Մեծայարգ
Տիար Կիրակոս Գույումճեան
Քուէյթ

Սիրելի՛ Պարոն Գույումճեան,
Ուրախութեամբ ստացանք Մեզի ուղարկած Ձեր նոր հատորը՝ Հայ Դատին նուիրուած Ձեր յօդուածներու հավաքածոն, հայերէն և արաբերէն լեզուներով:
Արդարեւ, քաջածանօթ ենք որ երկար տարիներէ ի վեր անխոնջ կերպով կը պայքարիք Ձեր գրիչին ճամբով մեր արդար դատը ծանօթացնելու օտարներուն, յատկապես արաբ հանրութեան, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ բերելու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները: Վստահ ենք որ նման աշխատանքներ իրենց կարեւոր սատարը պիտի բերեն արդարութեան հետամուտ ժողովուրդներու զօրակցութիւնը ապահովելու տեսակէտէն՝ ի նպաստ մեր իրաւունքներու վերատիրացմանը:
Կ՛աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ Իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր վրայէն, որպէսզի նոյն խանդով շարունակէք Ձեր աշխատանքը: Թող Աստուած քաջառողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն շնորհէ Ձեզի և Ձեր հարազատներուն:
Հայրապետական օրհնութեամբ և սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Արամ Ա Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ