36 տարիներէ ի վեր «Արապի» ամսագիրքի ընթերցողներէն եմ: Այս տարիներու հանրագումարին մէջ իմ համակրանքս կ’արտացոլայ, աւելի ճիշդ է ըսել «Արապի»ին հանդէպ իմ գնահատանքս կը հաւասարի մեծ ուսուցիչ-դաստիարակներու արժեւորումին:

Հեղինակը Բրօֆէսէօր Գուրգէն Մէլիքեանի հետ, Ղարաբաղի Պապիկ-
Մամիկի արձանին առջեւ



«Արապի» էն ես սորված եմ բազմաթիւ օգտաշատ գիտելիքներ,գիտութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ, ծանօթացած եմ մեծ գրողներու եւ իմաստասէրներու, սուզուած փիլիսոփայական եւ գիտական մեկնաբանութիւններու խորերը, այս թերթին շնորհիւ տիրացած եմ արտայայտչական միջոցներու, եւ փաստարկներու ոյժին: Իր-մով կազմաւորուած են համոզմունքներս: «Արապի»ն կը պարունակէ աշխարհի չորս ծագերունմարդկային քաղաքակրթութեան ստեղծած լաւագոյնն ու օգտակարը: Այս երկար տարիներուն «Արապի»ի ոչ մէկ համար չէ արժանացած արհամարհանքիս, անոր բոլոր թիւերը պահուած ու պահպանուած են իմ մօտ:

Յաճախ փորձած եմ գրել սակայն չեմ ըրած, այս անգամ գրելուս դրդապատճառը թիւ 473-ի մէջ լոյս տեսած, Դոկտոր Մուհամմէտ էլմունսի Ղանտիլի ուսումնասիրութիւնն է Ատրպէյճանի մասին: Յօդուածագիրը շնորհակալ գործ կատարած է ընթերցողներուն ծանօթացնելով նախկին սովետական իշխանութենէն ազատագրուած Կովկասեան ժողովուրդներու տառապանքներն ու ժառանգած հակասութիւնները եւ այդ իշխանութեան քաղաքական ժխտական կողմերը, որոնք երեկուայ բարեկամ դրացիները վերածեցին թշնամիներու:

Սակայն կ’ուզեմ յարգելի յօդուածագիրին ըսել, որ դուք ձեր սերտողութեան մէջ անարդար գտնուած էք հայերուն հանդէպ, թէեւ լուրջ եւ անկեղծ մօտեցում ունեցած էք: Ես չեմ զարմանար նկատելով ձեր համակրանքը բարեկամ ազերի ժողովուրդին հանդէպ, ներկայի իր տագնապներուն մէջ, որոնց մէկ մասը հետեւանք է սովետական իշխանութենէն փրկուելուն, միւս մասն ալ Ղարաբաղի պատճառաւ հայերու դէմ ունեցած խնդիրներուն եւ պատերազմին:

Ղարաբաղեան խնդրին հանդէպ ձեր ունեցած կարծիքին, եւ հայութեան առնչուող անոր պատճառներուն մասին չէ որ կ’ուզեմ վիճիլ ձեր հետ. բնական է որ շրջանային այսպիսի թնճուկներու պարագային կրնան տարբեր կարծիքներ գոյութիւն ունենալ եւ իւրաքանչիւրը ազատ է դիրքորոշուելու այնպէս ինչպէս կը փափաքի, կամ այնպէս ինչպէս համոզուած է:

Ես միայն կ’ուզեմ պատասխանել երեք հարցերու որոնք արծարծուած են ձեր յօդուածին մէջ. առաջինը ձեր ապշանքն է Հայաստանի քաղաքական վիճակին առջեւ, երկրորդը` Լոզանի վեհաժողովը, եւ երրորդը` ձեր յօդուածին մէջ առանց պատասխաններու (փաստերու) յիշուած բազմաթիւ օրինակները:

 Ա. Դուք ապշած էք, թէ մինչեւ սովետական կարգերը Հայաստանի մէջ որեւէ քաղաքական ներկայութիւն չէ եղած, եւ թէ հոն պետականութիւն յառաջացած է նշեալ կարգերու հաստատումէն ետք: Պէտք է ըսեմ, որ երբ Հայաստան միացաւ Սովետական Միութեան, արդէն անկախ երկիր էր եւ ունէր այդ օրերու միջազ-գային չափանիշերով իր ինքնուրոյն կառոյցը, եւ իր միացումը, համեմատած Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի, տեղի ունեցաւ համրըւած օրերու տարբերութեամբ: Միացման անհրաժեշտ գործողութիւնները կատարուեցան յար եւ նման այլ երկիրներու միացումին. միացած այդ երկիրները յետագային կազմեցին Սովետական Միութիւնը:  

Բ. Ինչ կը վերաբերի հայերու առաջին համագումարին Լոզանի մէջ գումարուելուն, որեւէ ամօթալի բան չկայ. Զուիցերիան չէզոք երկիր է, ազատութիւններու երկիր եւ Լոզանը՝ համագումարներու քաղաք: Այդ խաղաղ քաղաքին մէջ ամէն տարի հարիւրաւոր համագումարներ տեղի կ՛ունենան, եւ ես շատ տարօրինակ կը գտնեմ ձեր նշած կապը հոն գումարուած սիոնիստական պատահական համագումարի մը հետ:

Գ. Գալով ձեր յօդուածի վերջընթեր պարբերութեան, ապաարտօնեցէք ինծի ըսելու, որ անարդար է ձեր դատողութիւնը.հայերուն տարած յաղթանակին պատասխանը կարելի է գտնել Բարձրեալին հետեւեալ խօսքին մէջ. «Եթէ Աստուած ձեզի հետ է, ապա ոչ մէկը կրնայ ձեզ պարտութեան մատնել», նաեւ Իր հետեւեալ խօսքին մէջ. «Քանի՜ փոքր հաւաքականութիւններ յաղթած են մեծաթիւ հաւաքականութիւններու»: Ճշմարիտ է Աստուած: Հայերը Իսրայէլին ձեր նմանեցումը շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Ամէն յաղթանակած փոքր երկիր նման չէ Իսրայէլին. Չեչնիան քանի մը քիլոմեթր հեռու է Հայաստանէն, այսինքն Եւրոպայի Հիւսիս արեւելքը, Պոսնիա Եւրոպայի կեդրոնն է, երկուքն ալ ժամանակակից կենդանի վկաներ, ուր յաղթանակ կը տանին փոքր ժողովուրդներ, որոնք իրարմէ տարբեր շրջապատի մէջ կը գտնուին եւ շրջափակուած են հսկայ երկրի մը կողմէ:

Աստուծոյ հաւատացեալ այս ժողովուրդները, որոնք նաեւ կը հաւատան իրենց խնդրի արդարութեան եւ իրենց զաւակները կը զոհեն իրենց հայրենիքին համար, պայման չէ որ Իսրայէլի նման ըլլան:

«ԱՐԱՊԻ» Յուլիս 1998, Քուէյթ

Սոյն յօդուածը գրելուս տուն տուող պատճառը իմ մէկ նամակս էր «Արապի»ի ամսական ուսումնասիրութիւններէն մէկուն, գրուած Դոկտոր Մուհամմէտ Էլ Մունսի Գանտիլի կողմէ, որ կը պարունակէր բազմաթիւ սխալներ Ղարաբաղեան թնճուկի վերաբերեալ, «նախայարձակ»ի եւ «յարձակման ենթարկուող»ի վերաբերեալ: Հեղինակը անարդարացիօրէն հայերը որպէս նախայարձակ կը ներկայացնէր եւ ազերի գաղթականներու տարապալի վիճակը հայերուն կը վերագրէր: Կային նաեւ այլ անարդար վերագրումներ, որոնց հանդէպ կարելի չէր լուռ մնալ:

Ես ընդդիմացայ հեղինակի պնդումներուն, որոնք պարզորոշ կերպով կը կրէին միակողմանի տպաւորութիւն: Ես իմ պարտքս համարեցի ուղղել յօդուածին մէջ վխտացող բազմաթիւ սխալները: Ի դերեւ հանելէ ետք հեղինակին հայերուն ուղղուած ամբաստանութիւնները, գրութեանս աւարտին զինք հրաւիրեցի այցելել Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրականութեան միւս երեսին: Որպէս հետեւանք իմ հետեւողական պնդումներուս եւ հաստատակամութեանս, իմ նամակս հրապարակուեցաւ ամբողջութեամբ, ի բացառեալ Հայաստան եւ Ղարաբաղ այցելելու հրաւէրիս: Աւելի ուշ տեղեկացայ թէ հեղինակը մեծաթիւ նամակներ ստացած է այս յօդուածին առնչութեամբ, որոնց ոճն ու խստութիւնը կը տարուբերէին, սակայն ամսագիրքին խմբագրութիւնը որոշում կայացուցած էր հրատարակել իմ նամակ-յօդուածս: 

Իմ նամակս լոյս տեսաւ «Արապի»ի առաջին էջին վրայ` «Ընթերցողներու արձագանգները» սիւնակին մէջ: Այս հրապարակումէն ետք, զրոյց մը ունեցայ Դոկտոր Գանտիլի հետ, որ ընդունեց իմ կարգ մը հակադրութիւններս, ինչպէս հայկական կուսակցութիւններու Լոզանեան համագումարի հրէական համագումարներու նմանեցումը: 

Ատրպէյճանի մասին ուսումնասիրութեան դէմ իմ գրածս յօդուածը, եւ իրականութիւնը մասամբ ի յայտ դարձնելս, հայոց հանդէպ եղած անարդար վերաբերմունքը եւ հայերուն զանազան բռնութիւններու ենթարկուած ըլլալը մատնանշելս առիթ հանդիսացան «Արապի»ի խմբագրութեան հետ հաղորդակցութեան եւ անոր յիսնամեակի առիթով տօնակատարութեանց հրաւիրուելուս, աւելի յաճախակի մեծ թիւով արաբ մտաւորականներու հետ ծանօթանալուս, ինչպէս նաեւ յիսնամեակէն ետք առաջին թիւին մէջ «Ճարտարապետութեան արուեստը ամրացման արուեստը» յօդուածիս լոյս տեսնելուն: