Թրքական պաշտօնական եւ լրատուական կեդրոնները չդադրեցան պնդելէ, թէ եւրոպական եւ աշխարհի զանազան երկիրներու նախագահներ եւ այդ երկիրներու մէջ իշխող կուսակցութիւններ հայերուն համակրութիւն ցոյց կու տան եւ անոնց ի նպաստ որոշումներ կառնեն կամ յայտարարութիւններ կը կատարեն «ընտրական նպատակներով եւ կուսակցական շահերէ մղուած, կապուած իրենց երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներուն, եւ ոչ թէ հայոց դատի արդարացիութեան հաւատքով»:

Բոլորն ալ գիտեն, որ այս պատրուակը համոզիչ եւ դոյզն իսկ տրամաբանական չէ, քանզի եւրոպական երկիրներու հայկական ամենաստուար գաղութի անդամներուն թիւը հոն բնակող թուրքերու թիւին քառորդն իսկ չէ, տակաւին կարգ մը երկիրներու մէջ թուրքերն ու անոնցմէ համարուողները քսանապատիկ անգամ աւելի շատ են հայերէն, սկսելով Ֆրանսայէն, անցնելով Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն, հասնելով Շուէտ եւ այլ եւրոպական երկիրներ, որոնք այս կամ այն կերպ ընդունած են քսաներորդ դարասկիզբին հայերու հանդէպ գործադրուած ջարդերը. անոնցմէ ոմանք Ապրիլի 24-ը յայտարարած են ցաւագին յիշատակի օր, զայն ներգրաւելով իրենց երկրի օրացոյցին մէջ, նշուած յատկանշական օրերու շարքինեւ ի՜նչ պատահականութիւն, այդպիսիներէն են Հունգարիան եւ Սլովաքիան, ուր ընդհանրապէս գոյութիւն չունի հայկական գաղութ:

Նոյնն է պարագան Լատին Ամերիկայի եւ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներուն, ուր Օհաիօն հանդիսացաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 40-րդը 51 նահանգներէն, հակառակ

ՙԱմերիկայի մտերիմ դաշնակից՚ թրքական պետութեան գործադրած տարբեր տեսակի ճնշումներուն եւ ծախսած հսկայ գումարներուն, արգիլելու նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ նման որոշումներու ընդունումը: 

Թրքական վարչակարգը ինչպէ՞ս կարդարացնէ կամ մարդկային միտքը ինչպէ՞ս կրնայ ընդունիլ, անտեսել Թուրքիոյ կատարելիք պոյքոթին հետեւանքով այն հաւանական տնտեսական եւ քաղաքական վնասները, որոնց կրնայ ենթարկուիլ հայոց իրաւունքները ճանչցող երկիրը, երբ առեւտուրի փոխանակման տարեկան գումարը միլիառներու կը հասնի, ինչպէս որ պատահած է նախորդ նման պարագաներուն:

Հարցում: Ինչո՞ւ այդ երկիրները կը դիմեն նման քայլերու:

Արդեօք հայկական մէկ ձայնը հաւասար է տասի՞: Արդեօք հայկական ձայնը որոշի՞չ է: Ոչ մէկը այս վարկածին չի հաւատար, իրենք, թուրքերն ալ համոզուած չեն, չկայ քաղաքական եւ աշ խարհագրական խնդիրներուն մասին ամենադոյզն ծանօթութիւն ունեցող անձ մը, որ ասոր հաւատայ. բոլորը գիտեն միւս իրականութիւնը, զոր թրքական վարչաձեւը կը մերժէ գիտնալ:

Հայերը նեղ վիճակի մատնելու համար, թրքական կառավարութիւնն ու իր դեսպանները աշխարհի բոլոր ամպիոններէն առաջ կը քաշեն պատմաբաններէ կազմուած յանձնախումբի մը հէքեաթը, ուսումնասիրելու Ցեղասպանութեան հարցը, կառաջարկեն նաեւ օգտագործել թրքական արխիւն ու հոն գտնուող վաւերաթուղթերը` պարզաբանելու կատարուած դէպքերը, կառաջարկեն նաեւ ուսումնասիրողներու եւ պատմաբաններու յատուկ յանձ նախումբ մը կազմել, մեղադրելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, այս մասին 2005 թուականին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կատարած առաջարկը մերժելու մէջ: 

Այո՛, թուրքերը կը կրկնեն այս հոլովոյթը, հակառակ անոր, որ նախագահ Քոչարեան իր պատասխանին մէջ նշած էր, որ այսպիսի քայլերը անօգուտ են, քանի դեռ Հայաստանն ու հարեւան Թուրքիան չունին դիւանագիտական եւ բնական յարաբերութիւններ, Թուրքիան երկու տասնամեակներէ` Հայաստանի անկախացումէն, ի վեր կը հրաժարի յարգել դիւանագիտական ընդունուած օրէնքները, աւելին, ան իր դաշնակից Ատրպէյճանի հետ Հայաստանը կենթարկէ տնտեսական շրջափակման:

Ընթերցողը պէտք է պատկերացնէ, թէ ինչ ըսել է թրքական արխիւները բաց են պատմաբաններու եւ ուսումնասիրողներու առջեւ, երբ տակաւին Թուրքիոյ մէջ ցարդ կը գործէ թիւ 301 քրէական օրէնքը, որ կարգիլէ «Հայկական ջարդեր»ու կամ ընդհանրապէս Հայկական Հարցի մասին խօսիլ, ի՛նչ տարողութեամբ ալ ըլլայ այդ (նման ֆրանսական այն բանաձեւին, որ վերջերս ցաւ ի սիրտ մերժուեցաւ): 

Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը թուրք կամ օտար ուսումնասիրողին, եթէ ան յանգի հայկական ջարդերու բացարձակ իրականութիւն ըլլալուն, պիտի բանտարկուի՞, կամ ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի անոր անվտանգութիւնը թուրք ծայրայեղական ազգայնամոլներէն: Ինչպէս որ մասնագէտներուն համար պարզ դարձաւ, ինչպէս կըսեն ամերիկացի եւ այլ մասնագէտներ, հաւանական է որ թըրքական արխիւները «կարգի դրուեցան» եւ մաքրուեցան անցնող ութսուն տարիներու ընթացքին եւ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ բացուեցան առնչուողներու առջեւ: Այս առիթով կը մտաբերենք հետեւեալ առածը. «Այգեպանը արջին հրաւէր կու տա՞յ բերքաքաղէն առաջ»:

Նմանօրինակ մեկնութեամբ, բոլոր մարդիկ սխալ են թուրքերուն կարծիքով, միայն իրենք են ճշմարիտը, ասիկա կը համապատասխանէ՞ նոյն թրքական աշխարհէն եկած հայկական հարցերու մասնագէտ հռչակաւոր փրոֆեսէօր Թանէր Աքչամի կարծիքին, որ վերջերս յայտնած էր թրքական «Թարաֆ»՝«Կողմ», թերթի թղթակիցին թէԵթէ դուն Հայկական հարցին մէջ իննսուն տարի ստած ես, չես կրնար իննսունմէկերորդ տարին ճշմարտախօս դառնալ»:

Անտիպ