Մեկնելով կեանքի ընկերային, քաղաքական զարգացումներու հանդէպ իմ հետաքրքրութենէս, իմ հաստատ համոզմումքս է, որ մեր քաղաքացիական կեանքի ներկայ մակարդակը արդիւնքն է մեզմէ առաջ սկսած բնական զարգացումներուն, մեր պարտքնէ շարունակել ձեռք բերուածը եւ զարգացնել զայն: Ահա թէ ինչու կ’ողջունեմ թրքական կառավարութիւնը, որ թոյլ տուաւ թուրք կրօնական շէյխերուն եւ ակադեմականներուն նորովի բացատրելու եւ բիւրեղացնելու Մարգարէին խօսքերը եւ սկսելու պատուաստումի ծրագիրը, ինչպէս որ յիշուեցաւ BBC կայանէն: 

Photo credit Political Reflections

Ըստ BBC-ի, որ յիշեալ նիւթը վերնագրած էր «Թուրքիան Իսլամական Նիւթերու Արմատական Վերաքաղի Մէջ»`«TURKEY IN RADICAL REVISION OF ISLAMIC TEXTS», այս քայլին հիմնական նպատակը ոչ միայն եւրոպական չափանիշներուն մօտենալն է, հեշտացնելու համար Թուրքիոյ մուտքը Եւրոպական Հասարակաց Շուկայ, այլ իսլամական բարեփոխումներու ձգտումին մէջ դրօշակակիր դառնալը: BBC-ն իր խօսնակներու միջոցաւ այս համարձակ քայլը կ’անուանէ վերադարձ իսլամական կրօնքի ակունքներուն եւ անոր մաքրութեան, ազնուութեան ու մաքրամաքուր պարզութեան… եւայլն:                                                                                                                                

Եւ որովհետեւ գործողութիւները ըստ կամեցողութեան կ՛ընթանան, վերեւ նշուած ձեռնարկը կարելի է նկատել շնորհակալ ձգտում եւ արարք: Թրքական խնդիրներուն հետեւող մը կը նկատէ թրքական կառավարութեան բոլոր բնագաւառներու մէջ ձգտումը երկրին եւ իր ժողովուրդին բարգաւաճման ու ծաղկման, նոյնը ընդհանրապէս քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, տնտեսական զարգացման եւ մարդկային իրաւունքներու (համեմատաբար), կնոջ իրաւունքներու պարագային, ժողովրդավարութեան պարագային, թուրք անհատի կենսամակարդակի բարձրացման պարագային եւ այլ խնդիրներու պարագային ալ, որոնք բոլորը կը միտին թուրքերու վարկը բարձրացնել թէ՛ ներսը եւ թէ՛ արտաքին աշխարհին մէջ, միաժամանակ ամրացնելով անոր դերը որպէս հիմնական դերակատար շրջանային քաղաքական գետնի վրայ, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ:                                                                                                                                       

Թրքական խնդիրներուն նոյն հետեւողը, որ կը նկատէ այս զարգացումները, զարմանքով կը նկատէ նաեւ, եւ այս է մեզի համար կարեւորը, բացակայութիւնը այն հասունութեան, որմով պէտք է յատկանշուի իւրաքանչիւր ազգ, որ կը ձգտի դասուիլ ժամանակակից քաղաքակիրթ ժողովուրդներու շարքին, որուն ամենակարեւոր յատկանիշերէն եւ պահանջքներէն է իր վրայ բարդուած պարտքերուն մարումը, առանց ոեւէ մէկուն իրաւունքը ուրանալու, այդպիսով տիրանալով բարի վարուց վկայականի: Անշուշտ հոս ակնարկուածը սոսկ դրամական եւ տնտեսական պարտքերը չեն բառին ուղղակի իմաստով, այլ այն պարտականութիւններն են ու պարտաւորութիւնները, որոնք յառաջ եկած են իրենց նախնիներու կատարած արարքներէն, շրջանի բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ ազգութիւններու հանդէպ, արարքներ, որոնք պատերազմներ եւ ողբերգութիւններ են, եւ որոնցմէ են հայկական ջարդերը, զորս իրագործեցին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, աւելի ստոյգ`1915 թուականին, թրքական կայսրութեան արեւելեան սահմաններու վրայ եւ որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, նոյնքան ալ տեղահանուեցան եւ բռնագաղթի ենթարկուեցան, բռնագրաւուեցան անոնց պապերուն հողերը, սեփական ունեցուածքը, քանդուեցաւ հայկական աւելի քան երեք հազարամեայ քաղաքակրթութիւնը այդ հողերուն վրայ, անոնք տիրացան հայերու սրտին այնքան սիրելի ներկայ Հայաստանի արեւմուտքը գտնուող Արարատ լերան, որ հայերուն համար սուրբ լեռ է, եւ որ հայկական ազգային այլ գանձերու հետ գերեւարուած, հպարտ եւ ազդու կը կանգնի սահմանին միւս կողմը, կոչ ուղղելով աշխարհին եւ կենդանի խիղճ ունեցող իւրաքանչիւր անհատի, օգնել իրեն կապանքները քակելու եւ ազատ արձակուելու բռնազաւթողի լուծէն եւ վերադառնալու զինք սիրող եւ պաշտող ազգին գիրկը, եւ որուն արդէն կը պատկանի դեռ Նոյան տապանի այդ լերան վրայ հանգրուանելու ժամանակ-ներէն, դէպք որ բոլորին յայտնի է եւ արձանագրուած մէկէ աւելի պատմական աղբիւրներու մէջ, եւ յարկ չկայ այս յօդուածին մէջ ասկէ աւելի անդրադառնալ անոր մանրամասնութիւններուն: Մենք կ’ուզենք ասոր միջոցաւ կոչ ուղղել սրբագրելու կատարուած պատմական դէպքերը ապագային վերաբերող ծրագիրներու հետ միասին մէկ ամբողջական ծրարով, այսինքն անցեալն ու ապագան հաշտ պահել իրար հետ, մանաւանդ Հայկական Հարցի պարագային, վերադարձնելով հայոց իրաւունքները ամբողջութեամբ, ազնուօրէն եւ ուղղամտութեամբ: 

Թուրքերը գրաւ կը դնեն այն կարծիքին վրայ, թէ ժամանակը մոռացութեան պիտի մատնէ Հայկական Հարցը, անոնք իրենց երկրի մարտավարական դիրքին վստահելով, ներկայի միջազգային իրավիճակները` Իրաքի պատերազմը եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը կը շահագործեն ի նպաստ իրենց, բայց միջազգային պայմանները նոյնը չեն կրնար մնալ. պատմութեան դասերը բազմաթիւ են ջրելու համար այս կարծիքները:

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 7-4- 2008, Լոնտոն

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 21-4-2008, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 25-4-2008 Քուէյթ

Սոյն յօդուածս լոյս տեսաւ որպէս պատասխան Քուէյթի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին, իմ Հայկական Հարցի շուրջ «Ալ Քապաս»ի մէջ գրածս նախորդ յօդուածէն ետք, ինչպէս նաեւ նոյն թերթի Երեւան մեկնած թղթակիցներուն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի կոթողին առջեւ, Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումներուն ներկայ գտնուելուն եւ իրենց այցելութեան տպաւորութիւնները թերթին մէջ լոյս տեսնելու առիթով: Դեսպանը ըստ իր սովորութեան յարձակեցաւ հայերուն վրայ: 

Դեսպանի խօսքին մէջ բազմաթիւ սխալներ կային եւ անտեղի ամբաստանութիւններ, որոնք իրականութեան հետ որեւէ կապ չունէին: Իմ կարգիս փորձեցի ուղղել այդ սխալները եւ արաբ ընթերցողին ճշգրիտ պատկերացում տալ Հայկական Հարցին շուրջ: