Հայ եւ արաբ ժողովուրդները իրարու կամրջած պատմական, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ այլաբնոյթ հին ու նոր կապերը լոյսին բերող հետաքրքրական, բովանդակալից եւ գեղատիպ գիրք մըն է նախկին հալէպահայ Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի 2012-ին Քուէյթի մէջ հրատարակած «Մուհաթթադ Ուա Մաուագէֆ» («Կայաններ եւ Կեցուածքներ») անուն հատորը:
Արաբ լայն զանգուածներուն պատմական ճշմարտութիւնները ներկայացնող, հայանպաստ մթնոլորտ ստեղծող, տագնապահար հայու հոգիին եւ մտքին ծալքերը լայն բացող ողջունելի հրատարակութիւն մըն է Կիրակոս Գույումճեանի վերոյիշեալ հատորը: Մէկ խօսքով ոսկի կամուրջ մը՝ նետուած հայ եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ:

Ժիրայր Դանիէլեան, «Կամար» թիւ 19, 2013, Պէյրութ