«Քաջալերենք պատմաբաններն ու մասնագէտները ուսումնասիրելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ընդհանուր պատմութիւնը»:
Այս էր վերնագիրը Քուէյթի մօտ Թուրքիոյ նորին վսեմութիւն դեսպան Շաքէր Վաքիլիի յօդուածին, որ լոյս տեսաւ «Ալ Քապաս» օրաթերթի 1-6-2008-ի թիւին մէջ: Ամբողջ էջ մը տրամադրուած յօդուածին եւ անոր պոչ աւելցուած «Նիւթին օրինականութեան հիմքը»ին առիթը ըստ «Ալ Քապաս»ի պարզաբանումին, պատասխան էր նոյն թերթին մէջ նախապէս լոյս տեսնող քանի մը յօդւածներու, որոնցմէ մէկն էր 25 Ապրիլին հրապարակուած իմ
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ» յօդուածս, որուն մէջ այս խնդրին շուրջ պարզաբանած էի կարգ մը պատմական հաստատուն իրականութիւններ, պահանջելով թրքական կառավարութենէն ընդունիլ Հայկական ջարդերը:
Մեծարգոյ դեսպանը խուսափելով անդրադառնալ նշուած հարցերուն, նիւթը շեղելով տարած էր զայն հո՛ն ուր պատմական բնոյթը աւելի կը գերակշռէր, յաւակնելով ճշմարտացի եւ անկեղծ երեւնալ: Ամէն պարագայի նորին վսեմութիւն դեսպանը հրատարակելէ առաջ իր յօդուածը, երանի քիչ մը համբերէր գրելէ առաջ, չիյնալու համար հակադրութիւններու եւ կրկնութիւններու ծուղակը:
Սկսինք վերնագիրէն. դեսպանը կ’ըսէ թէ իր կառավարութիւնը կը քաջալերէ հայթրքական պատմութեան ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողները, ան նաեւ կ’ըսէ թէ թրքական արխիւները մատչելի են բոլորին, առանց ճնշումներու եւ առանց պայմանի, եւայլն: Հոս հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ արխիւները բանալը յետաձգեցիք ամբողջ 80 տարի, հակառակ հայերու եւ չէզոք կողմերու զանոնք տեսնելու բազմաթիւ դիմումներուն: Երկրորդ հարցում մը եւս.- Ի՞նչ պիտի ըլլայ ուսումնասիրողին ճակատագիրը եթէ ան յանգի այն եզրակացութեան, որ 1915-1918 թուականներու միջոցին կատարուածը ցեղասպանութիւն էր եւ ջարդ, բառիս ամենայն իմաստով! Ինչպէ՞ս պիտի վարուի ուսումնասիրողը այս պարագային, արդեօք պիտի բաւարարուի իր յայտնաբերածը ինքնիրեն պահելով, առանց մէկու մը յայտնելու, թէ՞ այդ մասին բարձրաձայն պիտի խօսի կամ հրապարակէ իր եզրակացութիւնը, ինքզինք դատավարութեան ենթարկելով թըրքական 301-րդ յօդուածին համաձայն, որ կը գործէ ցայսօր, ըստ որուն պատիժի կ’ենթարկուի ան, որ թրքական հողերու վրայ թեկուզ պարզապէս կը յիշատակէ հայկական ջարդերը, կամ կը վարկաբեկէ թրքական պետութիւնը, կամ որեւէ կերպ զայն կը քննադատէ. օրինակի եւ ոչ թէ սահմանափակման համար նկատի առնենք այն ինչ պատահեցաւ Նոպէլեան մրցանակակիր, մեծ գրող Օրհան Փամուքի եւ այլոց հետ, որոնք դատարանէ դատարան քաշկրտուեցան պարզապէս որովհետեւ բարձրաձայն յայտարարած էին, որ պէտք է ընդունիլ պատահած դէպքերը, մինչ ուրիշներ սպաննուեցան, ինչպէս օրինակ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքը, որ ինկաւ իր խմբագրատան առջեւ, Իսթանպուլի կեդրոնը: Արդեօք այս արխիւները մատչելի են միայն թըրքական պետութիւնը գոհացնող եզրակացութիւններու յանգողներո՞ւն համար: Այս պարագան չի պարզաբաներ վսեմաշուք դեսպանը, ան չի խօսիր նաեւ ուսումնասիրողի օրէնքով պաշտպանուածութեան մասին:
Գալով Թուրքիոյ Վարչապետին կողմէ Հայաստանի նախագահ Քոչարեանին ուղղուած նամակին, որուն մէջ իր ցանկութիւնը կը յայտնէ երկու երկիրներու պատմաբանները հրաւիրել ուսումնասիրելու այդ ժամանակաշրջանը եւ հրատարակելու իրենց տեղեկագիրը այդ մասին, եւայլն, եւայլն… նշենք որ այս կէտին մէջ ալ դեսպանը անտեսած է բազմաթիւ կարեւոր իրականութիւններ. առաջինը՝ հակառակ անոր որ Թուրքիան շատոնց ճանչցած է Հայաստանի պետութիւնը, ցաւօք մինչեւ օրս կը հրաժարի դիւանագիտական պաշտօնական կապեր հաստատելէ անոր հետ, պայման դնելով ժողովուրդին յիշողութենէն ջնջել Ցեղասպանութեան վերաբերող ամէն ինչ, աւելին, տնտեսապէս շրջափակման կ’ենթարկէ Հայաստանը, անոր առջեւ փակելով դուրսի աշխարհ տանող միջազգային բոլոր ճանապարհները. Թուրքիան վերոյիշեալ պայմանները կը դնէ նաեւ շրջափակումը վերացնելու համար, հակառակ Թուրքիոյ վարչապետի հրաւէրին ընդառաջող հայկական պետութեան բազմիցս կատարած յայտարութիւններուն թէ Հայաստանը ոչ մէկ արգելք ունի երկու երկիրներու ընդհանուր պատմութիւնը ուսումնասիրելու, սակայն առանց նախապայմաններու ու քմահաճ եւ ստիպողական պայմաններու, այլ համաձայն միջազգային պաշտօնական չափանիշերու՝ երկու անկախ պետութիւններու միջեւ, որպէսզի նախ եւ առաջ օրինականութիւն ստանայ առնուելիք քայլը: Ուրեմն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու Թուրքիոյ պատրաստակամութեան խնդիրն ալ յարուցուած է հայոց կողմէ, որ կը սպասէ Թուրքիոյ պատասխանին:
Հայերը, ինչպէս եւ բոլորը, գիտեն որ եթէ կ’ուզես խնդիր մը ձգձգել եւ ջրել, պարզապէս զայն կը փոխանցես յանձնախումբերու, որոնք ամենայ վարպետներն են զայն ձգձգելու եւ անոր արդիւնքին յայտարարութիւնը յետաձգելու մէջ, եթէ ուզեն: Եթէ քանի մը հազարի շուրջ առեւտրական վէճ մը, կամ փոքր հողակտորի մը շուրջ տարակարծութիւնը դատարաններու մէջ տարիներով կը քաշքշուի, հապա ի՞նչ ըսենք ազգի մը դատին մասին, որ մէկ ու կէս միլիոն զոհ տուած է եւ նոյնքան մըն ալ իր զաւակներէն տեղահանուած ու բռնագաղթի ենթարկուած են: Աւելի կարեւորը. ո՞վ է այն կողմը որ պիտի ընդունի մասնագէտներուն եզրակացութիւնը եւ ինքն իր հանդէպ պիտի գործադրէ: Կասկած չկայ որ հայերը պիտի ընդունին այդ, բայց ի՞նչ կարելի է ըսել թրքական կողմի մասին: Թրքական կողմի հրաւէրը արխիւները մատչելի դարձնելու մասին չի պարփակեր անոր արդիւնքներէն բխելիք պարտաւորութիւններու գործադրման եւ տուժած կողմին հատուցումներ կատարելու դրոյթներ, այլ կը բաւարարուի. «Այս յանձնախումբը իր եզրակացութիւնը կը յայտարարէ ամբողջ աշխարհին», ինչպէս որ գրած է դեսպանը իր յօդուածին մէջ բառացիօրէն:
Յետոյ ի՞նչ: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ է օգուտը այսքան աղմուկին: Աչքերուն փոշի՞ ցանել եւ 93 տարուայ ցաւերէ ետք ամենայ սկիզբ վերադառնա՞լ է: Վստահաբար ասոր է որ կը ձգտի թրքական «ձգձգող» կողմը: Հայերը այսպիսի ականուած հրաւէր չեն ընդունիր, անոնք այսքան պարզամիտ չեն: Յօդուածին միւս կէտերէն են. «Հայերը սփռուեցան Օսմանեան
պետութեան ամբողջ տարածքով, անոնց զանազան հրոսակախումբերուն, ինչպէս հնչակներուն ու դաշնակներուն ընդհանուր ձգտումն ու նպատակը զուտ էթնիկ՝ ցեղային մաքրամաքուր հայկական պետութիւն մը յառաջացնելն էր օսմանեան հողերու վրայ, որուն մաս կազմէին հայաբնակ շրջանները եւայլն»: Պէտք է ընդգծելով լայն գիծ մը քաշել «Օսմանեան հողեր» բառերուն տակ. քանզի նշուող հողերը կը պատկանին բացառա—
պէս հայ ժողովուրդին երեք հազար տարիներէ ի վեր, սելճուքեան եւ թաթարական եւ ապա օսմանեան ցեղախումբերու տարածաշըրջան գալուստէն եւ անոր երկու հազարամեայ քաղաքակրթութիւնը աւերելէն շատ առաջ իսկ: Ակնարկուած հայկական հրոսակախումբերը իրականութեան մէջ ազգային ազատագրական եւ անկախութեան ձգտող խումբեր եւ օրինական շարժումներ էին, որոնց նպատակն էր ազատիլ թրքական զաւթիչ եւ ամօթալի լուծէն եւ փրկուիլ բէկերու եւ փաշաներու կամայական բռնութիւններէն, որոնց կ’ենթարկուէին իրենց ընտանիքները վեց դարերէ ի վեր, այդ շարժումներու նպատակն էր պահպանել ազգային ինքնութիւնն ու ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը, որոնք կ’արատաւորուէին նոյնիսկ օսմանեան ամենայետին գիւղապետի կամ ոստիկանի կողմէ, հայուն իր իսկ տան մէջ, արտին մէջ՝ իր պապենական հողերուն վրայ: Ահա այսպիսին էին հայերը եւ ոչ թէ դաւաճաններ կամ գործակալներ, ինչպէս որ կը տարածեն թուրքերը:
Յօդուածի վերջաւորութեան դեսպանը կը ջանայ արդարացումներ գտնել, ըսելով որ թրքական իշխանութիւնները հայերը տեղահանեցին պատերազմական շրջաններէ դէպի ապահով վայրեր, նաեւ կը յիշատակէ թրքական կառավարութեան ազնըւութիւնը նշելով թէ հայերը սպաննողներուն, կամ զանոնք տեղահանողներուն եւ այս ամէնը կազմակերպողներուն եւ գործադրողներուն դատավարութեան վերջաւորութեան մահապատիժի ենթարկուած են պատասխանատուներէն վաթսունեօթ անձեր: Ուրեմն այս եւ տրուած այլ տեղեկութիւններ կասկած չեն ձգեր որ ջարդերը իրապէս տեղի ունեցած են, անկախ թէ նախապէս ծրագրուած էին անոնք թէ ինչ որ պարագաներու արդիւնք էին. երկու պարագաներուն ալ արդիւնքը ողբերգական էր իր ամենազազրելի երեսով: Նոյնիսկ եթէ ենթադրաբար լաւ մտադրութեամբ գործադրուած ըլլան այս ամէնը, իրենց արմատներէն խլուելով տեղահանուեցան ու հեռաւոր վայրեր բռնագաղթի ենթարկուեցան երեք միլիոն մարդ, եւ հաստատն այն է, որ անոնց կէսը սպաննուեցաւ կամ մահացաւ, միւս կէսը սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, բռնագրուեցան անոնց տուներն ու արտերը եւ ամբողջ ունեցուածքը, ամբողջ շրջանին մէջ անոնցմէ մէկ ընտանիք իսկ չմնաց: Այս իրականութիւնը որեւէ ազնիւ կողմ չի կրնար դրժել, այլ կրնայ հաստատել միայն:
Գալով յօդուածի աւարտին նշուած հարցի «օրինականութեան երես»ին, յօդուածին մէջ տրուած բացատրութիւնները չեն կրնար ժխտել այլ ընդհակառակը, կը համապատասխանեն օսմանցիներու կողմէ կատարուածին ցեղասպանութիւն որակման. Վկայաբերենք իրականութիւնները. հայկական գաղութ ունեցող կամ չունեցող աւելի քան երեսուն երկիրներու եւ ամերիկեան քառասուն նահանգներու օրէնսդրական եւ սահմանադրական մասնագէտներ չի կրցան օրինապէս կամ սահմանադրականօրէն ժխտել պատահած դէպքերը եւ ընդունեցին զանոնք որպէս ջարդ ու Ապրիլ 24-ը իրենց երկիրներուն մէջ յայտարարեցին Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այսինքն պարզապէս յայտարարեցին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Չեմ կարծեր որ Ֆրանսայի, Իտալիոյ կամ Լիբանանի պէս երկիրներու խորհրդարաններ, իրենց վարկը, վստահելիութիւնն ու անունը վտանգեն, ընդունելով անօրէն յայտարարութիւն մը կամ միամտօրէն դիմեն նման քայլի, առանց նախապէս խորհրդակցելու իրենց երկրի օրէնսդրական, սահմանադրական մասնագէտներուն եւ պատմաբաններուն հետ:
Հարցը յստակ է, արեւու գոյութեան պէս յստակ եւ նոյնքան բացորոշ, որքան երեխայի խնդուքը, եւ չի կրնար ենթակայ դառնալ խորամանկութեան կամ հասարակացման, այն պարզապէս, եւ ոչ աւելի, կարիքն ունի Թուրքիոյ կողմէ ինքն իր հետ համարձակ ու վեհանձն կեցուածքի, եղածը ընդունելու որպէս ջարդ, բանալու նոր եւ լուսաւոր էջ, ի նպաստ երկու ժողովուրդներուն, յանուն անոնց բարօրօրութեան եւ զարգացման:
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 11-6-2008, Քուէյթ
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 16-6-2008, Պէյրութ
Քուէյթի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Տիար Շաքէր Վաքիլին (2004-2008) այս կամ այն ձեւով կապակցուած էր իմ անձիս եւ իմ յօդուածներուս հետ, որոնք տեսակ մը յարձակողական պաշտպանութիւն էին թուրք ղեկավարներու միջազգային հեռատեսիլային կայաններու կամ տեղական մամուլի ընդմէջէն կրկնուող եւ մեր՝ հայերուս դատը վատաբանող յայտարարութիւններուն դէմ: Ամէն անգամ որ ուզէի դեսպանին կամ իր տէրերուն մէկ սխալ տեղեկութիւնը ուղղել, կը պատասխանէր յօդուածիս առանց անունս նշելու, կը բաւականանար ըսելով. «Այսինչ թուականի այսինչ թերթին մէջ լոյս տեսած այսինչ յօդուածին հեղինակը» եւ ողջունելէ ետք թերթին խմբագիրը, կը սկսէր իր ճայթած ձայնապնակի ուռճացուած, կրկնուող յանկերգին որ վարժըւած ենք անընդհատ լսել, թէ՝ հայերուն պատահածը բըռնագաղթ կամ ցեղասպանութիւն չէր, թէ՝ ճակատամարտերու վտանգաւոր գօտիէ ապահով վայրեր տեղափոխում էր, թէ՝ անոնք —այսինքն հայերը— ռուսերու հետ դաւեցին Օսմանեան պետութեան դէմ եւ դաւաճանեցին օսմանցիներուն, եւ թէ այն պետութիւնները, որոնք բացէ ի բաց ընդունեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ հեռաւոր Լատին Ամերիկեան Ուրուկուէյը, ընտրական շահախնդրութիւններէ կը մղուէին: Այս եւ նման պատասխաններ որոնցմէ ոչ մէկուն կրնանք հաւատք ընծայել, ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ ոեւէ
մէկ օտար, ըսուածներուն տրամաբանական ըլլալէ շատ հեռու ըլլալուն համար:
Ուշադիր ընթերցողը չէր կրնան հարց չտալ.-Ինչպէ՞ս կրնայ նորին վսեմութիւն դեսպանը յաւակնիլ պնդելու, թէ հայերուն հետ կատարուածը նախապէս ծրագրուած եւ հետապնդուած բռնագաղթ կամ ցեղասպանութիւն չէր, երբ անոնցմէ ոչ մէկը իր տունը վերադարձած է պատերազմի աւարտէն ու հաւաքական տեղահանութեան, ըստ վսեմաշուք դեսպանին «ապահովական», յաջորդող ամբողջ իննըսուն տարիներուն:
Դեսպանին այլ ուռճացած յանկերգն է օսմանեան արխիւներուն մատչելիութիւնը բոլոր հետաքրքրուողներուն համար, եւ թէ թրքական իշխանութիւնը որեւէ բան չունի պահելու իր Օսմանեան շրջանի եւ Կայսրութեան անկումէն մինչեւ Աթաթուրքի իշխանութեան գլուխ գալու շրջանի պատմութենէն, մինչդեռ բոլորին քաջ յայտնի է որ թրքական արխիւը բացուեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն ութսուն տարիներ ետք միայն, հակառակ չէզոք ուսումնասիրողներու բազմաթիւ պահանջքներու պնդման, երբ կատարուած դէպքերէն արդէն յիսուն տարի անցած էր, որ ապահովական պատճառներով պետութիւններու արխիւները փակ պահելու սահմանուած ժամանակն է: Բոլորին յայտնի է նաեւ այն, որ արխիւներէն վերցուեցան այն բոլոր արատները, բիծերն ու կասկածելի կէտերը, որոնք կրնային ամբաստանել թուրքերը, արխիւները մատչելի դարձան միայն ամբողջական «մաքրագործումէ» ետք, հետեւաբար անհեթեթութիւն է ըսել, թէ արխիւները մատչելի են բոլորին, առաւել եւս երբ Թուրքիոյ մէջ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի արտասանելու «Ջարդեր» կամ «Ցեղասպանութիւն» բառերը, ապա թէ ոչ կը պատժուի թիւ 301 քրէական օրէնքի նորաստեղծ քրէական պատիժներով:
Կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումս դեսպան Շաքէր Վաքիլին հետ Պելճիքայի դեսպանի տան պարտէզին մէջ, այդ երկրի թագաւորի գահակալութեան տօնակատարութեան առթիւ:
Հրաւիրեալներէն էի, նոյնպէս եւ թուրք ու ազերի դեսպանները, վերջինիս ծանօթ էի իր արտաքինէն, որովհետեւ ան յաճախ կը տեսնուէր թերթերու էջերու վրայ, եւ կը յարձակէր հայերու վրայ զանոնք նկարագրելով ամենայ տգեղ ածականներով: Այսպիսի առիթներու ընթացքին, ինչպիսին էր այդ օրուանը, սովորութիւնն էր, որ հրաւիրեալները իրար բարեւէին, ծանօթանային իրարու եւ քաղաքավարական ընդունուած բառեր փոխանակէին: Լրագրող ընկերս, որուն հետ կը զրուցէի, ծանօթացուց զիս թուրք դեսպանին, հազիւ արտասանած էր անունս, թուրք դեսպանի դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, դարձաւ բարկաճայթ եւ խօսքը այնպիսի ջղայնութեամբ ինծի ուղղեց, որ չէի ակնկալեր հաւասարակշռուած դիւանագէտէ մը.-
Ինչպէ՞ս կրնաք դուք հայերդ ձեր ազգային զինանշանին վրայ դնել նկարը լերան մը որ ձեզի չի պատկանիր (անշուշտ նկատի ունէր բռնագրաւուած Արարատ լեռը)- Դուք որ դաւաճանեցիք մեր երկրին, դուք որ յարձակեցաք մեր վրայ… եւայլն, եւայլն: Իմ կարգիս պատասխանելով ըսի, որ Արարատ լեռը հազարաւոր տարիներէ ի վեր հայերուն կը պատկանի, մենք դարեր ապրած եւ հասակ առած ենք անոր լանջերուն, խմած ենք անոր ակերուն ջուրը. Արարատը մերն է նոյնիսկ եթէ այն այսօր կը գտնուի ձեր արհեստական սահմաններէններս: Հազիւ խօսքերս վերջացուցած, դարձաւ ինծի ըսելով.- Եթէ այդպէս է… ապա արհամարհական ոճով մը անգլերէնով շարունակեց.-«Come and take it», այսինքն «Եկէք եւ առէք»…
Այդ պահուն, թերեւս ալ մեր վէճը լսելով մեզի մօտեցաւ ազերի դեսպանը, թրքերէնով թուրքին ըսելով.-Ի՞նչ կայ, եղբայրս: Թուրք դեսպանը պատասխանեց.-Նայիր, ինչ կ’ըսէ այս հայը, կ’ըսէ թէ «Աղրի» լեռը իրենցն է եւ այլ բաներ…: Ազերի դեսպանը միջամուխ կ’ըլլայ մեր զրոյցին նոյն սրութեամբ ըսելով, թէ հայերը գրաւած են իրեց հողերը, վտարանդի դարձուցած իրենց ժողովուրդը, եւ թէ հայերը բռնակալներ են, վայրենիներ եւ նախայարձակներ…
Անշուշտ իմ պատասխանս ալ նոյն սրութիւնը ունէր. ըսի.-Ձեր վերագրումները ճշմարիտ չեն եւ շատ հեռու են իրականութիւն ըլլալէ, հողը մեր հողն է՝ հայերունս, եւ թէ եռթանասուն տարի ազերիական տնօրինութեան տակ մնաց սովետական իշխանութիւներու եւ անոր ղեկավար Սթալինի կարգադրութեամբ: Այդ ընթացքին դուք հայերը բռնադատեցիք եւ գերի դարձուցիք զանոնք, դուք հայերը աղքատ եւ զրկուած պահեցիք, դուք աւերեցիք մեր ազգային քաղաքակրթութեան ամբողջ դիմագիծը մեր հայրենի Ղարաբաղին մէջ, դուք ջնջեցիք մեր մշակութային հետքերը, եւ հիմա հնչած է մեր հայրենիքը ազատագրելու ժամը, եւ այնտեղէն վերացնելու անարդարութիւնը: Մեր կատարածը այս էր միայն:
Ջիղերու լարուած վիճակով մի քանի մեղադրանքներ փոխանակելէ ետք, երբ արդէն հիւրերու թիւը աւելցած էր, ամէն մէկը գնաց իր ճամբով, կամ զբաղեցաւ այլ հիւրով: Ես երբեք չմոռցայ այն թշնամական նայուածքները, որոնք կ’ուղղուէին ինծի ամէն անգամ, որ աչքերս անոնց աչքերուն կը հանդիպէին այդ հանդիսութեան ընթացքին: