Քիչեր գիտեն թէ պատմականօրէն հայերն ու Հայաստանը նոյնքան հին են որքան փարաւոնները, բիւզանդացիներն ու հռոմէացիները, սակայն Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի բնակիչները, որոնց հետ ապրեցան գաղթական հայերը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք, Միջին Արեւելելքի մէջ հայերուն ամենածանօթ ժողովուրդներն են: Հայերուն մասին շատ բան գիտեն նաեւ պարսիկները, որոնք աւելի քան 3000 տարի դրացնութիւն ըրած են անոնց հետ, ապրած են անոնց հետ բաժնեկցելով Կասպից ծովի արեւմտեան ափին եւ Կովկասի մէջ` Արարատ լերան շրջակայքին կատարուած դէպքերը, պարսկական կայսրութեան հիմնումէն եւ անոր տարածումէն ի վեր, ապա նաեւ իսլամական յաղթական զօրքերու աշխարհի այդ շրջան հասնելու ժամանակաշրջանին, մոնկոլներու, թաթարներու, սելճուքներու եւ օսմանեան արշաւանքներու շրջանին, մինչեւ Համաշխարհային Առաջին եւ Երկրորդ պատերազմներ եւ ցայսօր:

Շրջանի ժողովուրդներէն քիչեր մնացած են, քիչ բան մնացած է նաեւ անոնց քաղաքակրթութենէն, հազուագիւտ են նաեւ անոնցմէ եկած մնայուն յիշատակները

Հայ ժողովուրդը տեղ կը գրաւէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու կարգին, հակառակ վերջին հազարամեակի ընթացքին անոր ենթարկուած բազմաթիւ զաւթումներուն եւ բռնագրաւումներուն, որոնց շարքին նաեւ օսմանեան բռնատիրութիւնը որ տեւեց մօտաւորապէս վեց հարիւր տարի, որուն յաջորդեցին խորհրդային իշխանութեան ութսուն տարիները: 1918-1920, հազիւ երկու տարի տեւած ժամանակաւոր ազատութենէն եւ անկախութենէն ետք, Հայաստանը անգամ մը եւս անկախութեան տիրացաւ 1991 թուականին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, դառնալով ազատ երկիր, որուն դրօշակը կը ծփայ ՄԱԿի շէնքին առջեւ, որպէս նշան Հայաստանի անկախ ու ինքնիշխան երկիր ըլլալուն:

Ան որ այցելած է Երեւան, կամ կարդացած է Հայոց պատմութիւնը, իրեն համար դիւրին պիտի ըլլայ պատկերացնել այս ազգին քաղաքակրթութեան զարգացման, ճարտարապետութեան եւ գիտութեան մակարդակը, եւ թէ որքան կը տարբերի ան զինք շրջապատող ժողովուրդներէն. իր ունեցած սէրն ու գուրգուրանքը հանդէպ մշակոյթին` արուեստներուն եւ գրականութեան, ինչպէս՝ թատրոնը, երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնն ու նկարչութիւնը եւ ի մասնաւորի քանդակագործութիւնը որ իր յատուկ տեղն ունի արուեստներու մէջ, այնքան որ ոմանք Երեւանը կը նմանցնեն բացօթեայ թանգարանի, իր պարունակած բազմաթիւ արձաններուն եւ յուշարձաններուն համար, որոնք տարածուած են քաղաքին բոլոր կողմերը՝ փողոցներու, հրապարակներու եւ բլուրներու վրայ. Երեւանի մէջ կան նաեւ բազմաթիւ թանգարաններ որոնք կը պարունակեն քանդակագործութեան հրաշալիքներ, իրենց գեղեցկութեամբ եւ ճշգրտութեամբ, եւ որոնք յայտնի են աշխարհահռչակ մեծ քանդակագործներուն: Քաղաքը ունի նաեւ բազմաթիւ հոյակապ շէնքեր, ինչպիսին են Հանրապետութեան հրապարակը շրջապատող պետական շէնքերն ու հիւրանոց Արմենիա՚ն, որոնք ունին իւրայատուկ նախագիծ եւ սքանչելի գեղեցկութիւն, որոնք կարտացոլացնեն հայկական ճարտարապետութիւնը, որմէ շատ բան առած են ճարտարապետական համաշխարհային բազում դպրոցներ, եւ որ կը դասաւանդուի երկրագունդի արուեստի ամենահեղինակաւոր ակադեմիաներու մէջ: Երեւանը իր շրջակայ մայրաքաղաքներէն կը զատորոշուի նաեւ իր մէջ ընդգրկած ամենամեծ մատենադարանով՝ տեղակայւած մայրաքաղաքի ամենագեղեցիկ վայրի մը մէջ բարձրացած գեղեցիկ շէնքի մը մէջ, եւ որ կը պարունակէ միլիոնաւոր գիրքեր եւ հազուագիւտ ձեռագիրներ անցեալի անյիշելի ժամանակներէ ի վեր, որ կը ցոլացնէ հայերուն հոգատարութիւնը գիրի եւ գրականութեան հանդէպ, տասնեակ դարերէ ի վեր մինչեւ այսօր:

Մատենադարանը կը պարունակէ նաեւ իսլամ, օտար եւ հայ գիտնականներու մեծ թիւով գիտական ուսումնասիրութիւններու, գիտական տեսութիւններու բնագրեր:

Շատեր ազդուած են եօթներորդ դարու գիտնական Անանիա Շիրակացիի տիեզերագիտական տեսութիւններէն եւ անոր մօտեցումէն՝ տիեզերական մարմիններու ըստ իրենց հեռաւորութեան եւ մեծութեան երկրազունդի վրայ ունեցած ազդեցութեան: Շիրակացիէն օգտուած են բիւզանդացիները, անկէ օգտուած է նաեւ Ապու Ռիհան ԷլՊէյրունին, որ զարգացնելով տիեզերագիտութիւնը տասնմէկերորդ դարուն հիմնեց տիեզերական աշխարհագրութիւնը: Մատենադարանին մէջ կան նաեւ այլ գիտութիւններու մասին գիրքեր, որոնցմէ մէկ մասը ծանօթ է գիտնականներուն, իսկ մեծ մասը` անծանօթ, որուն պատճառը  հայ ժողովուրդի անցած պարագաներն են, զորս յիշատակելու առիթ չկայ հոս: Հայ ժողովուրդի հպարտալի մէկ արձանագրութիւնը 301 թուականին, Տրդատ Բ.ի ժամանակաշրջանին, ազգովին եւ պետականօրէն պաշտօնապէս քրիստոնէութեան ընդունումն է, որուն 1700-ամեակը կը տօնէ այս տարի` 2001 թուականին:

Հայաստանը համայն աշխարհի առաջին երկիրն էր, ուր քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուեցաւ եւ հայերը առաջինն էին որ ազգովին քրիստոնեայ դարձան:

Այս տարուայ սկիզբէն ի վեր, 1700¬ամեակի տօնակատարութիւններն ու հանդիսութիւնները կը շարունակուին: Հանդիսութիւնները տեղի կունենան Մայր հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, ուր որ կապրին հայեր: Արաբական երկիրներու, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցան հանդիսութիւններ Հայաստանի Նախագահին հովանաւորութեան ներքոյ: Հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան տուեալ երկիրներու քաղաքական հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, հանդիպելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն, հայրենիքէն թէ Սփիւռքէն, զրուցելու անոնց հետ այս փառաւոր առիթին մասին, երբ հայերը կը տօնեն իրենց երկնային կրօն ընդունիլն ու անոր ուսմունքով առաջնորդուիլը` հեռանալ աշխարհիկ անցողիկ կեանքէն կապուելու ժառանգուած իսկական արժէքներուն` սիրոյ, խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ հաւատարմութեան, բանիւ եւ գործով, այդպիսով շահելով բարեկամութիւնն ու սէրը այն ժողովուրդներուն, որոնց հետ կապրին, անդրադարձելով այն ազնիւ հնամենի քաղաքակրթութիւնը որուն կը պատկանին:

Հանդիսութիւնները կը պարփակէին թատերական ներկայացումներ, համերգներ, սիմֆոնիներ, գիրքի եւ նկարչական ցուցահանդէսներ, մարզական փառատօններ, ինչպէս օրինակ Հայկական Ողիմպիական խաղերը որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ 2000 թուականի Օգոստոսին, եւ որոնք արժանացան Քաղաքապետարանի դաշտի բոլոր ներկաներու գնահատանքին: Այս հանդիսութիւններու գագաթնակէտն էր նոյն թուականի Սեպտեմբեր ամսուայ վերջերը տեղի ունեցած Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծածաւալ եկեղեցւոյ բացումը, որ կը պարփակէ 1700 նստատեղի, որպէս խորհրդանիշ 1700-ամեակին: Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան գտնուեցան բարեկամ երկիրներու նախագահներ եւ նախարարներ:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 27-4-2001, Քուէյթ

«ARAB TIMES», 3-11-2001, Քուէյթ

«ԱԼ ՇԱՐՔ ԱԼ ԱՈՒՍԱԹ», 23-2-2001, Լոնտոն

Սոյն յօդուածը գրեցի Ք.Ե. 301 թուականին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք հռչակուելու 1700-ամեակին, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն առիթով: Այս միջոցառումները մեծ ուշադրութիւն գրաւեցին աշխարհով մէկ, ի մասնաւորի կրօնական շրջանակներու եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայկական գաղութներու մօտ: Այս տարեդարձը մեր հպարտութեան, փառքի եւ երջանկութեան աղբիւրն է, որովհետեւ մենք առաջինն էինք որ հաւատացած էինք այս վեհապանծ կրօնքին եւ հետեւած անոր ուսմունքին, հակառակ բազմաթիւ հաւատացեալներու ենթարկըւած հալածանքին եւ դաժանութիւններուն

Կասկածէ վեր է, որ հայերը գործօն ներդրում ունին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ, ասոր կողքին նաեւ ոչ արհամարհելի դերակատարութիւն կրօններու միջեւ երկխօսութեան, խաղաղութեան տարածման եւ ժողովուրդներու ու գաղափարներու փոխհասկացողութեան աշխատանքներուն մէջ: