Հայերուն մօտ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօնակատարութիւններու ընթացքին կատարուող ծէսերուն եւ սովորութիւններուն մասին նախապէս գրած եմ «ԱԼ ՔԱՊԱՍ»ի մէջ եւ յարկ չեմ տեսներ կրկնելու զանոնք, սակայն այսպիսի ուրախ եւ յատուկ առիթներուն հայերը շատ բաներ ունին ըսելիք: Երբ մարդ ինքզինքին հետ կառանձնանայ եւ կը մտորէ անցնող տարուան հունձքին մասին, ինքզինքին հետ հաշուի նստելով իր կատարածին մասին, երբ ինքզինք կայպանէ կատարած սխալներուն համար, եւ կը ցաւի ունեցած վնասներուն. նաեւ ինքն իր մէջ կը հպարտանայ եւ կը ցնծայ ունեցած յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն համար: 

Նոր տարեսկիզբը նաեւ առիթ ու պատեհութիւն է ցանկութիւններու եւ մաղթանքներու, որոնց իրականացումը կակնկալէ մարդ յաջորդ տարիէն, ինքզինքին, իր ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին համար, արհամարհելով բանաստեղծին յայտնի տունը թէ՝ 

«Մարդիկ չեն հասնիր ամէն ուզածնուն, Քամին կընթանայ ընդդէմ ցանկութեան նաւուն» 

Այս ուրախ առիթով, «ԱԼ ՔԱՊԱՍ»ի ամպիոնէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս թերթին, որ ինծի առիթ կընծայէ հրատարակելու յօդուածներս, իր էջերուն ընդմէջէն հնարաւորութիւն տալով ինծի ազատօրէն արտայայտել կարծիքներս, ի մասնաւորի Հայկական Հարցին հետ առնչուող մշակութային նիւթերու շուրջ, որոնք քաղաքական եւ ընկերային երանգաւորում ունին յաճախ: 

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քուէյթի պետութեան, որ ինծի, ընտանիքիս եւ քուէթահայ գաղութին ցուցաբերած է սրտբաց հիւրընկալութիւն, ապահոված է բարեկեցիկ կեանք եւ յարգած մեր համոզումները, մնայուն դիւրութիւններ ընծայելով մեզի, ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ հաստատութիւններու:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Քուէյթի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնց ծանօթացած եմ աշխատանքի ասպարէզին եւ ընկերային կեանքիս մէջ, մաղթելով բոլորին բարիքներով ամբարուած նոր տարի, օրհնեալ եւ յաջողութեամբ լի: Նոր տարուան բարեմաղթութիւններս շատ չեն Բարձեալն Աստուծոյ համար, որ բարեացակամ, սիրառատ եւ առատաձեռն է. անսահման են Իր պարգեւած շնորհներն ու կարողութիւնները, եւ երանի անոնցմէ մաս մը ինծի պարգեւէ: Ինքն է ամենամեծ նուիրատուն. նախ եւ առաջ կը փափաքիմ, որ ինծի եւ ընտանիքիս առողջութիւն պարգեւէ, գործս պահպանէ եւ օրհնէ. Քուէյթն ու իր ժողովուրդը հեռու պահէ չարիքներէ, որպէսզի թանկագին այս երկիրը մնայ հզօր ու ապահով: 

Ի սրտէ, ամենայն անկեղծութեամբ կը մաղթեմ որ իմ երկրիս  եւ ծննդավայրիս՝ Սուրիոյ թնճուկը բարեյաջող լուծում գտնէ եւ անոր գլխաւերեւ կուտակուած ամպերը փարատին ամենայ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ. նոյնը կը ցանկամ հայրենիքիս՝ Հայաստանին, մաղթելով որ Աստուած լուծէ անոր խնդիրները եւ հարթէ լարուածութիւնն ու տարակարծութիւնները իր դրացիներուն հետ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի անոնք վերացնեն աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր պարտադրուած շրջափակումը, որ ամենօրեայ տառապանք եւ վնաս կը պատճառէ Հայաստանին: Կը մաղթեմ նաեւ, որ մեր քաղաքական խնդիրները եւ ներկայի ու անցեալի տարակարծութիւնները այս երկուքին հետ գտնեն իրենց արդար ու ճշգրիտ լուծումը: 

Քուէյթի պաշտօնական մակարդակով խնդրանքս է, որ Քուէյթեան Արաբական Տնտեսական Զարգացման Սնտուկը այս տարի իր կարգախօսը՝ «Կօգնենք ժողովուրդներուն, որպէսզի օգնեն իրենք զիրենք» գործադրէ նախ եւ առաջ Հայաստանի հայ ժողովուրդին հետ, այս ստեղծագործ, աշխատասէր, արտադրող, երախտագէտ եւ միշտ քուէյթեան եւ արաբական դատին թիկունք եղող երկրին դրամական կամ տնտեսական օգնութիւն յատկացընելով բարձրացնէ այդ երկրի անհատ քաղաքացիին կենսամակարդակն ու բարելաւէ տնտեսական եւ ընկերային վիճակը, որպէսզի ան մասնակցի յառաջադէմ ժողովուրդներու զարգացման եւ բարձր քաղաքակրթութեան երթին: 

Կը մաղթեմ նաեւ որ Քուէյթի մեծ սրտի տէր եւ ըմբռնող իմաստուն առատաձեռն մասնագէտներն ու պատասխանատուները (եւ որքան մեծ է անոնց թիւը) յարմար վայրի մը մէջ հողակտոր մը յատկացնեն հայ համայնքին, եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու, լրացուցիչ բաժիններով ունենալու մարզական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութիւն, ի մի բերելու հայերը առողջ եւ մաքուր մթնոլորտի եւ շրջապատի մէջ, վայել հինաւուրց քաղաքակրթութեան, որուն կը պատկանին անոնք, մնալով Քուէյթին խորապէս երախտապարտ ամենայն անկեղծութեամբ: 

Ամէն տարի լաւ օրերու, Բարին ընդ ձեզ:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 7-1-2006, Քուէյթ «Հայկական բարեմաղթանքներ եւ սէր ու խաղաղութիւն աշխարհին» վերնագրով: