Սփիւռքի ափերուն վրայ ապրող ու գործող գրողներուն, մամուլի ծառայողներուն պարտաւորութիւններն ու աշխատանքը նոյնքան կարեւոր են, որքան Հայաստանի մէջ հրատարակուող եւ լոյս ընծայուող աշխատութիւնները:

Այսօր կապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր հանրային կարծիքը շատ աւելի կարեւոր եւ ազդու դերակատարութիւն ունի քան՝ բազմահազար հրատարակութիւններ կամ ճարախօսութիւններ, որոնք կը սահմանափակուին Հայաստանի կամ հայկական շրջանակներու մէջ: 

Համաշխարհայնացում եւ ազգային ինքնութեան պահպանում՝ այսօրուան մեր դիմագրաւած ամենայ հրատապ մտահոգութիւններն են, մեր պահանջատիրական պայքարին ու Դատին դէմ ուղղուած մեր այսօրուան ամենայ վտանգաւոր մարտահրաւէրները: Մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ իւրաքանչիւր հայու ամենայ նուիրական ծառայութիւնը անկասկած պիտի ըլլայ ազգային ինքնութեան պահպանումը: Դժբախտաբար մեր բազկերակը թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ, իսկ հաւաքական պայքարը չընթանար ակնկալուած կարողականութեամբ: 

Համաշխարհայնացում եզրը ստուգաբանականօրէն կը նշանակէ աշխարհի ժողովուրդներու համարկում: Համաշխարհայնացումը տնտեսական, գաղափարախօսական, արհեստագիտական եւ մշակութային փոփոխութիւններու ձեւակերպումն է: 

Հայաստանը կամ հայկական իրականութիւնը չի կրնար հեռու մնալ համաշխարհայնացումէն: Հարցը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ կամայ թէ ակամայ պիտի շաղուինք արեւմտեան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային նորարարութիւններուն հետ, առանց խաթարելու մեր ազգային ոգին եւ ինքնատիպութիւնը: 

Համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ համաշխարհային մշակոյթ, ջնջելով ազգայինը: 

Բարիք մը չէ համաշխարհայնացումը, ոչ ալ անոր շուրջ համախմբուելիք ներկայացում, սակայն անիկա ամէն տեղ է: Անհրաժեշտ է իբրեւ ժողովուրդ չկորսուիլ անոր հարուածներուն տակ: Պէտք չէ ըլլալ դիտող, այլ մասնակիցը անոր ներկայացուցած պայմաններուն եւ օգտուիլ անոնցմէ, առանց կորսնցնելու մեր ազգային ինքնութիւնը: Մեծ դերակատարութիւն կիյնայ մեր ուսերուն վրայ, յատկապէս զգաստացնելու երիտասարդութիւնը, որպէսզի խեղդամահ չդառնայ համաշխարհայնացման ալիքներուն տակ: Միամտութիւն պիտի ըլլայ պայքարիլ համաշխարհայնացման դէմ, բայց միւս կողմէ՝ ճարտարօրէն պէտք է հաղորդակցիլ, որպէսզի չկորսնցնենք մեր մշակոյթն ու ինքնութիւնը, ընդհակառակը օգտուինք անոր ընծայած արհեստագիտական, տնտեսական, նորարարական բարիքներէն:

Համաշխարհայնացման ամենայ վտանգաւոր երեւոյթներէն մէկը անդիմագիծ մշակոյթն է, միւսը արտագաղթը: Մեր դպրոցներուն մէջ այնպէս դաստիարակենք երիտասարդութիւնը, որ ամուր մնայ անդիմագիծ մշակոյթներուն դէմ: Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ նոյնքան մտահոգիչ դարձած է արտագաղթը: Ընդունելի չէ որ հայը լքէ իր հայրենիքը: Օտարութիւնը հայրենիք չի դառնար: Օտարութեան մէջ բոլորս դատապարտուած ենք ձուլումի:

Նոյնքան մտահոգիչ դարձած է խառն ու օտար ամուսնութիւններու պարագան: Դժբախտաբար Սփիւռքի մէջ աւելի աչքառու սկսած է դառնալ օտար ամուսնութիւններու իրողութիւնը: Մտահոգիչ դարձած է արեւմտեան բարքերուն մեր ենթակայութիւնը, մեր օճախներուն մէջ անոնց տարածումը: Սփիւռքի առօրեային մէջ աւելի յաճախակի սկսած են երեւիլ օտարամուտ բարքեր, ապրելակերպի եւ կենցաղային սովորութիւններ: Երբ ապրելակերպի եւ կենցաղային ընդօրինակութիւն կըսեմ, ինքնաբերաբար նկատի ունիմ մշակութային, դաստիարակչական աւանդութիւններու խաթարում, ազգային արժէքներու եւ չափանիշերու խախտում:

Համաշխարհայնացման իրականութենէն օգտուելու ճկունութիւնը լաւագոյնս կը ներկայացնէ վարպետներու ձեռքով մշակուած այն գեղեցիկ տեսարանը, որ խորքին մէջ տարբեր երկիրներէ ղրկուած խճանկարներու համադրութիւն մըն է: Բոլոր դիտորդներու համար հաճելի տեսարան մը: Ճիշդ այս եղանակով անհրաժեշտ է համայն աշխարհին ներկայացնել մեր Դատը, անիկա լսելի եւ ընկալելի դարձնել բոլորի ականջներուն եւ աչքերուն, որպէսզի վճռական պահուն այդ ժողովուրդները մեզի նպաստաւոր կեցուածք ճշդեն, համոզուած ըլլան մեր դատի արդարութեան: Մէկ խօսքով անոնց երեւակայութիւնը արդէն լեցուած ըլլայ մեր իրաւունքներուն, մեր Դատին եւ մեր տառապանքներուն պաշտպանութեամբ: 

Սակայն որպէսզի մեր խօսքը ըլլայ ազդու եւ տպաւորիչ, անհըրաժեշտ է որ մեր երգը, մեր խօսքն ու միտքը ըլլան հուժկու եւ ազդու: Հետեւաբար նախ անհրաժեշտ է, որ մեր ապրած կամ գտնուած երկիրներուն մէջ ըլլանք տիպար, օրինակելի քաղաքացիներ, մեր հանդէպ պարտադրենք յարգանք: Հանրային եւ հասարակաց կարծիքին մօտ ստեղծենք պատկառանք, հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ յարգեն մեզ: Հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ պաշտպանեն մեր թէզերը: Քաղաքական, հասարակական, մարդասիրական, արհեստակցական, մշակութային եւ արուեստից ծանօթ կառոյցներ ի նպաստ մեր պահանջներուն կողմնորոշուին: Այս բոլորը ի հարկէ կենթադրեն զոհողութիւններ:

Մենք կրնանք օգտագործել նոյնիսկ ֆիլմարուեստի աշխարհը, մշակութային դաշտը, մարզական աշխարհը: Լրատուական մարզին մէջ ատակ գրիչներու միջոցաւ կրնանք ազդու եղանակով ներկայացնել մեր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

Ազգային ինքնութեան պահպանումը մեր պահանջատիրութեան առաջին գրաւականներէն է: Դժբախտաբար սկսած ենք նահանջել մեր ինքնութեան պահպանութեան առաքելութեան մէջ: Շատ յաճախ տեղի կու տանք խաբուսիկ, աժան, մակերեսային երեւոյթներու, որոնց հետեւանքով կը կաղայ մեր ինքնութիւնը, կը տկարանան մեր ազգային արմատները, աւելի շուտ անձնատուր կը դառնանք ձուլումի եւ ուծացումի, մէկ խօսքով Սպիտակ Ջարդին:

Իբրեւ հազարաւոր տարիներու մշակոյթ ունեցող ժողովուրդի զաւակներ, մենք կապրինք մեզի ժառանգ հասած ազգային մշակութային աւանդութիւններով: Մեր ժողովուրդը ականատես կը դառնայ օտար մշակութային ազդեցութիւններու, արհեստագիտական սրընթաց նորարարութիւններու, նոր գաղափարներու եւ հեռանկարներու: Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ կարելի է միայն օգտուիլ արդիականացման բարիքներէն:

Այսօրուան հրամայականը մեր ազգի մշակութային, աւանդական արուեստի, ազգային ինքնութեան հիմք հանդիսացող արժէքներուն պահպանումը պիտի ըլլայ: Մեզի համար խիստ կարեւոր է ազգային դպրոցի հիմնումը եւ պահպանումը: Դպրոց, որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդի ներուժի ամրապնդման, ազգային եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման եւ զարգացման:

Իբրեւ նախանձախնդիր հայորդի, պիտի փորձեմ ներկայացնել հայկական ինգնագիտակցութիւնը վառ պահելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ կարգ մը նշումներ.

Ստեղծել համաշխարհային համահայկական խորհուրդ, ուր հայը իսկական հպարտութիւն զգայ իր ազգային պատկանելիութեամբ եւ ո՛չ հակառակը:

Հայը, ուր որ ալ գտնուի պիտի ներկայացնէ մէկ ամբողջութիւն, մէկ ազգ: Հայը ուր որ ալ գտնուի պիտի հետապնդէ մէկ նպատակ եւ պիտի խօսի հայերէն, պիտի կարդայ հայերէն, պիտի երգէ հայերէն:

Հաւատայ մեր յաղթանակին, ըլլայ խոհեմ, անհրաժեշտութեան պարագային, խիզախ, յանդուգն, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն պատրաստ:

Այսօր, Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ցաւ մը կայ բոլորին սիրտերուն մէջ, մտահոգութիւններ կան ազգային, որոնք կը պահանջեն համազգային մօտեցում եւ լուծում

Կը հաւատամ, որ մեր միասնականութեամբ եւ խոհեմութեամբ պիտի յաղթահարենք մեր առջեւ ցցուող բոլոր դժուարութիւնները, միշտ ի մտի ունենալով եւ լաւագոյնս ըմբոշխնելով ու գործադրելով ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ:

Ընթերցուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան Համագումարին՝ 2013

«ԶԱՐԹՕՆՔ» Բացառիկ 2014, Պէյրութ