Մեծարանքի եւ փառքի ողջոյն քեզ Պարոն Ժաք Շիրաք՝ Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, ողջոյն քեզ ո՛վ Ֆրանսա` Ազատութեան եւ Գեղեցկութեան աղբիւր, հազար ողջոյն քեզ Ֆրանսայի ազնիւ ժողովուրդ` տիպար բռնութեան եւ կեղծիքի մերժման

 Այսօր` 2006 թուականի Սեպտեմբերի 30-ը, նշանակալի օր է հայ ժողովուրդին համար եւ պատմական յատուկ օր Հայաստանի համար, թուական երբ Նախագահ Շիրաք այցելեց Հայաստան, Խորհրդային Միութենէն անկախանալուն եւ ազատ, ժողովրդավար աշխարհին միանալու 15-րդ տարեդարձին առթիւ: 

Օրհնեալ է այն օրը երբ Ֆրանսայի նախագահը իր տիկնոջ Պէրնատէթի եւ իրեն ընկերակցող բարձրաստիճան պատկառելի պատուիրակութեան հետ ոտք դրաւ Հայաստանի հողին վրայ, եւ անգամ մը եւս` իր վիթխարի հասակով կանգնելով, նախագահ Շիրաք յայտարարեց, որ Թուրքիան պէտք է ընդունի անցեալ դարասկիզբին իր նախնիներուն կատարած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, իբրեւ նախապայման Եւրոպական Միութիւն մտնելու. Նախագահը աւելցուց, որ այդ քայլը կաւելցնէ թրքական պետութեան քաղաքակրթական հասունութիւնը` կարենալ մերուելու եւ ապրելու բարոյական արժէքներով եւ առաքինութեամբ յագեցած, թշնամանքն ու նախայարձակումը մերժող եւրոպական հասարակութեան հետ, Նախագահը նշեց, որ երկիր մը նաեւ կը մեծնայ ընդունելով իր սխալներն ու պատճառած ողբերգութիւնները: 

Այո՛, Պարոն Նախագահ, մենք հայերս չենք կրնար փակ աչքերով խաղաղութեան մէջ ապրիլ, երբ մեր կողքին կայ աշխարհագրական եւ զինուորական կարելիութիւններով, ինչպէս նաեւ շահադիտական զինակցութիւններով օժտուած երկիր մը, որ կը հերքէ պատերազմի ընթացքին իր նախնիներուն գործած արհաւիրքը, կը մնայ անպատիժ, կը թաքցնէ իր պատմութիւնը եւ կարհամարհէ մարդկային առաքինութեան բոլոր արժէքները, որոնցմով պէտք է յագեցած ըլլար: 

Բարի գալուստ Քեզի ի Հայաստան եւ անոր մայրաքաղաք Երեւան, ողջոյն Քեզի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի սիրտէն` Ազատութեան հրապարակէն, որ այս սիրելի օրուընէ սկըսեալ, պաշտօնական հանդիսութեամբ հարեւան պիտի ունենայ «Ֆրանսայի հրապարակ»ը, որ այսուհետ այսպէս պիտի կոչուի առ ի երախտագիտութիւն Ձեր երկրին: Ի՞նչ տարբերութիւն` Ազատութեան հրապարակ թէ՞ Ֆրանսայի: Ամենագեղեցիկ շէնքերով եւ տեսարաններով շրջապատուած, կարծէք բացօթեայ այս թանգարանը, այս գեղեցիկ հրապարակը, որ այնքան սիրելի եւ հարազատ է հայրենիքի մէջ ապրող թէ գաղթական իւրաքանչիւր հայու սիրտին, նոյնքան հարազատ եւ սիրելի պիտի մնայ, Ֆրանսայի հրապարակ կոչուելէ ետք..տարբերութիւն չկա՛յ. Ազատութիւնը Ֆրանսա չէ՞ անուանուած, Ֆրանսան ալ՝ Ազատութիւն. Երկուքը հոմանիշներ չե՞ն արդեօք:

Հայերը շնորհակալութիւն կը յայտնեն Քեզի Պարոն Նախագահ, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ձեր նման բոլոր մեծերուն եւ Քու ժողովուրդիդ նմաններուն, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Քեզի Քու դիրքորոշումիդ համար, երբ շատեր մեզմէ երես դարձուցին կամ հրաժարեցան մեր դատէն` սոսկ շահախնդրութենէ մղուած, քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ մեր դատի արդարութեան: Շնորհակալութիւն Քեզի, որ արդարութիւնը առաջ կըմղես, արգելակելով անարդարին յառաջացումը: Իմս պարզապէս երախտագիտական արտայայտութիւն մընէ, Ձեր կատարածին հանդէպ, եւ խոստումի օր Աստուծոյ կամոք, շատ շուտով Ձեզի փոխադարձելու լաւագոյն կերպով :

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 6-10-2006, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 6-10-2006, Պէյրութ