Սիրտս կը մղկտայ եւ արցունքներս արեան նման կը հոսին, երբ լրատուամիջոցներէն կը տեսնեմ ու կը լսեմ, թէ ի՛նչ կը պատահի սիրելի հայրենիքիս՝ Սուրիոյ ու ի մասնաւորի ծննդավայրիս՝ Հալէպի մէջխ:
Հալէպ՝ գթառատ ու կենսատու մայր իմ, Հալէպ, որ պաշտպանեց ու տէր կանգնեցաւ իմ ժողովուրդիս իր մեծ ողբերգութեան օրերուն, դար մը առաջ: Հալէպ, որ ինծի, եղբայրներուս, ընկերներուս ու բազմազգ, բազմակրօն ու բազմացեղ բարեկամներուս պարգեւեց մանկութեան ու պատանեկութեան քաղցր յուշերը: Հալէպ՝ ոստան մշակոյթի, գրականութեան ու իսկական արուեստի: Հալէպ՝ քարակերտ շքեղ կառոյց: Հալէպ՝ ծննդավայրը աշխարհահռչակ Ապու Ալ Ֆիրաս Ալ Համատանիի ու Ապտ Ուլ Րահման Ալ Քաուաքիպիի: Հալէպ՝ կրօնական զգայացունց մեղեդիներու քաղաք: Հալէպ՝ Սապահ Ֆախրի եւ «Խըտուտ»ներ: Հալէպ, որ իր անունը դրոշմեց իւրայատուկ ժողովրդական քընքուշ երգերու, պիստակին ու ամբողջ աշխարհին ծանօթ իր համեղ խորովածին: Հալէպ՝ «Մաուուալ»ներու եւ «Մուաուաշշահաթ»ներու քաղաք: Հալէպ, որ կու գայ պատմութեան խորերէն: Հալէպ՝ իսլամական ներողամտութեան եւ մշակոյթի քաղաք:
Հալէպ, իմ սիրելիդ, Հալէպ:
Աւելի կը ցաւիմ, մանաւանդ երբ կը տեսնեմ սուրիացի գաղթական եղբայրներուս կարաւանները ու հարեւան երկիրներու մէջ իրենց գաղթակայանները, նոյնպէս կը ցաւիմ, երբ կը լսեմ գաղթել փափաքող սուրիահայ եղբայրներուս մեծ թիւին մասին, որոնք կը ծրագրեն մեկնիլ տարբեր երկիրներ ու մանաւանդ մեր հայրերու երկիրը՝ Հայաստան, ու այս բոլորը ապահովական պատճառներով (բացի անոնցմէ, որոնք տակաւին իրենց տուներուն եւ աշխատատեղիներուն բանալիները ամուր կը պահեն իրենց գրպաններուն մէջ):
Ես, որպէս ազգային սկզբունքային հարց, խստօրէն դէմ եմ գաղթի գաղափարին: Այն ատելի եւ անախորժ երեւոյթ է մեզի համար: Այս մէկը կը յուշեմ անոնց, որոնք կը մտածեն գաղթի մասին, ու մանաւանդ անոնց, որոնք իսկապէս սկսած են գաղթի պատրաստութիւններ տեսնել:
Հայերը մարդկային ու բարոյական պարտաւորութիւններ ունին Հալէպի հանդէպ, որ գրկաբաց ընդունեց զիրենք, երբ իրենք ցեղասպանութեան ենթարկուեցան նախորդ դարասկիզբին: Անոնք պարտաւոր են աշխարհի համայն ժողովուրդներուն փաստել, որ իրենց տոհմային յատկանիշն է հաւատարմութիւնն ու երախտագիտութիւնը, եւ թէ իրենք տեղացի բոլոր համայնքներուն կողքին կանգնած են միշտ խիզախօրէն, հայրենի երկրի լաւ ու վատ օրերուն: Հայերը անբաժանելի մէկ մասնիկն են Հալէպի ընկերութեան ու անկարելի է տարանջատել զայն այս ընդհանուր հիւսուածքէն:
Հայ համայնքը անհամար վնասներու պիտի ենթարկուի, եթէ երբեք գաղթէ Սուրիայէն ու մանաւանդ՝ Հալէպէն (նախ հայրենիքէն դուրս վեց ամիս չանցած, կը սկսի գաղթած ըլլալու զղջումը, զղջումը՝ հարազատ թաղն ու տունը ձգած ըլլալու, որքան ալ համեստ կամ փարթամ եղած ըլլան անոնք): Պիտի կորսուի ընկերային այն մթնոլորտը, որ իր գրկին մէջ ուրախութեամբ ու համերաշխութեամբ կը պարուրէ համայնքին բոլոր զաւակները, մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, իւրաքանչիւրը իր շրջապատին մէջ, ըլլան անոնք մշակութային, մարզական, թէ այլ բնոյթի: Ան պիտի կորսնցնէ նաեւ իր հանապազօրեայ կենցաղը, որուն վարժըւած է արդէն ու սէր կը տածէ անոր հանդէպ:
Իսկ համայնքը ինքնաբերաբար պիտի կորսնցնէ բազմաթիւ կառոյցներ, կալւածներ, կրօնական հաստատութիւններ, համայնքային շէնքեր, ակումբներ, մարզադաշտեր,մշակութային կեդրոններ, եւայլն, զորս նախորդ սերունդները կառուցած են տասնամեակներու ընթացքին, քար առ քար, յաջորդական տարիներու ընթացքին, շարունակուող քրտինքի կաթիլներով, ու բազում զոհողութիւններով, ու այս բոլորը՝ խիստ դժուար պայմաններու տակ ու տքնաջան աշխատանքով, ու այսպէս էր, որ անոնք հասան իրենց այսօրուայ բարգաւաճ ու պայծառ վիճակին, ու յիմարն է միայն, որ կը հրաժարի այս բոլորէն:
Հալէպի կրթական ու մշակութային հաստատութիւնները հաւատարիմ գործիչներ պատրաստող հնոցներ են, որոնք որպէս ղեկավար ուժեր՝ կը գործեն հայկական այլեւայլ գաղթօճախներու մէջ, աշխարհի տարածքին: Հալէպը յորդահոս աղբիւր է հայրենիքին ու հայկական գաղթօճախներուն, ու եթէ յանկարծ ցամքի, ապա անոր հետ կ’անհետանան նաեւ շրջանին հայապահպանման ու հայկական դիմագիծի գոյութեան պահպանման բազմաթիւ գործօններ:
Սուրիահայութեան ու մանաւանդ հալէպահայութեան գոյութիւնը միաժամանակ կարեւոր ռազմական կռուան է Հայաստան Մայր հայրենիքին համար: Հալէպահայութիւնը իր հզօրութեամբ ու պատրաստուածութեամբ կարիքի պահուն կը հանդիսանայ կարեւոր պատուար մը թշնամիին դէմ, որ հազար ու մէկ ձեւով հաշուի կ’առնէ անոր ժիոփոլիթիք ուժը: Հալէպահայութիւնը մէկ մասնիկն է այն թոքին, որմէ կը շնչէ Հայաստանը, ու անոր չքացումով անպայման որ պիտի դժուարանայ Հայաստանի պետութեան շնչառութիւնը: Ան նաեւ հայրենիքի մեծ վրանին սիւներէն մէկն է, այն վրանին, որուն տակ կը ծուարին աշխարհի բոլոր հայերը, ու Հալէպի սիւնին փլուզումով պիտի ցնցուի վրանը ու կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը, կամ անկասկած պիտի նուազի անոր գործունէութիւնը: Հալէպահայութեան որեւէ չափի տկարացում ուղղակիօրէն պիտի ազդէ նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի հայութեան վրայ:
Հալէպահայութիւնը կը նմանի այն սալին, որուն վրայ կոխելով մարդիկ կ’անցնին առուին միւս կողմը, ու առանց անոր՝ դժուար պիտի ըլլայ առուի երկու կողմերուն միջեւ երթեւեկութիւնը, որովհետեւ հալէպահայութիւնը, առանց մրցակիցի, կը ներկայանայ որպէս գլխաւոր միջնորդ-դերակատար:
Հայերու բացակայութեամբ, մեր սիրելի Սուրիան պիտի զըրկըւի իր տնտեսութեան ու արհեստներու առնչուող բազմաթիւ գործօններէ, բան մը, որ երբեք ընդունելի չէ մեզի համար, փոխարէնը՝ գաղթական հայն ալ պիտի կորսնցնէ իր տունը, գործը, մանկութեան, երիտասարդութեան ու ալեհերութեան շրջանի բարեկամները միասնաբար, ու օտար երկինքի տակ պիտի սկսի սկիզբէն: Հայերուն կը մնայ միայն ձեռք առնել նախազգուշական այն բոլոր յանդուգն միջոցները, որոնք կրնան վտանգէ հեռու պահել իր անձը, պատիւն ու գոյքերը հաւանական աւազակներէ, որոնք միշտ ալ կը բազմանան այսպիսի պայմաններու տակ:
Հայերս պէտք է գիտակցինք, որ քաղաքական վերիվայրումներն ու ժողովրդային ապստամբութիւնները, նոյնիսկ ռազմական գործողութիւնները հնարաւոր երեւոյթներ են ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ու այս իրականութիւնը հաստատող բազմաթիւ հին ու նոր օրինակներ կան, թէ երբեք իմաստութիւն չէ հրաժարիլ այն բոլորէն, ինչ որ ձեռք բերուած է խիստ դժուար պայմաններով, եւ թէ՝ հարկաւոր է համբերել ու սպասել դիմադրողի հոգեբանութեամբ, ու հաւատալ, որ գալիք օրերը անպայմա՛ն որ աւելի լաւ պիտի ըլլան, քան նախորդները, եւ թէ մեր հայրենիքին՝ Սուրիոյ պայծառ ապագան պիտի փոխհատուցէ մեզի այս բոլոր ողբերգութիւններուն դիմաց:
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 19 -08 -2012, Պէյրութ
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 19-10-2012, Քուէյթ
«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 22-09-2013, Լոնտոն
«ԱԶԴԱԿ», 25-9-2013, Պէյրութ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 4-11-2013, Հալէպ