Մարդկային կեանքը կը շարունակուի գրականութիւն կը վերստեղծուի, բայց նաեւ գրականութիւնը <<կեանք>> կը ստեղծէ, որպէսզի մարդը գեղեցկանայ և գեղեցկութիւնը մարդանայ, որպէսզի տառապանքի հովիտը ներշնչման բարձունքի ու յաղթակամաչի վերածուի, որպէսզի անվերադարձ մեկնումը դառնայ յավիտենական վերադարձի՝ մշտադալար ծաղկունքի կամ երիտասարդացումի։ <<Երթ>> Տարեգրքի նոր թիւը ընծայաբերուած է հայ երիտասարդին, որուն այս առիթով կ՛ուզենք փոխանցել բարեմաղթուիւն մը՝ ունենալ պայծառատես հոգին, որ հիմքը կը կազմէ բարութեամբ իրագործելի բոլոր ծրագիրներուն եւ ներշնչման աղբիւրը արուեստի բազմաբնոյթ արարումներուն։

 Բերիոյ Հայոց Թեմին վեցամեայ ծառայութեան ընթացքին, վարչական մաշեցնող գործունէութեան կողքին, անբացատրելի բերկրանքով ու առանձնաբար ապրուած ոգեղեն հաճոյքով հետեւեցանք գիրին ու գրականութեան նուիրուած Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին աշխատանքներուն։ Սուրիահայ գրականութիւնը երկնող Համախմբումի յարատեւութեան կամքին ու արգասաւորման բերկրանքին կը միացնենք երկնային օրհնութիւնն ու երախտագիտական գնահատանքը, առաջին օղակին՝ հնգամեակի կատարումի առիթով, արեգական պայծառութեամբ վերահաստատելով իրականութիւնը մեր համայնքի կենսունակութեան ու ստեղծագործելու կարողականութեան, որուն ի տես լրջամիտ թէ ողջամիտ անհատներն ու հաւաքականութիւնները կրնան ամենամաքուր ապրումներով եւ զգացումներով յուսադրուած ուրախակցութեամբ շնորհաւորել բանին ու գիրին սպասարկող խոնարհ հոգիները։
Սուրիահայ գրական անդաստանին մէջ ապրելով, առիթը ունեցանք լսելու ու տեսնելու պտղալից հիներ, ծաղկող միջիններ եւ ծլարձակող նորեր։ Այստեղ անոնց իրականացուցածին կամ մտայղացումներում վերլուծումը, քննարկումն ու գնահատումը կատարելու յավակնութիւնը չունինք։ Այդ մէկը խղճին կամ ճիտին պարտքն է գրականութեան պատմութեան ու տեսութեան վաւերական մասնագէտին, անկողմնակալ գրաքննադատին ու անաչառ վերլուծաբանին։

<<Երթ>> տարեգիրքին յաջորդական հինգերորդ երեւումը ինքնին ցուցանիշը չէ՞ այն պարզ ու խորունկ ճշմարտութեան՝ <<երբ կամք կայ, ելք կայ>>, աւելցնենք եւ ըսենք՝ <<երթ կայ>>։ Այս հաստատումէն մեկնելով կարելի է յիշեցնել, որ <<սուրիահայ գրականութիւն>> ցարդ ունեցաւ ապրելու և ծաղկելու թէ՛ տուեալներ (գրող, գիրք, մշակութային՝ գրական կեանք, ընթերցող, հրատարակիչ ու մեկենաս), թէ՛ վերելք արձանագրելու բացայայտ նախանշաններ  (նորագիր, նորոգող ու նորաբեր անդամներ)։ Արեւմտահայերէնով արտայայտուող մեծաքանակ ու քաղրորակ ներկայութիւն մըն է, որ կրնայ նոյնիսկ առաջնորդողի դեր վերցնել, եթէ արութիւն ու աշխատասիրութիւնը միասիրտ գործակցութեամբ ճառագայթեն։ Ի՞նչ կը պակսի անոր ամբողջական գրականութիւն ու գրական դպրոց ունենալու կամ ըլլալու համար։ Հարցոը նըմ որուն պատասխանելու համար նախ պարտինք լուծել լուսաբանելի խնդիրներ․  (ա) հայ կամ հայկական պատմաան մեր ընթացքը արտայայտող եւ մեր ներկայ կեանքւ հոլովոյթը դրսեւորող ինքնատի՞պ իրականութիւն է․  (բ) ժամանակակից հայկական գրական արտադրութիւնները  (հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ) կը կազմե՞ն ինքնուրոյն դպրոց (ներ)։ Դրական ու լավատես ըլլալով հանդերձ, հորիզոնը խայտաղէտ պատկեր մը կատարենք, որովհետեւ մեր մէջ ու մեր շուրջ կը տեսնենք յաճախ գլուխ ցցող յոռետեսներ, նորերու խենթութիւնները կտրականօրէն մերժողներ, իւրայատուկ ոճ որոնողներ հեգնանքով վարկաբեկողներ, աշխատելոի չիգ ցուցաբերողները լութեամբ անտեսողներ․․․ բայց՝ փառք Ամենակալին, որ նաեւ ունինք պայծառատես ու երիտասարդ հոգիներ, որոնք ճշմարտութեան ու գեղեցիկին խաւարահալաջ ջահը վերցնելու նահատակի պատրաստակամութեամբ արիացած կը շարունակեն երթը՝ իրենց <<Երթ>>ը։
Ամէն դար իր սերունդը ունի, որ կը ծաղկի՝ կ՛երիտասարդանայ, երբ ինքզինք մաքրէ ժամանակի ժահրէն ու ժանգէն, ազատագրուի սարդոստայնի կապանքներէն, վերածուի մշտահոս ջինջ ջուրի ու անամպ երկինքի՝ անխառն ու սկզբնածին էութեան, մանկական բնական ու բնութենական պարզագոյն վիճակին։ Այս ատեն գրականութիւնը իր մէջ համադրած կ՛ըլլայ ժամանակն ու տարածութիւնը, սկիզբն ու վախճանը, դադրելոց միտքի ու գրիչի շահախնդիր խաղւ բարդոյթէն, ինքնագովութեան մոլուցքէն եւ բուն կեանքին վրայ բռնանալու մենատիրոջ յոխորտանքէն․․․ ընդհակառակը, վերածուի իրաւ ու արժանաւոր կեանքին սպասարկող գերազանց լոյսի, ներշնչարան չմահացող, նոյնիսկ յավիտենականացնող կեանքի ճշմարտութեան ու ճշմարիտ Կեանքին։ Եւ ի՞նչ է գրականութեան առաքելութիւն ու նպատակը, եթէ ոչ մարդկութեան կեանքը ջրդեղող կենսատու աղբիւր ըլլալը, ոգեղէն պապակը յագեցնելը և հեգէղեն հացը մատակարարելը, բայց՝ չսպառիլ ու յարատեւել։
Յաջորդական վեց տարիները սահեցան ան երջանիկ թուականէն, երբ սուրիահայ խումբ մը աղջիկներ ու տղաք, Ազգ․ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին հայ գրականուփեան անդաստանը ոռոգել եւ ծաղկեփունջի նման մեր ժողովուրդին ընծայել ընտիր ու ատոք հասկեր՝ <<Երթ>>ի ճամբթվ։ Առաջին հնգամեակը յաջողութեամբ կնքեցին։ Ամենակարողը յաջորդ հնգամեակներուն ու յիսնամեակներուն համար Իր շնորհքը առատացնէ անոնց վրայ։
Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին անունով մեր գնահատանքն ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք աշխատակից ու գործակից բոլոր հարազատներուն, յատկապես ներկայ հատորի մտաւորական ու հրապարակագիր մեկենասին՝ տիար Կիրակոս Գույումճեանի եւ Յակոբ Բանիկեանի, որպեսզի <<Երթ>>ը շարունակէ իր անվհատ ու անվեհար երթը, պայծառատեսիլ նայուածքով ու անընկճելի կորովով։

Օրհնութեամբ եւ աղօթքիւվ
Շահան Եպս․ Սարգիսեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի