Չեմ կրնար ինծի ընձեռուած միջոցներով հասցնել այն ինչ որ կ’ուզեմ, Ձեր երկիրներու նախագահին, կամ նախարարներու խորհուրդներուն, կամ խորհրդարաններու նախագահներուն կամ մեծարգոյ անդամներուն, սակայն գիտեմ որ դուք կը վայելէք Ձեր երկիրները ներկայացնելու պատիւը այս սիրելի երկրին մէջ. դուք Ձեր հանգամանքով կը ներկայացնէք նաեւ վերոյիշեալ մեծարգոյ անձնաւորութիւնները, ուստի կը գրեմ Ձեզի յուսալով որ կը լսէք զիս եւ ձայնս կը հասցնէք Ձեր նախագահներուն եւ սիրելի ժողովուրդներուն:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու վսեմաշուք դեսպաններ, ինչպէս գիտէք Հոկտեմբերի 3-ին, պիտի քննարկուին Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան միանալու քայլերը, եւ ընդունման պարագային Թուրքիան մէկ անդամը կամ մասնիկը պիտի դառնայ այդ վիթխարի զօրեղ, քաղաքակիրթ կազմակերպութեան եւ պիտի վայելէ այն բոլոր առանձնայատկութիւններն ու ոյժը զորս կը վայելեն այդ կազմակերպութեան անդամները, այսինքն այդ օրուընէ սկսեալ պիտի գտնուի այլ կացութեան մը մէջ, այսինքն աւելի շատ պաշտպանուած եւ ապահովուած պիտի ըլլայ քան այսօր:
Ես, որպէս հայ կ’ուզեմ ամենայն անկեղծութեամբ վստահեցնել,որ բարիք, ամենայն բարիք կը ցանկամ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին` մեր հայրենիքի արեւմտեան մեծ դրացիին, եւ թէ ես ունիմ ամբողջական գիտակցութիւնը այն առածին որ կ’ըսէ. «Եթէ դրացիդ լաւ է, ուրեմն դուն ալ լաւ ես», գիտեմ նաեւ բարի դրացնութեան բերելիք բոլոր առաւելութիւններն ու օգուտները տնտեսական, ապահովութեան, անվտանգութեան եւ ընդհանրապէս բարեկեցութեան առումով, եւ մենք կը ձգտինք բոլոր բնագաւառներու մէջ բարի դրացիական բնական եւ լաւագոյն յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ: Թոյլ տուէք վերադառնալ Թուրքիոյ ունենալիք ամրութեան եւ անմատչելիութեան անոր Եւրոպական Միութիւն մուտքէն ետք, բան մը որ կը մտահոգէ զիս, աւելին` կը սարսափեցնէ զիս ինչպէս եւ իմ ազգիս բոլոր զաւակները:
Տեարք դեսպաններ, մենք կը ձգտինք, բոլոր մակարդակներու վրայ, մեր ամբողջ ուժով, պաշտօնական եւ ժողովրդային, ձեռք ձգել պաշտօնական ճանաչում մեր ենթարկուած ջարդերուն եւ արժանապատուութեան կրած անարգանքին կատարուած օսմանցի թուրքերուն եւ անոր յաջորդող իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք 20-րդ դարու սկիզբին ի գործ դրին այնպիսի բռնութիւններ որոնց նմանը չէին տեսած Եւրոպան ու Միջին Արեւելքը:
Հակառակ անոր որ բաւականին ճանաչում եւ աջակցութիւն ձեռք ձգած ենք միջազգային ատեաններու կողմէ` մեծ եւ փոքր երկիրներու խորհրդարաններու մակարդակով, հակառակ հայկական ջարդերը հաստատող բազմաթիւ փաստաթուղթերու առկայութեան, որոնց շարքին նաեւ թրքական արխիւներ, հակառակ այս բոլոր ճշմարտութիւններուն չենք յաջողած թրքական ճանաչման տիրանալ, բոլոր քաղաքակիրթ երկիրները չեն յաջողած համոզել Թուրքիան հաշտուիլ իր անցեալին հետ, ունենալ բաւարար քաջութիւն եւ ազնուութիւն ընդունելու իր իշխանաւորներուն գործած յանցանքը: Ուստի ըսէք ինծի վսեմաշուք դեսպաններ, ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ մեր վիճակը Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքէն ետք, ինչպիսի՞ աղէտ բաժին պիտի հասնի մեզի եւ մեր դատին, ինչպէ՞ս պիտի տիրանանք մեր ոտնակոխուած իրաւունքներուն, որո՞ւն պիտի բողոքենք եւ որմէ՞ օգնութիւն պիտի պահանջենք: Մենք փոքր ազգ մըն ենք որուն զաւակները սփռուած են աշխարհով մէկ, անգղներու յարձակումին ենթարկըւած թռչուններու երամի մը նման: Մեր երկիրը շրջապատող երկիրներէն ոմանք մեր հանդէպ թշնամութիւն կը տածեն ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական ձգտումներ ունենալնուն պատճառաւ, մենք ապրուստի բաւարար միջոցներ չունինք, այլ «մեր չափով» կը յարմարինք, ասոր գումարած Թուրքիոյ սահմաններու փակումը Հայաստանի հետ, որ մեր գլխաւոր անցքն է դէպի արտաքին աշխարհ. Թուրքիան շրջափակման ենթարկած է մեզ եւ օրէ օր օղակը աւելի կը սեղմուի մեր պարանոցին շուրջ, պարզապէս թշնամական զգացումներ տածելու եւ մեր վրայ ճնշում գործադրելու մտօք: Ուրեմն ո՞վ մեզի պիտի օգնէ անցնելու թրքական կառավարութեան կողմէ տեղադրուած բարձր ցանկապատի վրայով, որն աւելի պիտի բարձրանայ երբ Թուրքիան մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան եւ թաքնուի անոր ետին: (Ինչպէս յայտնիէ` «Բարեկամիդ թշնամին քու ալ թշնամիդ է». Թուրքիան իրեն թշնամի կը համարէ մեզ, ուրեմն դուք ալ ձեզի թշնամի պիտի սեպէք մեզ, որովհետեւ Թուրքիան ձեր բարեկամը դարձած պիտի ըլլայ): Ինչպիսի՜ թնճուկ…
Վսեմաշուք դեսպաններ, իմ պահանջքս ձեր երկիրներէն, Թուրքիան օգնելն է Եւրոպական ընտանիք մուտք գործելու. Եթէ դուք ձեզի կամ միջազգային հանրութեան վերաբերող արգելք չունիք, Ձեր գործն է, բայց ոչ Թուրքիոյ մեզի վերաբերող հարցերը ընդունելէն առաջ: Այն ինչ կատարեց Թուրքիան մեզի, առ այսօր կը շարունակէ ժխտել: Ան կը մերժէ ճանչնալ իր գործած ոճիրը: Մեղք գործելէ դադրիլը քաղաքակրթութեան պարտաւորեցում է, ու ամէն իրաւատէրի իր իրաւունքը տալը երախտագիտական պարտականութիւն է, եւ կարելի չէ անտեսել իրաւունքը ժողովուրդի մը որուն կէսը զոհ գացած է ցեղասպանութեան թուրքերուն իսկ ձեռքով, եւ դուք աչք փակելով այս իրականութիւններուն վրայ, կ’արմատաւորէք այն սկզբունքը, թէ ցեղասպաններն ու ցեղային հողի վրայ հաւաքական բնաջնջում կատարողները կրնան պատիժէ զերծ մնալ, եւ քաջալերած կ’ըլլաք ուրիշները հետեւելու անոնց, եւ դուք նմանած կ’ըլլաք… Աստուած չընէ… նացիստ Հիթլէրին, երբ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին իր ճառին մէջ լկտիօրէն յայտարարեց. «Ո՞վ այսօր կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Չեմ կարծեր որ կ’ուզէք ձեր խիղճերը բեռցնել այսպիսի ցաւագին ծանրութեամբ, ոչ ալ ձեր յաջորդ սերունդներուն խիղճերը:
Մենք այսօրուայ զաւակներն ենք եւ չենք ուզեր վրէժխնդիր ըլլալ, չենք ատեր, լալկանութիւն չենք ըներ, բայց եւ կ’ուզենք պահպանել մեր արժանապատուութիւնը ըստ ժողովուրդներու եւ անհատներու արժանապատուութեան պահպանման չափանիշի, եւ առ ի յարգանք 24 Ապրիլ 1915-ին մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, յանուն մեր իրաւունքներուն եւ մեր հողերու մեծամասնութեան գրաւուած մնալուն, ինչպէս նաեւ այն մէկ միլիոն հայերուն համար, որոնք մնացին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ այլ փոքրամասնութիւններուն նման հարկադրաբար ստիպուեցան ենթարկուիլ թրքացման քաղաքականութեան եւ ձուլուիլ թրքական հանրութեան մէջ: Այո՛, տեարք, վերոյիշեալ պատճառներով եւ այլ հարիւրաւոր մղումներով մենք հայերս ատակ չենք մոռնալու անոնց մեզի պատճառած պատուհասները, ինչպէս որ իրենք կ’ակնկալեն:
Սիրելի դեսպաններ, յանուն խղճի եւ մարդկային բարոյական ազնիւ արժէքներու, երբ 3 Հոկտեմբերին հաւաքուիք Պրիւքսէլի մէջ, մի՛ մոռնաք այս դառն առկախ իրականութիւնները, որովհետեւ ասիկա ի օգուտ ապահով, արդար, առաքինի ընկերութեան է, որուն անառիկ պահապան բերդերն էք դուք, մի՛ մոռնաք նաեւ որ ասիկա ի խնդիր ձեր քաղաքակիրթ ժողովուրդներու անուան անաղարտութեան է… երկար ժամանակի համար:
Կանխապէս շնորհակալ եմ: Կը գնահատեմ Ձեզ եւ Ձեր հանդէպ կը տածեմ խոր յարգանք: Ատուած Ձեզ դարձնէ վարձայատոյց:
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 14-9-2005, Պէյրութ
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» , 17-9-2005, Քուէյթ
Ուզեցի իմ համեստ մասնակցութիւնս բերել այն բողոքներու ալիքին, որ տարածուած էր Եւրոպայի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի նիստերու վաղորդայնին, ուր պիտի քննարկուէին Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան միանալու հնարաւորութիւնները: Մթնոլորտը շիկացած էր բոլոր այն երկիրներուն մէջ ուր կ’ապրէին հայկական փոքրամասնութիւններ, որոնք կը նախապատրաստուէին բողոքի ցոյցեր կազմակերպել զանազան երկիրներու մէջ, Եւրոպական Միութեան նստավայրերուն առջեւ, մասնաւորաբար Պրիւքսէլի մէջ ուր 3 Հոկտեմբեր 2005-ին պիտի գումարուէր վերոյիշեալ ժողովը: Մամլոյ մէջ եւս դրական կամ ժխտական մեծ աղմուկ բարձրացած էր, նոյնինքն Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու եւ ժողովուրդներու կողմէ:
Քուէյթի մօտ Եւրոպական Միութեան երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն ուղղած իմ նամակներս բողոքի գիրեր էին եւ կոչ նշեալ երկիրներուն, Թուրքիան ընդունելու որոշում տալէն առաջ, մոռացութեան չտալ թուրքերուն կողմէ հայերուն կատարուածը: Այդպէս ալ եղաւ. Թուրքիան չընդունուեցաւ Եւրոպական Միութիւն, եւ դժուարին պայմաններ դրուեցան անոր առջեւ, որոնք երկարատեւ ժամանակ կը պահանջէին, մինչեւ 15 տարի, ապա դարձեալ քննարկելու համար անոր անդամակցութեան դիմումը: Այսպիսով Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն դուրս մնաց եւ տակաւին կը մնայ: