Փառք կու տամ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ստեղծեց ապացուցելու հայկական արդար եւ ոտնակոխուած իրաւունքներուն ճշմարտացիութիւնը, ֆրանսական խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այն օրինագըծով, որուն հիման վրայ, պատժի ենթակայ է ան որ կը ժխտէ կամ կասկածի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Յօդուածս կը սկսիմ թրքահայերուն մօտ երեւոյթ դարձած մտահոգութեամբ մը, այն որ անոնք չեն կրնար գործածել իրենց հաստատութիւններուն իսկական անունները, մանաւանդ «եան»-ով կամ «ճեան»ով վերջացող իրենց մականունները, ինչպէս որ կընեն համայն աշխարհի միւս հայերը, մանաւանդ արաբական մեծահոգի երկիրներուն մէջ: Օրինակ. Յարութիւն Յակոբեան անունը դարձած է Արթին Եաղուպ Օղլու, Գույումճեան մականունը վերածուած է Ղույումճիի: Նպատակը անշուշտ հայկական դիմագիծի վերացումն է, ահա ինչ որ յայտնաբերեցի տասնեակ թրքահայերու հետ հանդիպելէ ետք: Այս հաստատումիս ապացոյցները բազմաթիւ են: Անոնք հետեւողական բռնութիւններու արդիւնք են:

Գալով ֆրանսական օրինագիծին, 24 Ապրիլի 1915-էն սկսեալ եւ մինչեւ 1922 երկարող ջարդերը ժխտողներուն դէմ, որ ընդունւեցաւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ, անկասկած Աստուծոյ կողմէ շնորհուած յաղթանակ մըն է պատուաւոր մարդոց ընդհանրապէս եւ վեհութեամբ ու քաջութեամբ ադամանդակուր պսպղացող թագ Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութեան յատկապէս

Ու հակառակ այս վեհաշուք օրինագիծին սքանչելիութեան եւ հայերու հոգեկան վիճակին վրայ ունեցած դրական ազդեցութեան եւ ֆրանսացիներուն ուղղուած երախտագիտութեան, իրենց բացառիկ ստեղծագործ դերին համար, այս որոշումը կը մնայ վերադարձուած պարզ իրաւունք մը համեմատած այն բարոյական եւ նիւթական բազմատեսակ իրաւունքներուն, զորս հայ ժողովուրդը իր կորսնցուցած կալուածներուն դիմաց կը պահանջէ Թուրքիայէն:

Տեղահանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը, թուրքերէն Անատոլուի տափաստաններուն մէջ սպաննուած մէկուկէս միլիոն հայերու արեան գինը պահանջելու իրաւունքը ունի, պահանջելու արժէքը իրենց ետեւ ձգած սեփականութիւններուն, պահանջելու բռնագրուած հայրենի հողերը, ուր թողուցին երեք հազարամեայ ստեղծագործ հսկայ քաղաքակըրթութիւնը: Մեր միտքերուն մէջ սրբացած Արարատ լեռը կը պահանջենք թուրքերէն: Արարատը որ կը գտնուի հայկական ներկայ սահմաններէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, իւրաքանչիւր արեւածագին կսկիծ կը պատճառէ մէն մի հայու սիրտին, նաեւ վիրաւորանք՝ անոր արժանապատուութեան

Հայերը նաեւ կը հետապնդեն սելճուքեան արշաւանքներէն սկսած եւ անոնց թոռներուն օսմանեան սուլթաններու կողմէ ոտնակոխուած իրենց արժանապատուութիւնը վերականգնելու իրաւունքը, անոնք փոխհատուցման իրաւունք ունին ցայսօր շարունակուող բռնակալութեան եւ վերջերս փակուած հայթըրքական սահմանին պատճառած վնասներուն: Մեր աղիտեալ ժողովուրդը իրաւունք ունի փոխհատուցում պահանջելու ոչ միայն ջարդերու պատճառաւ ուղղակիօրէն վնաս կրած անհատներու համար, այլ նաեւ որպէս ազգ, որ փարաւոններու եւ հռոմէացիներու ժամանակներէն սկսեալ, մինչեւ այսօր կը պահպանէ իր գոյութիւնը եւ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել մարդկային քաղաքակրթութեան կերտման:

Հայ ժողովուրդը արհամարհուեցաւ եւ անարգուեցաւ Օսմանեան բռնատիրութեան շրջանին, որ տեւեց վեց հարիւր տարի, մինչեւ Սուլթան Համիտի գահակալութիւնը: «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն»՝ «Իթթիհատ վէ Թերաքքի» կուսակցութիւնը ծըրագրաւորեց մեր ժողովուրդին բնաջնջումը: Հայերուն իրաւունքնէ այդ դժուար ժամանակներուն ընթացքին մշակութային յառաջդիմութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման բնագաւառներուն

մէջ կրած վնասներուն եւ այս պատճառաւ իրենց ունեցած մարդկային ստեղծարար եւ ուժ հայթայթող կորուստներուն համարփոխհատուցում պահանջել թուրքերէն…:  Այս բոլորը որքան ալ կարեւոր ըլլան, աւելի կարեւորը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայկական ջարդերու բացայայտօրէն ընդունումն է եւ ներողութիւն հայցելը:

Զարմացայ երբ վերջին երկու օրերը արբանեակային կայաններէն տեսայ թուրք վարչապետը զայրացած, ասոր անոր հասցէին սպառնալիքներ ու մեղադրանքներ կը տեղացնէր, եւ օրինակներ կը բերէր որոնք կապ չունէին խնդրին հետ, հասնելով հոն, որ սկսաւ նախագահ Սարքոզիի անձնական եւ ընտանեկան հարցերուն միջամուխ ըլլալեւ յիշեցնել ալճերացիներուն նըկատմամբ գործադրուած ջարդերը ֆրանսական գաղութատիրութեան շրջանին: Բռնագրաւումները եւ գաղութատիրութիւնը դատապարտած եմ: Հակառակ ալճերիացի հերոս ժողովուրդին հանդէպ կարեկցանքիս, կը տարուիմ մտածելու, որ երանի թուրքերը մեզի հետ այնպէս վարուած ըլլային, ինչպէս ֆրանսացիները՝ ալճերիացիներուն, քանզի վերջ ի վերջոյ գաղութարարները հեռացան իրենց ետին ձգելով ալճերիական հողերը, ընդունելով իրենց կատարած սխալները, բռնութիւնները, ոտնձգութիւնները, սանձարձակութիւններն ու սահմանազանցումները: Ֆրանսայի մէջ բնակութիւն հաստատած ալճերիացիները համահաւասար իրաւունքներ կը վայելեն ֆրանսացիներու նման: Անոնք կը վայելեն կատարեալ ազատութիւն եւ միլիառաւոր տոլարներ կը փոխանցեն իրենց մայր հայրենիք, ֆրանսական կառավարութիւնը մշտապէս կը կանգնի անոնց կողքին, միջազգային բոլոր ատեաններուն առջեւի՜նչ յարաբերակցութիւն երկու պարագաներուերկիր մը կը քաւէ իր անցեալի մեղքերը վէրքերը վիրակապելով, ուրիշ մը աղ կը ցանէ վէրքերուն վրայինչպէ՞ս հաւասարութիւն փնտռել այս երկուքին միջեւ:

Քրէական պատիժի ենթարկելու օրէնքին ընդդիմացողները երբ կըսեն թէ ան կը հակասէ ազատ արտայայտուելու մարդկային իրաւունքին, ապա Թուրքիոյ մէջ թիւ 301 օրէնքը կը պատժէ եւ կը բանտարկէ թրքական հողերուն վրայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յիշատակողն իսկ, ինչպէս գործադրուեցաւ 2006 թուականին Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի արժանացած թուրք գրող Օրհան Փամուքի եւ այլ յայտնի անձնաւորութիւններու պարագային:

Եւ եթէ Թուրքիան կուզէ ժամանակակից լեզուով արտայայտըւիլ, կուզէ քայլ պահել քաղաքակիրթ երկիրներու հետ, երբ ինք վերջերս հանդէս կու գայ իբրեւ շրջանային եւ համաշխարհային ոյժ, անհրաժեշտ է որ զինուի քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ իրապէս հաշտուելու իր անցեալին եւ իր պատմութեան հետ, շատ մը երկիրներու նման, որ նոյնանման անցեալ ունին, Թուրքիան պէտք է վարուի իր դիրքին եւ վայրին համաձայն, յարգելով միւսները, պէտք է ան ունենայ բաւարար քաջութիւն, ամէն իրաւատէրի վերադարձնելու իր իրաւունքը, եւ վերջ դնէ դրացիներուն հետ ունեցած վէճերուն եւ ընթանայ դէպի յառաջ սիրով, արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 28-12-2011, ՊԷՅՐՈՒԹ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 29-12-2011, ՔՈՒԷՅԹ

Ճիշդ էի, երբ կը մտածէի թէ պէտք է սպասեմ այս վերլուծութիւնը գրելէ առաջ: Ֆրանսայի Գոնկրէսը հաստատեց խորհրդարանի նախօրօք ընդունած որոշումը` քրէական

պատիժի եթարկել Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքողը, սպասելով Նախագահ Սարքոզիի ստորագրութեան, որպէսզի ոյժի մէջ մտնէ օրէնքին գործադրութիւնը: Ի բա

րեբախտութիւն մեզի, մեր ձգտումին հասանք, եւ հայերը այսպիսով ապագայի համար տէր կը դառնային նախադէպի մը, զոր կարելի էր ի գործ դնել այլ երկիրներու մէջ եւ նոյնանման նուաճումներ ձեռք ձգել, հակառակ անոր որ օրինագիծը Սահմանադրական Դատարան յղուեցաւ զայն արգելակել պահանջող թրքական ճնշումներուն տակ:

Ինծի աւելի շատ ուրախութիւն պատճառողը լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» թերթէն առնուած եւ քուէյթեան «Ալ Ուաթան» թերթին մէջ12 Յունուար 2012 թուականին լոյս տեսած լիբանանցի գրող Մուհամէտ Նուր Էլ Տին Ալ Մանսուրի «Թուրքիան եւ Ալճերիան. «Ցեղասպանութեան» եւ Ամօթալի կեցուածքներու Շուրջ» յօդուածն է, որուն մէջ գրողը լուսարձակի տակ կառնէ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Էլ Աուեէհէյի յայտարարութիւնները, որոնք կը քննադատեն Թուրքիան, որ առեւտուրի կը վերածէ ալճերիական արիւնը: Գրողը նաեւ կը նշէ թուրք պատասխանատուներուն բացարձակ լռութիւնը այս յայտարարութիւններուն առնչութեամբ:

Ուշադրութիւնս գրաւեց սոյն յօդուածը եւ ես զայն նկատեցի որպէս ամբողջացում իմ յօդուածիս: Գրողը նաեւ կարձանագրէր, որ Թուրքիոյ մէջ ոմանք զգուշացուցած էին վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը չկապել Ֆրանսայի Ալճերիոյ գաղութարարութեան, ոչ թէ որովհետեւ Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիան գրաւումի շրջանին ոճիրներ չեն կատարուած, այլ որովհետեւ անցեալ դարու յիսունականներուն Թուրքիոյ վարչապետ Ատնան Մէնտէրէսը եղած էր Ֆրանսայի սերտ դաշնակիցը, երբ այս

վերջինը տակաւին գրաւած կը մնար Ալճերիան, աւելին, Թուրքիան արձանագրած էր ամօթալի կեցուածք, երբ Ալճերիան դիմած էր ՄԱԿ` անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար: Աւելցնենք որ Էրտողանը կը համարուի Մէնտէրէսի ժառանգորդը:

Մէնտէրէսի օրօք, 1957 թուականի Փետրուարին, Թուրքիան դէմ դրաւ Երրորդ Աշխարհի ներկայացուցած Ալճերիոյ ինքնորոշման իրաւունք շնորհելու բանաձեւին: Նոյնը կրկնեց Թուրքիան նոյն թուականի տարեվերջին, երբ Իսրայէլն ալ դէմ կը քուէարկէր. Թուրքիան Ալճերիոյ անկախութեան դէմ քուէրարկեց նաեւ 1958 թուականի վերջաւորութեան. ան նաեւ դէմ քուէարկեց 1959 թուականի աշնան, ՄԱԿի ներկայացուած օրինագիծին: Թուրք յայտնի պատմաբան Ֆախէր Արմա Օղլուն իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ կը ներկայացնէ Ալճերիոյ ազատագրութեան հանդէպ Թուրքիոյ ամօթալի դիրքորոշումը Իսլամական Համագումար Կազմակերպութեան ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ կատարուած հրատարակութեամբ:

Նոյնպէս, ինչպէս որ կը նշէ յօդուածը. «Ոմանք Թուրքիոյ մէջ կը նկատեն, որ երբ վարչապետ Էրտողանն ու անոր արտաքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի կատարածը ցեղասպանութիւն կը համարեն, անոնք չեն գիտակցիր, որ կը կրկնեն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին թէ` «Ցեղասպանութիւնը» պատմաբանները կորոշեն եւ ոչ թէ քաղաքագէտները»:

«Միլլիյէթ» թերթի յայտնի մեկնաբան Սէմիհ իյտիզը գըրած է. «Աշխարհը չկազմուիր Թուրքիոյ ցանկութեան համաձայն»: Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարին խօսքը ասոր լաւագոյն օրինակն է:

Իյտիզը կըսէ թէ ֆրանսական սահմանափակ արձագանգը մէկ կողմէն «քաղաքավարութեան դաս մըն է», միւս կողմէ ալ այս խնդիրը ունի իր երկրորդ հանգրուանը Ծերակուտական Ժողովին մէջ, ուր «պիտի տեսնէք» թէ այն տարաձայնութիւնները ըստ որու Թուրքիան սպառնացած է սպաննել խորհրդարանի անդամ Վալերի Պոյէրը, պիտի դիւրացնեն Ծերակոյտին գործը, «եւ եթէ աւելցնենք նաեւ Ալճերիոյ վարչապետին արտասանած խօսքը, Թուրքիան կընթանայ զգացումներու հետ խօսելու եւ ոչ` խելքի հետ խօսելու ճանապարհով»: Իյտիզը իր յօդուածը կը վերջացնէ ըսելով, որ «Աույահէյիի յայտարարութիւնները կրնան ոմանց անակնկալի մատնել, սակայն անոնց համար որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին աշխարհի տինամիզմով, սկզբունքօրէն անակնկալ մը չեն այս յայտարարութիւնները»:

Կը կարծեմ որ 2011 թուականին գրած յօդուածիս աւարտը եւ այս վերլուծութիւնը գիրքիս տպագրութենէն առաջ լաւագոյն վերջաբանն էին եւ ես ուրախ եմ անոր համար: