Մեր սեղանին վրայ դրուած է եզակի գիրք մը, որ Քուէյթէն եկած է: Այն անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ մեր ազգի աշխարհասփիւռ տաղանդաւոր զաւակներուն մասին, որոնք իրենց բնակած հեռսւոր վայրերուն մէջ չեն ապրիր որպէս սովորական հայեր, այլ իրենց կարելին կ’ընեն հայ ժողովուրդը ծանօթացնելու այլ ժողովուրդներուն: Կիրակոս Գուումճեանը ասոնցմէ մէկն է, որ հրատարակելով այս գիրքը կը դառնայ հաստատուն կամուրջ մը՝ Հայ մամուլի եւ արաբ ընթերցողին միջեւ:

13 Մարտ 2013, Ռոպէր Հատտէճեան, «ՄԱՐՄԱՐԱ», Իսթամպուլ