<<Պիտի Հասնինք Սրբազան Լեռ՝ Կատարիդ>>
Հակառակ անոր որ այս յօդուածց գրելու նպատակով մտքերս սկսած էի հաւաքել 31 Օգոստոսէն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու նախահաստատման ստորագրուած արձանագրութեան յայտարարութեան թուականէն առաջ, այսուհանդերձ, չեմ կարծեր որ անիկա ժամանակավրէպ պիտի նկատուի, որովհետեւ յօդուածը գրելու տուն տուող դրդապատճառները տակաւին գոյութիւն ունին եւ այդպէս ալ պիտի մնան, նոյնիսկ վերջերս յայտարարուած արձանագրութիւններուն գործադրութենէն ետք, եթէ անոնք գործադրուին առանց բարեփոխումի: Եւ ես տակաւին կը վախնամ, որ այս արձանագրութիւններուն գործադրութիւնը դժբախտաբար ալ աւելի պիտի բարդացնէ գոյութիւն ունեցող անօրինական վիճակը:
1921 թուականին, Հայաստանը ակամայ ընդունեց Կարսի համաձայնագիրը եւ ենթարկուեցաւ այդ օրերու մեծ պետութիւններու կամքին: Հայաստան կը գտնուէր քաղաքական եւ տնտեսական իր ամենատկար նաեւ յուսալքուած եւ պարտուած վիճակին մէջ: Նշեալ պատճառներով ալ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդին կարծիքը չառնուեցաւ, ինչպէս նաեւ կար ուրիշ պատճառ մը, այդ օրերուն, իբրեւ տիրական ուժ, ինքզինք հաստատած Խորհրդային Միութիւնը հայութեան փոխարէն ստանձնեց Աթաթիւրքին հետ բանակցելու պարտականութիւնը (այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք կը նմանին Սայքս—Փիքոյի համաձայնագիրի պայմաններուն, որուն պատճառաւ արաբական երկիրները լուսանցքայնացան իրենց սահմաններուն ճշդումին ընթացքին). հայոց իրաւունքները ոտնակոխելով Խորհրդային Միութիւնը նախընտրեց տարբեր ռազմավարական շահեր՝ Թուրքիոյ զիջելով հայկական տարածքներ, որոնք հսկայական հողատարածքներ եւ բազմաթիւ քաղաքներ ու հազարաւոր գիւղեր կ’ընդգրկեն Արեւմտեան Հայաստանէն, որ կը նկատուի հայկական քաղաքակրթութեան բնօրրանը:
Զիջուած հողատարածքները անարդարօրէն ընդգրկեցին նաեւ հայոց սրբազան Արարատ լեռը կամ Մասիսը (թրքերէնով՝ Աղրը) իր զոյգ գագաթներով: Այս սրբազան լեռը, որ իր դաշտերով, պատմութեան ընթացքին էր եւ մինչեւ այսօր ալ կը մնայ հայ ազգի զաւակներուն՝ մանուկներուն, երիտասարդներուն, ալեհեր ծերունիներուն, բանաստեղծներուն, բանախօսներուն եւ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ներշնչանքի աղբիւրը: Անիկա աղբիւրն է մեր ազգի աւանդութիւններուն, ուրախութեան, բերկրանքին, ապրումներուն, քաջագործութիւններուն, դիւցազներգութեանց եւ առասպելներուն: Անիկա մեծ ազգի մը օրրանը նկատուող հերոսական հողն է, որ դարեր շարունակ նոյնիսկ օր մը չէր դադրած մեզ իր գուրգուրանքին առարկան դարձնելէ մինչեւ անոր բռնախլումը 90 տարիներ առաջ:
Եւ այսպէս մենք հայերս, այս կենդանի օրրանին դիմաց մեր տածած յորդառատ սիրոյն հետեւանքով տակաւին կը փառաբանենք զայն, կարծէք մեր մնայուն սեփականութիւնն է, որ չէ բռնագրաւուած, ոչ ալ բռնախլուած է: Մեր կողմէ անոր չափազանցըւած սրբացումին պատճառով մեր սիրտերը չզգացին եւ մեր միտքերը չընդունեցին, որ կորսնցուցած ենք զայն, եւ մեր քաղաքամայր Երեւանէն այնքան մօտ տարածութենէ մը ամէն օր անոր պատկառազդու եւ սիրելի տեսարանը դիտելէն գինովնալով երազեցինք, որ եթէ ոչ այս տարի ապա անպայման յառաջիկայ տարի անոր ստորոտին պիտի կազմակերպենք մեր աւանդական Նաւասարդեան փառատօնները: Տարուած բազմաթիւ կենսական հոգերով, որոնք մեզի պարտադրուեցան եւ ուշաթափեցին մեզ, ափսոս, ենթադրեցինք, որ անոր հողը տակաւին կը մնայ անարատ, եւ հաւատագինք, որ անոր տանող ճամբան երբեք չէ կտրուած:
Մենք, այս հողին տէրերը, որոնց արմատները որոգուած են անոր յորդառատ առուներով, պէտք է արթննանք մեր թմբիրէն եւ մերժենք որեւէ համաձայնագիր կամ փաստաթուղթ, որ մեր սիրելի Արարատ լեռը կը պահէ մեր շունչէն հեռու, մեզի կը պարտադրէ զայն դիտել թախիծով սահմանային փշաթելերու ետեւէն՝ քարընկեց մը հեռու, եւ որ կ’արգիլէ մեզի համբուրել անոր հողը:
Այո՛, մենք հանգիստ պիտի չունենանք, մինչեւ որ մեր պաշտելիլեռը վերադառնայ իր պատկանած ժողովուրդին եւ հայրենիքին՝ Հայաստանի գիրկը, մինչեւ որ չախչախուին անոր շղթաները եւ ազատագրուի բռնագրաւումէն:
Մինչ այդ, սակայն, եւ այս է միտք բանին, զայն պիտի կոչենք «Բռնագրաւուած Արարատ», կամ «Բռնախլուած Արարատ, կամ ալ, ինչու չէ, «գերեվարուած Արարատ», կամ որեւէ որակում, որ մեր մէջ վառ կը պահէ մաքարումի ոգին եւ սրբազան լեռը վերադարձնելու տենչը, ամէն անգամ որ հեռուէն նայինք անոր, այն նոյն զգացումներով, որոնցմով արաբները կը նային գրաւեալ Երուսաղէմի Աքսա մզկիթին, ամէն անգամ երբ լսենք անոր նուիրուած քերթուածի մը մէկ տունը, կամ դիտենք անոր պատկերը մեր տուներուն մէջ, եւ մանաւանդ ամէն առաւօտ երբ գուրգուրանքով ու սիրով մեր նայուածքները կ’ուղղենք դէպի մեր ազգային կարգախօսն ու խորհրդանիշը դարձած վեհօրէն վեր խոյացող եւ մեր աչքերուն դէմ ցցուող Լեռը:
Մենք՝ իբրեւ ազատ անհատներ, ինչպէս աշխարհի բոլոր ազատատենչ մարդիկ, չենք ընդունիր նման արժէքազրկում եւ անարգանք, ո՛չ ալ քաղաքակիրթ աշխարհը կ’ընդունի այսպիսի անարդարութիւն: Բնական է եւ արդար, որ պատմական իրաւունքները վերադարձուին հայ ժողովուրդին, որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի, եւ որպէսզի անարգանքի արիւնոտ վէրքը դադրի արիւնոտել մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերը սերունդէ սերունդ եւ արգիլէ արժանապատուութեան եւ հպարտութեան զգացումով տոգորուիլ, ինչպէս նաեւ հպարտանալ աշխարհի սկիզբէն կերտուած փառաւոր պատմութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ մշակութային ժառանգութեամբ՝ պապենական բոլոր հողերուն վրայ, եւ պատմական իրաւունքներու վերատիրութեամբ՝ վերնագիր ունենալով վերադարձը՝ նախ եւ առաջ վերադարձը ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ԱՐԱՐԱՏին:
ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 26-9-2009, Պէյրութ
ԱԶԴԱԿ», 30-9-2009, Պէյրութ
ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 5-10-2009, Քուէյթ
Թարգմանութիւնը՝ Ազդակ»ի
Արարատ լերան մասին որեւէ խօսք կ’արթնցնէ իւրաքանչիւր հայ մարդու զգացումներն ու ներքին ապրումները, որովհետեւ սիրահարութիւնն ու պաշտամունքը այս լերան հանդէպ ձեռք ձգուած սովորութիւն չէ, այլ արմատացած ժառանգութիւն:
Քուն թէ արթուն, հայ մարդու երակներուն մէջ կը հոսի սէրը հանդէպ Արարատը: Հայու աչքը ո՛ր լերան նկարի վրայ ալ իյնայ՝ թերթի մը, պարբերաթերթի մը էջերուն, կամ պատի օրացոյցի մը վրայ, ըլլայ այդ Ափրիկեան Թանզանիոյ Քլէմանժարոյի նկարը, կամ Ճափոնական Ֆուճի լերանը, ապա անմիջապէս կը յիշէ իր սիրեցեալ լեռը եւ ինքնաբերաբար կը սկսի համեմատել այդ լեռերունը Արարատ լերան գեղեցկութեան հետ եւ անպայման պատճառ կը գտնէ իր լեռը այլ լեռերէն աւելի չքնաղ նկատելու:
Հայուն կը թուի թէ հայոց լեռը ունի ա՛յլ պատկառանք եւ վեհութիւն, զորս չունին այլ սարեր. Արարատի գագաթի ձիւները աւելի համաչափօրէն կը փռուին քան այլ այլ լեռներու ձիւները: Արարատի գագաթները աւելի բարձր են, լանջերը աւելի ընդարձակ. Արարատը հայրենիքն է առասպելներու եւ հէքեաթներու, որոնք կը ջերմացնեն հայուն սիրտը այս լերան ձորերուն, դաշտերուն եւ անտառներուն մէջ ստեղծուած դիւցազնավէպերով, եւ կը պարուրեն իր էութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս լերան հետ ապրած եւ այս դիւցազնավէպերը արձանագրած թագաւորներու եւ իշխաններու կատարած սխրագործութիւններով եւ հերոսութիւններով:
Այս լեռը հայոց հպարտութեան ակունքն է, կարծէք իրենք իրենց ձեռքով կառուցած են զայն յաջորդական սերունդներու աշխատանքով. Ճարտարապետները նախագըծած են զայն, նկարիչները սքանչելիօրէն նկարած են եւ իրենց ստեղծագործ վրձինով անոր տուած են անոր անգերազանցելի փայլք, վարպետ շինարար որմնադիրները տարուէ տարի շարած են անոր ամրակուռ քարերը: Արարատը իր զոյգ գագաթներով տասնեակ դարերէ ի վեր ծնողքի մը նման իր օրհնութիւնը տարածած է եւ կը տարածէ իր զաւակներուն վրայ:
Չեմ կարծեր որ ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայերուն մէջ մատերու համրանքէն աւելի հայեր գտնուին, որոնք իրապէս համոզուած ըլլան եւ ընդունին որ Արարատ լեռը այլեւս կը պատկանի ուրիշին՝ ոչ քիչ ժամանակէ ի վեր. հայերը չեն հաւատար որ ներկայ իրողութիւնը հակառակ իրենց կամքին կը պարտադրէ այս իրականութիւնը, եւ թէ միայն հրաշքը կրնայ այս իրավիճակը փոփոխել եւ վերադարձնել իր բուն վիճակին:
Հայը չի հաւատար որ Արարատ լեռը, որուն վրայ հանգըրուանած է Նոյան տապանը, եւ որ յիշուած է սուրբ գիրքերու եւ այլ արժանահաւատ աղբիւրներու կողմէ, կրնայանունը փոխուած ըլլալ եւ վերածուած թրքականի՝ կոչուելով Աղրի Տաղ: Հայը նաեւ չի հաւատար որ պատմութիւնը սկսած է ստել, հայը չի հաւատար որ գրուած այն բոլոր բանաստեղծութիւնները, գծուած այն բոլոր նկարները մեր բանաստեղծներուն եւ նկարիչներուն կողմէ, եւ գործադըրւած այն ճիգերը հանրութեան առաջ ոգեւորութեամբ արտասանելու այդ բանաստեղծութիւնները, երգելու դպրոցական կամ համաշխարհային բեմահարթակներու վրայ, եւ որոնցմով ինք մանկուց մինչեւ երիտասարդութեան տարիք եւ ծերութեան հասակ դաստիարակուած է անհաւատալի անհեթեթութիւն է, որովհետեւ ան յանկարծ կը յայտնաբերէ որ այդ ամբողջ սիրոյ եւ պաշտամունքի առարկայ լեռը իրեն չի պատկանիր, եւ թէ ինք տէրը չէ այդ լերան, որեւէ կապ չունի անոր հետ… Ճակատագրի ինչպիսի՜ ծաղր…
Զանազան առիթներով յիշատակած եմ Արարատ լեռը իմ յօդուածներուս մէջ, սակայն անոր մասին վերջին երկու յօդուածներս ունին իրենց յատուկ պատճառները. առաջինը 2008 թուականին Հայաստան կատարած այցելութիւնս էր, երկրորդը՝ 2009 թուականին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ սկսելու գծով ստորգրուած փրոթոքոլն էր երկու երկիրներուն միջեւ:
Առաջին առիթը մօտիկէն եւ ուղղակի հանդիպումս էր մեր սիրեցեալ լերան հետ, այն փայլող առաւօտը երբ կինս եւ ես կ’երթայինք հանգուցեալ հօրս՝ Ներսէս Գույումճեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բացումը կատարելու ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի Քաջատաղ շրջանի Օրեկան գիւղին մէջ: Ճանապարհը երկար էր (վեց ժամ Ճիփ Լէնտ Րովըր—ով): Ինքնաշարժը կը վարէր մեր ընտանիքի բարեկամ Տիգրանը: Երեւանէն ելլելէ ետք, դէպի հարաւ արեւմուտք մօտ մէկ ժամ քշելէ ետք, դէմ առ դէմ գտնուեցայ մեր սիրելի Արարատին հետ… անկեղծօրէն ըսելով եւ իսկապէս առանց որեւէ չափազանցութեան, ներսս յորդեցաւ եւ իմ ամբողջ էութիւնս լեցուեցաւ բուռն զգացումներով,կարծէք թէ աննկարագրելի բան մը կը ճնշէր կուրծքս. Ես կարծէք սրբավայրի մը մէջ կը գտնուէի եւ միայն ու միայն կրնայի խոնարհիլ անոր առջեւ. կարծէք լուսապսակ սուրբի մը կամ մարգարէի մը առջեւն էի, որ կը շլացնէր տեսողութիւնս եւ կը բռնկեցնէր հոգիս. դեռ կարծէք գտած էի սիրելի մը, վաղուց կորսնցուցած թանկագին էակ մը որուն բացակայութիւնը խոցոտած էր սիրտս եւ … եւ ահա ան կենդանի, շնչաւոր, կանգնած է դիմացս:
Այո՛, ես պարուրուած էի այնպիսի զգացումներով, զորս նկարագրելու համար իմ գրիչէս աւելի վարպետ գրիչի կարիքը կայ, իմ լեզուէս աւելի՝ ճարտար լեզուի: Իմ զգացումներս երջանկութեան եւ տխրութեան ու թախիծի խառնուրդ էին: Կարծէք գտած էի վաղուց կորսնցուցած սիրուհիս, եւ ահա զայն կը վերագտնեմ, ողջ, կենդանի, աւելի սիրուն, աւելի գեղեցիկ, մօտիկ հոգւոյս եւ սրտիս, մասնիկ մը էութենէս, որ կը պարուրէ զիս արբեցուցիչ բուրմունքով եւ սակայն… ո՜հ, ի՛նչ դժբախտութիւն… չեմ կրնար մօտենալ իրեն, որովհետեւ ան ուրիշի գրկին մէջն է… ճակատագրի ինչպիսի՜ դառն ծաղր, ինչպիսի՜ հեգնանք: Երկրորդ յօդուածս՝ վերնագրեալ «Բռնախլուած Արարատ Լեռը». Դարձեալ արդիւնք է մեր պաշտելի լերան անբընական վիճակին հետեւանքով, մեր հայերուս ամենօրեայ գրգռեալ ապրումներուն: Օրինակ. Գիշեր մը, Հալէպի «Վիլլաներ» թաղամասի հայկական կեդրոնի մը մէջ, ընթրիքի սեղանի շուրջ նստած, երեք ընկերներ եւ ես սկսանք զրուցելմեր ազգի մտահոգութիւններուն եւ տեսլականներուն, անցեալին եւ ի մասնաւորի ներկային մասին: Մեր զրոյցը հաճելի էր եւ շինիչ: Ես իմ զրուցակիցներուս առջեւ դրի հարցադրում մը, այն վաղուց մէջս ծագած հարցում մըն էր, որուն գործադրման իրականացումը ես ինքս իսկ կասկածի տակ դրած էի: Զիս մտատանջող հարցումը հետեւեալն էր. Ինչո՞ւ չենք գործածեր «գրաւեալ», «խլեալ« կամ նման ածականներ երբ ամէն անգամ յիշատակենք «Արարատ» անունը, տեղեկատուական միջոցներու մէջ, մեր դասախօսութիւններուն մէջ, մեր սենեակները զարդարող գծուած կամ տպուած Արարատի նկարներուն տակ, ինչպէս որ կ’ընեն այլ ազգերու զաւակներ, որոնց երկրէն մաս մը գրաւուած է.,. ինչպէս օրինակ. սուրիական Կոլանի բարձունքները, կամ երկբաժան Կիպրոսը, բռնագրաւուած Երուսաղէմն ու Աքսա մզկիթը, բռնագրաւեալ Ալեքսանտրէթի սանճագը եւ նման բազմաթիւ բռնախլուած հողամասեր:
Ինչպէս ըսի, այս նիւթը կը չարչրկէր միտքս եւ սակայն ոեւէ մէկուն չէի արտայայուեր այդ մասին: Այդ երեկոյ սեղանակիցներս այնպիսի մարդիկ էին, որոնց կարծիքները տրամաբանական կը գտնէի: Սեղանակիցներէս էին յայտնի գրող Բժիշկ Թորոս Թորանեանն ու Հայկազեան Վարժարանէն նախարթարանի դասընկերս՝ գերմանաբնակ բժիշկ Սարգիս Քէհեէեանը:
Առիթը յարմար գտայ հարցադրումս կատարելու, մտադրելով որ եթէ սեղանակիցներս առաջարկիս համամիտ գտնուին, յետագային կ’որդեգրեմ զայն: Այդպէս ալ եղաւ: Խօսքս հետեւեալ կեպով շարադրեցի. Իմ կարծիքով մենք հայերս կը սխալինք երբ ամէն անգամ որ «Արարատ»ը յիշատակենք, «բռնագրաւեալ» բառը չենք կցեր անոր, չէ՞ որ այն ներկայի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս չի գտնուիր, այլ՝ Թուրքիոյ»: Այս յառաջաբանէն ետք բարեկամներուս հարց տուի. «Համաձա՞յն էք որ ըսածներս ճիշդ են եւ թէ՝ պէ՞տք է որդեգրենք «Բռնագրաւեալ Արարատ» լեռ արտայայտութիւնը փոխանակ զայն պարզապէս «Արարատ» կոչելու, այդպիսով մեր մէջ կենդանի պահելով ապագային զայն վերադարձնելու ցանկութիւնը, փոխանակ անգիտանալու անոր բռնագրաւումը, ձեւացնելով իբր բան մըն ալ չէ պատահած»: Աւելցուցի որ առաջինը ես պիտի սկսիմ այդ կերպ արտայայտուիլ, արաբական մամուլին մէջ, առաջի՛ն իսկ առիթով:
Ի ուրախութիւն ինծի ընկերներս ոչ միայն համաձայն գտնուեցան առաջարկիս, այլ աւելցուցին որ այն նորովի, օգտակար մօտեցում է եւ արժանի է անմիջապէս գործադրութեան դրուելու բոլորիս կողմէ՝ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին մէջ: Այդպէս ալ եղաւ: Յօդուած մը գրեցի «Բռնագրաւեալ Արարատ Լեռը» խորագրով, որուն յառաջաբանին մէջ մէջբերում կատարեցի Ֆէյրուզի հայրենասիրական—համամարդկային «Երուսաղէմ՝ Քաղաքներու Ծաղիկը» երգէն, առնելով հետեւեալ տողը. «Մեր աչքերը ամէն օր կ’ուղեւորւին դէպի քեզ», անշուշտ երգչուհին նկատի ունէր բռնագըրաւեալ Երուսաղէմը:
Հայերէնով Հալէպի «Գանձասար«ի, Պէյրութի «Արարատ»ի եւ Ամերիկայի «Նոր Կեանք»ի մէջ լոյս տեսաւ նաեւ Թորանեանի յօդուածը: Արաբերէնէ հայերէնի թարգմանուելով լիբանանահայ «Ազդակ» եւ «Արարատ» թերթերուն մէջ լոյս տեսաւ նաեւ իմ վերոյիշեալ յօդուածս: