2001 թուականի Յունուարի նիստին, Ֆրանսական Խորհրդարանին կողմէ, 1915 թուականին կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի որոշումին ընկերակցեցաւ մեծ աղմուկ: Այս իրադարձութեան յատկացուած հեռատեսիլային ծրագիրներէն էր «Էլ Ճեզիրէ»ի «Հակառակ Ուղղութիւն»ը, որուն ներկայացող է Դոկտոր Ֆէյսալ Ալ Ղասէմ, եւ որուն կողմէ տրուած հարցումները կարեւոր հարցադրումներ յառաջացուցին ունկնդիրներու մօտ

Հայկական Ջարդերը ըստ Ժանսէմի պատկերացումին

Պիտի սկսիմ այնպէս, կարծէք թէ յայտագիրը ներկայացնողի հարցումներուն պատասխանողը ես ըլլամ, ապա պիտի անդրադառնամ թուրք հիւրի` Տ. Օտընի կարգ մը արտայայտութիւններուն.

Հ. Ինչո՞ւ Թուրքիան իր դեսպանը տուն կանչեց Հայկական ջարդերու իրողութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք:

Պ. Սպասելի էր որ Թուրքիան սարսափէր եւ իր դեսպանը յետս կանչէր երկրէ մը, որ վարագոյրը քաշելով իրականութիւններ կը յայտնաբերէր զորս Թուրքիան ուզած էր գաղտնի պահել, սպառնալով Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ այլոց, վայնասուն բարձրացնելով եւ սպառնալով հարցը մեծցնել, որովհետեւ անոնք ընդունած էին (պարզապէս ընդունած) իրողութիւնը ջարդերուն, որոնց ենթարկուած էր հայ ազգը թուրքերուն կողմէ:

Հ. Ինչո՞ւ Թուրքիան յարատեւօրէն կը փորձէ Հայկական Հարցը մութի մէջ ձգել:

Պ. Ժամանակակից քաղաքակրթութեան մտածելակերպի բացակայութեան, ինչպէս նաեւ ազնիւ նկարագրի բացակայութեան պարագային, ինչպիսին օրինակ յանցանքի ընդունումն է, բնական է որ հակազդեցութիւնն ու յանցանքի լուծման միջոցը կայանայ որքան կարելի է այն թաքնուած պահելու մէջ: Հաւանաբար թուրքերը հետեւած ըլլան իրենց դաշնակից Ատոլֆ Հիթլէրի օրինակին, որ ըսած էր. «Ո՞վ է այսօր Հայկական ջարդերը յիշողը, ժամանակի յիշողութիւնը տկար է, եւ մոռացութեան կու տայ»:

Հ. Աւելի քան մէկ միլիոն հայերու բնաջնջումը թուրքերու ձեռքով, իրականութի՞ւն է, թէ մեղադրանք:

Պ. Հայերու բնաջնջումը իրականութիւն է, եւ կասկածելի չէ, ինչպէս որ թուրքերը տարածել կուզեն, աւելի՛ն, բնաջնջումը գործադրուած է նախապէս ծրագրուած եւ հետեւողական կերպով. մտադրութիւն մը, որ ժառանգուած է նախորդ դարերէն, նախկին սուլթաններէ, որովհետեւ անոնք հայերը եւ ընդհանրապէս Հայաստանը իրենց աջակողմեան մէջքին խրած փուշ կը սեպէին, զոր պէտք էր հանել առաջին իսկ առիթինայդ առիթը ներկայացաւ շնորհիւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, շնորհիւ Պոլշէւիկեան յեղափոխութեան եւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ յեղափոխութեան:

Հ. Չափազանցութիւն չկա՞յ ջարդուած հայերու թիւին մէջ:

Պ. Այո՛, հաւանական է որ սխալ գոյութիւն ունենայ աւելիի կամ նուազի հաշւոյն: Քուրանի մէջ Բարձեալն Աստուած ըսած է. «Ան որ հոգի մը սպաննած է, նոյնն է թէ ամբողջ մարդկութիւնը սպաննած է»:

Հ. Իրենց կարգին հայերը անմե՞ղ էին թրքական արիւնէ:

Պ. Այս հարցումին պատասխանը պարզ է եւ հեշտ. կը բաւէ յիշել թէ ո՞ր կողմն էր իշխողը: Այն վեց դարեայ Օսմանական Կայսրութիւնն էր, իսկ ովքե՞ր էին անկարներն ու անզէնները. Հայերն էին: Ո՞վ ունէր պետութիւն եւ Արեւելքի մէջ ցարերուն, իսկ Արեւմուտքի մէջ արքաներուն մարտահրաւէր կարդացող կայսրութիւն: Նոյնիսկ եթէ ենթադրելու ըլլանք, թէ հայերուն ալ վզին կայ թրքական արեան կաթիլներ, ապա այդ միայն ու միայն օրինաւոր, հերոսական ինքնապաշտպանութեան համար է յանուն պատուի եւ արժանապատուութեան

Գալով հաղորդավարին կամ թուրք հիւրին առաջադրած հարցումներուն հետեւալ կերպ կը պատասխանենք.  

Ծրագիրը վարողը հարց տուաւ իր հայ հիւրին. —Ձեր իրաւունքները պահանջելու մէջ ինչո՞ւ 85 տարի ուշացաք, չէի՞ք կրնար վարուիլ հրեաներու նման, որոնք հաշիւ պահանջեցին գերմանացիներէն իրենց դէմ գործադրուած ջարդերուն դիմաց եւ տիրացան պէտք եղած փոխհատուցումներուն

Տրամաբանական պարզ պատասխանը` բազմաթիւ պատճառներն են: Օրինակ` ջարդերէ փրկուած հրեաները չէին իրենց զոհերուն իրաւունքները վերադարձնողները, այլ Գերմանիայէն դուրս` ինչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հրեաները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին միջազգային քաղաքականութեան վրայ եւ որոնք սատարեցին սիոնական խնդրին եւ փոխհատուցումներ պահանջեցին հզօրացնելու Իսրայէլը ի հաշիւ Գերմանիոյ եւ արաբներուն: Այլ պատճառ մըն ալ Գերմանիոյ պատերազմի մէջ պարտուիլն ու յանձնուիլն էր: Առածը կըսէ. «Երբ եզը իյնայ, դանակները կը շատնան»: 

Հայերու պարագան բացարձակապէս նոյնը չէր. Աղէտեալ շրջաններէն դուրս հայեր չկային պաշտպանելու Հայկական Դատը, միւս կողմէ Թուրքիան ուժեղ մնաց Աթաթուրքի օրերունԻսկ թէ ինչո՛ւ հիմա միայն սկսանք եւ ոչ աւելի առաջ, ապա որովհետեւ ջարդերէն ետք առաջին 50 տարիներուն մենք կը վազէինք մեր աւուր հացի ետեւէն: Ջարդերէն ետք երկու սերունդի մէջ չկար մէկը որ նախակրթարանէն աւելի ուսում ստացած ըլլար, հայերը կուղղուէին դէպի արհեստներ՝ ապահովելու իրենց օրապահիկը: Երրորդ սերունդի ուսման մակարդակը աւելին չէր քան երկրորդական ուսումը

Ծրագիրին թուրք հիւրը, հայուն փաստարկներուն սխալներով պատասխանելէ ետք դեռ կը պնդէր անոնց վրայ, յուսալով իր արաբ եւ մահմետական ունկնդիրներուն համակրանքը շահիլ, անընդհատ մէկ բառէն միւսը կրկնելով իսլամն եւ իսլամութիւնը: Այս ոճը ձախող էր. քանիցս հաղորդավարը, հայ հիւրն ու մասնակից ունկնդիրներ իր նկատողութեան յանձնեցին այն, որ անտեղի կը թխմէ «Իսլամ»ն ու «Իսլամութիւն»ը անիրաւօրէն թաքնըւելով անոնց ետին: Իմ ալ փափաքս էր միջամտել, ինչպէս այլք, որոնք յաջողած էին հեռաձայնի գիծին տիրանալ, ես ալ կուզէի խօսակցութեան մասնակցիլ եւ գոչել. «Ա՛յ մարդ, ինչո՞ւ ամէն վայրկեան «Իսլամ»ը կը թխմես, կարծես փորձելով նայուածքներու ուղղութիւնը շեղել, մինչդեռ դուն վերջին անձն ես անոր անունով խօսելու եւ արդարանալու իրաւունքը ունեցող: Չե՞ս գիտեր որ թշնամիիս բարեկամը թշնամիս է: Դուք առաջիններէն չէ՞իք որոնք ճանաչում շնորհեցին սիոնական պետութեան, երբ այն դեռ տկար էր եւ ամէն մէկ ճանաչում կը զօրացնէր զայն: Դուք այն ժամանակ այդ ուժը տուիք անոր: Դուք չէի՞ք որ Իսլամի թիւ մէկ թշնամիին` Աքսա մզկիթը առեւանգողին հետ դաշնակցեցաք արաբներուն եւ մուսուլմաններուն դէմ, ոտնակոխելով անոնց արժանապատուութիւնը: Եթէ դուք կառչած էք իսլամական ձեր կրօնքին եւ կը դողաք անոր վրայ, ինչո՞ւ ձեր պետութիւնը աշխարհիկ է: Ինչո՞ւ լքեցիք մուսուլման ձեր ընկերութիւնն ու շրջապատը, եւ հաստատաքայլ կը մղուիք դէպի ոչ մուսուլման Արեւմուտք»: 

Այլ կէտ մըն ալ կար զոր անընդհատ կը կրկնէր թուրք հիւրը վատնելով ծրագիրի ժամանակին կէսը: Այդ 1985 թուականէն Օսմանեան արխիւներու հանրամատչելի ըլլալն էր Հայկական Հարցի ուսումնասիրողներուն եւ անով հետաքրքրուողներուն առջեւ, եւ թէ շատեր պրպտած են զանոնք եւ օսմանցիները մեղադրող որեւէ բան չեն գտած անոնց մէջ: Այստեղ ունկնդիրը կը զգայ թէ թուրք հիւրը կարհամարհէ զինք արծարծելով եւ կըրկնելով այս նիւթը: Հայերն ու այլք գիտեն որ թուրքերը իրենց արխիւները հեշտութեամբ բացողներէն աւելի խելացի են: Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ հիւրը կը կեդրոնանար ցեղասպանութիւն կատարուած ըլլալու փաստաթուղթերը օսմանական արխիւներու մէջ գտնուելուն մէջ միայն: Ինչո՞ւ հայերուն մարտահրաւէր չէր կարդար այդպիսի վաւերաթուղթեր եւ փաստեր դրացի երկիրներու եւ կամ Թուրքիոյ մէջ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող կամ դեսպաններ ունեցող այլ երկիրներու արխիւներու պարագային:

Թուրք հիւրը չհամարձակիր այդ քայլին դիմել, որովհետեւ անկասկած պիտի դատապարտուի, արդեօ՞ք ան կը կարծէ թէ ֆրանսացի ծերակուտականներն ու Ֆրանսայի Նախագահը կը հաստատեն Ցեղասպանութիւնը առանց բաւարար համոզիչ փաստեր ունենալու, որոնք կարելի կը դարձնեն նման պատասխանատու որոշում առնել, առանց վախնալու Ֆրանսայի միջազգային վարկին եւ Ֆրանսայի տնտեսութեան վրայ անոր ունենալիք վիթխարի ազդեցութենէն: Նոյնն է պարագան Իտալիոյ, Լիբանանի եւ այլ պետութիւններուն:

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» 9-3-2001, Քուէյթ

2001-2008 տարիներու ընթացքին բազմացան գործերս եւ կուտակուեցան պատասխանատուութիւներս ղեկավարած ընկերութեանս մէջ, որուն սեփականատէրերէն եմ, գործերուս պատասխանատուութիւններուն եւ առաջադրանքներուն հետ չկրցայ կեդրոնանալ եւ գրել: Սակայն պատահեցան այնպիսի դէպքեր, զորս կարելի չէր արհամարհել եւ կամ լռութեամբ անցնիլ անոնց քովէն, ինչպէս օրինակ 18 Յունուար 2001 թուականի նիստին ընթացքին, Ֆրանսայի Խորհրդարանին ճանաչումը 1915 թուականին կատարուած Հայկական Ցեղասպանութեան, եւ անոր բարձրացուցած աղմուկն ու հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններու անոր մասին անդրադարձը, քննարկումն ու վերլուծումը:

«Էլ Ճեզիրէ» Հեռատեսիլի կայանը քննարկեց այս նիւթը: Սակայն «Հակառակ Ուղղութիւն» ծրագիրը, որուն ներկայացողն է Դոկտոր Ֆէյսալ Ալ Ղասէմ, թոյլ տուաւ բազմաթիւ սխալներ, որոնք կատարուեցան ծրագիրին հայ հիւր մասնակիցին խօսակից` ծրագրին մասնակցող թուրք հիւրին կողմէ, որ հայ ունկնդիրներէն աւելի տհաճութիւն պատճառեց արաբ ունկնդիրներուն, որոնք հեռաձայնով կը մասնակցէին ծրագիրին: Այս հաղորդումը զիս մղեց վերադառնալ գրիչիս, եւ ահա ծնունդ առաւ յօդուածս` «Հարցադրումներ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ» որ լոյս տեսաւ Քուէյթեան «Ալ Քապաս»ի 9 Մարտ 2001-ի թիւին մէջիր ժամանակին արժանանալով ընթերցողներու լայն ընդունելութեան: