Ձեր թերթին 1 եւ 6 Մայիս 2007 թուականներու համարներուն մէջ, Մեծ ուշադրութեամբ կարդացի Թուրքիոյ դեսպանին հրապարակած երկու յօդուածները՝ երկու տարբեր առիթներով, առաջինը գրուած էր որպէս պատասխան «Հայերը (24 Ապրիլ)» յօդւածին, երկրորդը նորին վսեմութիւն դեսպանին անդրադարձն էր Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայացած միջոցառւմներու մասին Ձեր թերթի կատարած թղթակցութեան, որ արժանավայել եւ գեղեցկօրէն երկու էջերով լոյս տեսած էր «ԱԼ ՔԱՊԱՍ»ի մէջ: 

Բռնագաղթը եւ անոր Սարսափները

Մեկնելով այն պարագայէն, որ երկու յօդուածներն ալ կը պարունակեն բազմաթիւ սխալներ եւ անտեղի ու անհիմն ամբաստանութիւններ, կը պարտադրուիմ պատասխանել անոնց եւ ճշդումներ կատարել միաժամանակ երկուքի պարագային, նկատիառնելով որ երկուքին միտք բանին նոյնն է եւ կը կրկնուի աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր: Ներողամտութիւն կը հայցեմ, որ այստեղ պիտի անդրադառնամ այս յօդուածներու կարեւոր կէտերուն միայն: 

Օրինակ յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը ցեղային մաքրագործման չէ ենթարկած հայերը, այլ միայն ու միայն անոնց ապահովութեան համար հրամայած է փոխադրուիլ երկրին հարաւային շրջաններ,.. բնականաբար հոս հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ, եթէ եղածը պարզապէս փոխադրութեան գործողութիւն մըն էր միեւնոյն երկրի սահմաններէն ներս, ո՞ւր են այսօր հայ բնակիչները, երբ իրականութեան մէջ ամբողջ Անատոլուի եւ Անտիոքի տարածաշրջանին մէջ մէկ հայ ընտանիքի չենք հանդիպիր, սկսեալ Պարսկաստանի սահմաններէն՝ ամենայ հեռաւոր հարաւ-արեւելեան շրջաններէն մինչեւ Միջերկրականի աջ ափին գտնուող Իսկէնտէրուն քաղաքը… կըկրկնեմ.- Ո՞ւր են այս հայերը, ո՞ւր են հարաւ արեւելեան Թուրքիոյ երեք հազարամեայ բնիկ հայերը: Հարցը կը տարբերի եթէ Կայսրութեան հարաւային շրջան կը նշանակէ ներկայի Սուրիան կամ Իրաքը, որոնք այդ ժամանակաշրջանին նոյնպէս ենթակայ էին Օսմանեան Կայսրութեան… այս պարագային մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց կատարածին եւ մեզ պաշտպանելնուն համար, եւ որովհետեւ հիմա մենք կը փափաքինք մեր իսկական հայրենիքը վերադառնալ, կը խնդրենք իրենցմէ, որ մեզի ճանապարհ հարթեն ու մեզի վերադարձնեն մեր ինչքերն ու հողերը եւ փոխհատուցեն մեր կրած մարդկային եւ նիւթական վնասները: Մենք ալ մեր կարգին պատրաստ ենք հաշտուիլ եւ ընդառաջել ու մասնակից դառնալ «Այն վիթխարի ճիգերուն զորս կը գործադրէ թրքական կառավարութիւնը հաշտեցնելու առնչակից երկու ժողովուրդները…» ինչպէս որ կ’ըսէ նորին վսեմութիւն դեսպանը: 

Եթէ իրողութիւնը այսպիսին չէ… թող բարեհաճին ուրեմն ըսելու թէ ի՞նչ պատահեցաւ վիթխարի քաղաքակրթութեան տէր այն երեք միլիոն հայերուն, որոնք այդ հողերուն վրայ կ’ապրէին, բացի անկէ, որ անոնց կէսը նպատակադրեալ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, միւս կէսն ալ սփռուեցաւ աշխարով մէկ, եւ իրենց ոչինչ մնացած է այսօր բացի ամէն տարի Ապրիլի 24ին իրենց նահատակ կէսին յիշատակը նշելէ: 

Երկրորդ նկատողութիւնս այն հարցի մասին է, թէ իբր Հայաստանի նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը չէ ընդառաջած Թուրքիոյ վարչապէտ Էրտօղանի երկու երկիրներու մասնագէտներէ եւ պատմաբաններէ կազմուած միացեալ յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկին, ուսումնասիրելու 1915 թուականի դէպքերն ու անոնց զարգացումները, բանալով Թուրքիոյ եւ այլ առնչակից երկիրներու արխիւները: Բարեբախտաբար այս կէտին պատասխանը պատրաստ է եւ յայտնի է բոլորին. տասնեակ մօտիկ եւ հեռաւոր երկիրներու արխիւներ, արաբական եւ ոչ արաբական, նոյնիսկ Թուրքիոյ դաշնակից երկիրներու արխիւներ պարզորոշ կերպով եւ յստակօրէն կը հաստատեն տեղահանութեան եւ ջարդերու իրողութիւնը: Այս հաստատումը կու գայ այդ երկիրներու պաշտօնական արխիւներու ընդմէջէն, այդ ժամանակներու այդ երկիրներու մէջ լոյս տեսնող թերթերու էջերէն, տրուող լուրերէն, պատասխանատուներու եւ յայտնի մեծամեծ արաբ եւ եւրոպացի անձնաւորութիւններու ցաւ յայտնող եւ կատարուածը դատա-պարտող յայտարարութիւններէն, այս անձնաւորութիւններուն մէջ կան նոնիսկ ամերիկացիներ, օրինակ դեսպան Հէնրի Մորկընթաուը: Ուրեմն ի՞նչ օգուտ ունի յանձնախումբեր կազմելը փաստելու այնքա՜ն յստակ եւ բոլորին յայտնի իրողութիւն մը,որ ընդունուած է աւելի քան 25 երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, սկսեալ մօտիկ Լիբանանէն, անցնելով Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն եւ ԱՄՆէն որուն 51 նահանգներէն 40ը ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հասնելով հեռաւոր Ուրուկուէյ… ուրեմն ինչո՞ւ ժամանակ կորսնցնել եւ հարցի էութիւնը ջրելու աշխատիլ: 

Գալով թրքական արխիւները հետաքրքրուողներու առջեւ բացուելուն, առ ի գիտութիւն նշենք որ այս քայլը առնուեցաւ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ, ութսուն տարի փակ մնալէ եւ արգիլեալ ըլլալէ ետք, երբ ամբողջ այդ երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին նշեալ արխիւները չէզոք մասնագէտներու համար մատչելի դարձնելու բազմաթիւ ապարդիւն կոչեր կ’ըլլային: Կը յիշեմ հետեւեալ ասացուածքը. «Ո՞վ արջը իր այգին կը հրաւիրէ այգեկութքէն առաջ», ի հարկէ ո՛չ ոք: Այդպէս վարուեցան նաեւ թուրքերը:                         

Այլ նմանութիւն մըն ալ կայ Թուրքիոյ վարչապետին Հայաստանի նախագահին ուղղուած պարագային հետ: Ասիկա կը նմանի այն մարդուն որ իր դրացիին արմուկը աջ ձեռքով կռնակին ետեւ կ’ոլորելէ, իսկ ձախ ձեռքով զայն պատին կրթնեցնելով կոկորդը կը սեղմէ շնչահեղձ ընելու մտադրութեամբ, եւ ո՜վ զարմանք, միեւնոյն ժամանակ ազնուագոյն բանաստեղծութիւններ կ’արտասանէ բարի դրացութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին… ինչպէս որ գրած էր պարոն դեսպանը իր երկրորդ յօդուածին մէջ, երբ թուրքիան կ’անտեսէ Հայաստանի եւ համաշխարհային ընկերութեան կոչերը վերացնելու իր կողմէ պարտադրուած շրջափակումը, պնդելով որ պէտք է անմիջապէս կազմուին վերոյիշեալ յանձնախումբերը, այլապէս ամէն ինչ կը մնայ նոյն իրավիճակին մէջ: 

Մեր ըսածը պարզ դարձնելու համար ընթերցողին յայտնենք որ, արեւմուտքէն Թուրքիան, արեւելքէն ալ իր դաշնակից Ատըրպէյճանը տասնհինգ տարիներէ ի վեր շրջափակած են Հայաստանը եւ փակած դէպի միջազգային ճանապարհներ տանող բոլոր անցքերը, այդպիսով արգիլելով արտաքին աշխարհէն ուժանիւթի եւ անհրաժեշտ պարէնի Հայաստան հասնիլը, ահռելի տնտեսական եւ ընկերային վնասներ հասցնելով արդէն իսկ տկար հայկական պետութեան: 

Հայաստանի նախագահը անկեղծօրէն յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետին, որ Հայաստանը երբեք դէմ չէ աւելի լաւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան կայացման իր դրացիներուն հետ, դէմ չէ նաեւ ամէն տեսակ յանձնախումբեր կազմուելուն, բայց ոչ այս պարտադիր իրավիճակին մէջ: Նախ եւ առաջ պէտք է շրջափակումը վերացուի եւ ապա՝ Թուրքիան պէտք չէ հրաժարի Հայաստանի հետ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելէ, ինչպէս նաեւ դադրի Հայաստանի շրջանային երկիրներու, Եւրոպական Միութեան ու Ամերիկայի հետ կապերու սերտացումը արգելակելէ… այս ամէնէն ետք, Հայաստանը որեւէ արգելք չ’ունենար որեւէ դրութեամբ քննարկելու 1915 թուականի դէպքերը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր… այլապէս ինչ պէ՞ս կրնայ Թուրքիան պաշտօնապէս յարաբերիլ երկրի մը հետ, որուն հետ դիւանագիտական կապեր իսկ չէ հաստատած… Ըստ Թուրքիոյ ամբողջ աշխարհը սխալ է, ինքն է միակ ճիշդը… 

Ինչ կը վերաբերի դեսպանի յօդուածին մէջ (առանց մանրամասնութիւններու նշումին) յիշուած ահաբեկիչներուն, ըսենք որ անոնք կը պատկանին տուեալ ժամանակաշրջանի ձախակողմեան համաշխարհային յեղափոխական ալիքին, որ տարածուած էր համայն աշխարհի մէջ: Հայ ժողովուրդը կը դատապարտէ զանոնք եւ ինք երբեք պատասխանատու չէ անոնց արարքներուն, ինչպէս որ թրքական պետութիւնը կը դատապարտէ իր հողերուն վրայ ներկայիս կատարուող ահաբեկչական գործողութիւնները:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-5-2007, Քուէյթ

Սոյն յօդուածը գրեցի առ ի պատասխան Քուէյթի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ առ ի հակաճառութիւն հայերու մասին իր գրածին, հակառակ անոր որ ընդհանրապէս ինք է որ կը պատասխանէր քուէյթեան թերթերու մէջ լոյս տեսած իմ յօդուածներուս:                              

Ես կ’անդրադառնայի Հայկական Հարցին վերաբերող երկու տարբեր յօդուածներու. առաջին յօդուածը դեսպանին անդրադարձն էր «Հայերը եւ Ապրիլ 24ը» վերնագրով յօդւածին, ստորագրուած հայ ուսումնասիրողի մը կողմէ եւ լոյս տեսած քուէյթեան «Ալ Քապաս» թերթին մէջ: Երկրորդը՝ «Ալ Քապաս»ի խմբագրին ուղղուած կշտամբանքներով լի յօդուածն էր դարձեալ ստորագրուած Թուրքիոյ դեսպանին կողմէ, որուն առիթը յիշեալ թերթի նկարագրումն էր աշխարհի չորս ծագերէն հարիւր հազարաւոր հայերու Ծիծերնակաբերդ այցելութեան, առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը: Նշենք որ «Ալ Քապաս» թերթէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Երեւան յատկապէս այս առիթով, եւ ամբողջական տեղեկագիր մը պատրաստած էր այս մասին, արաբ ընթերցողին պարզելու հայ մարդուն զգացումները Ցեղասպանութեան հանդէպ:

Յօդուածս երկար էր, որուն ընդմէջէն առիթ ունեցայ հերքելու դեսպանին ամբաստանութիւններն ու սխալմունքները: Սոյն յօդուածս առիթ դարձաւ նաեւ մեր հարցին վերաբերեալ իրողութիւններու եւ ճշմարտութիւններու հաստատման, նկատի առնելով որ «Ալ Քապաս»ի տեղեկատըւական յօդուածը Քուէյթի օրուայ նիւթն էր, եւ ես պէտք է որոշ ճշմարտութիւններու անդրադառնայի, որոնք կրնային անծանօթ ըլլալ արաբ ընթերցողին: