Ճամբորդած էի եւ հետեւաբար չկրցայ դիտել «LBC»ի լրատուական աշխատակից Մարսէլ Ղանէմի «Խօսք Մարդկանց» յայտագիրը, յատկացուած մօտաւորապէս 90 տարի առաջ թուրքերու կողմէ սպաննուած մէկուկէս միլիոն հայերու Յիշատակի օրուան, որ ամէն տարի կը նշուի Ապրիլ 24-ին: Բարեբախտաբար քանի մը օր ետք, յաջողեցայ յայտագրի այդ նշուած ծրագիրէն օրինակ մը ձեռք ձգել եւ դիտել քանի մը անգամ, անոր արձագանգելէ առաջ, բաւարար չափով ընկալելու նպատակաւ, մանաւանդ այն առանցքները, որոնց վրայ այլ կէտերէ աւելի շեշտ դրուած էր ներկայացուած ծրագրին մէջ: Այդ առանցքներն էինԱ.-Հայերու լաւապէս չտիրապետելը արաբերէն լեզուին, հակառակ անոնց տասնամեակներէ ի վեր արաբական միջավայրի մէջ ապրելուն:

Բ.-Հայերու բաւարար չափով չխառնուիլը այն շրջապատին, որուն հետ որ կապրին, այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ կարծես կէթօներ` առանձնացած խմբաւորում, կազմած են իրենց ապրած վայրերու շրջակայքը:

Հակառակ յայտագրին գլխաւոր հիւր եւ օրուան աստղ` լրատըւական մարզի մէջ ծանօթ դէմք Պարոն Նշան Յարութիւնեանի տուած բացատրութիւններուն համաձայն գտնուելուս, կը կարծեմ որ թերեւս անոր տրուած ժամանակը բաւարար չէր մանրամասնելու նիւթը եւ յագեցած բացատրութիւններ տալու, եւ որովհետեւ այս նիւթը յաճախ կը ծեծուի հայերու ապրած շրջապատին մէջ, բարեկամներու թէ հակառակորդներու կողմէ, ինչպէս նաեւ ժամանակ առ ժամանակ լրատուական միջոցներու կողմէ կարծարծըւի այլ կարեւոր հարց մըն ալ, (մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ), Լիբանան, Եգիպտոս կամ Սուրիա բնակող հայերուն զգացական եւ գիտակցական պատկանելիութեան հետ առնչուած. օրինակի համար արդեօ՞ք անոնք այս երկիրներուն մէջ բնակող հայեր են, թէ անոնք հարազատլիբանանցիներ, եգիպտացիներ կամ սուրիացիներ են ըստ իրենց ապրած երկիրներուն, երբ հայերէն շատեր նոյնիսկ հոն ծնած եւ հոն հասակ առած են: 

Իմ կարծիքս գրեթէ ստիպուած յայտնելէ առաջ, կուզեմ շնորհակալութիւնս յայտնել Պարոն Մարսէլ Ղանէմին եւ «LBC» կայանին, այս ծրագիրը ներկայացնելուն համար, որ կը պարունակէր գերազանց տեղեկագիրներ եւ հիանալի հատուածներ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դարձեալ, որ քննարկման ընթացքին, այս ծրագրէն քանի մը օր առաջ «Ան Նահար» թերթին մէջ լոյս տեսած իմ «Հայկական Հարցեր եւ Թրքական Հարցեր» յօդուածէս կատարեց մէջբերումներ:

Պատասխանս. հայերուն արաբական լեզուին չտիրապետելը կը վերագրուի քանի մը պատճառներու, որոնցմէ են. 

Նախ բոլոր հայերը կը հաւատային, որ իրենց կեցութիւնը գաղթավայրերու մէջ ժամանակաւոր է, եւ թէ ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնան իրենց ծննդավայրը ուստի անհրաժեշտ չէ ժամանակ վատնել սորվելու լեզու մը, որ յետագային պէտք պիտի չըլլայ, իրենց համար աւելի օգտակար էր արհեստով մը կամ մասնագիտութեամբ մը զբաղիլ, որուն միջոցաւ իրենց ապրուստը պիտի կարենային ապահովել, թեթեւցնել զրկանքներով լի կեանքի տառապանքները, վեր հանելով զիրենք իրենց դժբախտ վիճակէն: 

Երկրորդ. իրենց մէջ բոյն դրած էր ներքին վախի զգացում մը, իրենց ազգային դիմագիծի կորուստին եւ ջնջումին այն հասարակութիւններուն կողմէ, որոնց մասին բան չէին գիտեր եւ որոնց հետ կողք կողքի պիտի ապրէին անոնց երկիրը ստիպողաբար եւ ակամայ հասնելէ ետք: Այս անհանգիստ տագնապին փարատումը հայերէն պահանջեց երկու երեք սերունդ, երբ վրայ հասաւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը, Սփիւռքի մէջ հայերուն մտաւախութիւնն ու տագնապները վերադարձնելու իրենց սկզբնական կէտին` դարձեալ գաղթ, հայկական գաղութները կրկին բաժնուեցան եւ նորանոր գաղթեր, հայրենադարձութիւն եւ ցրւումներ պատճառ հանդիսացան անկայունութեան, որ այս կամ այն կերպ աւելի խորացուց անոնց վախի եւ զգուշութեան զգացումները:

Երրորդ. հայոց բնազդային սէրը հանդէպ իրենց գեղեցիկ լեզուն եւ այբուբենը, որ քաղցր արդիւնք է, պատմական եւ մշակութային սրբացած ժառանգութեանց իրենց մէջ պարունակած բարձրարուեստ գրական եւ ազգագրական սրբութեամբ հին եւ նոր բանաստեղծութիւններու, երգերու եւ պոէմներու, որոնք գըրւած եւ երգուած են մտաւոր եւ հոգեկան հայրենական սրտամօտ շունչով:

Գալով հայերուն իրենք իրենց մէջ ներփակուած ըլլալուն եւ իրենց շրջապատին հանդէպ բացուելու վերապահութեան, որ նախընտրելի է առանձնաձում կոչել եւ ոչ թէ փակուածութիւն, ապա անոր ազդակները նման են վերոյիշեալ առաջին կէտի պարագային, աւելցնենք, որ հայերը յայտնի են անով որ ամուսնութիւններ կը կնքեն եւ խնամիութիւններ կը հաստատեն նախընտրաբար իրար միջեւ եւ կը հրաժարին, որքան կարելի է, իրենց

զաւակները ամուսնացնել ոչհայերու հետ, այս երեւոյթը կապւած է այն զգուշութեան եւ անոնց ունեցած վախին, որ այդպիսով իրենք կրնան ձուլուիլ հսկայ, ճնշող ընկերութիւններու մէջ եւ կը կորսնցնեն ազգային բռնադատուած եւ բռնագրաւուած իրաւունքները եւ տարտղնուելով վերջնականապէս կը կորսնցնեն իրենց մշակոյթն ու պատմութիւնը, գիտնալով որ այս պարագային հետ ոչ մէկ հայ կրնայ հաշտուիլ եւ ընդունիլ զայն, ինչպէս որ այդ նմանօրինակ վիճակը չի ընդունիր ոեւէ արաբ, ըլլայ ան լիբանանցի, սուրիացի, իրաքցի կամ եգիպտացի, որ կը բնակի արտասահմանի մէջ, ինչպէս Վենեզուելլայի, Աւստրալիոյ կամ Պրազիլի մէջ, ուր գոյութիւն ունին արաբական զգալի գաղութներ եւ ուր կը տարուի տքնաջան աշխատանք պահպանելու արաբական դիմագիծը, այս երեւոյթը բնազդային է բոլոր ցեղային փոքրամասնութիւններուն մօտ, եւ ոեւէ մէկը այպանելի չէ ասոր համար:

Բացի նշուած այս պարագայէն, հայերը իրենց համաերկրացի եղբայրներուն հետ գործնականապէս միաձուլուած են բառիս ամենալայն եւ ամենախոր իմաստով, պաշտպանելով անոնց դատը, եւ դառնալով ամենայ էական մէկ մասնիկը լիբանանեան, արաբական եւ իրենց ապրած այլ ընկերութիւններուն, հայերը միշտ իրենց դրական մասնակցութիւնը չեն խնայեր այս ընկերութիւններուն մէջ հիմնելով կրթական հաստատութիւններ, համալըսարաններ, մշակութային եւ մարզական միութիւններ եւ բարձրարուեստ օճախներ: 

Ծրագիրին երրորդ եւ ամենայ կարեւոր առանցքը եւ որ աւելի կեդրոնացուած ձեւով վէճի նիւթ դարձաւ, հայերու ճէօփօլիթիք (բնակած վայրին քաղաքականապէս պատկանելիութեան) հարցն էր, արդեօք լիբանանահայը Լիբանանի մէջ ապրող հա՞յ մըն էր, թէ հայկական արմատներով լիբանանցի, եւ որո՞ւ կերթան իր առաջնային համակրանքն ու պատկանելիութիւնը: Պարոն Մարսէլը պնդեց որ այս հարցին պատասխանը հայ հիւրերէն ստանայ առանձինառանձին: Հակառակ իմ անձնական ընդդիմութեանս այս նիւթին ընդհանրապէս հարցադրման, մեկնելով առանց պայմաններու հնազանդիլ ինծի քաղաքացիութիւն շնորհած հայրենիքիս, որ նաեւ ինծի տուած է իրաւունքներու եւ պատասխանատուութեանց բաժնեկցութիւն, եւ ի խնդիր օրինաւոր քաղաքացի ըլլալու անուանս բարի համբաւին` չեմ կրնար աւելի քիչ ըսել քան այն որ ես լիբանանցի եմ, ապա լիբանանցի եւ ապա լիբանանցի, կամ յորդանանցի ապա դարձեալ յորդանանցի, կամ սուրիացի` դարձեալ սուրիացի եւ յետոյ սուրիացի: Ինչպէս ոեւէ ազնիւ մարդու, հայու յատկութիւնն է երախտագէտ եւ հաւատարիմ ըլլալ անոր հանդէպ որ փորձութեան պահին օգնութեան ձեռք երկարած է իրեն, հայը չի վարանիր իր ունեցած ամենայ թանկագինն ու արժէքաւորը, եւ նոյնիսկ կեանքը զոհել յանուն զինք ընդունած հայրենիքին, որուն մէջ կապրի ինք, եւ հիւլէի մը կշիռով ու չափով իսկ չի զիջիր այլ քաղաքացիներու, եւ իր ազգային պարտաւորութիւնները ամբողջական եւ համաչափ ընկերակիցն է քաղաքացիական պարտականութիւններուն, մէկը միւսը կը զօրացնէ, առանց երբեք հակադրուելու իրար. Ես երկուքին ալ կը ծառայեմ ջանադիր կերպով եւ մշտապէս կը ջանամ բարձրացնել զանոնք, որքան որ կրնամ: Բարեբախտաբար ծրագրի աւարտին նոյն այս կարծիքը յայտնեցին նաեւ «Խօսք մարդկանց»ի հայ հիւրերը, իւրաքանչիւրը իր ձեւով: 

Ամէն պարագայի այսօրուայ պայմանները առաջուան պայմանները չեն. արաբ հասարակութիւններու մէջ ապրող հայերը, ինչպէս կըսեն, աչքերնին փակ կը քնանան, իրենց կեանքին, ինչքին եւ պատուին ու անուան ապահով ըլլալով, անոնք ձերբազատւած են յետ բռնագաղթի ու ջարդերու շրջանի սարսափէն: Բոլորն  ալ գիտեն այն խստագոյն պարագաները որոնց միջով անցան հայերը, որոնք նոյնաչափ ազդեցութիւն պիտի ունենային այլ խմբաւորումներու վրայ որքան որ ազդեցին հայերուն վրայ, եթէ այդ խմբաւորումները նոյն պարագաներու մէջ գտնուէին: 

Երեք նիւթեր որոնք սաստիկ ժամանակավրէպ են եւ չեմ կարծեր որ կրկնուին ապագային: Բաղձալի է որ պարոն Մարսէլն ու LBC-ին մտածեն հայկական ժամանակակից հարցերու մասին, որոնք այնքա՜ն շատ են, եւ աշխատին զանոնք իրենց յաջորդ յայտագիրներուն նիւթ դարձնել:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 8-5-2008, Պէյրութ

Երկու տարբեր առիթներով երկու անգամ հակադարձեց կարգ մը այնպիսի երեւոյթներու, որոնք իմ կարծիքով կը նուազեցնէին հայութեան արժեւորումն ու կը դպչէին անոր արժանապատուութեան: Երկու անգամ ալ երեւոյթները Լիբանանէն էին: Առաջինը Պիպլոսեան Փառատօնի ծիրէն ներս «Զէնոպիա` Փալմիրի Թագուհին» ներկայացումն էր, հեղինակութեամբ, բեմադրութեամբ եւ արտադրութեամբ հանճարեղ Մանսուր Րահպանիի եւ իր զաւակներուն, երկրորդը` Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր` 2008 թուականի Ապրիլ 24-ին էր, հեռատեսիլի LBC կայանի «Խօսք մարդկանց» հաղորդումը, զոր կը ներկայացնէ լրատըւական յայտնի գործիչ Մարսէլ Ղանէմ: 

Ցաւալի է, որ ժամանակ առ ժամանակ տեսակ մը հեգնանք եւ ծաղր կը նկատենք կարգ մը լիբանանցիներուն մօտ, հայ համայնքի զաւակներուն հանդէպ. բարեբախտաբար այս երեւոյթը սկսաւ տարուէ տարի կծկուիլ, եւ վերոյիշեալ խմբակը Լիբանանի ժողովուրդին մեծ տոկոսը չի կազմեր, սակայն իմ կարծիքովս հակառակ իր սակաւաթիւ ըլլալուն մեծ կարեւորութիւն ունի այս խմբակը, եւ բաղձալի է որ մեր ժողովուրդը ստորնացնող այս նայուածքը բոլորովին չքանայ: 

2007 թուականին «Զէնոպիան, Հայերը եւ Րահպանիները», 2008 թուականին «Խօսք մարդկանց» յայտագիրը եւ Հայերը» յօդուածները գրելուս դրդապատճառներուն անդրադառնալէս առաջ, անգամ մը եւս բարձրաձայն կը յայտարարեմ իմ պատկանելիութիւնս լիբանանցի ազնիւ ստեղծագործ ժողովուրդին եւ կը փառաբանեմ Լիբանանը որպէս երկիր, որ ինչպէս բանաստեղծը կըսէ. «Երկինքէն կտոր մըն է», առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ լիբանանցի ժողովուրդին, որ մեզ ողողեց իր բարեհոգութեամբ եւ օգնութեան ձեռք մեկնեց երբ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի օրերուն, թուրքերուն ձեռքով ենթարկուեցանք բռնագաղթի ու վտարանդիութեան. Լիբանանը մեզի հնարաւորութիւն ընձեռեց կրկին ապրելու բարեկեցիկ եւ արժանավայել կեանք: Նկատելի է որ այսօր սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն եւ ղեկավարներուն մեծ մասը լիբանանահայեր են:

Գրածս երկու յօդուածներուն մէջ պաշտպանելով հայու արժանապատուութիւնը նշած եմ այն պատճառները, թէ ինչու զգացած եմ անոր հանդէպ ոմանց անարգանքն ու արհամարհանքը, եւ կրկնել այդ ամէնը յարկ չեմ տեսներ, սակայն աչքէս վրիպած է պարագայ մը, որ կը վերաբերի պատրուակի մը, զոր յաճախ լուսարձակի տակ կառնուի` կարգ մը հայերու արաբերէն լեզուի մէջ ունեցած տկարութիւնն է խօսակցութեան ընթացքին եւ անոնց կատարած սխալները մանաւանդ իգականի ու արականի պարագային:

Ի պաշտպանութիւն հայերուն տուած բացատրութիւններուս մէջ ցաւօք մոռցած եմ նշել ամենայ կարեւոր արդարացուցիչ պարագան, այն որ հայերէն լեզուն չի զանազաներ իգականն ու արականը եւ երկու պարագաներուն ալ կըսենք ու կը գրենք «դուն», «դուք», «ան», «անոնք», հայերէնի իգականն ու արականը կը տարբերին եւ կը գործածուին բոլորովին այլ ոճով քան մարդիկ վարժուած են լսելու արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի մէջ: Յիշենք որ անգլերէն լեզուն ալ շատ քիչ պարագաներու կը զանազանէ իգականն ու արականը, հակառակ իր հարուստ լեզու ըլլալուն, նոյնն է պարագան հայերէն լեզուին:

Ամէն պարագայի հակառակ արաբերէն լեզուի մէջ ձախողակ (փոխաբերաբար) հայը պաշտպանելուս, բացարձակապէս կողմ չեմ այս վիճակին այս կերպ շարունակուելուն, ընդհակառակը համաձայն եմ անոնց հետ, որոնք կը պնդեն թէ հայերը որպէս ազգ ուշացած են տիրապետելու արաբերէն լեզուին, որ իրենց ապրած շրջապատի լեզուն է, եւ առ ի պարզաբանում բերուած պատճառներուն մեծ մասը համոզիչ չէ: Մենք ետ մնացած ենք այս կարեւոր հարցին մէջ եւ տարբեր առիթներով յաճախ կը քննադատուինք, որ մեր արաբ եղբայրներուն հետ այսքան երկար համակեցութենէ ետք չենք կրնար արաբերէնը իրենց նման ազատօրէն խօսիլ, դիւրաւ ընդխառնուելու տեղի հասարակութեան հետ, հակառակ սփիւռքահայ այլ հայկական գաղութներու, օրինակ Ֆրանսայի, ԱՄՆ¬ի եւ այլուր, ուր հայերը տեղի լեզուներուն կը տիրապետեն եւ ազատօրէն կը խօսին: 

Բարեբախտաբար այսօր բոլոր հայերն ալ նոյն այս համոզումս ունին եւ կընդունին որ այս բացը պէտք է ծածկել: Այսօր, դարձեալ բարեբախտաբար, զանազան առիթներով, մեծ թիւով հայերու կը հանդիպինք լրատուական միջոցներու մէջ, որոնք կը ներկայացնեն հեռատեսիլային լաւագոյն ծրագիրներ, ազատօրէն կը խօսին արաբերէն լեզուն, տիրապետելով տեղական առոգանութեան ինչպէս նաեւ գրականութեան, ըլլան անոնք լիբանանցիներ, սուրիացիներ կամ եգիպտացիներ, եւ դժուար թէ ոեւէ մէկը կարենայ զանազանել հայը իր շրջապատի ժողովուրդէն որուն հետ կապրի: