Ահաւասիկ նոր գրգռիչ քայլ մը առնուած Թուրքիոյ նախագահ տիար Րէճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ, ուր այս քայլով նախագահը կոտնակոխէ քաղաքական, դիւանագիտական, մարդկային եւ բարոյական ընդունուած բոլոր արժէքները. հրաւիրելով աշխարհի մեծամեծները ներկայ գտնուիլ Կալիպոլիի՝ Չանաք Քալէի (Տարտանէլ) ռազմաճակատի 100 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին արհեստականօրէն ընտրուած թուականի մը՝ 2015ի Ապրիլ 24ին, այսինքն այն նոյն թուականին երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսաւորապէս պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը:

Դեռ աւելի վիրաւորականը այն է, որ Էրտողանը հրաւիրեալներու շարքին մէջ ներառած է նաեւ Հայաստանի նախագահը: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կընթանայ դիւանագիտական պայքար, երբ վերջինս կը մերժէ ընդունիլ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը երբ 1915ին, Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ ջարդի ենթարկուեցաւ հայ ազգը եւ որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հոգիներ: Այս հրաւէրը մեծ վրդովմունք եւ զայրոյթ յառաջացուց Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, որ այս հրաւէրը նկատեց թուրքերու կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու ձախող փորձ:

Իրար հետ դիւանագիտական կապ չհաստատած երկու մայրաքաղաքներու՝ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ տեղծուած նոր լարուածութիւնը պատճառը Էրտողանի ընտրած թուականի 24 Ապրիլ 1915ին սկսած Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հետ կեղծ զուգադիպումն է, մինչ Կալիպոլիի ռազմաճակատը տեղի ունեցաւ նոյն տարուայ Մարտ 18ին Անգլիական, Նիու Զելանտական, Ֆրանսական եւ Աւստարալիական զօրքերու ներկայիս Թուրքիոյ Հիւսիս Արեւմուտքը գտնուող Կալիպոլի թերակղզի ցամաքահանումով: Թուրքիոյ նախագահը կը ձգտի շուարումի մատնել միջազգային ընկերութիւնը եւ նեղ դրութեան մատնել երկիրներու նախագահները, եւ զանոնք պարտադրաբար առաջնորդել Իսթանպուլ, փոխան Երեւանի: Էրտողանի հրաւէրին պատասխանաելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը նշէ, որ Էրտողան պատմական զուգադիպութիւնը շահագործելով կուզէ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեղի ունենալիք միջոցառումներէն: Կշտամբելով եւ քննադատելով Անգարան «հերքելու աւանդական քաղաքականութիւն վարելու մէջ» Հայաստանի նախագահը կաւելցնէ, որ ինք նախապէս հրաւէր ուղղած է նախագահ Էրտողանին, մասնակցելու յառաջիկայ Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիսութիւններուն, եւ թէ ինք սովորութիւն չունի ընդառաջել հրաւէրին հիւրի մը որ մերժած է իրեն իսկ ուղղուած հրաւէրը:

Թրքական այս քայլը քննադատութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայկական Սփիւռքը ներկայացնող «Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող Համաշխարհային Յանձնախումբ»ին կողմէ, որ երկիրներու մեծամեծները հրաւիրելով այս ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւններուն՝ արձանագրելով, որ «դիւանագիտական հակայ կրակահերթ կարձակէ» ձախողցնելու նոյն օրը Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիսութիւններուն երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութիւնը:

«Ինտիփէնտընթ»ի հանրայայտ լրագրող Ռոպէրթ Ֆիսքը նոյնպէս անդրադարձաւ Թուրքիոյ այս քայլին, նկարագրելով զայն որպէս «Քաղաքական խելագարութիւն»: Ստորագրելով «Չանէք Քալէի՝ Կալիպոլիի նշման ժամանակացուցակը ամօթալի նախաձեռնութիւն մըն է թաքցնելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը» վերնագրով յօդուած մը, Ֆիսք կըսէԱյն միջոցին երբ աշխարհի ղեկավարները կը նախագծեն ոգեկոչել Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած Չանաք Քալէի ռազմաճակատը, նոյն այդ միջոցին անտեսելիութեան վտանգ կը ցցուի այլ յիշատակելի օրուան մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումը եւ ուշադրութիւնը շեղել անկէ»:

Ֆիսք կը յիշեցնէ թէ 2013 թուականին Թուրքիոյ նախագահ Ապտ Ալլահ Կիւլ Չանաք Քալէի 98 ամեակի յիշատակը ոգեկոչեց Մարտ 18ին, «Այն ատեն Թուրքիոյ մէջ որեւէ կողմ չըսաւ, թէ Չանաք Քալէի յիշատակը պէտք է նշել 24 Ապրիլին» 

Թուրքիոյ նախագահին այս քայլը նոյնն է թէ կոչ ուղղել ջնջելու Հայկական Ցեասպանութեան յիշատակումը եւ վերացնել զայն.  Այս քայլը քաղաքական տհասութեան աղաղակող, բացորոշ ստորնութիւն մըն է, զուրկ մարդկային ամենապարզ աստիճանի արժանիքէ եւ խղճմտանքէ. ուստի կոչ կուղղեմ երկիրներու նախագահներուն, մարդասիրական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, պատուասէր բոլոր անհատներուն պոյքոթի նթարկել թրքական այս արհեստականօրէն ստեղուած առիթը եւ զատորոշել արդարը անիրաւէն, մասնակից չդառնալու համար պատմութեան խեղաթիւրումներու, զանոնք վերածելով քաղաքական ասեկոսներու եւ առեւտուրի, անարգելով մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները: Պէտք չէ երբեք արհամարհել մարդկային պատմութեան թուականները արգիլելով անոնց առեւտուրի վերածումը պատեհապաշտ քաղաքագէտներու կողմէ՝ ՄԱԿի պարտականութիւնն է պահպանել Ապրիլ 24 որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր, ամէն տարի այդ առթիւ յիշեցնելով աշխարհին այդ մասին, որպէսզի չկրկնուի այս ողբերգութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս ինքնապաշտպանութիւն եւ առ ի յարգանք մեր նահատակներուն, պէտք է ձեռնարկէ քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական լայն արշաւ, բացայայտելու թրքական պարզորոշ խաղը, որ յստակօրէն կը հակասէ նաեւ Թուրքիոյ իբր «Զէրօ հարց հարեւաններու հետ» Քաղաքականութեան:

Թերեւս օգտակար է յիշել, թէ ինչպէս ամերիկացիները Ճափոնի մէջ ներկայ կը գտնուին Հիրոշիմայի վրայ աթոմական ռումբի նետուելու յիշատակի հանդիսութիւններուն, եւ թէ ինչպէս գերմանացի պատասխանատուները կը մասնակցին «Հոլոքոսթ»ի յիշատակման, մինչ նախագահ Էրտողան չկրցաւ այդ աստիճան ազնուութիւն եւ վեհանձնութիւն ցուցաբերել դէմ առ դէմ կանգնելու իրականութեան եւ պատահած իրողութեան հետ, ու տակաւին թուրքերը կը շարունակեն հերքելու եւ խարդախութեան քաղաքական իրենց ոճը հանդէպ Օսմանեան Կայսրութեան անցած տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութեան: 

Ամենայն դէպս, հակառակ թուրքերու կիրարկած հալածանքին,անարդարութեան, որոնք վեց հարիւր տարիներէ ի վեր հոմանիշ դարձած են հայու տառապանքին, եւ հակառակ այն փորձութիւններուն որոնց կենթարկուի հայ ազգը, որուն շատ կը համարուին նոյնիսկ իր ցաւերն ու տխրութիւններն հակառակ այս ամէնուն հայ ժողովուրդը տեղի չի տար, պարտութեան չի մատնուիր. Մինչ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հետեւողականօրէն կը շարունակուին նախապատրաստութիւնները ոգեկոչելու պատմական այս ցաւալի ողբերգութեան յիշատակը, ներկայացնելով իրենց լաւագոյնը, հայերը յաւերժ կենդանի կը պահեն այս արդար դատը, որպէսզի այն մոռացութեան չտրուի եւ այսպիսի ոճրագործները չխուսափին արդար, արժանի պատիժէ:

Փառք ու պատիւ մեր սրբազան նահատակներուն:

«Ալ Հայաթ» 21 Փետր. 2015, Լոնտոն

«Ան Նահար», 23 Փետր. 2015, Պէյրութ

«Ալ Քապաս» Մարտ 2015, Քուէյթ