«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ, զբանս հանճարոյ», ասոնք են Հայոց Այբուբենով գրուած առաջին բառերը 1600 տարիներ առաջ, գիրերու գիւտին ամբողջացումէն անմիջապէս ետք. եւ ես, որպէս նպատակ, այս բառերուն արմատացումը կուզեմ հայկական նկարագրին մէջ այդ օրուընէ սկսեալ: 

Զարդանկար՝ Հայոց Այբուբենը

Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի նման Մեծն այրեր իրենց կեանքը նուիրեցին որպէսզի իրենց ազգին զաւակները սեփական այբուբեն ունենան, կարենալ կարդալու, գրելու, թարգմանելու եկեղեցական եւ աշխարհիկ գրութիւններ, որոնցմով յեղեղուած էին հայկական արքունիքն ու հայ հասարակութիւնը, ի մասնաւորի թարգմանելու Աստուածաշունչը, որ հաւատացեալներուն կը կարդացուէր ասորերէն կամ յունարէն լեզուներով եւ հայերէնի կը թարգմանուէր ըստ զայն ընթերցողին կամ թարգմանողին կարողականութեան, մինչ յունարէն կամ ասորերէն գիտցողներ շատ քիչ էին եւ կը սահմանափակուէին կրօնականներու եւ հասարակութեան բարձր խաւի ընտրեալներով միայն:

Հասարակ ժողովուրդը ատակ չէր ինքնուրոյն կերպով կարդալու Սուրբ գիրքն ու այլ կրօնական գիրքեր, հասկնալու կրօնական գրութիւններ եւ աղօթքներ, բանաստեղծութիւն եւ արձակ գրականութիւն, ան կը դիմէր ուրիշին եւ պարզ է որ յաճախ ան թարգմանուածը կը հասկնար թերի կամ ոչ ամբողջովին յագեցած, առանց ուղղակի հոգեկան կապուածութիւն ունենալու նիւթին հետ, երբեմն ալ բուն նշուած իմաստէն շեղելով: 

Քսանհինգ տարի պահանջուեցաւ Վարդապետներէն գտնելու Հայկական Այբուբենը. անոնք տքնեցան եւ ամէն ճիգ թափեցին, խորացան ժամանակի լեզուներու եւ գործածուող այբուբեններու գիտութեան եւ ուսումնասիրման մէջ, անոնք համեմատեցին հայերէնի մէջ արտաբերուող բոլոր ձայներն ու հնչիւնները, հայթայթելու բոլոր այն տառերը որոնք անհրաժեշտ էին լեզուն ճիշդ ու ամբողջական կերպով փոխադրելու թուղթին: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները չէին բաւեր այս ամէնը բաւարարելու, ուստի Մեսրոպ Մաշտոց գործուղղուեցաւ արտասահման, տարածաշրջանէն դուրս այլ լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու մէջ փնտռելու անհրաժեշտը եւ ծանօթանալու անոնց: Մաշտոց շատ երկիրներ գնաց եւ վերադադարձաւ նոր տառեր բերելով, աւելցնելու նախկին յայտնաբերւածներուն վրայ:

Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ հիւծիչ ճամբորդութենէն վերադարձին Մաշտոց տակաւին չէր ամբողջացուցած Այբուբենի բոլոր տառերը: Դժուարին օրէ մը ետք, երբ ան քնացած էր, Աստուածային ձեռքը կարթնցնէ զինք, տան պատին վրայ 36 լուսաւոր տառեր գրելով, անոնք Հայկական Այբուբենի գիրերն էին: Մաշտոցի տունը յետագային կը վերածուի ուխտատեղիի: Աստուածային ձեռքը Մեսրոպին կը սորվեցնէ տառերուն հնչիւնները եւ անոնց գործածութիւնը, թելադրելով զանոնք գործածել որպէս Հայոց լեզուի տառեր: Մեսրոպ մեծ ուրախութեամբ կընդօրինակէ զանոնք եւ կը փոխանցէ իր աշակերտներուն, որոնք հաստատելէ ետք Հայոց լեզուի քերականական օրէնքները, կը լծուին Աստուածաշունչի, ինչպէս նաեւ գրական ու գիտական գիրքերու թարգմանութեան, անոնք մայր օրինակներէ կը թարգմանեն յունարէն, լատիներէն, պարսկերէն եւ ասորերէն գիրքեր, նաեւ Հայաստանի մէջ գտնուող պատմական գիրքեր: 

Յաջորդ սերունդները շարունակեցին եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց առաջին ուսուցիչներուն գործը, ստեղծագործելով բարձրարուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, վէպեր, որոնց արժէքը կը բարձրանայ համաշխարհային յաւերժ մնայուն գրականութեան սքանչելիքներու մակարդակին, իրենց զմայլելի գրական նմոյշներուն շնորհիւԵրանի այլ առիթով հնարաւորութիւն ունենամ անդրադառնալու անոնց, արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու մեր գեղեցիկ լեզուի գանձերը, լեզու զոր մեր բանաստեղծներէն մին «Արեւահամ» կոչած է, եւ որուն մասին արաբ ընթերցողը, ցաւօք, շատ քիչ բան գիտէ, որովհետեւ բաւարար չափով թարգմանութիւններ չկան եւ տարածում չեն գտած մշակութային եւ գրական շրջանակներու մէջ. օրինակի համար հանճարեղ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը՝ «Նարեկ»ը, որ մտաւոր եւ լեզուական այնպիսի նուաճում մըն է, որուն հազուադէպօրէն կրնայ մրցակից գտնուիլ համաշխարհային հոգեւոր գրականութեան մէջ, իր լեզուական պերճախօսութեամբգիտակցական ըմբռնողական նուրբ խորքով, բարեպաշտ աստուածավախ անարատութեամբ, ինչպէս նաեւ նորաստեղծ բառերով եւ արտայայտութիւններով, որոնցմով կը նկարագրէ զԲարձեալն Աստուած, որոնց նմանը ունեցող լեզուները շատ չեն. օրինակ ընտրուած հատուած

Արդարեւ արարածներէն ո՛չ ոք կրնայ

Նիւթական լեզուի խօսքերով թարգմանել

Ինծի ցուցած գթութիւններուդ մէկ մասնիկն իսկ,

Ո՛վ ստեղծող Տէր,

Վասնզի աւելի մեծ զօրութիւն է

Հինցածը վերստին նորոգել առաջին պայծառութեան համեմատ,

Քան թէ ոչինչէն ստեղծագործել:

Եւ որովհետեւ դուն տկարութիւն չես ճանչնար,

Դուն որ ամէն բանի զօրութիւն ես,

Ու հրամանիդ լոկ խօսքը կը կատարէ ամէն բան.

Արաբ ընթերցողը ծանօթ չէ նաեւ Ռաֆֆիի նման վիթխարի վիպագիրի գործերուն, որուն վէպերուն հերոսները ընդհանուրին ծանօթ են որպէս ազգային անմահ հերոսներ: Արաբ ընթերցողը ծանօթ չէ Աւետիս Ահարոնեանին, որուն գործերը չես կրնար կարդալ առանց տեղափոխուելու իր նկարագրած դէպքերուն կեդրոնը, այնքան որ մանրամասնօրէն եւ անկեղծօրէն կը նկարագրէ գործողութեան վայրն ու իր կերտած հերոսներուն շրջապատն ու անոնց ներքին զգացումները, զգացողութիւնն ու հոգեկան ապրումները:

Արաբ ընթերցողին անծանօթ կը մնան նաեւ հիանալի բանաստեղծներ, որոնք իրենց արտայայտիչ նրբին բանաստեղծութիւններով հետք ձգած են հայ գրականութեան մէջ, անոցմէ ոմանք կ’երգեն հայրենիքի սէրը, ոմանք սէրը գովերգողներ են, սիրոյ երգիչներ են: Պլպուլներ՝ սիրահար աշուղներ, ոմանք՝ բարոյախօսներ եւ մարդկային լաւ յատկութիւնները գովաբանողներ, ոմանք՝ երգիծագիր քննադատներ, ոմանց բանաստեղծական համարները դարձած են յաւերժական իմաստուն տողեր, ոմանք կը փիլիսոփայեն մարդկային եւ ընկերային հարցերու խորութիւնը: Անծանօթ կը մնայ նաեւ այն հանճարեղ գրողը որ ըսած է. «Գրողը կը գրէ, երբ չի կրնար չգրել»: 

Յիշարժան է, որ Հայոց Այբուբենի 36 տառերուն հնչիւնները կը պարունակեն ներկայիս երկրագունդի խօսուող լեզուներուն գրեթէ բոլոր հնչիւնները, եւ դուն կրնաս հայերէն տառերով փոխադրել իր իսկական լեզուով արտայայտուած որեւէ բառ, քանզի Հայոց Այբուբենը կը պարունակէ աւելի տառեր քան ներկայի գործածուող ծանօթ լեզուները, որոնց բոլորին ալ տառերուն թիւը կը տարուբերի 26-32 միջեւ, ասիկա կը բնորոշէ մեր լեզուին հարըստութիւնը, որմով կը հպարտանանք, ահա թէ ինչու հայերը իրենց սորված օտար լեզուներու բառերը կը հնչեն իրենց մայրենի լեզուին նման:

Այս ամբողջ ժառանգութիւնը իրականացած պիտի չըլլար եթէ Հայոց Այբուբենը չհնարէին եւ չստեղծագործէին մեր երախտաւոր լուսամիտ պապերը 17 դար առաջ…: Ողջոյն անոնց անբիծ հոգիներուն եւ յաւերժական յիշատակին:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 26-5-2005, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ» 4-7-2005, Պէյրութ

«ՔՈՒԷՅԹ ԹԱՅՄԶ», 21-11-2005, Քուէյթ

Կը վերաքաղեմ ինքզինքս այսօր եւ կը մտածեմ թէ կարելի էր հայերէնով գրուած առաջին նախադասութիւնը արաբերէնի թարգմանած ըլլայի. «Իմանանք իմաստութիւնն ու խրատը եւ գիտակցինք հանճարներուն խօսքը», փոխան Հայ Գիրերու Գիւտին նուիրուած տօնակատարութիւններուն առթիւ 2005 թուականին գրածս յօդուածին մէջ թարգմանածիս սկսածս կերպին: ամէն պարագայի այս տարի յիշատակի այդ օրը չէի ուզեր որ անցնէր առանց արտայայտելու իմ ուրախութիւնս եւ ցնծութիւնս այս փառապանծ դէպքին առթիւ: Նոյն առիթէն կ’օգտուիմ մեր արաբ եղբայրներուն ծանօթացնելու այդ գիւտի մանրամասնութիւններուն, ենթադրելով՝ թերեւս անոնք մինչ այդ որեւէ բան չեն կարդացած այդ մասին: 

Անկասկած այս առիթը սիրելի է իւրաքանչիւր հայու սիրտին եւ մօտ՝ մտքին, որովհետեւ այդ գիւտը լաւագոյնն էր որ կրնար պատահիլ հայութեան այդ տարածաշրջանին մէջ, պատմութեան այդ դժուարին ժամանակներուն, գոյոթիւն ունեցող բազում մարտնչումներուն ատեն, երբ կրօնական գիրքերը կը գրուէին ասորերէն եւ յունարէն, փոխան հայերէնի:

Այդ շրջանի իշխող պարագաներու եւ տիրող մթնոլորտի պայմաններուն մէջ երբ գրաւոր խօսակցութիւնները կը կատարուէին ու հրամանները կ’արձակուէին ու Աստուածաշունչը եւս նորադարձ հաւատացեալներուն կը կարդացւէր բացառապէս ասորերէն եւ արամերէն լեզուներով, ի՞նչ միջոցով կրնար ազգ մը փոխանցել իր ուզածը դիմացինին, առանց ունենալու իրեն յատուկ այբուբեն մը՝ ճշգրիտ կերպով արտայայտելու իր ուզածը:

Ինչպէ՞ս կրնայ պետութիւն մը իշխել առանց ունենալու յստակ, հասկնալի դրոյթներով օրէնքներ արձակելու այբուբենը այն լեզուին, որով կը խօսին իր հպատակները: Արդեօ՞ք ժողովուրդէն կը պահանջոււէր իր խօսակցական լեզւի կողքին սորվիլ երկրորդ լեզու մը՝ պաշտօնական լեզուն, հասկնալու եւ ըմբռնելու համար տրուող հրամանները:

Կա՞յ երկու տարբեր լեզուներ ունեցող ժողովուրդ մը, առաջինը՝ արմատական, ժառանգուած նախահայրերէն, որով կը խօսի, կը սիրէ, կը գովերգէ իր սիրածը, երկրորդը՝ անով ընդունելու պաշտօնական հրամաններ, որպէսզի վարուի ըստ անոնց եւ իմանայ արգիլուածն ու արտօնուածը, եւ կրօնական գիրքերը կարդայ ու հոգեւոր արժէքներով զինւի օտարի՞ն լեզուով: 

Եւ եթէ ենթադրենք թէ հայ ժողովուրդը դիմէր այն ժամանակի տիրող լեզուներէն մէկուն տառերուն, կարելի պիտի ըլլա՞ր ձայներով հարուստ հայերէնի պակսող հնչիւնները ամբողջացնել օգտագործուող լեզուի հնչիւններով, որ առաւելագոյն 28 տառ պիտի պարունակէր, մինչ հայերէնը 36: Վստահաբար մեր սուրբ հայրեր Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը եւ այլոք մտածած էին այդ մասին, եւ դարձեալ վստահաբար նկատած էին որ առանց հայերէն լեզուի պիտի չկարենային օգուտ մը քաղել: Ապա թէ ոչ ինչո՞ւ այդքան յոգնութիւն եւ չարչարանք կրեցին աշխատելով իրենց յատուկ այբուբեն մը գտնել, ոտնատակ ընելով աշխարհի տարբեր վայրեր:

Օգտակարը կատարեցին մեր Մեծ հայրերը այդ բարի գործով, օգտակարը կատարեցին նաեւ իրենց ժառանգներն ու հետեւորդները, որոնք տարածեցին եւ ուսուցանեցին մեր թանկագին Այբուբենն ու գեղեցիկ լեզուն, սերունդէ սերունդ բարի գործ կատարեցին մեր գրողներն ու գիտնականները, աշխարհիկ թէ եկեղեցական գրականութեան հանճարները, ստեղծագործելով սքանչելի գրականութիւն երբ գրեցին հազուագիւտ գրական եւ մշակութային նմուշներ, ինչպէս Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Նարեկացին, Մովսէս Խորենացին, եւ մեր ժամանակակից գրողները, ինչպէս Միսակ Մեծարենցը, Յակոբ Օշականը, Պարոյր Սեւակը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ ստեղծագործութիւններով իր բնագաւառէն ներս ունեցաւ իր ազդեցութիւնը մեր պատմութեան եւ մեր քաղաքակրթութեան մէջ, մեզ բարձրացնելով մշակոյթով եւ գրականութեամբ հարուստ քաղաքակիրթ ազգերու դասին: 

Ասոնք մեր լեզուին տուին մեծ արժէք եւ իմաստ, տալով անոր ամբողջականութիւն. անոնք մեծ ոյժ եւ կորով ու ոգեւորութիւն հաղորդեցին մեր ժողովուրդին, քանզի լեզուն զինուորի կուրծքը պաշտպանող վահանի նման է եւ նման անոր ձեռքի սուրին, որ տրուեցաւ ամբողջ հայ ազգին, որ դիմադրեց բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն, պահպանելու իր ազգային դիմագիծն ու պատիւն ու արժանապատուութիւնը, դէմ դրաւ բռնակալներու եւ զաւթիչներու ցանկութիւններուն, որոնք մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին վնասը կ’ուզէին: Մենք պիտի չկարենայինք դիմադարձել անոնց եթէ չկազմուէր մեր սքանչելի Այբուբենը 1600 տարի առաջ, մեր մէջ սերմանելով ազգային ոգին, եւ բանալով ստեղծագործական եւ իւրայատկութեան հորիզոններ պահպանեց մեր պատմութիւնը: Մեր Այբուբենը մեր հոգիները լեցուց մարդկային ամենավեհ զգացումներով եւ ոգեւորութեամբ, որպէսզի մեր հայրենիքին մէջ մենք մեզի եւ մեր ապրած այլ ընկերութիւններուն տանք լաւագոյն օրինակը հայրենիքի սիրոյ, եւ մարդուն հանդէպ սիրոյ, ինչ պատկանելիութիւն ալ ունենայ, նաեւ օրինակ դառնանք որպէս բարի ու խաղաղութիւն ցանկացող բոլորին: