Ամէն հայու սրտին հարազատ եւ թանկագին տարեդարձն է, տարեդարձը Հայաստանի Սովետական Միութենէն եւ հոն իշխող կարգերէն անկախութեան, տարեդարձը 1920 թուականէն ի վեր տիրող կարգերէն Հայաստանի ազատագրութեան, նման՝ Խորհրդային Միութիւնը կազմած միւս հանրապետութիւններուն: 

22 Օգոստոս 1991 թուականին, Հայաստանի երիտասարդ խորհրդարանը ցանկութիւն յայտնեց երկրին անկախութիւնը իրականացնելու, ապա ժողովրդային հանրաքուէ կայացնելէ ետք, անկախութիւն յայտարարեց 21 Սեպտեմբեր 1991-ի ճառագայթող, օրհնեալ օրը: Հայաստանը փոքր երկիր մըն է, որուն տարածութիւնը 29800 քիլոմեթրէն աւելի չէ, իսկ բնակչութեան թիւը ոչ աւելի քան 4 միլիոն: Հայաստանը եզակի երկիր է, ժողովըրդական աւանդութիւններով եւ իր արմատներուն, կրօնքին ու մարդկային ազնիւ գաղափարներուն ամրօրէն կառչածութեամբ. իր պատմութիւնը չէ արատաւորուած դրամի կամ իշխանութեան համար բարբարոսական եւ վայրենի արարքներով, իր պատմութիւնը լի է դիմադրական հերոսական պատուաբեր դըրուագներով եւ զաւթիչներու ձեռքէն բռնագրաւեալ հողի ազատագրութեան պայքարով, եւ հակառակ այս պայքարին մէջ կրած ձախողութեան, որուն պատճառը շատերուն ագահութիւնն է մեր հողերուն հանդէպ եւ մեր երկրին աշխարհագրական, մարտավարական կարեւոր դիրքը, քանզի Հայաստանը կը նկատուի Փոքր Ասիայէն դէպի ընդարձակ Ասիա տանող միակ անցքը, իր արեւելեան սահմաններէն մինչեւ Չինաստան անցնելով ասիական բոլոր մեծ երկիրներէն:

Հայաստանի անկախութեան այս ուրախ օրը չենք ուզեր պըտոյտ մը կատարել մեր ցաւալի պատմութեան մէջ. բայց մենք հպարտութեամբ եւ պարծանքով կը տեսնենք, թէ ինչ բաներ կըրցաւ իրականացնել մեր հայրենիքը իր անկախութեան այսքան կարճ տարիներու ընթացքին: Հայաստանը իր անկախացումէն անմիջապէս ետք կրցաւ մեծ զոհողութիւններ պահանջող հերոսական մարտեր մղել եւ Մայր հայրենիք վերադարձնել թանկագին մէկ հատուածը մեր հայրենիքին, որ տնօրինման կարգով պահ դրուած էր խորհրդային հանրապետութեան (այսպէս կը կոչէին ոմանք Խորհրդային Միութեան դրօշին տակ ծուարած բոլոր հանրապետութիւնները, որոնց միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկար իրաւունքի, հողի, արտադրութեան, սահմանի, բոլոր հանրապետութիւնները նոյնն էին, տարբերութիւն չկար այդ հանրապետութիւններուն միջեւ, նաեւ ունեցուածքներուն միջեւ, քաղաքացիներուն միջեւ, Խորհրդային Միութիւնը կազմող 15 երկիրներէն ոչ մէկը իւրայատկութիւն ունէր):

Զինադադարէն ետք սկիզբ առաւ երկրին եւ պետականութեան կառուցումը` քարով եւ մարդով, ժամանակակից երիտասարդ երկրին կառոյցներուն համար գործի դրուեցան գիտական ճարտարագիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը: Երկիրը ժողովըրդավար դրութեամբ կառավարելու համար կազմուեցան խորհըրդարանը, նախարարաց խորհուրդն ու յատուկ յանձնաժողովներ, ընդունուեցաւ նոր սահմանադրութիւն: Կազմուեցան ազգային բանակ եւ այլ զինեալ հաստատութիւններ, ոտքի կանգնեցնելու երկրին պետականութիւնը եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը: 

Անցեալ քսան տարիներու ընթացքին Հայաստան անդամագըրւեցաւ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, ինչպէս օրինակ ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին ու անկէ բխած հաստատութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, նման ԵՈՒՆԵՍՔՕին, Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին եւ անոր մասնաճիւղերուն: Հայաստանը գործօն անդամ դարձաւ նաեւ գերազանց հըռչակ վայելող միջազգային յանձնաժողովներու, ինչպիսին են իշխանութեան ժողովրդավարական կառավարման եւ մարդկային իրաւունքներու բնագաւառները, միանալով նաեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու միջեւ գործող բոլոր համաձայնագրերուն: Հայաստանի մէջ ընտրուեցաւ հանրապետութեան երրորդ նախագահը, ժողովրդավարական եւ խաղաղ ճանապարհով, ինչպէս որ ընդունուած է համաշխարհային չափանիշերով: Նոյն հիմունքներով ընտրուեցան նաեւ խորհրդարանի եւ մնացեալ հաստատութիւններու անդամները, որոնք կը պահանջեն ազատ, ժողովրդավարական անաղարտ ընտրութիւններ: 

Հայերը այսօր յոյսով լի աչքերով կը նային դէպի պայծառ ապագայ, ակնկալելով գտնել պատուաւոր կեանք եւ մարդկային իրաւունքներ, ապահով եւ խաղաղ Հայաստանի մէջ, որուն որեւէ վտանգ կամ փորձութիւն չի սպառնար, ինչ ալ ըլլայ անոնց աղբիւրը, որպէսզի իր ազնիւ մասնակցութիւնը բերէ միջազգային ընտանիքին, որուն մէկ անդամն է ինք, Հայաստանը նաեւ կրնայ իր ունեցածը տալ մարդկային պատմութեան իր երեքհազարամեայ բարձր քաղաքակրթութեան ժառանգութենէն, գիտութեան, գրականութեան եւ իր իւրայատուկ մշակոյթէն, որոնք իրեն փոխանցըւած են հայոց նախահայրերէն պատմութեան ծագումէն ի վեր:

Հայաստանի անկախ դրութիւնը առիթ կը ստեղծէ նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, էմիրաթներու եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներուն համար, իրենց լաւագոյնը տալու այն հասարակութեանց որոնց հետ կապրին արժանապատիւ, խաղաղ կեանք մը, մերուելու անոնց հետ, զօրացնելու եւ զարգացնելու իրենց շրջապատը նաեւ ի օգուտ հայկական գաղութներուն եւ իրենց Մայր հայրենիք Հայաստանին:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 20-9-2010, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 22-9-2010, Պէյրութ