Վսեմաշուք Տիար Պարաք Օպամա՝ 

Նախագահ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու,

Բարի Ողջոյն:

Ձեզի կը յղեմ ամենայ անկեղծ ողջոյններս եւ շնորհաւորանքներս, Միացեալ Նահանգներու Ձեր նախագահ ընտրուելուն եւ այդ բարձր պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ, եւ թոյլ տուէք ինծի, Պարոն Նախագահ, շնորհաւորել նաեւ ինքզինքս, յանձինս Ձեր անձնաւորութեան՝ իմ թեկնածուիս յաղթանակին համար, թէեւ ես ԱՄՆ-ի քաղաքացի չեմ:

Այո՛, ես ուրախ եմ, նման երկրագունդի այն միլիոնաւոր մարդկանց, որոնք Ձեր մէջ եւ Ձեր ընտրուելով, բարին կ’ակնկալեն իրենց երկիրներուն եւ իրենք իրենց համար, ամէն մէկս ունինք մեր սպասելիքը Ձեզմէ, որովհետեւ դուք ազնիւ եւ ճշմարտասէր մարդ էք, արի եւ իմաստուն, եւ աւելի կարեւորը՝ իւրայատուկ նախագահ:

Պարոն Նախագահ,

«Փոփոխութեան» սկզբունքը, զոր ընդունած էք որպէս կարգախօս եւ գործընթաց ու ծրագիր Ձեր իշխանութեան շրջանին համար, ուրախութիւն պատճառած է շատ շատերուն ԱՄՆ-էն ներս, թէ՛ դուրս, ընծայելով յոյսի շող լուսաւոր վաղուայ համար, մեծ յոյսեր ներշնչելով անոնց. անոնք Ձեզմէ շատ բան կ’ակնկալեն եւ կը ցանկան, որ կարենաք իրագործել ամենայ շատը զոր մարդիկ կ’ակնկալեն Ձեզմէ: 

Այս կէտէն մեկնելով, Պարոն Նախագահ, մենք հայերս կը փափաքինք, որ յետագայ փոփոխութիւնը ըլլայ Ձեր համոզմունքին մէջ հաստատուն մնալը, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայերուն պատահածը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին, ցեղասպանութիւն էր, հաւաքական ամբողջական բնաջնջում, եւ ոչ թէ սահմանափակ պատերազմի ընթացքին կատարուած դէպքեր, կամ նման այլ ածականներով բնորոշումներ տրուող պատահարներ, ինչպէս որ դառնագին կերպով ական-ջալուր եղանք անցեալ երկու տասնամեակներուն: Թող փոփոխութիւնը ընտրութիւններէն ետք իրերը կոչէ իրենց անուններով, այնպէս՝ինչպէս ընտրութիւններէն առաջ: Թող «փոփոխութիւնը» Ձեր նոյն վարքագիծէն կառչիլը ըլլայ, զոր ցուցադրեցիք Ձեր երեսփոխան եղած օրերուն եւ զոր պահպանեցիք Ձեր գրութիւններուն եւ ճառերուն մէջ, պաշտպանելով Հայկական Դատը, նաեւ Ձեր նախագահական խոստումներուն մէջ, գործի լծելու Ձեր զօրակցութիւնը համոզուած ըլլալով, որ իրաւունքն ու ճշմարտութիւնը աւելի վսեմ են քան ուժը, եւ թէ արդարութեան մշակոյթը պէտք է տիրէ ամերիկեան նոր դիւանագիտութեան մէջ, եւ կ’երդնում որ այս քաջարի դիրքորոշումն է, որ մեզ յուսադրեց եւ մղեց առաւել հաստատուն ու վճռական դառնալ: 

Մի քանի օր ետք Ապրիլ 24 է՝ 1915 ի ջարդերուն զոհ գացած հայ նահատակներուն յիշատակի օրը- այնքան ցաւալի ջարդեր, որոնց զոհ գացին հայ ազգի մէկու կէս միլիոն անմեղ զաւակներ, որոնց միակ յանցանքը այս շրջանին մէջ ըլլալն էր, ուստի արգելք հանդիսանալը Փան-թուրանական ծաւալապաշտական ծրագիրներուն: Արտօնեցէք ինծի ցաւով նշել, որ այս տխուր ողբերգութիւնը ցայսօր պաշտօնական պատշաճ ճանաչում չէ գտած Ձեր մեծ պետութեան կողմէ, հակառակ անոր որ այս իրողութիւնը ընդունած են աւելի քան երախտաշատ քսան երկիրներ, ԱՄՆ-ի երեսուն նահանգներ եւ Ձեր պատկառելի գոնկրէսի անդամներուն մեծամասնութիւնը: Այս բոլորը համակրանքով կը վերաբերին մեր արդար դատին, այս պատճառաւ ներկայ վարչակազմը անառիկ բերդ մը պիտի նկատուի, որուն վրայ չեն կրնար ազդել արհեստական կեղծ աղմուկով ընթացող դիւանագիտական ճնշումները, մեր կրած վեց հարիւր տարուայ բռնագրաւումէ, անարդարութենէ, հալածանքներէ, զրկանքներէ եւ յետամնացութենէ ետքեւ երբ տակաւին այդ բռնութեննրէն մաս մը կը շարունակուի հայերուն հանդէպ:

Այսօր կը տրոփեն սիրտերը միլիոնաւոր հայերուն, որոնց կէսը Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի, անոնց հետ նաեւ հարիւրաւոր միլիոններու սիրտեր երկրագունդի չորս կողմերուն, սպասելով Ձեր արտասանելիք վսեմ խօսքը, կատարելիք պաշտօնական յայտարարութեան մէջ. այդ յայտարարութիւնը որ ընդունուած է ամէն տարի կատարել Սպիտակ Տան կողմէ այդ՝ հայութեան եւ մարդկութեան յոյժ կարեւոր օրը՝ Ապրիլ 24ի օրը, եւ Ձեր յայտարաութեամբ հաստատէք մեր ազգին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ պարզորոշ կերպով դատապարտէք զայն: Ձեր պատմական այս դիրքորոշումը  յաղթանակ մը պիտի ըլլայ մարդկութեան եւ քաղաքակիրթ աշխարհին համար, պիտի ըլլայ արդարութեան պաշտպանութիւն եւ պիտի վերացնէ այսպիսի արարքներու կրկնութեան տարակուսանքն ու վախը, եւ Ձեր հզօր երկրին աջակցութեամբ պիտի տիրանանք դարեր շարունակ ոտնակախոուած մեր իրաւունքներու մէկ կարեւոր մասին, եւ նախայարձակները պիտի իմանան, որոնք ալ ըլլան անոնք, եւ ուր ալ որ գտնուին, թէ բռնութեան վերջը դատապարտումն է, ուշ կամ կանուխ: 

Իմացայ որ դուք շուտով պիտի այցելէք Թուրքիա, այնպիսի ժամանակ մը որ վճռորոշ է մեզ հայերուս համար, ուստի կ’աճապարեմ յղել Ձեզի սոյն նամակս, ցանկութիւն յայտնելով, որ Ձեր այս այցելութիւնը առիթ հանդիսանայ հաստատելու Ձեր համոզմունքը մեր դատին արդարացիութեան եւ մեր նպատակի ազնըւութեան վերաբերեալ, նաեւ ամրապնդելու Ձեր դերակատարութիւնը խաղաղութեան հաստատման մէջ: Այս նամակով կը խնդրեմ Ձեզմէ մեր հարցը արծածել թուրք ղեկավարներուն հետ, մղելով զանոնք ընդունիլ մեր ազգին նիւթական եւ բարոյական իրաւունքները, եւ սկսիլ բարի դրացիական յարաբերութիւններ մեր հայրենիքին հետ, ի բարօրօրութիւն ե՛ւ երկու երկիրներուն ե՛ւ շրջանի բոլոր երկիրներուն:

Աւարտին կ’ողջունեմ Ձեր կատարելիք այցելութիւնը այս տարածաշրջան, ակնկալելով Ձեր սատարն ու վճռական զօրակցութիւնը, ցանկալով նաեւ Ձեր ուղղութիւնը դէպի Հայաստան որ մի քանի քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի միայն, այդպիսով մեզի պարգեւելով Ձեզ հիւրընկալելու եւ բարի գալուստ մաղթելու հաճոյքը:

Հաճեցէք ընդունիլ խորին երախտագիտութիւնս եւ յարգանացս հաւաստիքը:

Անկեղծօրէն՝ Կիրակոս Գույումճեան

Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 1-4-2009, Պէյրութ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 1-4-2009, Լոնտոն

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 6-4-2009, Քուէյթ

«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ», 6-4-2009, Պէյրութ

«ԱԶԴԱԿ », 24-4-2009, Պէյրութ

Նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութեան հանդէպ լաւատեսօրէն տրամադրուողներէն էի ես, մինչեւ նոյն տարուայ Ապրիլի 24-ը. ես մէկն էի անոնցմէ որոնք քնացան եւ արթնցան գրաւ դնելով եւ վստահեցնելով, որ Նախագահ Օպաման տէր պիտի կանգնի նախընտրական խոստումներուն, զորս տուած էր հայ համայնքին, հաւաստելով, թէ ընտրուելու պարագային պարզորոշ կերպով պիտի յայտարարէր, որ 1915 թուականին այն ինչին որ ենթարկուեցան հայերը ցեղասպանութիւն էր: Նախագահը խոստացած էր այս յայտարարութիւնը կատարել Հայկական Ցեղասպանութեան տարեկան յիշատակի օրը՝ Ապրիլի 24-ին, ուղղակի Սպիտակ Տան Նախագահի գրասենեակէն, ինչպէս որ տասնամեակներէ ի վեր Ամերիկայի նախագահները աւանդաբար սովորութիւն դարձուցած էին իրենց համակրանքը արտայատել այդ օր՝ ի յարգանք ամերիկահայ գաղութի զաւակներուն, եւ ասիկա Նախագահ Օպամային առաջին առիթն էր ընտրուելէն ետք: 

Որոշեցի նամակ գրել եւ Նախագահին ուղարկել Քուէյթի ԱՄՆ-ի դեսպանատան հիւպատոսական բաժանմունքին միջոցաւ: Նամակիս մէջ իրեն յիշեցուցի այն խոստումները զորս տուած հայկական համայնքին, տէմոքրաթական կուսակցութեան կողմէ այս բարձր պաշտօնին թեկնածու եղած ընթացքին: Նախագահէն պահանջեցի որդեգրել ճիշդ նոյն քաջարի եւ համարձակ կեցուածքները զորս ունէր երբ դեռ սինաթոր էր, գիտնալով որ ինք անձամբ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նամակներ յղած էր Ամերիկեան պաշտօնական հաստատութիւններու, ինչպիսին՝ գոնկրէսը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, երբ վերջինս կը ղեկավարուէր Քոնտալիզա Ռայսի կողմէ նախագահ Ճորճ Պուշի օրով: Այս նամակները կարելի է տեսնել Ուաշինկթընի Հայ Դատի կայքէջին վրայ: Այս բոլորը յիշեցուցի ընտրեալ Նախագահին, պահանջելով տէր կանգնիլ իր խոստումներուն: 

Գրելիք նամակիս վերաբերեալ միտքերս կ’ամփոփէի, հասցնելու հասցէատիրոջ, Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր Ապրիլի 24-էն առաջ, երբ Նախագահ Օպամայի Եւրոպա կատարելիք շրջապտոյտին լուրը առի, որ կ’ընդգրկէր նաեւ Թուրքիան: Արագացուցի նամակս, աւելցնելով նաեւ Նախագահին Թուրքիա այցելութեան առնչուող վերջին հատւածը, պահանջելով իրմէ թուրք պատասխանատուներուն հետ արծարծել նաեւ հայերուն վերաբերող հարցեր, բան մը որ այս կամ այն կերպ բարեբախտաբար իրագործուեցաւ, թէ՛ Իսթանպուլի համալսարանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին եւ թէ՛ թուրք պատասխանատուներուն հետ կայացած խօսակցութեանց ընթացքին, ուր արծարծուեցաւ Հայկական Հարցը: