Իրաւունքը չի մեռնիր երբ պահանջատէր կայ: Անկասկած գեղեցիկ եւ ճշմարիտ խօսք մըն է ասիկա, սակայն ե՞րբ պիտի վերադառնայ իրաւունքը եւ ի՞նչ գինով: 

Ամերիկեան գոնկրէսի արտաքին գործերու յանձնախումբին կողմէ 106-րդ յօդուածին ընդունումը, ըստ որուն Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին թուրքերուն կողմէ հայերուն կատարուածը հաւասար է ցեղասպանութեան, եւ այս առիթով կարգ մը կողմերու, ի մասնաւորի թուրք ղեկավարներու յառուցած մեծ աղմուկն ու այս օրինագիծին դատապարտումը, կը պարտաւորեցնեն զիս քանի մը պարզաբանումներ կատարել, զորս ներկայացուցած եմ ասկէ առաջ եւ չէի ուզեր անգամ մը եւս կրկնել:

Photo credit Los Angeles Daily News

                                            

90 տարիներէ ի վեր հայերը որպէս զոհ եւ ազատ աշխարհը որպէս վկայ, անօգուտ կերպով կը պահանջեն թուրքերէն ընդունիլ, իրենց մեծ հայրերուն՝օսմանցի Սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրով սկսած եւ յեղաշրջում կատարած «Երիտասարդ Թուրքեր»ու կողմէ ամբողջացած հայկական ջարդերուն իրողութիւնը: «Երիտասարդ Թուրքեր»ը մինչեւ Մուսթաֆա Աթաթուրքի իշխանութեան գալը, իրենց իշխանութեան տասը տարիներուն ընթացքին բնաջնջեցին Արեւելեան Թուրքիոյ երեք հազար տարիներէ ի վեր այստեղ ապրող բնիկ հայ ժողովուրդը, փորձելով իրականացնել օսմանցիներու վերջին շրջանի ցանկութիւնը, այն է վերացնել Օսմանեան պետութեան սահմաններու մէջ բնակող հայ ժողովուրդը, որ աշխարհագրականօրէն արգելք կը հանդիսանար իրականացնելու օսմանեան երազը. թուրքը, յոյսը կտրելով դէպի Արեւմուտք ընդարձակուելէ կը ձգտէր դէպի Արեւելք տարածուիլ եւ միացնել թրքալեզու ժողովուրդները, ընդգրկել Կասպից ծովը, հասնիլ մինչեւ չինական սահման եւ հիմնել Թուրանական կայսրութիւն:                                                                

Աշխարհը կը զարմանար ի տես թուրքերու հերքումին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, աւելի ճիշդ 1915 թուականին իրենց կատարած հաւաքական ջարդերուն, հակառակ 23 երկիրներու ճանաչումին: Աշխարհը հարց կու տայ արդեօ՞ք մէկ ու կէս միլիոնը քիչ թիւ է եւ արժանի չէ՞ բարձրացուած այս ամբողջ աղմուկին: 

Աշխարհի համբերութիւնը հատած է եւ ան կը վախնայ որ եթէ ոճրագործը խուսափի պատիժէ, կրնայ այս արարքը կրկնուիլ: Մինչեւ ե՞րբ կրնայ արեւի լոյսը ծածկել քաղաքակիրթ մարդկային արդարութեան երկինքը, թէ՞ արդարութիւնը սառած վիճակի մէջ պիտի մնայ, արդեօք չէ՞ հասած խղճի զարթնումի ժամը: 

Ի՞նչ պատահեցաւ թուրք պատասխանատուներուն, որոնք կը յայտնուէին միջազգային ամպիոններու վրայ, երբեմն սպառնալիքներ տեղալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ ուզող երկիրներու շահերուն, երբեմն փորձելով փոխել դիրքորոշումը տուեալ երկիրներու որոշում կայացնող կեդրոններուն, տարածելով տրամաբանութենէ զուրկ անհիմն տուեալներ, ըսելով թէ ջարդեր տեղի չեն ունեցած, բերելով նոյնքան անհիմն «փաստեր» որոնց ոչ ոք հաւատք կընծայէ: 

Կարգ մը լրատուական աղբիւրներէ տեղեկացայ, թէ թուրքերը տարիներէ ի վեր միլիոններ կը ծախսեն ամերիկացի օրէնսդիրներուն վրայ ազդելու համար, վիթխարի գումարներ, որոնք յօդս ցնդեցան եւ քամուն տրուեցան Ամերիկեան գոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին երախտաշատ որոշման հետ, որուն քուէարկութիւնը կատարուեցաւ 10 Հոկտեմբեր 2007 թուականին, ըստ որուն հայկական ջարդերը կը հասնին ցեղասպանութեան աստիճանին: Շուտով ամբողջ գոնկրէսը (կանխայայտ շնորհակալութիւն) կը քուէարկէ այս նախագիծը եւ Աստուծոյ կամքով ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս ի յայտ կու գայ: Այս ամէնը հակառակ ամերիկեան պատասխանատուներու անձնական միջամտութիւններուն, նոյն պատճառներով ինչի համար որ միջամտած էին Նախագահ Ճորճ Պուշն ու իր արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարները: Այդպէս ալ եղաւ: Գոնկրէսի քուէարկութենէն ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ, աննախադէպ ճնշումներ գործադրուեցան չկայացնելու քուէարկութիւնը. սպառնալիքներ, տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան շահերու սպառնացող տագնապալի ահազանգերհակառակ իր կամքին թեքելու ամերիկեան դիրքորոշումը, համաձայնեցնելով զայն այս օրերու Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական փափուկ եւ զգայուն վիճակինհաւանական է նաեւ որ նախագիծը ընդհանրապէս քուէարկութեան չդրուի                

Հայերն ու աշխարհը կակնկալեն, որ Նախագահ Պուշն ու իր աշխատակազմը կարեւորութիւն չտան թրքական յարատեւ սպառնալիքներուն եւ շահարկումներուն, ինչպէս որ արհամարհեցին չինական սպառնալիքները, երբ Նախագահ Պուշ անցեալ շաբաթ ընդունեց Թիպէթի հոգեւոր պետ Տալայ Լաման եւ զայն արժանացուց ամերիկեան ամենաբարձր շքանշանին իր անջատողական դիրքորոշման եւ յանուն իր երկրին՝ Թիպէթի ազատութեան պայքարին համար: Նախագահը այս քայլով վեր կը կենար ամերիկեան քաղաքական եւ տնտեսակ շահերէն, վասն բարոյական վսեմ կեցուածքի: Կը վստահեցնենք որ Տալայ Լամայի ընդունումն ու զինք պատուելը աւելի կարեւոր չեն քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու անարդար բնաջնջումը. նոյնպէս կը վստահեցնենք որ Թուրքիան աւելի մեծ արժէք չունի քան Չինաստանը:                                                                                                                      

Թուրքիոյ համար աւելի լաւ չէ՞ իրողութիւնը ընդունիլ եւ հաշտութեան գործընթացը սկսիլ արեւելեան խաղաղասէր եւ վեհ դրացիին հետ, վերջ դնելու իրար մէջ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող թշնամութեան, չենթարկուելով միջազգային բեմերու վրայ կատարուող յարափոփոխ երեւոյթններուն: 

Աւելի լաւ չէ՞ իրենց համար դուրս գալ քաղաքակիրթ երկիրներու, անոնց խորհրդարաններու եւ ժողովուրդներու կողմէ դատապարտեալի վիճակէն, դառնալու վեհանձն երկիր մը, որ պատրաստ է ընդունիլ իր սխալներն ու ամէն մէկ իրաւատէրի տալ անոր հասանելիքը, համարձակ փորձով մը ե՛ւ դիմակայելով իր անցեալը ե՛ւ պատմութենէն ջնջելով սեւ էջ մը, ինչպէս որ կատարեցին քաղաքակիրթ այլ երկիրներ, նման Գերմանիոյ, Ճափոնի եւ Իտալիոյ 

Յիշատակի արժանի է այն, որ ջարդերու իրողութիւնն ու անոր ահռելիութիւնը դատավարութեամբ պաշտօնապէս առաջին ընդունողը Գերմանական դատարանն էր, 2 Յունիս 1921 թուականին, այսինքն վերջին այս որոշումէն 87 տարիներ առաջ, երբ երդուեալ դատակազմն ու գերմանական դատարանը արդարացուցին հայ Սողոմոն Թէհլիրեանը եւ զինք անմեղ հռչակեցին Պեռլինի մէջ օր ցերեկով Թալեաթ Փաշան գնհակահարած եւ սպաննած ըլլալու արարքին մէջ. դատարանը գտաւ որ Փաշան աքսորեալ նախագահն էր «Իթթիհատ վէ Թարաքքի» կուսակցութեան, որ իշխանութեան գլուխ կանգնած էր հայերու հաւաքական բնաջնջման շրջանին եւ որուն կազմակերպող միտքն էր Թալեաթ, միասին իր ընկերներուն՝ Էնվէր Փաշայի, Ճամալ Փաշայի (Սէֆֆէհ՝ դահիճ), Նազէմ Փաշայի: Ջարդերուն զոհ գացած էր նաեւ մեղադրեալ Թէհլիրեանին ընտանիքը: Դատարանը նկատի առած էր այն հոգեվիճակը, որուն մէջ կրնար յայտնուիլ նման ահաւոր սարսափի ենթարկուող մը: Դատական նիստերը քրէականէ աւելի քաղաքական բնոյթ կը կրէին, որոնց ընթացքին մեղադրուեցաւ սպանեալը, իր սպանութեան իր իսկ ստեղծած պայմաններուն համար, մինչ ամբաստանեալը անպարտ հռչակւելով ազատ արձակուեցաւ: Այս դատարանը մեզի կը յիշեցնէ Նիւրէնպէրկեան դատարանը, որ կազմուեցաւ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք, դատելու նացի մեծամեծները:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24 եւ 25-10- 2007, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 24- 10- 2007, Պէյրութ