Որքան կ’ուզէի որ Ապրիլի այս յօդուածս տարբերէր նախորդ տարիներու յօդուածներէս: Որքան կը փափաքէի այս տարուայ յօդուածս յագեցնել գոհունակութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, փոխան՝ գանգատի ու բողոքի: Այս ցանկութիւնը բնական է ազատ մարդու մը համար, որ կ’ապրի բռնութեան ու խաբէութեան զգացումներէ հեռու եւ որուն հոգիին խորքը չեն բորբոքիր իրաւազրկութեան եւ ազգային արժանապատուութեան կորուստի զգացումներով եւ սիրտը չի լեցուիր կսկիծով ու ճնշուածութեամբ իր պապերուն ենթարկուած անարդարութեան հանդէպ, որ կը պարփակէ նաեւ իր հայրենիքի հողային տարածքի կէսէն աւելիին գրաւումը, ինչպէս նաեւ կորուստը՝ իր նիւթական եւ հոգեկան ժառանգութեան, կորուստը՝ հայրենի հողին վրայ երեք հազարամեայ զարգացած քաղաքակրթութեան, որ կու գայ աշխարհակալ թագաւորներու, կայսրերու եւ շահնշահներու անցեալի գիրկը նետուած ժամանակներէն:

10 Հոկտեմբեր 2009-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Զուիցերիոյ մէջ փոխհասկացողութեան եւ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ի ներկայութիւն համաձայնագիրը հովանաւորող մեծ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնք համաձայնագիրը բնութագրեցին իբրեւ նոր էջ մը Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ յարաբերութիւններու համար՝ համաձայնագիրը կը նախատեսէր ստորագրութենէն ետք, շաբաթներու ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմաններու բացումը: 

Զիս պարուրեց նոր զգացում մը, զգացումը մարդու մը, որ իրաւական եւ ճակատագրական երկար վիճաբանութիւններէ եւ պայքարէ ետք, կը հասնի այն արդիւնքին, որ կը բնութագրուի որպէս նոր շրջան, ուր կը տիրեն հաշտութիւնն ու մերձեցումը, դարեր տեւած թշնամանքէ եւ կռիւներէ ետք, խթան դառնալով յառաջդիմութեան եւ ծաղկման շրջանի իր հայրենիքին եւ իր ժողովուրդին համար, յուսալով ձեռք ձգել որոշ հատուցում բռնութեան եւ ճնշուածութեան յայտնի գործօններու հետեւանքով մեր կորսնցուցածին: 

Ամբողջութեան մէջ համաձայնագիրը չէր գոհացներ հայ ազգի, ի մասնաւորի աշխարհով մէկ ցրուած սփիւռքահայերուն պահանջները, որովհետեւ չէր յիշատակեր վերադարձը նիւթական եւ բարոյական իր կորուստներուն կամ անոնց փոխհատուցման մասին ակնարկ, չէր յիշատակեր միջազգային օգնութեան կամ մասնակցութեան որեւէ խոստում, առնչուած համաձայնագիրին հետ, այն պարզապէս բարի դրացիական փրոթոքոլային համաձայնագրութիւն մըն էր, ինչպէս որեւէ այլ երկու սովորական դրացի երկիրներու պարագային կրնար կնքուիլ, յետագային ընդունուած պաշտօնական ձեւերով կազմելու համար մասնակի եւ մասնագիտական յանձնախումբեր, քննարկելու եւ լուծելու երկու երկիրներու միջեւ առկախ մնացած հարցեր: Ոչ մէկ պատճառ կար լաւատես դառնալու բացի նոյնինքն լաւատեսութենէն՝

«Բարիով լաւատես եղէք, եւ պիտի գտնէք»:

Բարիով լաւատես դարձայ եւ միտքով սուրացի դէպի ապագայ.

երեւակայութեանս մէջ արձանագրեցի մեծ թիւով հսկայական նուաճումներ, իրագործելի գալիք ժամանակաշրջանին. տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի բնագաւառին մէջ զարգացած Հայաստանը երազեցի, շնորհիւ թրքական շրջափակման վերա-

ցումին մեր երկրի արեւմտեան սահմանէն, որ ամենակարեւորն է Հայաստանի բոլոր ելքերէն, քանզի միւս բոլոր ելքերը լեռնային եւ դժուարանցելի են եւ չեն առաջնորդեր միջազգային ճանապարհներ` ոչ երկաթուղագիծի եւ ոչ ալ նաւահանգիստներու: Շարունակեցի երազել եւ տեսայ թէ Հայաստանի գործարանները վերսկսած են իրենց բնականոն աշխատանքը, որոնք կանգ առած էին երկու տասնամեակէ ի վեր, փճանալով հում նիւթի եւ վառելանիւթի պակասին պատճառաւ: Երեւակայութիւնս բորբոքելով տեսայ շինարարական մեծ վերելք Հայաստանի ամբողջ տարածքին, ուր կ’աշխատէին աւելի քան երկու հարիւր կռունկներ, փոխան ներկայի քսանէն պակաս կռունկներու:

Երեւակայեցի միլիառներ խոստացող ներդրումներու մուտքը Հայաստան, տեսայ զբօսաշրջիկներու թիւին աճը շնորհիւ իր հարուստ հնութիւններուն եւ չնաշխարհիկ բնութեան: 

Զգացմունքային երազողներէն չեմ, որոնք պալատներ կը կառուցեն օդին մէջ, ընդհակառակը ես իրապաշտութեան եւ առարկայականութեան կոչ ընող եմ, բայց ես երեւակայութեանս սանձը բաց ձգեցի զիս տանելու երազներու աշխարհ, կառչելու այս համաձայնագրի շլացուցիչ լոյսէն, դարեր տեւած վիշտէ եւ ցաւէ ետք, նաեւ այս համաձայնագրին մէջ այնքան զիջումներէ ետք, հասնելու այն ենթադրական իրականութեան, այսինքն տնտեսական եւ ընկերային զարգացումին, չէ՞ որ առնուազն ասոր համար առնուած էր այս քայլը, ապա թէ ոչ, ի՞նչ իմաստ ունէր այսպիսի համաձայնագիր ստորագրելը:

Սակայն, աւա՜ղ, եկէք միասին նայինք թէ ի՞նչ պատահեցաւ, միասին տեսնենք, թէ ի՞նչ բանի յանգեցան իմ սպասումներս, միլիոնաւոր հայերու երազները, կարծէք թէ թուրքերը կարդացած ըլլային միտքերս, լուծած երազներուս գաղտնիքը եւ քանդել ուզած զանոնք…

Նշեմ նաեւ որ ես ենթարկուեցայ իմ լաւատեսութեանս ընդդի- մացողներու պարսաւանքին:

Թերեւս վերէն նայելով, թերեւս Միջին Արեւելքի մէջ ներկայի իր ունեցած առանցքային դերի կամ մեզի անյայտ պատճառներով թրքական կառավարութիւնը հրաժարեցաւ ընթանալ համաձայնագիրին գործադրութեան ուղիով, հնարելով երեւակայական պատրուակներ, ան սկսաւ իր որոշումէն ետ կանգնիլ, եւ սկսանք ամէն օր լսել համաձայնագիրի ծիրէն դուրս թուրք ղեկավարներու պահանջներ եւ պայմաններ, որոնք կը փորձէին արգելակել Զուիցերիոյ մէջ արձանագրուած յառաջխաղացումը (համեմատական):

Հակառակ հայ թրքական վիճելի սահմաններու զգայնութեան, անոնք այս հարցը կրկին անգամ արծարծեցին եւ համաձայնագրը ստորագրելէ ետք հայերէն պահանջեցին այժմու սահմանները, որպէս նախապայման համաձայնագիրի գործադրութեան: Թուրքերը այս պայմանը յառաջ քաշեցին լաւապէս գիտնալով որ երկրագունդի վրայ տասնեակ երկիրներու միջեւ առկայ են նմանատիպ սահմանային հարցեր, եւ ասով հանդերձ այդպիսի երկիրներ հաստատած են դիւանագիտական եւ ժողովրդային սերտ կապեր, սահմանային խնդիրները չեն կրցած արգելք հանդիսանալ անոնց միջեւ բնական յարաբերութիւններու զարգացման: Անոնք մաս կազմած են ամենաբարձր մակարդակներու վրայ գտնուող միջազգային եւ շրջանային դաշինքներու եւ խըմբակցութիւններու. ասոր օրինակները բազմաթիւ են մեծ երկիրներու միջեւ, միջին արեւելեան երկիրներու միջեւ, նաեւ Ծոցի եւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու այլազան երկիրներու միջեւ: 

Թուրքիան անգամ մը եւս դրաւ այն պայմանը, որ հայերը պէտք է դադրին եւ հրաժարին պահանջել իրենց կողմէ մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդին եւ նոյնքան հայերու բռնագաղթին ընդունումը, թէեւ ծանօթ է, որ այսօրուայ աշխարհի մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան, ուր առկայ են պահանջներն ու անհամաձայնութիւնները, հակառակ երկու տուեալ երկիրներուն միջեւ շարունակուող բնական յարաբերութիւններուն. բազմաթիւ երկիրներկան, որոնք ունին արիւնով ներկուած ընդհանուր յիշողութիւն, սակայն անոնց միջեւ գոյութիւն ունին դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ:

Թուրքերը սակայն չբաւականացան իրենց այս անընդունելի, անտանելի պահանջներով, անոնք աւելցուին այլ պահանջ մը եւս, որ այս անգամ կը վերաբերէր իրենց հօրեղբօրորդիներուն` ատրպէյճանցիներուն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաուտ Օղլուն յայտարարեց, թէ հայ-թրքական սահմանները պիտի չբացուին, հայերու հետ յարաբերութիւնները պիտի չվերահաստատուին, քանի դեռ հայերը զիջումներ չեն կատարեր ազերիներուն, քանի դեռ հայերը չեն հրաժարարիր երեքհազարամեայ իրենց պապենական հող Լեռնային Ղարաբաղէն: Այս խնդիրը հայ-ատրպէյճանական վիճելի հարց մըն է եւ ըստ միջազգային ընդունուած օրէնքներու եւ սովոդութիւններու ոչ մէկ ուղղակի կապ ունի Թուրքիոյ հետ, որ կողմ չէ խնդրին մէջ, սակայն ան կը խաղայ այն կամակոր ու քմահաճ աղջկան դերը, որ երբ հնարաւորութիւն ունի բան մը ձեռք անցնելու կ’ըսէ- «Մէկը ինծի համար կ’առնեմ, միւսն ալ հօրեղբօրս աղջկան»: 

Վերջացնելով ըսեմ, որ չկրցայ այս յօդուածս լաւատեսական ոճով գրել, ինչպէս որ կը ցանկայի եւ ոչ ալ քաղաքակիրթ ու զարգացած ոճով, որմէ դուրս գար ժամանակակից քաղաքակըրթեալ ներողամտութեան բուրմունքը, համատեղ խաղաղութեան առաջնորդող, փոխան ամուլ ատելութեան եւ պայքարի:

«ԱՆ ՆԱՀԱՐ», 22-4-2010, Պէյրութ

«ԱԼ ՔԱՊԱՍ», 24-4-2010, Քուէյթ

«ԱԼ ՀԱՅԱԹ», 24-4-2010, Լոնտոն

«ԱԶԴԱԿ», 27-4-2010, Պէյրութ

Այս յօդուածը գրեցի երբ միւս գրութիւններս արդէն յանձնած էի խմբագիրին եւ այս գիրքի տպագրութեան պատրաստութեան գործը արդէն իր վերջին փուլին մէջ էր:

Առիթը, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 95-ամեակն էր, սակայն ես արծարծեցի Զուիցերիոյ մէջ ԱՄՆ-ի, Դաշնակցային Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ կնքուած համաձայնագրի գործադրութեան ձգձգումը թուրքերուն կողմէ:

Այս յօդուածիս մէջ Թուրքիան նմանցուցի այն քմահաճ աղջկան, որ բան մը առնելու հնարաւորութեան պարագային կ’ըսէ.- «Ասիկա ինծի, այս ալ հօրեղբօրս աղջկան»: 

Այս յօդուածը հրապարակուեցաւ արաբական թերթերու ինչպէս նաեւ հայ մամուլի ամենակարեւոր թերթերուն մէջ` Պէյրութ, Հալէպ եւ այլուր: