, ծուլութեամբ եւ անոր մասերով, ագահութեամբ եւ անոր մասերով, որկրամոլութեամբ եւ անոր մասերով, բղջախոհութեամթ եւ անոր մասերով, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագԱյլ եւ մեղանչեցի Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն դէմ, յանձն առնելիքներուն եւ հրաժալիքներուն, վասն զի ոչ յանձն առնելիքները կատարեցի եւ ոչ ալ հրաժարելիքներէն հեռացայ: Օրէնքը ընդունեցի եւ օրէնքներուն գործադրութեանը մէջ ծուլացայ, քրիստոնէութեան հրաւիրուեցայ եւ գործովս անարժան գտնուեցայ, չարը գիտնալով հանդերձ կամքովս խոտորեցայ եւ բարի գործերէն անձնապէս հեռացայ. վա՜յ ինձ, վա՜յինձ, վա՜յ ինձ:    Ո՞ր  մէկը ըսեմ, կամ ո՞ր մէկը խոստովանիմ, վասն զի անթիւ են յանցանքներս, անպատմելի են անօրէնութիւններս, անքաւելի են վիշտերս եւ անբուժելի են վէրքերս, մեղա՜յ Աստուծոյ:

ԺողովուրդՄեղա՜յ Աստուծոյ:
ՔահանայԱստուած թողութիւն շնորհէ:

ՍարկաւագՀայր Սուրբ, զքեզ ունիմ միջնորդ հաշտութեան եւ բարեխօս Աստուծոյ Միածին Որդւոյն քով, որպէսզի այն իշխանութեամբ որ տրուած է քեզի, արձակես զիս իմ մեղքերուս կապանքներէն, կաղաչեմ քեզի:

ՔահանայՏէ՛ր ողորմէ, Տէ՛ր ողորմէ, Տէ՛ր ողորմէ:

Թող մարդասէրն Աստուած ինք ողորմի քեզի եւ թողութիւն շնորհէ քու բոլոր յանցանքներուն՝ խոստովանածներուն եւ մոռցածներուն: Իսկ ես քահանայական իշխանութեան կարգովս, եւ աստուածային հրամանով, թէ «այն որ արձակէք երկրի վրայ, թող արձակուած ըլլայ երկնքի մէջ» (Մատթ. ԺԶ 19-20), նոյն խօսքով կարձակեմ զքեզ բոլոր մեղքերուն մասնակցութենէն, խորհուրդներէն, խօսքերէն ու գործերէն, Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով: Եւ դարձեալ կը յանձնեմ քեզ Սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն, որպէսզի ինչ բարիք որ գործես, քեզի բարեգործութիւն եւ փառք ըլլայ հանդերձեալ կեանքին մէջ. Ամէն:

Դպրաց դասն ու ժողովուրդը կերգեն «Տէ՛ր ողորմեայ» երգը, որ յարմար պահը կընծայէ անձնական աղօթքի եւ խորհրդածութեան սուրբ հաղորդութիւն ստանալէ առաջ:

Դպիր Տէր ողորմէ՛, Տէր ողորմէ՛,’

Տէր ողորմէ՛, Տէր ողորմէ՛:

Սրկ.- Տէր ողորմէ՛, Տէր ողորմէ՛,

Տէր ողորմէ, Տէր ողորմէ՛:

Դպիր- Ամենասուրբ Երրորդութիւն,

Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն:

Սրկ.- Եւ հիւանդներուն բժշկութիւն,

Ննջեցեալներուն արքայութիւն:

Դպիր- Եկ մեր հայրերուն Աստուածը,

Որ նեղեալներուն ապաւէնն ես:

Սրկ.- Հասիր օգնութեան քու ծառաերուդ,

Եղիր օգնական ազգիս Հայոց:

Դպիր- Տէր ողորմէ՛, Տէր ողորմէ՛,

Յիսուս Փրկիչ, մեզ ողորմէ:

Սրկ.- Միջնորդութեամբ սուրբ եւ անմահ

Եւ կենարար Պատարագիս:

Դպիր- Ընդունէ, Տէր, եւ ողորմէ:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 8-12-2002, Պէյրութ

Այս գրութիւնը որ լոյս տեսած է «ԱՆ Նահար»ի մէջ, յօդուածէ մը աւելի ուսումնասիրութիւն մըն է: Զայն գրելը ինձմէ խլած է աւելի քան տարի մը ժամանակ, որովհետեւ բառացի թարգմանութիւն մըն է գրաբարէն եւ կը պարունակէ կրօնական ծէսեր, հաւաքական խոստովանանքի ձեւով: Զայն կընթերցէ եկեղեցւոյ ծառան եւ զոր բարձրաձայն կը կրկնեն աղօթողները բացագանչելով.-«Մեղա՛յ Աստուծոյ», ներում եւ թողութիւն խնդրելով այն յանցանքներուն եւ սխալներուն համար, զորս կրնայ մարդ արարածը գործել: Զղջումը այստեղ միայն յայտնի եւ ընդհանրական մեղքերուն ու սխալներուն համար չէ, այլ կը տարածուի պարփակելու չարագործ երեւակայութիւններն ու միտքերը, ատելութիւնն ու նոյնիսկ չարամիտ նայուածքը ուրիշներուն նկատմամբ:

Գրաբար հայերէնը որով գրուած են այս աղօթքները գործածելի չեն մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ուստի ինծմէ պահանջուեցաւ յաւելեալ ճիգ թափանցելու անոր ներքին երանգները, իմաստն ու խորքը, երբեմն ալ կարգ մը բառերուն արաբերէն հոմանիշները չգտայ, շատ ժամանակ տրամադրեցի յստակացնելու մեղայ եւ զղջում բառերը, եւ երջանկութիւն զգացի հրապարակելով սոյն յօդուածը, որովհետեւ ամէն առիթով եկեղեցի երթալուս, այն զգացումը կունենայի որ թերացած եմ այս աղօթքը թարգմանելու եւ հրատարակելու իմ պարտականութեանս մէջ, արաբ ընթերցողը ծանօթացնելու մեր կարգ մը կրօնական ծէսերուն: