«Եւ մի՛ սպաննէք հոգին զոր արգիլած է Աստուած, բացի իրաւացիութեան պարագայէ»      Ճշմարիտ է Մեծագոյն Աստուած:

Քիչ օրեր ետք յիշատակի տխուր օրն է 90 տարիներ առաջ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Հայկական տխրահռչակ ջարդերուն, որոնք սկիզբ առին 24 Ապրիլ 1915-ին, օսմանցի թուրքերու ձեռքով

Photo credit Armenia Discovery

90 կսկծալի տարիներ անցան այն դժբախտ օրէն երբ կարգ մը բիրտ եւ անարդար իշխանաւորներու հրամանաւ Օսմանեան Կայսրութեան չորս ծագերուն սկիզբ առաւ ձերբակալութիւնը հայ ականաւոր մարդկանց, զանոնք վերացնելու նպատակաւ, որ նաեւ սկիզբն էր ամբողջ հայ ազգի բնաջնջման, որ 600 տարիներէ ի վեր կը գտնուէր Օսմանեան լուծին տակ:  

Զարհուրելի դէպքեր եւ պատումներ կը փոխանցուին մեզի հայ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու բնաջնջման մասին.       մարդիկ, որոնց մէջ կային թրքական Մեճլիսի` երեսփոխանական ժողովի անդամներ, իրաւաբաններ, գրագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք փաստացիօրէն երկար տարիներ ի նպաստ Թուրքիոյ գործած էին միջազգային ատեաննէրէ ներս: Կը պատմըւի թէ ունկնդիրի մարմինը փշաքաղուած է, լսելով այն վայրագութեան մասին որմով սպաննուած են անոնք,ոմանք կացնահար գլխատումով, անոնց մէջ կայ դաշնակի վրայ երաժշտութիւն յօրինելու պահուն ձերբակալուելէ եւ իր մտաւորական բարեկամներուն չարչարանքին ու ապանութեան ականատես ըլլալէ ետք խելագարող մը:  

Գալով հայ ժողովուրդին, ան իր բոլոր խաւերով եւ կազմերով ենթարկուեցաւ 20¬րդ դարու առաջին հաւաքական բնաջնջման` ցեղասպանութեան. անոր զաւակները բռնագաղթի ենթարկուեցան եւ հեռացուեցան իրենց ապրած բնակավայրերէն` այդ օրերուն Օսմանական կայսրութեան կողմէ գրաւուած Հայաստանէն` Արեւելեան Անատոլուէն, նաեւ երկրին այլ քաղաքներէն ու գիւղերէն ուր կապրէին անոնք, ի մասնաւորի Պոլիսէն եւ իր արւարձաններէն, ուր գոյութիւն ունէր մեծաթիւ հայկական գաղութ:   Հայերը ստիպողաբար դատարկեցին իրենց տուները եւ հեռացւեցան անոնցմէ նենգօրէն ու կազմակերպեալ ձեւով, քօղարկուած զանազան կեղծ ու պատիր պատրուակներով, ներկայացուած եւրոպական հանրութեան, որ այդ օրերուն յարուցած էր օսմանական տարածքներու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցը, իբր Ռուսիոյ դէմ պատերազմի պատճառով արեւելեան վտագաւոր եւ տագնապալի շրջաններէն անհրաժեշտաբար հայերը պէտք է տեղափոխուէին ապահով վայրեր:  

Այսպիսով թուրքերը յաջողեցան վերջնականապէս իրագործել իրենց տարածողական փանթուրանական ծրագիրը, տարտղնել հայ ազգը որ մեծամասնութիւն կը կազմէր այդ զգայուն սահմանային գօտիներուն մէջ, անոր փոխարէն վերաբնակեցնել թրքական տարրեր գրաւելով յաւելեալ ռազմավարական դիրքեր, ինչպիսին է Արարատ լերան բարձունքը , որուն վրայ հանգչած էր Նոյան տապանը, որ անյիշելի ժամանակներէ յայտնի է որպէս հայկական լեռ, եւ որ կը յիշուի բոլոր աշխարհագրական գիրքերու եւ պատմական աղբիւրներու մէջ:

Այս սահմանափակ տողերուն մէջ չեմ ուզեր պատմել այն պատմական իրողութիւնները, որոնք Աստուծոյ շնորհիւ յայտնի դարձան բոլորին եւ որոնք ճանաչում գտած են շարք մը գերտէրութիւններու կողմէ, ինչպէս Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Գանատայի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան, եւրոպական եւ այլ մեծ ու փոքր (մեր կարծիքով մեծ եւ հսկայ), նման Լիբանանի, Ուրուկուէյի եւ աշխարհի տասնեակ պետութիւններու կողմէ: Կուզեմ շեշտել ցաւալի պարագայ մը, այն որ թրքական ժամանակակից պետութիւնը կը ժխտէ այդ իրականութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ, այս խնդրին շուրջ բախում ունենալով եւրոպական հանրութեան հետ: Թուրքիան չուզեր նիւթապէս եւ բարոյապէս հատուցել հայերուն կրած վնասները, յաւիտենապէս փակելու համար Հայկական Հարցի էջը, սկսելու նոր եւ արդիւնաբեր յարաբերութիւններ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ, որոնք իրար կապւած են դրացիական կապերով 800 տարիներէ ի վեր

Թրքական ներկայ կառավարութիւնը անիրաւացիօրէն կը մերժէ ընդունիլ ջարդերու իրողութիւնը եւ չուզեր հաշտուիլ իր անցեալին հետ, ընդհակառակը ան ձեռնարկած է հայերուն դէմ հակայարձակում, խեղաթիւրելով իրականութիւնները եւ տարածելով մեղադրանքներ՝ թէ հայերն էին նախայարձակները եւ թուրքերը սպաննողները: Թուրքերը միջազգային ատեաններու մէջ հանդէս եկան բանախօսութիւններով, առանց կարեւորութիւն տալու ազնուութեան պահանջներուն. անոնք հրապարակեցին հաւաքական գերեզմաններու նկարներ, իբրեւ հայերու արարք, այսպիսով խեղաթիւրելով իրականութիւնները եւ խառնելով խաղաթուղթերը: Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ մէկը հաւատք ընծայել, որ երկար դարեր գերեվարուած եւ հալածանքի ենթարկուած ազգ մը, նման՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հեծող միւս ժողովուրդներուն, կրնայ ոտնձգութիւն կատարել հանդէպ զաւակներուն վիթխարի կայսրութեան մը որ ատակ է մարտահրաւէր կարդալ Արեւելքի ցարերուն եւ Արեւմուտքի արքաներուն, եւ թէ այդ մեծ տէրութիւնը անկարող է պաշտպանելու իր անզէն հայ հպատակները: Խաբէութեան ի՜նչ ձախող փորձ աշխարհի ազատատենչ ժողովուրդներուն առջեւ, որոնք մէկ դարէ ի վեր ծանօթ են ճշմարտութեան, առաջին կարգին արաբները, ինչպէս նաեւ եւրոպացիները:

Այսօր հայերու հետնորդներու խօսնակները, յագեցած հաշտութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթով, կը յայտարարեն, որ իրենք պատրաստ են հաշտութեան, եթէ թրքական իշխանութիւնները ընդունին իրենց նախնիներու գործադրած ջարդերը եւ բարոյական ու նիւթական փոխհատուցում կատարեն հայերուն, ազնիւ ցանկութիւն յայտնելով երկխօսութիւն սկսիլ հայկական պետութեան հետ, վերադառնալով իրաւունքի եւ արդարութեան առաքինութեան: Իմ կարծիքով այսպիսի քաջ նախաձեռնութիւն մը թրքական պետութեան կողմէ, մանաւանդ հիմա եւ այս պայմաններուն մէջ, պիտի ըլլայ իրապաշտ եւ իմաստուն քայլ մը, որ պիտի ունենայ իր դրական վիթխարի եւ որոշիչ ազդեցութիւնը Թուրքիոյ ապագային համար մանաւանդ եւրոպական մակարդակով, որովհետեւ իմ կարծիքով Եւրոպան պիտի չյօժարի իր մէջ ընդունիլ Թուրքիան մինչեւ որ այս վերջինը ցուցաբերէ գիտակցութեան եւ քաղաքակրթութեան հասուն չափանիշ, դիմէ նաեւ այլ քայլերու որոնցմէ է սխալի ընդունման կարեւորութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ Եւրոպական Միութեան հիմնադիր անդամներէն մին` Գերմանիան, զոր կը բերեմ որպէս յայտնի օրինակ, եւ որ բացէ ի բաց ընդունեց հրեաներուն վրայ գործադրուած բնաջընջումը:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 26-3-2005, Քուէյթ

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 16-4-2005, Պէյրութ

«ՔՈՒԷՅԹ ԹԱՅՄԶ», 31-3-2005, Անգլերէնով «Անգարան պէտք է ընդունի Հայկական ջարդերը»` «Ankara should admit Armenian massacres»

Այս յօդուածը գրեցի 2005 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակին առիթով, այս յօդուածը մաս կըկազմէ շարքին այն նմանատիպ յօդուածներուն զորս կը գրեմ ամէն տարի ներկայացնելու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին կատարուած դէպքերն ու իրողութիւնները, շեշտը դնելով թրքական իշխանութիւններուն ցոյց տուած յամառութեան եւ մեծամտութեան, մերժելով ընդունիլ յանցանքը, ընդհակառակը անոնք կը դիմեն հակայարձակումի իրենց ընձեռուած մամլոյ միջոցներուն մէջ հրապարակելով շփոթութեան մատնումի միտող խաբէութիւններ, պնդելով որ հայերն էին թուրքերու վրայ յարձակում գործողները եւ զանոնք սպաննողները

Բնական է որ թուրք դեսպանը պատասխան յօդուած գրէր նոյն անգլիատառ թերթին մէջ ուր «Ալ Քապաս»ի կողքին լոյս տեսած էր սոյն յօդուածս

Դեսպանին պատասխանը կու գար ժխտելու յօդուածիս մէջ մատնանշուած իրականութիւնները, եւ կը մեղադրէր հայերը, թրքական կառավարութեան հաշտութեան կոչերուն չպատասխանելու եւ անոր հետ չհամագործակցելու մէջ, միասնաբար ուսումնասիրելու երկու երկիրներուն արխիւները, եւ թէ հայերը պէտք է հաշտուին իրենց անցեալին հետ եւ առաջ նային, բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելով Թուրքիոյ հետեւայլն.. մինչդեռ իրականութիւնը հակառակն է: