Ցաւով կը զարմանամ ի լուր այն հրաբորբ յայտարարութիւններուն, զորս այս օրերուն կը կատարեն թուրք պատասխանատուները բոլոր մակարդակներու վրայ, նաեւ ի տես Թուրքիոյ մէջ ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ եւ այլ երկիրներու մէջ կատարւող ցոյցերուն, որոնք բոլորն ալ կը դատապարտեն Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած այն օրինագիծը, ըստ որուն պատիժի ենթակայ են անոնք, որոնք կասկածի տակ կը դնեն կամ կը ժխտեն Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին օսմանցի թուրքերուն ձեռքով գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որուն զոհ գացած էին մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Կը զարմանամ եւ հետս կը զարմանան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք նոյնիսկ սակաւ տեղեակ են Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի ժամանակակից պատմութեան, քանզի դէպքը յայտնի է բոլորին եւ փաստագրուած է բոլոր վաւերաթուղթերու մէջ, ու դրոշմուած այս շրջանին մէջ ապրած իւրաքանչիւր մարդու յիշողութեան մէջ:

Photo credit Armenpress

 

Հարց կու տամ թէ ինչո՞ւ մեր հարեւան թուրքերը աշխարհ իրար կը խառնեն դատապարտելով այս մարդկային որոշումը, ու փոխանակ ինքզինքնին հետ հաշտուելու եւ որդեգրելու «Մեղքի ընդունումը առաքինութիւն է» սկզբունքը, եւ փոխանակ ամէն իրաւատէրի տալու իր իրաւունքը, աջ ու ձախ մեղադրանքներ կը սփռեն, երբեմն պատրուակելով թէ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, երբեմն առարկելով թէ հարցը պէտք չէ քաղաքականացուի այլ պէտք է փոխանցուի պատմաբաններուն (հարցը ջրելու միտումով) ուսումնասիրելու եւ քննարկելու զայն, երբեմն պնդելով թէ իբր չափազանցուած է զոհերուն թիւը, երբեմն ըսելով, թէ հայերը յարձակած են թուրքերու վրայ եւ ոչ թէ հակառակը. թրքական վերջին ցնորքն ալ այն էր, թէ Ֆրանսա թուրքերուն բարոյական դասեր տալէ առաջ, նախ Ֆրանսան ինքը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր գաղութատիրական արիւնոտ պատմութիւնը եւայլն, եւայլն: 

Արաբական հեռատեսիլի արբանեակային կայաններու լուրերու հոսքին, անոր առընթեր կատարուող մեկնաբանութիւններու, հանդիպումներու ի տես, եւ ի դիմաց այդ կայաններու, լրատուական գործակալութիւններու, տեղական եւ միջազգային թերթերու մէջ նկատուող իրարամերժ վերլուծումներու, յարմար գտայ կարգ մը պարզաբանումներ տալ ըստ ամբաստանութիւններու հերթականութեան, արգելակելու միտումով հարցին խճճումը:

Կասկած չկայ որ ջարդերը տեղի ունեցած են, եւ ամբողջ աշխարհ տեղեակ է անոնցմէ (աւա՜ղ, բացի թուրքերէն): Այո՛, խընդիրը ակադեմական չէ, այլ քաղաքական, ընկերային, բարոյական, կապուած հոսած արեան եւ արժանապատուութեան հետ մէկուկէս միլիոն մարդոց, որոնք կը համարուէին օսմանեան քաղաքացիներ, որոնց միակ յանցանքը պատուար հանդիսանալն էր Թուրանական տարածողական նպատակներուն, այլ «յանցանք» մըն ալ հայերուն ռուս-թրքական պատերազմական գիծի վրայ գտնուիլն էր, հողի մը վրայ որ մինչեւ օսմանական զաւթումն ու գրաւումը կը կոչուէր Հայաստան: Ի՞նչ է օգուտը ժամանակ կորսընցնելուն կազմելու պատմութիւնը գրգրող յանձնաժողովներ կազմելով, քննելու բացայայտ եւ պարզորոշ դէպք մը, եւ ինչու ճշդել սպաննուածներուն թիւերը՝ նուազ կամ առաւել, երբ մէկ անմեղ հոգի սպաննելը համազօր է ամբողջ մարդկութեան սպաննումին: 

Ինչ կը վերաբերի,այսպէս կոչուած, հայերու կողմէ սպաննուած թուրքեր ցոյց տուող ժապաւէններ սփռելու հնարքին, ապա այդ բացարձակ զրպարտութիւն է, որուն հաւատացող մէկը դժուար թէ գտնուի, որովհետեւ անմտութիւն է այն, որ հզօր կայսրութիւն մը որ Միջին Ասիոյ մէջ կը պատերազմի յառաջընթաց զօրքերով, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ կարողականութեամբ, չի կրնար պաշտպանել իր քաղաքացիները իր երկրին մէջ. նկատի պէտք է առնել նաեւ այն, որ հայ բոլոր տղամարդիկ այդ ժամանակ կը գտնուէին բանակի շարքերուն մէջ, բոլոր ճակատներու վրայ եւ կը պաշտպանէին թրքական հողերը: 

Գալով հակառակորդին վրայ յարձակելու ռազմավարութեան, մեղադրելով Ֆրանսայի խորհրդարանը հակատեմոքրաթ ըլլալու մէջ, այն դիտանկիւնէն որ ընդունուած որոշումը քննարկման ենթակայ չէ, նաեւ Ֆրանսական պետութիւնը մեղադրելով որպէս գաղութատիրական պատմութիւն ունեցող, ապա այստեղ եւս զարմանքը ինքզինք կը պարտադրէ, որովհետեւ Թուրքիան ինքն էր որ վերջերս օրէնք ընդունած էր, պատժել ոեւէ անձ, որ թրքական հողերու վրայ որեւէ ձեւով կ’արտասանէ «Հայկական Ջարդեր՝ Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը, եւ զարմանալի է որ այս երկիրը կը համարձակի այպանել ուրիշ մը նման որոշում կայացնելուն համար, անտեսելով այն խիստ պատիժը որուն ենթարկուեցաւ եզակի, քաջ վիպագիր Օրհան Փամուքը, որ դատարաններ քաշքշուեցաւ պարզապէս որովհետեւ զուիցերական թերթի մը մէջ հանդէս եկած էր յայտարարելով՝ անհրաժեշտութիւն է որ Թուրքիա չհերքէ մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպաննութիւնը. Թուրքիան կը մոռնայ որ ինչ անարգանքներու ենթարկուեցաւ գրողը, բան մը որ տեսանք արբանեակային հեռուստակայաններու միջոցաւ: Եւ ճակատագրի ինչպիսի՜ ծաղրանք. գրողը արժանացաւ այս տարուան Նոպէլեան մրցանակին, նոյն՝ Ֆրանսայի խորհըրդարանի, արդար որոշում արձակած օրը (որքան ազնիւ ես Աստուած իմ, կը յետաձգես, սակայն չես անտեսեր): Այս առիթով կը շնորհաւորեմ Օրհան Փամուքը իր ստացած բարձր մրցանակին եւ իր անօրինակ քաջութեան համար. կոչ կ’ուղղեմ նաեւ թուրք միւս գրողներուն եւ քաղաքագէտներուն զգեստաւորուիլ ճշմարտութեամբ եւ ազնուութեամբ: 

Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներուն՝ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն, իրենց նախկին թշնամիներու եւ ներկայ, միջազգային չափանիշերու համաձայն, հաշտ երկիրներու հետ, գաղութատիրութեան կամ զաւթման ժամանակաշրջանէն տասնամեակներ ետք, նշենք որ Ֆրանսան ապաստան տուած է միլիոնաւոր ալճերացիներու եւ մարոքցիներու, որոնք միլիառներ կը փոխանցեն իրենց հայրենիք, եւ որոնցմէ 90% կը նախընտրէ գաղութարարի երկրին մէջ ապրիլ՝ մարդավայել եւ բարեկեցիկ: Մինչ Թուրքիոյ մէջ ապրող հալածական հայերը ունին այս վիճակին ուղիղ հակադիր վիճակ. որպէս օրինակ եւ ոչ որպէս սահմանափակում, նշենք որ անոնք չեն կրնար խօսիլ իրենց մայրենի լեզուով, ոչ ալ արտայայտուիլ իրենց հայկական արմատ ունենալուն մասին. անոնց կալուածները պետականացուած են, հաստատութիւնները տասնամեակներէ ի վեր անդամալուծուած են, մինչ Ֆրանսան, օրինակի համար, կը կանգնի Ալճերիոյ կողքին, կը սատարէ անոր միջազգային գետնի վրայ, գործնականօրէն, քաղաքական եւ տնտեսական դիտանկիւնէ, թերեւս իր անցեալի մեղքը քաւելու համար, եւ այս Ֆրանսային համար պատուաբեր դիրքորոշում է. իսկ այն ինչ կ’ընէ այսօր Թուրքիան Հայաստանի հետ, ապա ճիշդ հակառակն է, եւ զուրկ դրացիական, բարեկամական զգացումէ ու գթասրտութեան ամենանուազ աստիճանէ. Թուրքիան Հայաստանի առջեւ փակելով արտաքին աշխարհին հետ կապուելու միակ միջազգային ճանապարհը շրջափակման կ’ենթարկէ մեր երկիրը, անկէ կտրելով ապրուստն ու ուժանիւթը, նպատակ ունենալով քանդել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը. Թուրքիան նաեւ կը հրաժարի դիւանագիտական կապեր հաստատելէ Հայաստանի հետ մինչեւ իր անարդար պայմաններուն ընդունումը, որոնցմէ առաջինը Հայկական ջարդերը չյիշատակելն է եւ անոնց յիշատակը տօնելէն հրաժարիլը, Թուրքիան պայման կը դնէ նաեւ Ատրպէյճանի հետ մեր սահմանային հարցերու անտեղի, այսինքն իր կողմէ լուծումը, մինչդեռ ինք հարցին մէջ կողմ չէ, ան գրաւ կը դնէ դարձեալ հայ ժողովուրդը ծունկի բերելուն եւ զայն նուաստացնելուն վրայ, գործադրելով անհաւասար պարագաներու մէջ բազուկներու թեքելու քաղաքականութիւն, ընդունիլ տալու իր անարդար պայմանները (Տեսէ՛ք, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումներու ինչպիսի՜ համեմատութիւն): 

Այո՛, կը զարմանամ եւ սիրտս կը կծկուի, ինչպէս նաեւ քաղա- քակիրթ հասարակութիւններու բոլոր ազատ մարդոց սիրտերը, ի տես թրքական վարչաձեւի յամառութեան՝ մերժելու դէպի հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կողմնորոշումը, փոխանակ զարդարւելու վեհութեան եւ ազնուութեան ոգիով, որոնցմով պէտք է յատկանշուի իւրաքանչիւր երկիր որ կ’ուզէ մուտք գործել միջազգային ժամանակակից քաղաքակիրթ հասարակարգ, ի մասնաւորի եւրոպական զարգացած ընկերութիւն:

Իմ շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ֆրանսայի խորհրդարանին, իր ընդունած խիզախ եւ արդարագոյն որոշման համար, գնահատանք մը որ յարուցուած բոլոր տեսակի աղմուկները չեն կրնար մոռցնել տալ զայն, ինչ կողմէ ալ ըլլան անոնք:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 19-10-2006, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 19-10-2006, Պէյրութ

Այս յօդուածը գրեցի Ժաք Շիրաքին Հայաստան այցելութեան առթիւ, նաեւ՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին այն օրինագիծին ընդունման առթիւ, ըստ որուն պատիժի կ’ենթարկըւի եւ կը դատուի իւրաքանչիւր ոք, որ Ֆրանսական տարածքի վրայ կասկածի տակ կը դնէ կամ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Այս որոշումին հետեւեցան թուրքերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցերը, ֆրանսական դեսպանատուներուն առջեւ աշխարհի տարբեր կողմերուն: 

Ես հանդէս եկայ ի պաշտպանութիւն այս օրէնքին եւ անոր գործադրութեան անհրաժեշտութեան, յանուն համաշխարհային խաղաղութեան պահպանման եւ նման ողբերգութիւններու կրկնութեան խուսափումին, շեշտելով կրկնութեան հնարաւորութեան առկայութիւնը, ոճրագործի չդապարտուելուն եւ ազատութեան մէջ մնալու պարագային: Ես նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցի Ֆրանսայի խորհրդարանին, իր ընդունած ճիշդ որոշումին համար, որ ուրախացուց համայն հայութիւնը եւ աշխարհի ազատատենչ բոլոր մարդկանց սիրտերը հաւասարապէս: