Ինծի համար անկարելի կը թուէր պարզապէս խաղաղ ու անտարբեր մնալ այն զգացումներուս հանդէպ, որոնք ունեցայ Հայաստան վերջին այցելութեանս ընթացքին, այդ պայծառ առաւօտուն, երբ ժամէ մը աւելի ինքնաշարժով կ’անցնէի Արարատ լերան կամ Մասիսի զոյգ գագաթներու մօտէն:
Անկարելի է բացատրել այն կսկիծի զգացումը, որ անընդհատ զիս կը մտատանջէր, մինչ արցունքը աչքերուս ընդմէջէն կարծես պիտի ժայթքէր իւրաքանչիւր քիլոմեթրի ընթացքին: Աչքերուս առջեւ ամենայն յստակութեամբ կը տեսնէի մանրամասնութիւնները այս բարձր ու սպիտակ գագաթին, որուն վրայ որպէս ամպհովանի գունդ առ գունդ կը խտանային սպիտակ ամպեր ու կ’իջնէին մօրուսն ի վար, կարծես իրեն պաշտպան հանդիսանալու ու զօրակցելու… մինչ առաւել պայծառութեամբ կը տեսնէի լերան ստորոտը տարածուող կանաչ դաշտերն ու այգիները, որոնք կը բարձրանային լանջն ի վեր:
Չափազանցած պիտի չըլլամ երբ ըսեմ, թէ կարծես կը տեսնէի քայլերը արածող հօտերուն, եւ կը լսէի աքաղաղներուն կանչերը: Սքանչելի տեսարան մըն էր: Աստուծոյ շնորհքը պակաս մնացած չէր այդ օրհնուած լերան վրայ, որուն շնորհիւ ստեղծագործուած էր Նոյի տապանին պատմութիւնը, որմէ ծնունդ առաւ մարդկային եւ այլ արարածներու կեանքը ու յայտնուեցաւ սպիտակ խաղաղութեան աղաւնին, ձիթապտուղի ճիւղը իր կտուցին: Սկիզբ առին քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ, առաքեալներ ու մարգարէներ, ծառայելու համար մարդկութեան եւ համայնաշխարհին:
Հայ ժողովուրդի յիշատակներն ու զգացումները առնչուած լերան հետ կ’երկարին երեք հազար տարիներու տարածքին, քաղցրութեամբ եւ դառնութեամբ: Այս խորհրդաւոր վայրին մէջ այս ժողովուրդը գիտցաւ յաղթանակներ տանիլ ու պարտութիւններ ընդունիլ, տեսաւ զինուորական բանակներ ու վայրագ յարձակումներ, եւ ակամայ առնչուեցաւ բիւզանդացիներու, պարսիկներու, հռոմէացիներու, արաբներու, սելճուքներու, ռուսերու եւ օսմանցիներու հետ, որովհետեւ բոլորը անցան հոնկէ, բոլորը գրեցին, ստեղծագործեցին եւ գիտակցեցան, թէ հողը որուն վրայ կը կենան եւ լեռը որ զիրենք կը դիտէ, կը կոչուի Հայաստան: Ոչ ոք ուրիշ բան ըսաւ, նոյնիսկ պատմական գիրքերը հակառակը չըսին, որովհետեւ այս իրականութիւնը ոչ ոք կրնար ուրանալ:
Ծանօթ իրողութիւն է բոլորին, թէ այս վեհ գագաթը հայկական լերան սեփականութիւնն է, սակայն վերջին 80 տարիներուն կարգ մը բռնադատուասծ պատճառներու հետեւանքով լեռն ու անոր գագաթը յանկարծ դարձան թրքական: Անոր բռնագրաւումէն ետք, մեր պապենական հայրերէն մնացած այլ սիրելի հողերու հետ միասին դրուեցաւ թրքական նոր գծուած սահմանէններս, ներկայ Հայաստանէն մէկ ոտքաչափ հեռաւորութեամբ (լայնքը Արաքս գետի հոսանքին, որ կը բաժնէ Հայաստանը եւ Արարատ լեռը ներկայ Թուրքիայէն միայն 50 մեթր է):
Մասիս լերան գոյութիւնը Հայաստանի սահմաններէն դուրս եւ զայն այդպէս ընդունիլը կը նմանի Երուսաղէմի սահմաններէն դուրս ընդունիլ «Աքսա» մզկիթի գոյութիւնը: Բիւր պատմուածքներ, առասպելներ եւ դիւցազներգութիւններ կը լեցնեն գիրքերն ու գրական հանդէսները թագաւորներու, իշխաններու եւ քաջերու անմահ հերոսութիւններով, որոնք ժամանակի ընթացքին յայտնաբերուեցան մատնանշելու համարանոնց ուժգին սէրն ու հոգեւոր կապը իրենց վսեմ ու փառաւոր լերան հետ, որ մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ անբաժանելի մէկ մասը հայկական ազգային պատմութեան:
Ջինջ եւ քաղցր երաժշտութիւն, խանդավառ քայլերգներ, սքանչելի բանաստեղծութիւններ գրուեցան ու հազարներով հիւսուեցան մեծարելու եւ գովաբանելու համար Արարատ լեռը: Անդին տառապող սրտեր մերթ հրճուեցան եւ մերթ ալ կարօտով լեցուեցան, աչքեր արտասուք թափեցին նոյն պատճառներով:
Սքանչելիօրէն գծագրուած նկարներ զարդարեցին ազգային դրօշը եւ գրաւեցին պետական ազգային կառոյցներու ճակատները, նաեւ զարդարեցին աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող իւրաքանչիւր հայու տան պատերը, ինչպէս որ Աքսա մզկիթին նկարը անպակաս կը մնայ իւրաքանչիւր իսլամական տունէ ներս:
Շտապ անհրաժեշտութիւն կը նկատուի Արարատ լերան վերադարձը իր սեփական տէրերուն՝ խորհրդանիշը ազգին, նախքան ջնջուիլը հայ մշակներուն ոտնահետքերուն, անհետացումը «հորովել»ներուն՝ լերան ստորոտը գոմէշներուն օգնութեամբ մշակող սերմնացանին հովուերգութեան արձագանգին: Իւրաքանչիւր եղանակի աւարտին, բերքի արգասիքին համար երախտագիտութիւն յայտնելու տօնակատարութիւններու ընթացքին, եւ նաւասարդերու պարերու, եղանակներուն նախքան անհետանալը անհրաժեշտ է որ Արարատը վերադառնայ հայ ժողովուրդին, որպէսզի բարգաւաճի անոր հարազատ գիրկին մէջ եւ առաւել հարստանայ բուրումնաւէտ ու հրաշալի ծաղիկներով: Անհրաժեշտ է Արարատին վերադարձը, որպէսզի մայր երկիր վերադառնան ու համախմբուին երիտասարդները անոր շուրջ, փոխանակ ցրուելու օտար կամ բարեկամ երկիրներու մէջ:
Պայման է որ նախախնամութիւնը տեղի տայ եւ վարձահատոյց ըլլայ հայ ժողովուրդին, իրաւունքները վերադարձնէ իրենց տիրոջ եւ վերացուին անարդար ու դաժան պայմանները, որոնք պարտադրուեցան հայ ժողովուրդին այնպիսի ժամանակահատւածի մը մէջ երբ ինք կը տուայտէր երկու հզօր ուժերու միջեւ, թրքական եւ ռուսական, շրջանային ծանր քաղաքական պայմաններու տակ:
Անհրաժեշտ է որ մեր երկրին սահմանները վերանան եւ վերստին գծուին, որպէսզի Հայաստանը դարձեալ ընդգրկէ իր գրաւեալ հողամասերը, որոնք անգթօրէն բռնագրաւուեցան իրենց հարազատ տէրերէն: Պայման է վերադարձը Սրբութեան Սրբոցին, վերջ տալու համար մեր օրհնուած լերան բռնագրաւումին, ընդմիշտ հեռացնելու համար իրմէ աղերս, ողբ, օտարութիւն եւ տխրութիւն, եւ այդպիսով հայերուն սրտերը դարձեալ լեցնելով ուրախութեան ու հաճոյքի ջերմ զգացումներով:
Եւ այսպիսով կը շարունակեն միասին ապրիլ մնացած ժողովուրդի խմբակները, որոնք բնակութիւն հաստատած էին անոր շուրջ:
Անհրաժեշտ է անոր վերադարձը, որպէսզի շարունակուի բարգաւաճող, յառաջդիմող քաղաքակակրթութիւնն ու մշակոյթը, որոնք հիմնուած էին պարսիկներու, փարաւոններու օրերուն եւ ասորիներու Շամիրամ թագուհիի գահակալութեան ատեն, ու հասած ամենաքաղաքակիրթ ժամանակաշրջանները: Եւ ինչպէս որ արաբ բանաստեղծ Ապտ Ալ Քասէմ Ալ Շապի կ’ըսէ.-«Եթէ օր մը ժողովուրդը ցանկայ կեանք, անհրաժեշտ է որ ճակատագիրը պատասխանէ անոր»:
Եւ այսպէս ալ հայերը այսօր կը բարձրացնեն իրենց աղօթքները լեցուն յոյսով եւ հաւատքով, կոչելով «Անհրաժեշտ է որ ճակատագիրը պատասխանէ մեզի»:
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 12-11-2008, Պէյրութ
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 14-11-2008, Քուէյթ
«ԶԱՐԹՕՆՔ», 2009 Բացառիկ, Պէյրութ
Հայացուց Դալար Տէր Վարդանեան
«Զարթօնք»