Կեանքը կանցնի եւ տարիները կը սահին ու յանկարծ մարդ կը յայտնաբերէ, թէ ի՜նչ հսկայ քանակութեամբ գանձեր կորսընցուցած է կամ վատնած, միտումնաւոր կամ ոչ միտումնաւոր:

«Գանձ» բառը լսելով, ոմանք առաջին պահին կը կարծեն թէ խօսքը ոսկիի, ադամանդեղէնի եւ դրամատուներու մէջ պահ դըրւած դրամի եւ այլնի մասին էբայց կայ այս ամէնէն շատ աւելի թանկագինը, որովհետեւ նիւթական գանձերը ենթակայ են գողութեան կամ կողոպուտի, իսկ բարոյական կամ հոգեւոր այսինքըն մեթաֆիզիքական գանձերը, որու մասին կակնարկենք հոս, աւելի արժէքաւոր են եւ աւելի կարեւոր, այլեւ անգին են, բայ մենք անոնց արժէքը կը գիտնանք միայն կորսնցնելէ ետք զանոնք:Ասոնց առաջիններէն է մարմնական առողջութիւնը, զոր կարհամարհենք, լաւապէս գիտնալով հանդերձ անոր կարեւորութիւնը, գիտնալով նաեւ, որ եթէ անգամ մը մեր առողջութիւնը վատթարանայ, որեւէ պարագայի կարելի չէ նոյն, նախկին վիճակին վերադարձնել զայն: 

Գանձ են նաեւ ընտանեկան մտերմիկ յարաբերութիւնները, եւ մեծ սխալ գործած կըլլանք այս գանձին հանդէպ եթէ կեանքի հոլովոյթին մէջ արհամարհենք զայն եւ անոր չտանք յարկ եղած ուշադրութիւնն ու անհրաժեշտ հոգատարութիւնը, որմէ յառաջ կու գան խնդիրներ եւ բարդութիւններ, որոնց պտուղները զղջումով պիտի քաղենք, պիտի ծագին նաեւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ընտանիքին որ անդամն ալ ըլլանք մենք` ամուսին, ծնողք թէ զաւակ: 

Մեր ընտանիքին եւ մեր ազգականներուն հետ հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեանց մտերմութեան մասին հոգ տանինք եւ բոլոր անոնց հետ որ կապ ունինք մեծ կարեւորութիւն տանք: Հոգեկան հրճուանքն ու անդորրը կիրականանան այն պարագային միայն, երբ մենք լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլանք մեր քոյրերուն, եղբայրներուն, ծնողքին եւ բոլոր ազգականներուն հետ. պէտք է պահենք նաեւ մեր ընկերներն ու բարեկամները, որոնք այս օրերուն հազուագիւտ դրամանիշեր են, ան որ անկեղծ եւ ազնիւ ընկեր ունի թող պահպանէ զայն անսպառ գանձի մը պէս. հաւատարիմ ընկերը ժամանակի յենարանն է ու դաժան եւ կիզիչ կեանքի հովացնող ովասիսը:

Մեր Հայկական Եկեղեցին սրտամօտութեան առումով մեր հոգածութեան առարկայ տան չափ կարեւորութիւն պէտք է ունենայ մեզի համար, մենք պէտք է ներկայ գտնուինք մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններուն, մասնակցինք անոր գործունէութեան, առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւններ կատարենք, որովհետեւ իր գոյութիւնը մեր գոյութենէն կը բխի, մեր եկեղեցին կը ծածկէ կարեւոր մաս մը մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքէն. Հայ Եկեղեցին նաեւ կը ներկայացնէ մեր քաղաքական գոյութիւնը մեր գտնուած բազմաթիւ ժողովներու, հաւաքներու մէջ, եւ Եկեղեցին զանազան ամպիոններէ կը հաստատէ մեր իրական գոյութիւնը, որպէս ժողովուրդ եւ որպէս ազգ, եւ հաւատարմօրէն կը պաշտպանէ մեր դատն ու մեր հարցերը: 

Ամենայ կարեւոր բանը, որուն հետ պէտք է մերուինք եւ որուն մեր գործօն մասնակցութիւնը բերենք, այդ Հայրենիքն ու հայ ժողովուրդն են, որովհետեւ հայրենիքն ու ազգը մարդկային հպարտութեան եւ արժանապատուութեան ամենակարեւոր յենարաններն են ուղիղ, անվեհեր, վեհանձն, հպարտ ու արի մարդը չի կրնար ապրիլ առանց ազգային պատկանելիութեան: 

Մեր` հայերուս պատկանելիութիւնը մեր ապրած երկիրներուն, եւ որոնց քաղաքացիութիւնը կը կրենք, բացարձակապէս կասկածէ վեր է, եւ որոնց հանդէպ չենք կրնար թերանալ. չենք տատանիր անոնց համար զոհել մեր կեանքն ու մեր թանկագինը այն հայրենիքին համար որ մեզ գրկաբաց ընդունեց, մեզի թիկունք դարձաւ եւ որմէ սնեցանք մեր նիւթական եւ բարոյական կրուանները: Մենք ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնենք առանց մեր պատկանած այս հայրենիք դարձած երկիրներուն եւ առանց մեր Մայր հայրենիք Հայաստանին: Աշխարհագրականօրէն ուր ալ գտնուին մեր հայրենիքները, սկսեալ Սուրիայէն, Լիբանանէն մինչեւ Արժանթին, անցնելով Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Սփիւռքի այլ երկիրներէ, չենք կրնար մոռնալ մեզի շնորհած անոնց բարիքները:

Անտիպ