«Ի խորոց սրտէ խօսք առ Աստուած». այս վերնագիրն է «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքի իւրաքանչիւր «ԲԱՆ»ին՝ գլուխին: Գիրք զոր գրած է Նարեկացին հազար տարի առաջ եւ որուն հազարամեակը կը տօնուի համաշխարհային մշակութային եւ կրօնական բոլոր շրջանակներու մէջ, ինչպիսին է օրինակ ԻՒՆԷՍՔՕն:

«Մատեան Ողբերգութեան» գիրքը թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, որոնց կարգին արաբերէնի՝ յայտնի մտաւորական Նիզար Խալիլիի կողմէ: Գիրքը կը բաղկանայ 700 էջերէ բաժնուած 95 «ԲԱՆ»երու՝ խօսքերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի «Ի խորոց սրտէ խօսք առ Աստուած» կամ «Խօսք ընդ Աստուած» բառերով. նշուած երկու ձեւերով թարգմանութիւններն ալ ընդունելի են, որովհետեւ ոչ մէկ խորքային տարբերութիւն ունին:

«Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին հեղինակը Նարեկացի մականունը ստացած է Արեւմտեան Հայաստանի Վանայ լիճի մօտակայքը գտնուող Նարեկ գիւղէն: Գրիգոր Նարեկացին հայ հոգեւոր գրականութեան հսկաներէն է, որ հռչակուած է մասնաւորաբար մեր յօդուածի նիւթ իր հիասքանչ այս գիրքով, որ հռչակուած է ամփոփ՝ «Նարեկ» անուամբ: 

«Մատեան Ողբերգութեան» կամ «Նարեկ»ի ժամանակակից ոչ մէկ գրական գործ կը գերազանցէ զայն. այն կը գերազանցէ հսկայ Տանթէի իտալական գրականութեան գագաթ «Աստուածային Կատակերգութիւն»ը, որ գրուած է «Նարեկ»էն աւելի քան երեք հարիւր տարի ետք: 

Նարեկացին այլ գրողներէ կը զատորոշուի զինք արարող Բարձեալն Աստուծոյ հետ իւրայատուկ խօսակցութեամբ, զայն նկարագրելով փառաբանական եւ մեծարման այնպիսի ածականներով, որոնց նմանը հազուադէպօրէն կը տեսնենք որեւէ այլ գրական ստեղծագործութեան մէջ:

«Նարեկ»ը կառանձնանայ նաեւ իր մտաւոր հանճարեղ սքանչելի իւրայատուկ ոճով. այն իմացութեան եւ մտքի հսկայ տաղանդ մըն է ոչ միայն հայ աստուածաբանական գրականութեան մէջ, այլ նաեւ համաշխարհային առումով, շնորհիւ իր իւրայատուկ հոգեւոր խոր վերլուծումներուն եւ իր պատկերաւոր անչափ յըստակ ու պարզ նկարագրութիւններուն, հոգիի խորքէն եկած թրթիռներու եւ մարդկային անկեղծ զգացումներու ազդեցիկ, անհասանելի արտայայտութիւններուն: Ընթերցողը կը շլանայ եւ կը շշմի այս մարդու երեւակայութեան եւ եզակի հնարաւորութիւններուն առջեւ, այս ոճի ընտրութեան անոր կարողականութեան եւ իր արարիչին հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու ատակութեան առջեւ՝ խօսակցութիւն որուն ընդմէջէն միեւնոյն ժամանակ Նարեկացին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, կը փառաբանէ զԱստուած, կը բողոքէ Անոր, կը խնդրէ Անկէ, իր՝ մարդ արարածի մտահոգութիւններն ու վիշտն ու ցաւերը կը յայտնէ իր միակ Արարիչին:

«Նարեկ»ը կարծես երկխօսութիւն մըն է Արարիչին եւ արարածին միջեւ, Կատարեալին եւ նուազին միջեւ, Անսխալականին եւ մշտապէս սխալողին միջեւ, Յաւիտենականին եւ գնայունին միջեւ: Ասիկա երկխօսութիւն մըն է, որ մարդուն հաղորդակցութիւնը իր Աստուծուն հետ կը վերածէ բարեկամական խօսակցական կապի, պահպանելով նաեւ անչափ հեզութիւնն ու խոնարհումը Աստուծոյ հանդէպ, որուն օգնութեան կը դիմէ ամէն անգամ որ սայթաքի կամ յանցանք եւ մեղք մը գործէ, ներում խնդրելով անկէ, գիտնալով անոր ամենակարող ըլլալը, եւ հայցելով անոր ողորմածութիւնն ու գութը:

Հետեւեալ տողերը հատուածաբար կը քաղենք ԽԹ ԲԱՆէն, փորձելով ծանօթացնել ընթերցողը «Նարեկ»ի կարգ մը գրական բարձր արժանիքներուն.

Արդարեւ արարածներէն ո՛չ ոք կրնայ

Նիւթական լեզուի խօսքերով թարգմանել

Ինծի ցուցած գթութիւններուդ մէկ մասնիկն իսկ,

Ո՛վ ստեղծող Տէր,

Վասնզի աւելի մեծ զօրութիւն է

Հինցածը վերստին նորոգել առաջին պայծառութեան համեմատ,

Քան թէ ոչինչէն ստեղծագործել:

Եւ որովհետեւ դուն տկարութիւն չես ճանչնար,

Դուն որ ամէն բանի զօրութիւն ես,

Ու հրամանիդ լոկ խօսքը կը կատարէ ամէն բան.

Օ՛ն, փութա՛, Բարեգործ, աւելի եւս փառաւորուիլ՝

Իմ անյուսալի փրկութեանս ստացումին մէջ,

Որպէսզի յայտնապէս հաստատուելով ուխտի խոստումդ,

Արդարապէս փառաւորուի քու օրհնաբան աւետիսիդ ձայնը,

Որ աւելի քաւութեան շնորհովդ ճանչուած է,

Եւ ողորմութեան լոյսովդ բարեբանուած,

Քան թէ ստեղծագործութիւններովդ.

Որովհետեւ մէկ պարագային մէջ, միայն արարիչ կը ճանչցուիս,

Իսկ միւս պարագային մէջ, այդ առաջին կոչումէդ զատ, երախտաւոր ալ կը նկատուիս,

Կերպաւորելովդ հանդերձ՝ քաւիչ ես,

Նորոգելով հանդերձ՝ հեզ,

Նկարելովդ հանդերձ՝ ամենազօր,

Առաջնորդելովդ հանդերձ՝ լոյս,

Տածելով հանդերձ՝ հովիւ,

Դարմանելով հանդերձ՝ նաեւ խնամիչ,

Առողջ պահելով հանդերձ՝ բժիշկ ձեռնտու ես միանգամայն

Եւ զօրավար, անպարտ արձակող, միանգամայն եւ թագաւոր ես,

Արարիչ ըլլալով հանդերձ՝ նաեւ ներող,

Չբարկանալով հանդերձ՝ անոխակալ,

Կարեկցելով հանդերձ՝ նաեւ ծածկագէտ,

Գթութեամբ յանձանձելով հանդերձ՝ նաեւ ապաւէն,

Գերազանց գորովով հանդերձ՝ նաեւ Աստուած,

Անսպառ բարութեամբդ ամէն բանի մէջ օրհնուած:

Եւ այսպէս մինչեւ «Մատեան»ին աւարտը Նարեկացին կը գովաբանէ փառաբանելով զԱստուած եւ տալով Բարձեալին յատկութիւնները ամենայն մանրամասնութեամբ, եւ կը յորդորէ իր հաւատացեալ հայ ժողովուրդը իմանալ Աստուծոյ բարեմասնութիւններն ու անոր շնորհած բարիքները, այն ժամանակ երբ տարածաշրջանի ժողովուրդները տակաւին անգիտութեան եւ մոլորուրեան մէջ կը գտնուէին եւ ընկղմած աշխարհիկ հաճոյքներու մէջ:

Երանի ինծի հնարաւորութիւն տրուէր այս գրական գլուխ գործոց սքանչելի չափածոյ գրութենէն քանի մը գլուխ եւս ներկայացնել, ափսոս սակայն գիտեմ որ թերթի մը գրական էջերու քանակը չի կրնար այդ կարելիութիւնը տալ ինծի:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 14-11-2003, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 16-12-2003, Պէյրութ

Այս յօդուածը գրեցի «Մատեան Ողբերգութեան» լոյս ընծայուելուն հազարամեակին առթիւ, 2003 թուականին: Հեղինակը` Գրիգոր Նարեկացին ապրած եւ վախճանած է Վանայ Լիճի շրջանը, Արեւմտեան Հայաստան, որ ներկայիս գրաւուած է թուրքերու կողմէ: Զիս կ’ուրախացնէ այն, որ այս մատեանի հազարամեակի տօնակատարութիւնները իրենց անհրաժեշտ արձագանգն ու հետաքրքրութիւնը գտան միջազգային շրջանակներու մօտ, ինչպիսին է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Զիս աւելի ուրախացնողը այն է, որ այս գիրքով հետաքրքրուեցան նաեւ միջազգային համբաւի մտաւորական շրջանակներ, ի մասնաւորի աստուածաբանական շրջանակներ:

Այս յօդուածը գրելուս գլխաւոր պատճառը, հեղինակին հանդէպ իմ դիրքորոշումս արձանագրելն է, քանի դեռ ուշ չէ, որովհետեւ տակաւին 2003 թուականին, անոր հազարամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները չեն հասած իրենց աւարտին:

Զիս այս քայլին մղող երկրորդ եւ աւելի կարեւոր պատճառը ընդհանրապէս մեծ գրողին հանդէպ ունեցածս հիացմունքն է, եւ համարումս անոր կարողութեան՝ սուզուելու մարդկային հոգւոյն եւ անոր ծալքերուն մէջ, եւ մարդուն համար Աստուծմէ ներում եւ թողութիւն խնդրելու, գործած յանցանքներուն եւ մեղքերուն համար: Գրեցի նաեւ հիացմունքս յայտնելու Նարեկացիին եւ անոր մարդկային հոգեւոր կողմի խորերը սուզուելու կարողութեան հանդէպ, եւ այս ամէնը ներկայացնելու գրական սքանչելի ոճով եւ կառուցուածքով:

Իր գործերուն ծանօթանալէս անմիջապէս ետք զանոնք գրաբարէն վերածեցի աշխարհաբարի: Գիտակցեցայ այս գրողին եւ անոր գիրքին արժէքը, եւ շատ ժամանակ յատկացուցի ընթերցելու մաս մը իր գործերէն, անոնց մասին գրելէս առաջ:

«Մատեան Ողբերգութեան»ը գրական վիթխարի գործ մըն է, որ պատիւ կը բերէ իւրաքանչիւր հայու, անոր տարածումը ուրախութիւն կը պատճառէ ամէն մէկ հաւատացեալի, ինչ կրօնքի կամ դաւանանքի ալ պատկանի ան: