Ահաւասիկ այլ քաղաքակիրթ երկիր մը եւս կընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որ գործադրուած է Օսմանցի թուրքերուն կողմէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթաքին: Գանատայի կողմէ ճանաչման այս քայլը առնուեցաւ 22 Ապրիլ 2004 թուականին, Մեծ Եղեռնի 89 ամեակի նշումէն միայն երկու օր առաջ: Ըսենք որ 1915 թուականի Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը հայ ժողովուրդը կը նշէ ամէն տարուայ Ապրիլի 24ին, որ այսուհետեւ համայն Գանատայի մէջեւս ամէն տարի պիտի նշուի որպէս այս ողբերգական դէպքի յիշատակի օր

Վարչապետ Թրյուդոն, որը մասնակցում էր 2015-ի մայիսին Մոնրեալում անցկացվող «Մարդասիրության երթին» (Լուսանկարը `Justասթին Թրյուդո / Twitter

Այսպիսով մէկով կաւելնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունող երկիրներուն թիւը, զորս կը գլխաւորէ Ազատն Ֆրանսան, որու, 2001 թուականին, խորհրդարանին ճանաչումը հայկական ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն, համաշխարհային մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր, ի մասնաւորի Թուրքիոյ մէջ որ աշխարհ իրար անցուց: Այս անգամ եւս հայկական գաղութին ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցան, քանզի, ուր ալ գտնուին հայերը ամէն ճիգ կը գործադրեն փաստելու իրենց գլխուն եկածը, որ խլեց մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր, մեծամասնութեամբ երեխաներ, կիներ եւ ծերունիներ, որոնք քշուեցան այդ ժամանակաշրջանին Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող անապատներ, այն ատեն երբ հայ երիտասարդներն ու տղամարդիկ թրքական բանակին մէջ թուրքերուն հետ կողքկողքի կը պատերազմէին կայսրութեան թշնամիներուն դէմ

Ապրիլ 22ին Օթաուայէն յայտարարուած այս լուրը այնքան մեծ ուրախութիւն պատճառեց հայերուն, որքան որ տխրութիւն կը պատճառէ ԱՄՆի տակաւին հրապարակայնօրէն եւ պարզորոշ կերպով հայկական ջարդերը չընդունիլը որպէս ցեղասպանութիւն, հակառակ Ֆրանսայի, Իտսլիոյ եւ այլ երկիրներու կողմէպարզորոշ կերպով որպէս այդպիսին որակաւորման, պարզորոշ կըսեմ որովհետեւ իրողութիւնը ընդունելուն հետ կապուած նախագիծեր գոյութիւն ունին, թէ՛ Գոնկրէսի, թէ՛ ծերակուտականի եւ թէ՛ երկրին նախագահին մօտ, որոնք տարբեր անուանումներ կը կրեն, ինչպէս «Հայերուն պատահած ցաւալի դէպքեր», կամ «Պատերազմի իրավիճակին հետեւանքով գործադրուած անարդարութիւն» եւայլնԱյս յորջորջումները հետեւանք են քաղաքական, մարտավարական պատճառներու եւ թրքական կառավարութեան գործադրած ճնշումին:

Հակառակ անոր որ հայերը գիտեն կարեւորութիւնը տարուէ տարի Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհող, իրենց համար կարեւոր երկիրներու թիւին, եւ որուն համար հայերը երախտագիտական եւ գնահատանքի զգացումներ կը տածեն տուեալ երկիրներուն հանդէպ, սակայն հարցը կը մնայ անլոյծ եւ գործադըրուած ճիգերը՝ անօգուտ, քանի տակաւին թրքական պետութիւնը չէ ընդունած գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ վերէն նայիլ հայերուն հետ բանակցութիւններ վարելու գաղափարին՝ ուսումնասիրելու երկու դրացի երկիրներու միջեւ 90 տարիներէ ի վեր շարունակուող թշնամանքն ու անոր վերացումը

Ի՜նչ երջանիկ օր մը պիտի ըլլայ այն օրը երբ փափկի Թուրքիոյ վարչապետին սիրտը (կը փափաքիմ որ ան ներկայ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանը ըլլայ), եւ յարատեւ հերքումէ ու ժըխտումէ ետք, լայնամտօրէն մօտենայ հարցին, առաջնորդուելով քաղաքակիրթ եւ բարոյական այն սկզբունքով որ կըսէ. «Յանցանքը ընդունիլը ազնուութիւն է», այսօրուայ տրամաբանութեամբ՝ ազնուութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ իւրաքանչիւրին իր իրաւունքը տալու մշակոյթ

Այո՛, այս տարուայ Ապրիլի 22ին քաղաքակիրթ երկիր մը եւս միացաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին թուրքերու ձեռքով գործադրուած հայկական ջարդերը ընդունողներու շարքին. Ապրիլի 24էն՝ Ցեղասպանութեան 89 ամեակէն ընդամէնը երկու օր առաջ, Գանատայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կատարուած թուրքերու կողմէ, եւ ամէն տարուայ Ապրիլի 24ը յայտարարեց այդ ցաւալի դէպքի յիշատակի օր համայն Գանատայի մէջ:

Այո՛, անգամ մը եւս յաջողութեամբ պսակուեցան գործադրած ճիգերը հայկական գաղութներուն, որոնք ուր ալ որ գտնուին ջանք չեն խնայեր փաստելու իրենց բաժին հասած անարդարութիւնը եւ հայ ազգի մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զաւակներու բնաջընջումը, որոնք մեծամասնութեամբ մանուկներ, կիներ եւ ծերունիներ, քշուեցան այդ ժամանակ Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող անապատներ, մինչ հայ տղամարդիկ որպէս թըրքական բանակի զինուորներ պատերազմական ճակատներու վրայ կը կռուէին կայսրութեան թշնամիներուն դէմ:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» 1-5-2004, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ» 4-5-2004, Պէյրութ

Սոյն գրութիւնը առաջինն է այն յօդուածաշարքին որ կը պարփակէ հինգ նմանատիպ վերնագրերով յօդուածներ՝

«Հայերը, Թուրքերն ու Գանատացիները», «Հայերը, Թուրքերն ու Եւրոպացիները», «Հայերը, Թուրքերն ու Ֆրանսացիները», «Հայերը, Թուրքերն ու Ամերիկացիները» ու «Հայերը, Թուրքերն ու Պատմաբանները»:

Այս յօդուածները գրած եմ տարբեր երկիրներու կառավարութիւններու կամ խորհրդարաններու Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչման առիթներով:

Ոմանք զայն ընդունեցին եւ ամէն տարուայ Ապրիլի 24ը պաշտօնապէս յայտարարեցին Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր իրենց երկիրներուն մէջ, ոմանք այս իրողութիւնը պաշտօնապէս արձանագրեցին որպէս բեկման ոչ ենթակայ եւ վերատեսութեան չենթարկուող որոշում

Այս առիթներով գրի առած յօդուածներս շնորհակալական արտայայտութիւններ էին Ցեղասպանութիւնը ընդունող երկիրներուն հանդէպ. ես շնորհակալութիւն կը յայտնէի մեր դատը ընդունող երկիրներու ժողովուրդներուն, խորհրդադաններուն եւ մեզի սատար բոլոր կանգնողներուն: Միեւնոյն ատեն այս գրութիւններով ես արաբ ընթերցողին կը ներկայացնէի հայ ժողովուրդի բնաջնջման իրականութիւնը եւ մեր հանդէպ կատարուած անարդարութեան յարատեւումը, մղելով նաեւ արաբ ընթերցողը չհաւատալ թրքական լրատուական միջոցներուն կողմէ տարածուող այն խեղաթիւրման փորձերուն, որոնք կը միտին Ցեղասպանութիւնը ընդունող երկիրները վարկաբեկել

Այս յօդուածներէն իւրաքանչիւրը ունի իր իմաստային եւ բովանդակութեան առանձնայատկութիւները. «Հայերը, Թուրքերն ու Գանատացիները» յօդուածիս մէջ կոչ ուղղեցի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանին եւ Ապտուլլա Կիւլին, որ այդ ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն էր, հրաւիրելով զիրենք իրենց աչքերէն վերցնել հերքման եւ ժխտումի քօղը, դրսեւորելով վեհանձ նութիւն եւ բարոյական բարձր արժանիքներ եւ ընդունիլ իրենց մեծ հայրերուն պատճառած ողբերգութիւնները մեր մեծ հայրերուն, այսպիսով յաւիտանապէս փակելով թշնամանքի էջը մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ: