«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհն հայուն կարդայ նախատինք»

Ահա թէ ինչ կտակեց հայ մեծ մտաւորական Աւետիս Ահարոնեանը պարտաւորեցնելով հայ սերունդները, որոնք այս կտակին հաւատարիմ մնացին սերունդէ սերունդ, իւրաքանչիւրը դրօշակը յանձնեց իր յաջորդին, այսպիսով նորոգելով կատարւած չարիքը մոռացութեան չտալու ուխտը, հաստատելով որ տեւապէս պիտի յիշէ թուրքերուն կողմէ գործադրուած բռնութիւնը իր մեծ հայրերուն հանդէպ, որ Անատոլուի խորերը եւ շրջակայ անապատներու մէջ իր գագաթնակէտին հասաւ 20-րդ դարու սկիզբներուն, երբ մեր մեծ մարտնչող գրողը կիսեց իր խեղճ ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնները

Այս կտակը միայն հայերուն համար չէ, այլ կտակ է եւ պատասխանատուութիւն, դրուած կենդանի ժողովուրդներու իշխանաւորներուն ուսերուն, կտակ է ժողովուրդներուն, որոնք ապրած են պատերազմներու դժբախտութիւնները, ենթարկուած են տարագրութեան եւ տուած են միլիոնաւոր զոհեր..: Այն անկեղծ եւ օգտակար կտակ է Երոպայի իշխանաւորներուն, մասնաւորաբար 2004 թուականի Դեկտեմբերին գումարուելիք իրենց ժողովի նախօրէին, ուր պիտի քննարկուի Թուրքիան Եւրոպական Միութիւն ընդունելու կարելիութիւնը

Այս կտակը կոչ է մոռացութեան չմատնելու բռնութիւնը, հանդէպ ամէն մէկ անհատի կամ ազգի, ուր ալ որ գտնուի ան, որ իշխանութեան կամ իշխանաւորի կողմէ ալ գործադրուած ըլլայ այն. կոչ է ոչ միայն 90 տարիներ առաջ կատարուած ազգի մը հաւաքական բնաջնջումը չմոռնալու, այլ նաեւ կոչ՝ մաքրելու մարդկային խիղճը միտումնաւոր մոռացութեան մեղքէն, որ քաջալեր կը դառնայ յանցանքի կրկնութեան, կոչ` հրաժարիլ լռութեամբ յանցանքի գործակից դառնալէն ազգի մը մէկ երրորդի ջարդուելուն, որ կապրէր պատմութեան սկիզբէն իր նախահայրերուն պատկանող հողին վրայ, ազգ մը որ յարատեւօրէն իր արժանաւոր մասնակցութիւնը կը բերէր մարդկային քաղաքակըրթութեան` ճարտարապետութեան, աստղագիտութեան, բնագիտութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի այլ բնագաւառներու մէջ, որպէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ` նման յոյներուն, հռոմէացիներուն եւ պարսիկներուն

Եւրոպական ընկերութեան, Թուրքիոյ իրեն միանալ թոյլատրումը, անոր իր անցեալի արատները մաքրելէ առաջ, արատներ զորս եւրոպական ժողովուրդները աւելի լաւ գիտեն քան ուրիշները, մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ, որուն համար եւրոպական գալիք սերունդները դառնապէս պիտի զղջան

Նախ եւ առաջ Թուրքիան պարտաւոր է իր ձեռքերն ու իր սիրտը լուալու եւ հաշտուելու այն ժողովուրդներուն հետ, որոնք երկու դառնութիւն համտեսած են անոր ձեռքով (արաբական ժողովուրդները շատ լաւ գիտեն այս ամէնը) մանաւանդ հաշտուիլ հայ ժողովուրդին հետ, որ մէկ ու կէս միլիոն զոհ տուած է` երիտասարդներ, կիներ, ծերունիներ եւ մանուկներ, որպէսզի յարմար միջավայր ստեղծուի արեւելեան ճակատի վրայ գտնուող հայկական հողերու վրայ, Օսմանական կայսրութեան թշնամի ռուսերուն դէմ մղուող պատերազմի ծրագրերուն համար, նաեւ որպէսզի ճանապարհ հարթուի իրագործելու համար փանթուրանական երազները, տարածուելու դէպի Միջին Ասիա մինչեւ չինական սահմանագիծ, կազմելու թրքական ցեղերէ բաղկացած պետութիւն մը` սկսելով Կասպից ծովէն եւ անցնելով Հայաստանէն, որ իր աշխարհագրական դիրքով կարգելակէր վերոյիշեալ սաստիկ ցանկալի, անկուշտ ծրագիրը

Հայերուն հանդէպ իրենց նախահայրերուն կատարած բռնութիւններուն մեղքը թուրքերու կողմէ պաշտօնապէս ընդունելէն առաջ, եւ հայերու մնացորդացին ու հայկական անկախ պետութեան հետ, արդար իրաւունքներու հարցի լուծումէն առաջ, այսինքն համաշխարհային հանրութենէն իր անցեալին եւ ներկային համար «Անմեղութեան վկայական» եւ դատուածութեան վկայական ստանալէ առաջ, Թուրքիոյ` Եւրոպա մուտքի թոյլտուութիւնը ամօթի խարան մը պիտի ըլլայ ընդունողի ճակատին, որ յաւիտեան պիտի ծանրացնէ անոր խիղճը, արատաւորելով անոր բարձր քաղաքակրթութիւնը կարմիր բիծով, զոր անկարող պիտի ըլլան սրբել ամենայ ուժեղ սրբիչներն անգամ, որոնց կարգին՝ պատմութիւնն ու ժամանակը:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» 22-11-2004, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ» 25-11-2004, Պէյրութ

«ՇԱՐՔ ԷԼ ԱՈՒՍԱԹ » 26-11-2004, Լոնտոն, «Մինչեւ Շաբաթը Ուրբաթէն առաջ գալըՀայերունամակըԹուրքիոյ եւ Եւրոպայի» 

Սոյն յօդուածիս` «Հայերը, Թուրքերն ու Եւրոպացիները» գլխաւոր նիւթը կը վերաբերի Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն ընդունելու կարելիութեան: Այս հարցի քննարկման նախօրէին, պահանջքս է եւրոպական պետութիւններէն` չընդունիլ Թուրքիան, մինչեւ ինքզինք չմաքրէ իր անցեալի արատներէն, եւ անմեղութեան վկայական չստանայ իր նախորդներուն կողմէ բռնութեան ենթարկուած ժողովուրդներէն

Պրիւքսէլի մէջ հաւաքուած նախագահներուն յիշեցուցի, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութիւն ընդունիլը ամօթանքի խարան մը պիտի ըլլայ Եւրոպայի ճակատին, որ յաւիտեան պիտի ծանրացնէ անոր խիղճը, արատաւորելով անոր բարձըր քաղաքակրթութիւնը կարմիր ամօթալի բիծով, զոր պատմութիւնն ու ժամանակն իսկ անկարող պիտի ըլլան ջնջել

Իրապէս ալ Բարձեալն Աստուած ականջալուր եղաւ աղօթքներուս, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան եւ բոլոր այն ժողովուրդներուն աղօթքներուն, որոնք տակաւին իրենց իրաւունքները կը պահանջեն Թուրքիայէն, որուն անդամակցութիւնը չընդունուեցաւ Եւրոպական Միութիւն յիշեալ կարեւոր նիստի ընթացքին: