«Հայկական Հարցը մօտեցնել արաբ ժողովուրդներուն»:
Այս է Կիրակոս Գույումճեանի մտասեւեռումը որպէս հայ. Հարց, որ կը շարունակուի 1915 թուականէն ի վերä
Եւ որուն լուծման քայլերը կը սկսին այն միակ քայլով որ Թուրքիան պիտի կատարէ՝ ընդունիլ որ ինք Հայ ժողովուրդին հանդէպ ցեղասպանութիւն գործած է եւ բնածնծաղ անոր միլիոնաւոր զւակները, արարք մը զոր Թուրքիան ցարդ չէ ընդունած: Հայկական Հարցը կը կազմէ մեծ թիւով յօդուածներու առանցքը, ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան Յիշատակի օրուայ՝ Ապրիլ 24ի առթիւ գրուածներուն, երբեմն հանգուցելով թնճուկի վերածուած Հայկական Հարցը նոյնքան անլուծելի թնճուկ դարձած Պաղեստինեան հարցի հետ, երկու հարցերուն ալ նայելով նոյն դիտանկիւնէն, նկատի առնելով որ երկուքին պարագան նոյնն է՝ հողի, հայրենի երկրի գրաւում եւ որպէս բնիկ ազգաբնակչութիւն բնաջընջման ենթարկութիւն ինչպէս նաեւ երկու հայրենազրկուած ազգերու քաղաական եւ բնական իրաւունքներու խլում եւ արտաքին ուժերու օգնութեամբ իրավիճակի անլոյծ դրութիւն:
Ներկայացնելով Ցեղասպանութիւնը, արիւնահոս անդարման վէրքը, Կիրակոս Գույումճեան աւելի նուազ չի դասեր, հայերուն նոր հարցը, որ սկիզբ առաւ անցեալ դարի իննսունականներուն եւ որ յայտնի է որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հարց. հեղինակը կը փորձէ հասկցնել արաբներուն որ այն ալ խլուած իրաւունքի հարց է եւ թէ հայերը չեն ընդունիր որ Ղարաբաղն ալ ենթարկուի Ցեղասպանութենէն ետք թուրքերու կողմէ բռնախլեալ հայկակակ տարածքներու ճակատագրին: Բռնագրաւեալ տարածքներ, որոնց շարքին է նաեւ Արարատ լեռը, որ Հայաստանի պատմական խորհրդանիշն էր դեռ Օսմանեան եւ ժամանակակից Թուրքիոյ գոյութիւն առնելէն շատ առաջ:
Հայկական հարցերուն վերաբերող այս գիրքին արաբերէն լեզուով լոյս տեսնելը զայն կը դնէ հայ-արաբ ժողովուրդներու մերձեցման բարձր դասուն վրայ: «Այն ունի երկու ազգերը իրար միացնող կամուրջի արժէք», ինչպէս որ կը նշէ բանաստեղծ Թորոս Թորանեան:

Ժոզէֆ Պասիլ
«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 8 Ապրիլ 2014, Պէյրութ