Մեծ հիացմունքով եւ յափշտակութեամբ դիտեցի «Զէնոպիա Փալմիրի Թագուհին» երգախառն ներկայացումը, Ճիպէյլ հնագիտական քաղաքի բեմահարթակին վրայ, ներկայացուած Պիպլոսեան համաշխարհային փառատօնի ծիրէն ներս: 

Չեմ թաքցներ որ շլացած էի ի տես յաջորդական արարներու նորովի նիւթերուն, արարներու փոփոխութեան գործածուած թեքնիքին, բեմահարթարումին, լուսաւորումին եւ անշուշտ սինարիոյին, տրամախօսութեան, երաժշտութեան, պարերուն եւ բեմական ազդու այլ հնարքներուն:

Ես մասնգիտական պատրաստուածութիւնը չունիմ գովելու կամ քննադատելու, ո՛չ այս եւ ո՛չ ալ Փառատօնին ընթացքին անոր նախորդած թատերական ներկայացումները, ինչպիսին են «Համայնքներու Արքաները», «Սոկրատէսի Վերջին Օրերը», «Ճըպրանը եւ Մարգարէն», «ԱլՄութենէպպի»ն, որոնմէ մէկ մասին ներկայ գտնուեցայ, միւս մասին ալ ձայնագրութիւնները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցի: 

Արուեստի լսողական եւ տեսողական գործերու որպէս ճաշակաւոր ակնդիր եւ ունկնդիր, կը հաւատամ որ բոլորը յարգանքով եւ ակնածանքով պէտք է ոտքի կանգնին մեր ժամանակի առասպելական հսկաներէն մէկուն` այս եւ նախորդ փառատօններու հոգեւոր հայր Մանսուր Րահպանիի առջեւ, որ արուեստի մնայուն առասպելներ կերտեց: Ես կը հաւատամ որ բոլորը ինծի նման ցնծութիւն կը զգան երբ լսեն Րահպանիներու անունը, եւ ինչո՞ւ չէ, չէ՞որ անոնք են արուեստի բացառիկ եւ հազուագիւտ օրինակներու հեղինակները, սքանչելիքներ, որոնց նմանը ցարդ ոչ ոք կրցած էր կերտել` մարմնաւորուած որպէս կերպարներ, երաժշտախառն ներկայացնումներ, երաժշտական եղանակներ՝ երաժշտական գործերու, կամ արտայայտիչ գրութիւններու կամ հիանալի թատերգութիւններ բեմադրելու միջոցով, ինչպիսին է մեր յօդուածին նիւթը:

Ի բարեբախտութիւն արաբական աշխարհին, Մանսուր եւ Էլիաս Րահպանի եղբայրներն ու Ֆէյրուզը կը շարունակեն ստեղծագործել մինչեւ այսօր, հակառակ իրենց մեծ եղբօր` Ասիի մահւան: Փառք Աստուծոյ որ իրենց ստեղծարար ոգին կը պահպանուի եւ անոնք կը շարունակեն ստեղծագործել հրաշալիքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը նմանի մարգարտեայ հատիկի, որոնց շարանը կը զարդարէ Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի պարանոցը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային երաժշտական ժառանգութեան պարանոցը: Այո՛, Րահպանիներու գործերը կը նմանին ամենայ թանկագին քարերով զարդարուած եւ ազնուագոյն մետաղներէ շինուած մանեակներու եւ թագերու, հակառակ տիրող քաղաքական եւ ապահովական դժբախտ պայմաններուն, որոնց միջով կանցնի Լիբանանը ներկայիս:

Ճիշդ ըրած է Տուպայի կառավարութիւնը հոգալով ծախսերը, ինչպէս կը թուի, այս ծախսալի ներկայացման, ծախսուած դրամը փոխանակելով այս սքանչելի գործով, որովհետեւ որքան մեծ գումարներ ալ ծախսած ըլլայ Տուպայը այս ձեռնարկին համար, այն կը մնայ շահութաբեր գործարք ի նպաստ անոր, եւ երանի բոլոր կարողութիւն ունեցողները հետեւին Տուպայի օրինակին, մաքրամաքուր եւ զուտ մեղր ստանալով մեղուափեթակներէն, քանի դեռ չեն չորցած անոնք եւ մեղուներու թագուհիները տակաւին ներկայ են, ինչպէս Մանսուր Րահպանին եւ Ֆէյրուզը, Աստւած երկար կեանք պարգեւէ անոնց եւ ստեղծագործ միւս Րահպանիներուն, եւ իրենց նմաններուն, որոնց թիւը քիչ է: 

«Զէնոպիա»ն, որուն ներկայ գտնուեցայ ներկայացման երկրորդ օրը, Պիպլոսի հնագիտական թատերավայրին մէջ, եւ որուն մնացած հնութիւնները, նոյնքան զարմանալի համաչափութեամբ կամբողջացնէին բեմահարթարումը այս թատերգութեան, որուն դէպքերը կը կատարուին Փալմիրի, Հռոմի, Ալեքսանդրիոյ մէջ, քաղաքներ որոնք ժամանակակից են Պիպլոսին եւ անոր կը նմանին ճարտարապետական դիտանկիւնէ եւ ապրելաձեւով: Եթէ գումարենք նաեւ փայլող, պսպղացող լուսաւորումը, ապա ամֆիթատրոնի հանդիսատեսներու աչքին առջեւ քառորդ քառակուսի քիլոմեթր հարթութեան վրայ կը տարածուի իրական թատերավայրը: Ի՜նչ հիանալի տեսարաններ ներկայացման ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: 

Այն ինչ կուզեմ հասցնել Պարոն Մանսուր Րահպանիին, իբրեւ այս գործին հեղինակի եւ ներկայացման բեմադրիչ Պարոն Մարուան Րահպանիին, սիրող սիրտէ մը բխող անկեղծ վրդովմունքի եւ դժգոհութեան նամակ մըն է, զի մենք հակադրութեան կէտ մը ունինք, որ կը վերաբերի այն պատկերներուն որոնց մէջ կերեւէր հայ Մարտիրոսի կերպարը, որուն վերապահուած էր աննշան դեր մը խաղալ, վատ արոգանութեամբ կոտրտուած արաբերէնով մը, կը խօսէր այնպէս որ կը թուէր թէ իր միակ մտահոգութիւնը իր փորն է, այն ապուխտն ու երշիկը, որոնցմով պէտք է ապահովուեր իր ճաշասեղանը: Մարտիրոսը հանդէս կու գար որպէս անմիտ եւ յիմար անձնաւորութիւն, որ արժանի չէ յարգանքի: Ասիկա անշուշտ կը հակասէ իրականութեան: Նոյն հայ կերպարը այլ տեսարանի մը մէջ անգամ մը եւս կերեւի, թատերական գործողութիւններով լի տարիներ անցած են. ան դարձեալ կը մարմնաւորէ նոյն անպատուաբեր անձնաւորութիւնը, որ պատիւ չի բերեր ոեւէ նախանձախնդիր հայու: Իր կատարած աշխատանքը ցարդ չենք լսած որ ոեւէ հայ կատարած է, եւ ոչ ալ այն գործերէն է, որոնցմով հռչակուած են հայերը կամ երբեւիցէ տիրապետած անոր: Եթէ ընդունինք որ ամէն օրէնք իր զարտուղութիւնը ունի, եւ թէ այս մարդուկը զարտուղի է, այդ պարագային այս ընտրութիւնը յաջող չէ եւ ոչ ալ արդար, քանի հնարաւորութիւնը կայ արատաւորելուպատկանելիութիւնը: 

Թատերգութեան աւարտին կըսուի թէ արեւելք եւ արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս երկարող Զէնոպիայի թագաւորութիւնը հիւսիսէն սահմանակից էր Հայաստանի: Եթէ յայտնի է հեղինակին եւ շրջանի պատմութեան գիտակ ամէն անհատի, Հայկական թագաւորութիւնը իր քաղաքակրթութեամբ հանդերձ ներկայ էր շրջանին մէջ, եւ կարելի էր Հիւսիսի այս դրացիին հետ առնչուող դէպք մը յիշել` բախումներ կամ դաշնագրեր կամ այլ բնական պատահարներ, նկատի առնելով որ հարեւան այլ երկիրներու եւ ցեղախումբերու հետ առնչուող բազմաթիւ դէպքեր յիշատակուած են թատերգութեան մէջ, բացարձակապէս չյիշատակելով Հայաստանի անունը:

Ես կը հասկնամ ու կըմբռնեմ ընդհանրապէս կատակերգական տեսարաններու ներմուծումը թատերական գործերու մէջ, ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու եւ հանդիսատեսին հաճոյք պատճառելու համար: Րահպանիներու նախորդ թատերգութիւներուն մէջ քանիցս հանդիպած եմ դիտումնաւոր նպատակամղումով թխմուած հայ կերպարներու, որոնք հանդէս եկած են կոտրտուած արաբերէնով, իրար խառնելով արականն ու իգականը, հետեւաբար ալ  յայտնուելով անյարմար կացութիւններու մէջ, նաեւ հայու այն նմոյշին որ յաճախ մեծ հակում կը ցուցաբերէ երշիկի, ապուխտի եւ խորովածի եւայլնի հանդէպ, բան մը որուն որոշ չափով ճշմարտացի ըլլալը չեմ հերքեր, մանաւանդ անցեալին, ոչ մէկուն համար ամօթալի ախորժակ մըն է այս, բազմաթիւ ժողովուրդներ ունին նմանատիպ ազգային ճաշեր, զորս յարկ չկայ նշել, սակայն չեմ ընդունիր, ինչպէս որ ուրիշներն ալ չեն ընդունիր, այս պարագայի անընդհատ կրկնութիւնը, վախնալով որ այս կերպարը կրնայ արմատաւորուիլ հանդիսատեսներուն մօտ, նկատի առնելով որ այն կը ներկայացուի թատերական այնպիսի մեծ գործերու մէջ, զորս կը դիտեն միլիոնաւորներ: 

Հայերը բարձր քաղաքակրթութեան տէր ազգ են, ինչպէս է լիբանանցի ժողովուրդը, որ ունի մաքրամաքուր ժողովուրդներու յատկութիւններն ու սովորութիւնները, եւ կրնար տէր դառնալ ամենամեծ երկիրներէն մէկուն, եթէ իր աշխարհագրական դիրքին եւ կայսրութիւններու ագահութեան պատճառաւ չենթարկւեր իրարայաջորդ գրաւումներու եւ քանդումներու՝ բարբարոս զաւթիչներու կողմէ, հայերը ունին նաեւ պատուաբեր ներկայ, զոր կը վկայեն բոլորը, ուր ալ որ գտնուին կամ երթան անոնք: Կակնկալեմ Րահպանի եղբայրներէն այս իրականութիւնները այլ պարագաներէ աւելի նկատի առնել:

Եւ քանի որ հաւանական է Զէնոպիա թատերգութեան յաճախակի կրկնուիլը ապագային, ուստի պիտի շնորհակալութեամբխնդրենք զայն պատրաստողներէն, որ փոփոխութեան ենթարկեն հայ կերպարին խօսակցութեան բաժինը կամ զայն բոլորովին ջնջեն:

Կրկին անգամ կը կրկնեմ գնահատանքս Րահպանի փառապանծ եղբայրներուն, անոնց մշտապէս յաջողութիւն ցանկալով, անկեղծօրէն փափաքելով որ մնան հոգեւոր սննդատու՝ հանդիսատեսներուս եւ համայն զարգացած հասարակութեան համար:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 3-9-2007, Պէյրութ